Շուրջ երեք ամիսներ առաջ, երբ Կազայի պատերազմը սկսաւ արաբական եւ իսլամական տարբեր մայրաքաղաքներու եւ նոյնիսկ եւրոպական տարբեր ոստաններու մէջ բողոքի երթեր գոյացան։
Մարդիկ կը բողոքէին Իսրայէլի վարքին դէմ, որուն բանակին կատարած ռազմական գործողութիւնները, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս «կանոնաւոր» սպանդներ կը կազմակերպէին։
Բարդ էր դրուած խնդիրը, Կազայի դիրքը բարդ ու այդ բոլորէն անդին ալ Իսրայէլի վարչապետ՝ Բենիամին Նաթանիահուին ու անոր առաջնորդած կառավարութեան վիճակը աւելիով բարդ։
Այդ օրերուն, թերեւս ոչ ոք կը խորհէր, որ Կազայի մէջ ընթացք առած ռազմական գործողութիւնները տեւէին այսքան երկար, որուն հետեւանքով ալ զոհերու թիւը համարեա կը հասնէր 20 հազարի։ Այս բոլորին առընթեր շատ կարեւոր դրուածքով մը մեր հայեացքներու ընդհանուր պրիսմակին տակ կը մտնէր Թուրքիոյ որդեգրած կեցուածքները կապուած Պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան այս փուլին։
Հոս էր նաեւ, որ երեւելի կը դառնար, թէ Էրտողանի Անգարան ինչ միջոցներ գործի կը դնէր, մէկ կողմէն (արտաքուստ) քննադատելով Իսրայէլը, սակայն միւս կողմէ ալ շարունակելով իր խորքային յարաբերութիւնները Թէլ Աւիւին հետ։
Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը թերեւս նորութիւն մը չէր բոլոր անոնց, որոնք վերջին ամեակներուն հետեւած էին Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան, բայց եւ այնպէս այն գործելաոճին մէջ կային բաւական աղօտ երանգներ ու ճանապարհներ։
Այդ բոլորին եւ յատկապէս Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ենթախորքը տնտեսութիւնն ու տնտեսական շահերն էին, որոնք ունէին երեւելի եւ ոչ երեւելի նրբերանգներ։
Ի դէպ այս բոլորին մասի յաւելեալ յստակ պատկերացում մը կազմելու համար օրերս զրոյց մը ունեցայ պոլսահայ մեր հայրենակից ՝ Հմայեակ Ուղուրլեանին հետ, որուն հիմնական մասերը կը ներկայացնեմ՝ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներու դատին։
Պրն. Ուղուրլեան, յատկապէս, երբ Կազայի պատերազմը ընթացք առաւ նկատելի դարձաւ, որ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի դէմ բողոքի ցոյցեր եւ գործողութիւններ տեղի ունեցան. ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ բոլորը։
Նախ, ցաւալի երեւոյթ է կատարուածը։ Մեծ հաշուով այն բողոքի գործողութիւնները որոնց մասին ակնարկեցիք Թուրքիոյ հասարակութեան ամենայետին խաւերուն ցոյց բերած տաքարիւն արտայայտութիւնն է եւ եղածէն աւելի բան մը տեղի պիտի չունենայ։ Պետութիւնը կամ կառավարութիւնը ոչ մէկ շարժում ցոյց կու տայ։ Սրճարան մը, իբրեւ հրէական վերագրելն ու վնաս հասցնելը անտրամաբանական է։ 21-րդ դարուն, տնտեսական համաշխարհայնացման մթնոլորտին մէջ, որ ապրանքանիշին, որ ազգին պատկանիլը հարցական