ՀԻԱՆԱԼ ՈՒ ՑԱՒԻԼ

Գերգ­նա­հա­տե­լի գան­ձա­րան մըն է Վե­նե­տի­կի Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թեան նս­տա­վայր Ս. Ղա­զա­ր կղ­զին: Մարդ կր­նայ միայն զմայ­լիլ, հի­ա­նալ ու մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ ցա­ւիլ, որ 17-18-19-20-րդ դա­րե­րու փայլ­քը օրէ օր կը նուա­զի այս օրհ­նա­ռատ ու օրհ­նա­բաշխ կղզի­էն: Ին­չե՜ր չկան այս կղզի­ին մէջ: Հա­յոց առա­ջին տպա­գիր գիր­քէն մին­չեւ հա­յոց վեր­ջին թա­գա­ւոր Լե­ւոն Զ.-ի սու­րը, Մխի­թար Գօշի «Դա­տաս­տա­նա­գիր­ք»էն, մին­չեւ հնա­դար­եան ձե­ռագ­րեր, հա­րուստ գրա­դա­րան, ար­ուես­տի իւ­րա­յա­տուկ նմոյշ­ներ, վար­պետ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու բնօ­րի­նակ­ներ, արե­ւել­քէն ու արեւ­մուտ­քէն հա­ւաք­ուած գան­ձեր, արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նէն բեր­ուած մա­սուն­քի հա­մա­զօր իրեր, եգիպ­տա­կան ար­ժէք­ներ, ին­չե՜ր ու ին­չե՜ր:

Ցա­ւա­լին սա­կայն այն է, որ Եւ­րո­պա­յի սր­տին մէջ նմա՛ն հարըս­տու­թիւն, նմա՛ն կո­թող, նմա՛ն ար­ժէք, ու­րիշ­նե­րուն երա­զած ու չգ­տած գան­ձը ու­նինք, սա­կայն հա­մազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ լի­ար­ժէ­քօ­րէն չենք օգ­տա­գոր­ծեր Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար կղզի­ին ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու առիթ­նե­րը:

Եր­բեմն հասկ­նա­լի, եր­բեմն կամ­քէ ան­կախ ու եր­բեմն նա­եւ գի­տակց­ուած թե­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ­նե­րով, ըն­դու­նե­լու ենք, թէ Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թիւնը իր անց­եա­լի փառ­քի օրե­րը չ՛ապ­րիր: Այս­տեղ այս մա­սին քն­նար­կում պի­տի չկա­տար­ուի: Այդ քն­նար­կու­մը աւե­լի հա­մա­պար­փակ ու առար­կա­յա­կան սեր­տո­ղու­թեան կը կա­րօ­տի:

Այ­սօր­ուայ տի­րող պատ­կե­րը սա­կայն, երեք-չորս ժամ­ուայ կարճ այ­ցե­լու­թիւն մը տուո­ղի տպա­ւո­րութ­եամբ հե­տեւ­եալն է: Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թեան նս­տա­վայր Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զա­ր կղ­զին պա­հե­լով իր վա­նա­կան հան­գա­ման­քը վե­րած­ուած է մա­քուր ու կո­կիկ, հա­րուստ ու հրա­պու­րիչ զբօ­սաշր­ջու­թեան կեդ­րո­նի: Գնա­հա­տե­լի քայլ մըն է կա­տար­ուա­ծը, որ քա­րոզ­չու­թեան ու կղզի­ին կեն­սու­նա­կու­թիւնը պա­հե­լու իմաս­տով նշա­նա­կա­լից է: Աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րէ Վե­նե­տիկ ժա­մա­նած ու քիչ մը պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի հան­դէպ սէր ու­նե­ցող մար­դիկ կ՛այ­ցե­լեն, բո­վան­դա­կա­լից տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը քա­ղեն, անց­եա­լին ու Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նութ­եան անու­րա­նա­լի վաս­տա­կին հետ կը հա­ղորդ­ուին: Եթէ հա­յեր են այ­ցե­լող­նե­րը, ապա անոնք կը հպար­տա­նան, քիչ մըն ալ կը յուզ­ուին:

Երբ հարց կու տաս, թէ այ­սօր քա­նի՛ հո­գի ու­սում կը ստա­նայ այս պատ­մա­կան գի­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցող յոյն աղ­ջի­կը` «11 հո­գի» կը պա­տաս­խա­նէ…:

