Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները – ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ

Իսթանպուլ, Դեկտեմբեր 4, 1926 –Պէյրութ, Փետրուար 15, 2016

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

 

Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ

վայրերում` հայ թատերական արուեստի

հիմնարկութիւն մը կայ եւ որի ձեռնարկողներից

մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի

երիտասարդ է ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես։

Վահրամ Փափազեան

 

Ծնած է Դեկտեմբեր 4, 1926ին, Իսթանպուլ։  Իր թատերական ուսումը ստացած է տեղւոյն թատերական ինստիտուտին մէջ։ Արդէն 1944ին կը մասնակցի Պոլսոյ Քաղաքապետարանի ներկայացումներուն։  Պոլսոյ մէջ կը բեմադրէ տասնեակ մը գործեր, որոնց կարգին կ’արժէ յիշել Պէն Ճոնսընի Վոլբոնէն եւ  Մոլիէրի Ագահը թատրերգութիւնները։

 

Հայ թատրոնի սկզբնական խարխափումները ազգային թատերախաղով կատարած էր ան, սակայն կը փորձէր նոր թռիչք տալ իր արուեստին։  Պոլիսը այլեւս բան մը չունէր իրեն տալիք, յառաջդիմութիւն ալ չկար … իր ընդվզումին աօընթեր, իր մէջ բնաղին տաղանդ տեսնելով, Պերճին բարեկամ թուրք դասախօսը կը յայտնէ. «Ինծի երդում ըրէ որ թատրոնը երբեք պիտի չձգես …, այստեղ քեզի յարմար չէ, մի մոռնար որ հայ ես, ինչո՞ւ հայուն առաջնակարգ դեր տալ …»։  Այս դասը բաւարար էր Պերճին, որ 1951ին հեռանար Իսթանպուլէն։

 

Պէյրութ, կը հաստատուի հոն, ընտանիք կը կազմէ եւ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը։  Կ’ամուսնանայ 1959ին, նկարչուհի Սիրվարդ Գրիգորեանի հետ, որ կը մնայ Պերճին կեանքի, արուեստի ու բեմի մնայուն ընկերը։ Կը բախտաւորուի երկու զաւակներով. մանչը՝ Յարութը ծանօթ խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար է զանազան սիմֆոնիկ նուագախումբերու Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:

 

Պէյրութի մէջ 1956ին կը հիմնէ «Նոր Բեմ», 1959ին ՀԵԸի «Վահրամ Փափազեան» եւ 1971ին «Ազատ Բեմ» թատերախումբերը, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն հայատառ, արաբատառ եւ ֆրանսատառ բոլոր թերթերուն մէջ, անխտիր։  Ֆազլեան կը հրաւիրուի, արաբական աշխարհի հանրածանօթ լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ, Ռահպանի եղբայրներուն թատրերգութիւնները բեմադրելու Պաալպէքի փառատօնին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Դամասկոսի մէջ. եւ այսպէս տասնվեց տարիներ շարունակաբար կը բեմադրէ Ռահպանի եղբայներու երաժշտա-թատերական գործերը։

 

1975ին կը գաղթէ Գանատա եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ։  Հոն եւս կը լծուի գեղարուեստական աշխատանքի։  Առաջին իսկ օրէն կը միանայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին, հոնկէ թափ տալու իր մշակութային գործունէութեան Գանատայի տարածքին։  1976ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ԹՄՄ «Հայ Բեմ» թատերախումբը եւ հայերէն լեզուով կը բեմադրէ գանատացի ծանօթ հեղինակ Ռոպէր Կիւրիքի Պարան Կը Ծախեմ  թատրերգութիւնն ու կը մասնակցի տեղական «Փոքրամասութիւններու Թատերական Փառատօն»ին եւ կ’արժանանայ առաջին մրցանակին։ 1989ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ՌԱԿի «Արմէնօրամա» հեռուստատեսիլի հաղորդումները։

 

ADL - Fazlian Berge«Հայ Բեմ» թատերախումբը ելոյթներ կ’ունենայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Նի Եորք, Պոստոն, Ֆիլատելֆիա …) զանազան քաղաքներուն մէջ։  Լոնտոնի բեմադրութեան օրերուն, Պերճ Ֆազլեան կը միանայ ՌԱԿի շարքերը Վարդան Ուզունեանի կնքահայրութեամբ ուխտը տալու տարիներէ ի վեր իր հաւատացած ՌԱԿի քաղաքական ու հայրենասիրական ուղեգիծին։