է։ Օրինակ՝ թրքական ապրանք մը կրնայ Վիէթնամի մէջ պատրաստուած ըլլալ։ Սա պարզապէս պոռթկումի արտայայտութիւն մըն է եւ այդպէս ալ կը մնայ։ Ներկայիս, Թուրքիոյ՝ Իսրայէլի հետ ունեցած տնտեսական ներածման եւ արտածման մէկ խօսքով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ դրամական շրջանառութիւնը, տարեկան կտրուածքով 9 միլիառ ամն տոլար է, որուն 2.6 միլիառը՝ Իսրայէլէն ներածումն է, մնացածը՝ արտածում է դէպի Իսրայէլ։ Այս վաճառականութիւնը տակաւին բնական հունով կը շարունակուի։ Այս բաներուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։ Թուրքիան Իսրայէլէն կը ներածէ ադամանդ, երկաթ, դեղորայքի նախանիւթեր, քիմիական նախանիւթեր։ Կը կարծեմ, որ Իսրայէլէն զէնք ալ կը ներածէ։ Այս տաքարիւն հակազդեցութեան ամբողջ ժողովուրդը համամիտ չէ։ Հետեւաբար քանի մը օրէն կը դադրի։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ Կազայի մէջ պատահածը մարդկային է։
Գիտենք, որ Էրտողան երբ գահ բարձրացաւ, երկար տարիներ խօսեցաւ համաիսլամութեան անունով։ Իր Ճառերը երբ տար, կը սկսէր խօսիլ Կազայի մասին եւ կը հասնէր մինչեւ Մարոք, Թանժա, Օման, եւայլն։ Այդ թէզը կարծէք նուազեցաւ։ Սակայն միւս կողմանէ անոր նոր հռետորաբանութեան մէջ, Իսրայէլի դէմ շատ ծայրայեղ բաներ լսեցինք։ Սա առի՞թ մըն է արդեօ՞ք դարձեալ իսլամական դրօշը բարձրացնելո՞ւ։ Կա՞յ այդպիսի ենթադրութիւն։
Ըստ իս, ոչ։ Իր այս քաղաքականութիւնը սկիզբը չկար, կամաց-կամաց կայացաւ։ Իմ կարծիքով, այս բոլորը, որոշ դասակարգէ մը քուէ հաւաքելու համար եղած արտայայտութիւններ են։ Չեմ կարծեր, որ իսլամական որոշ շարժում մը ըլլայ։
Այս մասին ուզեցի ակնարկել, որովհետեւ բոլորին համար յայտնի է արդէն, որ Թուրքիան ու մանաւանդ նախագահ Էրտողան իսլամական եւ արաբական երկիրներու լուրջ նեցուկին պէտքն ունի։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
Այո՛, պէտքն ունի այդ երկիրներուն, քանի որ որոշ դրամագլուխ կը ստանայ, Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը ձեւով մը մեղմելու համար։ Թուրքիոյ մէջ, 2015 թուին սկսաւ տնտեսական ճգնաժամը, թրքական լիրան անկում կրեց եւ տակաւին կը շարունակէ։ Ասոր դիմաց որեւէ տնտեսական միջամտութիւն կարեւոր է Էրտողանին եւ անոր վարչախումբին համար։ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը հիմնուած է «թարմ» դրամի ներածումով, եւ այդ ալ, ըստ իմ տեղեկութեամբ, կը գոյանայ արաբական եւ իսլամական երկիրներէ։ Կ’ըսուի, որ կառավարութիւնը մեծ ներդրումներ՝ հարստութիւններ ունի Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, Եմէնի մէջ, եւայլն։ Այս բոլորը, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։