Քիչ ետք, բա­կը շր­ջած ու Հայ Դա­տի նուիր­ուած խօ­սուն նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը դի­տե­լու ժա­մա­նակ, սքե­մա­ւոր արե­ւե­լա­հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րու կը հան­դի­պիս ու մըտ­քովդ կ՛ըսես թէ.  «Լաւ է, եթէ արեւմը­տա­հա­յե­րէ­ն խօսող վա­նա­կան­ներ ճա­րե­լը այ­սօր աւե­լի դժ­ուա­րա­ցած է քան եր­բեք, գո­նէ հա­յաս­տա­նաբը­նակ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը տէր ու պաշտ­պան կը կանգ­նին մեր կա­ռոյց­նե­րուն…»: Յե­տոյ յու­շան­ուէր­նե­րու սեն­եա­կը կ՛անց­նիս, այն­տեղ ցու­ցադր­ուած գիր­քե­րուն ու գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րուն կող­քին, Դա­մաս­կո­սէն բեր­ուած վար­դե­րով ու վա­նաբը­նակ մի­ա­բան­նե­րուն կող­մէ պատ­րաստ­ուած վար­դի անու­շի տու­փե­րու կը հան­դի­պիս:

Kevork Hagopjian
Kevork Hagopjian

Դուր­սը, երբ նա­ւա­կը կը սպա­սես դէ­պի Վե­նե­տի­կի կեդ­րոն` Սան Մար­քօ կղ­զի վեր­ա­դառ­նա­լու, եռա­գոյն ու իտա­լա­կան դրօշ­ներ ու­նե­ցող ու վրան մե­ծա­տառ ԱՐ­ՄԵՆ­ԻԱ գր­ուած նա­ւա­կին կը հան­դի­պիս:  Այս առա­գաս­տա­նա­ւը Կի­լիկ­իոյ առա­գաս­տա­նաւն է կար­ծես, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խար­հով մէկ շր­ջապ­տոյտ կա­տա­րեց:

Ին­չե­ւէ, վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն մտո­րում­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին: 21-րդ դա­րու ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հին մէջ, աշ­խար­հա­տա­րած հայ գիտ­նա­կան­նե­րուն, հե­տա­զօ­տող­նե­րուն, փոր­ձա­գէտ­նե­րուն, վար­պետ­նե­րուն, պատ­մա­բան­նե­րուն, արխիւա­գէտ­նե­րուն եւ այլ այլ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու տէր մար­դոց մնա­յուն ժա­մադ­րա­վայ­րը ըլ­լա­լու է Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զա­ր կղ­զին: Այս կղզի­էն մեր օրե­րու գի­տա­կան պա­հանջք­նե­րուն յա­գե­ցում տուող լոյ­սեր պէտք է ճա­ռա­գայ­թեն, ինչ­պէս օրի­նակ ել. գիր­քե­րու, ել. շտե­մա­րան­նե­րու, թուայ­նա­ցած աղ­բիւր­նե­րու, ժա­մա­նա­կա­կից ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, մշա­կու­թա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, հրա­պու­րիչ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու եւ այլն եւ այլն: Պէտք է նոր սե­րուն­դի գի­տա­կան միտք ու­նե­ցող­նե­րուն տեղ ու ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել: Միայն զբօ­սաշըր­ջու­թեան կեդ­րոն­նե­րու վե­րած­ուե­լու ար­ժա­նի չե՛ն այս իւ­րօ­րի­նակ կա­ռոյց­նե­րը: Նոյն խօս­քը կը վե­րա­բե­րի նա­եւ Վի­են­նա­յի Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թեան պատ­կա­նող պատ­կա­ռե­լի կա­ռոյ­ցին:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան կա­ռա­վա­րու­թեան առն­չա­կից նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը` (Սփիւռ­քի, Գի­տու­թեան ու Կր­թու­թեան, Մշա­կոյ­թի) հա­մա­տեղ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու են Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նութ­եան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ: Ծրա­գիր­ներ կր­նան մշա­կել նա­եւ աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րը հաս­տատ­ուած հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն­նե­րը, Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կը, Լի­բա­նա­նի Հայ­կազ­եան Հա­մալ­սա­րա­նը եւ այլ սփիւռք­եան կա­ռոյց­ներ: Ծրա­գիր­նե­րը կր­նան կար­ճա­ժամ­կէտ ըլ­լալ, ինչ­պէս օրի­նակ  գի­տա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կեր­պում, մի­ամս­եայ ամառ­նա­յին դպ­րոց, սե­մի­նար­ներ, գի­տաշ­խա­տա­նոց­ներ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ` ինչ­պէս օրի­նակ թուայ­նաց­ման, թարգ­մա­նա­կան, հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ: Բնա­կա­նա­բար, այս­տեղ հիմ­նա­կան եր­կու մտա­հո­գու­թիւն­ներ կը ծա­գին: Առա­ջին նման ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման հա­մար ֆի­նանս­նե­րու ապա­հո­վումն է, երկ­րոր­դը հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ձեւն ու եղա­նա­կը, որ­քա­նո՞վ Մխի­թար­եան Մի­ա­բա­նու­թիւնը պատ­րաստ է նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու տան­տի­րու­թիւն ընե­լու: Եր­կու մտա­հո­գու­թիւն­ներն ալ կր­նան փա­րա­տիլ, եթէ փո­խա­դարձ որո­շում առն­ուի վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու, վե­րաշ­խու­ժաց­նելու այս կա­ռոյց­նե­րուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

 

Գէորգ Յակոբճեան