 

Լիբանանի մէջ արդէն ան մնայուն բարեկամական կապեր հաստատած էր մեր ղեկավար շրջանակներուն հետ, ինչպէս` Գերսամ Ահարոնեանին եւ Հրաչեայ Սեդրակեանին հետ։  Արձանագրենք նաեւ որ Պէյրութի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի անդամներէն շատեր եղած են ռամկավար ազատականներ` Զաւէն Գալուստեան, Յարութիւն Գնդունի, Խաչիկ Թաշճեան, Յարութիւն Թումայեան, Վարդգէս Իւրնեշլեան, Աստղիկ Պասմաճեան, Թորոս Սարգիսեան, Համբարձում Տատուրեան, Գրիգոր Տեկիրմենճեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Սարգիս Մինասեան, Լեւոն Թորոսեան, Անի Եաղճեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւայլն։  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի ծնունդը կարեւոր հանգրուան մը պէտք է նկատուի, անոր համար որ Պէյրութի մէջ կար միայն մէկ մնայուն թատերախումբ մը` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»ը, որ իր վրայ հրաւիրած էր քաղաքի թատերասէր հասարակութիւնը։  Բեմ կը բարձրանային ՀՅԴի շարքերուն կամ համակիրներուն դերակատարները եւ կը ներկայացուէին միակողմանի թատրերգութիւններ միայն։  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը նոր շունչ ու որակ բերաւ լիբանանահայ թատերական կեանքէն ներս,  ներկայացնելով բազմակողմանի արեւմտահայ, արեւելահայ թէ օտար թատերախաղեր։

 

ADL - Fazlian Berge 2Որպէս դերասան մասնակցած է տասնեակ մը ֆիլմերու, որոնց բեմադրիչները եղած են` Եուսուֆ Շահին, Հանրի Պարաքաթ, Անթուան Ռէմի, Նիյազի Մուսթաֆա եւ ուրիշներ։  Գլխաւոր դեր ստանձնած է նաեւ Գանատայի անգլիախօս ֆիլմի մը մէջ` Next of Kin որուն բեմադրիչը աշխարհահռչակ Ատոմ Էկոյեանն է եղած։

 

Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով բեմադրած է աւելի քան 100 թատրերգութիւններ, որոնց մէջ անմոռանալի կը մնան` Շէյքսփիրի Միջ-ամառնային Գիշերուայ Երազ, Մոլիէրի Սքաբէն, Ժորժ Տանտէն, եւ Ագահը, Կոլտոնիի Ստախօսը, Կոկոլի Ամուսնութիւն թատերգութիւնները եւ մա´նաւանդ Ժորժ Շէհատէի Վասքոյի Հեքեաթը թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, հեղինակին ներկայութեան։  Իսկ Այսամ Մահֆուզի Զանզալաքտ թատրերգութեան բեմադրութիւնը անկիւնադարձ կը նկատուի լիբանանեան թատրոնի տարեգրութեան մէջ։

 

Երկար տարիներ թատերական նիւթեր դասաւանդած է Լիբանանի Պետական, Սէն Ժոզէֆ եւ Գաֆաաթ համալսարաններուն մէջ։

 

Պերճ Ֆազլեան 1986ին Խորհրդային Հայաստանի պետութեան կողմէ կը հրաւիրուի, որպէսզի բեմադրութիւններ կատարէ եւ հոն` Պետական Հեռուստատեսիլի առաջարկութեամբ կը բեմադրէ Երուխանի Ձկնորսի Սէրը պատմուածքը։  Ֆազլեան`  պարգեւատրուած է 1985ին Հայաստանի մէջ, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանէն եւ 2000ին Պէյրութի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստանալով Ս. Մեսրոպ մաշտոց շքանշանը։

 

ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած է Պերճ Ֆազլեանի յոբելենական տարեդարձը, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ապրիլ 30, 2006ին։  Այս կ’ըլլար Պերճին նուիրուած առաջին մեծարանքի արտայայտութիւնը, ուր հոծ բազմութիւն մը թատերասէրներու եկած էին Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն բերելու իրենց յարգանքի եւ հիացմունքի մասնակցութիւնը։  Խօսք կ’առնեն թատերական գործիչներ Գրիգոր Սաթամեան (Լոս Անճելըսէն, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Ֆազլեանի բեմադրութեամբ), Ժիրայր Բաբազեան (Փարիզէն), Կարինէ Քոչարեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան (Նիւ Եորքէն), Թամար Յովհաննիսեան (Լոս Անճելըսէն, այրին` Մհեր Մկրտչեանի), Նորա Արմանի, Պերճ Արազ, Միսաք Պօղոսեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն)։  Այս առթիւ կ’արժանանայ ՀԲԸՄի Պատուոյ Վկայականին ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակին ու Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ շքանշանին, զորս կը յանձնէ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան։

