Հելեն ծնած է Պոստոն Յունիս 26, 1933ին, խարբերդցի Խաչատուր եւ Եղսա Փիլիպոսեաններու աւանդապահ յարկին տակ։ Ծնողքը Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ մնացած են իրենց արմատներուն կառչած։ Հելեն կը յաճախէ Ուոթըրթաունի երկրորդական եւ Քեթրին Կիպպս վարժարանները։ Աւարտելէ ետք, ան կը յաճախէ հանրայայտ Հարվըրտ Համալսարանը եւ շրջանաւարտ կ’ըլլայ Humanities ճիւղէն 1960ին։ Ան կ’ամուսնանայ Յակոբ Սարգիսեանին հետ, Պէյրութ ծնած, որուն հայրը ծանօթ ռամկավար ազատական եւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ աշխատակից Յ. Յ. Սարգիսեանն էր եղած։ Յակոբ կ’աշխատէր «Պայքար» Հաստատութեան մօտ։ Հելենի բարեհամբոյր հայրը` Խաչատուր (1903-1989) հիմնադիր անդամներէն էր եղած ԹՄՄ Ամերիկայի շրջանակին եւ հանգստեան կոչուելէն ետք սիրայօժար կը ծառայէր «Պայքար Հաստատութեան» մէջ, օգտակար ըլլալով վարչական գործերուն։
1964ին Հելեն կը նշանակուի Պոստոնի ՌԱԿ «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» պաշտօնաթերթին որպէս խմբագիր, առաջին կին խմբագիրը դառնալով Ռամկավար Ազատական մամուլին, իրեն օգնական ունենալով` Պէյրութէն Նուպար Ակիշեան, որ օգնական խմբագիրն էր հայատառ «Պայքար» օրաթերթին։ Նուպար կը պատրաստուէր ստանալ իր տոքթորականը բնագիտութեան ճիւղին մէջ։ Հելենի ամուսինը` Յակոբ, որ իր կարգին ռամկավար ազատական շարքային էր, կ’աշխատէր նաեւ ամերիկեան հրատարակչատան մը մօտ եւ ծանօթ ըլլալով լրագրական խոհանոցային աշխատանքներուն, կը դառնայ օգտակար Հելենի խմբագրական աշխատանքներուն։ Այդ օրերուն, Հելենի վարձատրութիւնը շաբաթական 40 տոլար էր. ինքնին արդէն այդ ցոյց կու տար Հելենին զոհաբերութեան ոգիին։ Ան կը յաջորդէր գաղութին քաջածանօթ թերթի նախկին զոյգ խմբագիրներուն`Պապ Վահանին եւ Վարուժան Սամուէլեանին (ծանօթ` Ճիւսի անունով)։
Հելեն Փիլիպոսեան կ’անդամակցի Պէյ Սթէյթի ՌԱԿ Ծովիկեան Երիտասարդաց Ակումբին. իր կուսակցական կնքահայրը կ’ըլլայ «Պայքար» պաշտօնաթերթի խմբագիրը Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան. այսպիսով Փիլիպոսեան-Սարգիսեան ընտանիքները կը շարունակէին իրենց ծնողաց բարի աւանդութիւնը ՌԱԿէն ներս։
Ան ամէն շաբաթ հասցուց ամերիկահայ թերթին ընթերցողներուն լուրեր Միացեալ Նահանգներու զանազան համայնքներէն, արտասահմանի գաղութներէն եւ հայրենիքէն։ Լրատուամիջոցները, այդ օրերուն, տարբեր ընթացք մը ունէին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ Ցուրտ Պատերազմի ամենէն տաք օրերուն ալ կը խմբագրուէր ռամկավար այս թերթը։ Պահելու էր ան կուսակցութեան աւանդական քաղաքական ուղեգիծը, առանց որ խանգարած ըլլար Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան սեղմումները հանդէպ Խորհրդային Միութեան։
Բայց աւելի խորանալով գրական ու լրագրական ասպարէզներուն մէջ, անոր հետաքրքրութիւնը առաւելաբար կը տարածուէր դէպի փիլիսոփայական եւ հոգեբանական գրականութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ալ ան գրեց առաջնորդող յօդուածներ` վեր առնելով հայերէն լեզուի պահպանութիւնը Ամերիկայի նոր սերունդին մօտ, Հայկական Հարցին նորօրեայ տարողութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը։ Գրեց թուրքերու կողմէ կանխամտածուած Հայկական Ցեղասպանութեան խնդրին մասին, մանաւանդ որ խմբագրած թերթը անգրագիր խօսափողն էր եղած, տասնամեակներ շարունակ, ՌԱԿի Ամերիկայի լայն շրջանակին։