Երբ Թուրքիոյ նախագահը վերընտրուեցաւ երկրորդ փուլէն ետք, տպաւորութիւն կար, որ Թուրքիան պիտի վերադառնայ Արեւմուտքի գիրկը։ Էրտողան պիտի հեռանայ Ռուսաստանէն եւ պիտի մօտենայ ԱՄՆ-ին, սակայն գետնի վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն տեսանք։ Շատերու կարծիքով, Թուրքիան ԱՄՆ-էն արդէն հեռացած չէ, որ անոր մօտենալ փորձէ։ Այսօր, ձեր կարծիքով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան իրական պատկերը ի՞նչ է։
Թուրքիան, ինչպէս որ ըսիք, խորքին մէջ, չէ հեռացած ԱՄՆ-էն։ Սակայն քաղաքականութեան մէջ, բնական է որոշ գիծի մը հետեւելով, քովնտի՝ այլ գիծի մըն ալ աչք թարթելը, եւ համակրանք ստեղծելը կու գայ Թուրքիոյ «խորքային պետութեան» մտածողութիւնէն։ Ասիկա անպայման չի նշանակեր, որ Թուրքիան, իր այս քաղաքականութենէն հեռացած է։ Ան չի կրնար ԱՄՆ-էն կամ «արեւմտեան պլոք»էն հեռանալ, բայց շատ բնական է, որ յարակից, Ռուսաստանի հետ ալ կարգ մը կապեր կնքէ։ Ռուսաստանը ունի միջուկային՝ ուժականութիւն արտադրող կեդրոն մը Թուրքիոյ մէջ Ակքոյու անունով, որ կը համարուի մեծ ներդրում մը եւ որ անշուշտ կը շարունակուի։ Տնտեսութիւնը կանգնեցնող հիմնական տարրը այս է, ջերմուժի, կամ քարիւղի ու կազի ուժին վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը։
Իսկ այս բոլորին առընթեր, Թուրքիոյ քաղաքական ներքին պատկերը ի՞նչ է։ Շատ կը լսենք արտայայտութիւններ, որ Էրտողան յոգնած է, վատառողջ է, եւ իր վերջին փուլը կը կատարէ, եւայլն։ Երբ Թուրքիոյ հիմնադրութեան հարիւր ամեակը կատարուեցաւ, շատեր ըսին, թէ այդ այնպէս չանցաւ ինչպէս Էրտողան կը պատկերացնէր։
Էրտողանին աթոռը լքելը այժմ անկարելի բան մըն է, քանի որ եթէ Թուրքիոյ ընդդիմադիրներուն պատկերը նայինք, կը տեսնենք, որ միաձայն, միահամուռ ընդդիմադիր շարժում մը չկայ։ Եթէ ըլլար այդպիսի բան մը, այն ատեն կարելի էր Էրտողանը «գահընկեց» ընելը։ Բայց ընդդիմադիր ձախակողմեանները չկրցան համախմբուիլ։
Հայկական առումով, ի՞նչ են այսօր պոլսահայութեան խնդիրները, մարտահրաւէրները։
Ներկայիս հիմա ամէնէն կարեւոր խնդիրը, հայկական վարժարաններ յաճախող հայ երեխաներուն թիւի նուազեցումն է։ Հայկական վարժարանները ունին թիւի խնդիր, որ դրամական՝ տնտեսական խնդիր կը պատճառէ։ Եթէ 200 հոգինոց դպրոցին մէջ 20 աշակերտ միայն պիտի պահենք, այդ դպրոցը տնտեսապէս դժուար կրնայ գոյատեւել։ Դպրոցները կը գոյատեւեն նուիրատուութիւններով, որոնք հաստատուն աղբիւր մը չեն։ Այս մէկը երկարատեւ լուծում մը չէ։ Ուրեմն դպրոցներուն թիւը պէտք է նուազեցնել։ Պոլսոյ ասիական կողմը դպրոց մը պահելով, եւրոպական կողմը զատելով երկուքի՝ հին եւրոպական բաժինը, այսինքն «Գում գափու»ի շրջանը՝ դպրոց մը, իսկ նոր եւրոպական մասը՝ դպրոց մը։ Այսինքն, երեք դպրոցով կարելի է շատ աւելի ազդեցիկ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ եւ մրցիլ այլ՝ օտար եւ կամ տեղական վարժարաններուն հետ։
Սագօ Արեան