 

ՖԱԶԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

 

Լեւոն Թորոսեան («Զարթօնք» Պէյրութ, 1960). «Ֆազլեան թատրոնի խենթ մըն է, բառին աղուոր իմաստով։  Ան անկաշառ կերպով նուիրուած է հայ թատրոնի սրբազան դատին»։

 

Արմէն Դարեան («Յառաջ», Պէյրութ, 1960). «Ֆազլեան լաւապէս ըմբռնած է թէ բեմադրիչը թատերագիրը ընդօրինակող եւ կրկնող գործիք մը չէ, այլ իր կարգին ստեղծագործ արուեստագէտ մը»։

 

Գրիգոր Քէօսէեան («Զարթօնք», Պէյրութ 1963). «Թատերախումբին բեմադրութիւնը լրիւ յաջողութիւն մըն է։  Եւ ասիկա պատիւ կը բերէ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին»։

 

Օննիկ Սարգիսեան («Խօսնակ», Պէյրութ, 1964). «Պերճ Ֆազլեանի պրպտող ջանքերուն շնորհիւ է որ բեմական գեղեցկութիւնը հետզհետէ կ’այցելէ մեզի»։

 

Աւետիս Եափուճեան («Արեւ», Գահիրէ, 1969). Պերճ Ֆազլեան ոչ միայն հանրածանօթ բեմադրիչ ու դերասան է, այլեւ` արուեստագէտի իր առաքելութեան գիտակից մարդ մը, խոհուն, ինքնավստահ, բայց համեստ»։

 

Արա Արծրունի («Ազդակ», Պէյրութ, 1970). «Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան պատիւով եւ յաջողութեամբ յաղթահարեց դժուարութիւնները։  Արդարեւ նոր բեմականացումով մը, բոլոր թերութիւնները ջնջուած էին»։

 

Դոկտ. Պախտիար Յովակիմեան (Երեւան, 1987).  Տեսնուած բա՞ն է, որ միջազգային ասպարէզներում հայազգի թատերական գործիչը ներկայացնէ Լիբանանի արաբական թատրոնը»։

 

Շաքէ Վարսեան («Հայրենիքի Ձայն», Երեւան, 1987). «Եռանդուն, գործիմաց, խիզախ մտայղացումների տէր եւ դրանք յամառօրէն իրագործող թատերական գործիչ է Պերճ Ֆազլեանը»։

 

Պայծիկ Գալայճեան («Զարթօնք», Պէյրութ, Սեպտեմբեր 19, 2009). «Հայկական եւ լիբանանեան թատրոնի երկնքին վրայ աստղափայլող երեւոյթ մը եղաւ Ֆազլեան. արաբական թատրոնին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն հեղինակութիւնը դառնալով միւս կողմէ լիբանանահայ թատրոնի կաղնին»։

 

Վերջին այցելութիւնս տուի իր իրեն այս տարուան Յունուար 5ին Պէյրութի արուարձաններէն հիւանդանոցի մը մէջ:  Մի՛շտ արթուն տեսած եմ զինք … ճանչցած Պերճէն մնացած էին իւրայատուկ իր աչքերը միայն:  Ամուր սեղմեցի վարպետին ձեռքը, համբուրեցի ու կամացուկ մը հեռացայ սենեակէն:

 

Կը մահանայ Պէյրութի մէջ, Փետրուար 15, 2016ին, 90 տարեկանին:  Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի մայրվանքի մէջ, Փետրուար 18, 2016ին:

 

Պերճ Ֆազլեան գնաց միանալու իր ընկերներուն՝ Վահրամ Փափազեանին, Հրաչեայ Ներսէսեանին, Վարդան Աճեմեանին ու Ֆրունզիկին:  … Հիմա ան արդէն Վերէն կը խնդայ այս աշխարհը մնացած իր երկրպագուներուն:

 

Նիւ Եորք