Հելեն գրած է ամերիկեան հասարակարգին անարդարութիւններուն, ինչպէս` Վիեթնամի պատերազմին Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան դէմ։ Գրած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին երկու իրարու հակառակ կուսակցութիւններուն` ՌԱԿի եւ ՀՅԴի յարաբերութիւններուն` ծնունդ առած Դուրեանի սպանութեամբ ու շարունակուած Ցուրտ Պատերազմի հետեւանքով Խորհրդային Հայաստանի ի պաշտպանութիւն տարուած ռամկավարներու ուղեգիծին մասին։ Ու դեռ` հայկական նորաբաց վարժարաններուն եւ անոնցմէ սպասուած պահանջքներուն եւ հայկական ինքնութեան վերարժեւորումին մասին (Հոկտեմբեր 17, 1964ի «Միրըր»ի թիւով) այսպէս`
“Armenian voices are also heard from many of the countries including America as some have attained fame in the countries of adoption by bringing what is distinctly Armenian into their work and being referred to as Armenians. For example, Arshile Gorky is recognized as one of the original and most important of American artists, for he braught his Armenian identity into his work.”
1965ի Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը նոր սերունդին առջեւ կը բանար պահանջատիրական նոր հորիզոններ. վերապրող խլեակներու լացէն ու ողբէն աւելի անդին` ազգը կ’անցնէր բազուկի եւ նոր սերունդը կը վերադարձնէր մեր հաւաքական առնականութիւնը։ Կը ծնէին նոր «նեմեսիս»ներ Գուրգէն Եանըքեանի ոգիով ու ԱՍԱԼԱ-ի տղոց մարտական գործողութիւններով։ «Միրըր-Սփեքթէյթըր»ի սիւնակները նեղ կու գային տեղացող Ցեղասպանութեան նուիրուած բազմահարիւր յուշագրական էջերուն համար։ Նեղ կու գային նաեւ ազատագրական պայքարի, լէգէոնական շարժումի, Կիլիկեան Երազի, եւ դեռ` ազգապահպանման մարտահրաւէրներուն, հայ մշակոյթի պահպանման, հայերէն լեզուի կարեւորութեան, Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու դերին կարեւորութեան… առջեւ։ Զանազան ազգային հարցերուն մասին` նոր ձայն մը սկսած էր այլեւս աղաղակել ու հնչել ամէնուրեք եւ թերթը դարձաւ արձագանգողը այս բոլորին։ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր որակ ստացած էին եւ այլեւս Խորհրդային Հայաստանը «թապու» չէր սփիւռքահայութեան համար։ Հելեն այդ օրերու խմբագիրն էր արդէն։ Խմբագրականներով ան կը գրէր այս բոլոր հարցերուն մասին, տալով իր ու մանաւանդ` իր պատկանած կուսակցութեան մեկնաբանութիւնը։
Ճիշդ Յիսնամեակի Ապրիլ 24ի յիշատակութեան օրը, ան ամբողջական թիւ մը հրատարակեց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ զայն առաքեց Ամերիկայի Գոնկրէսի բոլոր անդամներուն, Նախագահ Լինտըն Ճոնսընին, եւ փոխ նախագահ Հիւպըրթ Հըմֆրիին։ Կար նաեւ յօդուած մը` «Լալը բաւարար չէ» գրուած Լեւոն Սամուէլեանի կողմէ, որ հեղինակն էր այդ օրերու best-selling վէպին` “I Ask You Ladies and Gentlemen”: Իսկ Փիլիպոսեանին խմբագրականը` “Out of Smoldering Ashes” լոյս տեսաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի “Congressional Record”-ին մէջ։
1966ին կը թողու խմբագրի պաշտօնը։ Թերթը աւելի կուսակցականացած ըլլալով, 1970ին կը փոխէ իր առաջուան դիմագիծը, որովհետեւ արդէն Պոստոն սկսած էին ժամանել Միջին Արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն կուսակցական նոր դէմքեր, որոնք «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէթըր» շաբաթաթերթին առաքելութիւնը տարբեր ձեւով կ’ընկալէին` նախկինէն տարբեր։ Երբ Պարպըրա Մերկերեան կու գար խմբագրի պաշտօնին, Հելեն ժամանակաւորապէս` 1975էն 1981 կը ստանձնէր օգնական խմբագրի պաշտօնը։
Ան կը գրէ Լորտ Պայրընի հայերէն լեզուի ուսումնական տարիներուն երբ մեծանուն անգլիացին գացած էր Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն մօտ սորվելու մեր լեզուն։ Հելեն գրած է Ուոթըրթաունի հայաբնակ աւանին ու անոր գրադարանին մէջ գտնուող հայատառ մամուլին, աւանին հանրային վարժարանին մէջ երկլեզուեան յայտագիրներու մասին։ Գրախօսած է ամերիկահայ գրողներու գիրքերը, ինչպէս նաեւ` ՀԲԸՄի »Արարատ» գրական հանդէսի մէջ լոյս տեսած գրական սիւնակները։
1975ին Լիբանանի մէջ ծայր տուած քաղաքացիական պատերազմի բովանդակ տարիներուն, քաջալերած է ամերիկահայութիւնը իր եղբայրական ձեռքը երկարելու մեր Մայր գաղութի զաւակներուն բիւր ընկերային, տնտեսական ու կրթական կարիքներուն։ Հելեն մի´շտ ալ հաւատացած էր որ ամերիկահայ գաղութը պիտի վերանորոգուէր, լիցքաւորուէր արտասահմանէն եկած ու պատրաստուած նոր սերունդով։ Մինչ այդ ան այցելած է Եւրոպայի հայկական գաղութներն ու երկիցս ալ` Լիբանան։
Հիմնած է իր «Օհան» հրատարակչութիւնը` 1983ին, երբ հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծական հաւաքածոն` “Carvings from an Heirloom; Oral History Poems.” Այնուհետեւ հրատարակած է “At Quarter Past Reality: New and Selected Poems”, որ կը շահի առաջին մրցանակը Writer’s Digest and History’s Twists: The Armenian-էն։ Անոր բանաստեղծութիւններէն շատեր կը գրաւեն կայքէջը` Greenwood Encyclopedia Multiethnic American Literature-ի վրայ եւ շահած են յաճախ առաջին մրցանակներ։
“They Called Me Mustafa: Memoir of an Immigrant” գրած ու հրատարակած է իր հօր` Խաչատուրին հետ, որ արժանացած է յիշատակումին Մեսեչուսէց Նահանգի Խորհրդարանին կողմէ եւ Alexander Street Press-ին կողմէ ալ տեղադրուած է իր կայքէջին վրայ։ 2012ին հրատարակեց իր “My Literary Profile: A Memoir” գիրքը, որ շահեցաւ New England Book Festival-ի տարեկան գնահատագրին։
«Օհան» Հրատարակչութիւնը մինչեւ այսօր լոյս ընծայած է 10 անուն գիրք, որոնցմէ շատերը Հելենին գիրքերն են։ Վերջին երկուքը անոնցմէ` “A New Orchid Myth from Create Space”ը եւ “My Literary Profile”ը ։
Կը մահանայ Դեկտեմբեր 5, 2015ին, Ուոթըրթաունի մէջ, յետ անողոք հիւանդութեան: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Դեկտեմբեր 14ին Ուոթըրթաունի Նահատակաց Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը կը յանձնուի Ուոթըրթաունի Րիճլոն գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին: