ՄԵՐ ԼԱՒՆ ՈՒ ՎԱՏԸ

Մենք պա­տե­րազ­մէն փա­խանք, պա­տե­րազ­մը հա­լա­ծեց մեզ: Գի­տէ­ինք, որ Հա­յաս­տանն ալ այն խա­ղաղ տա­րած­քը չէ, ուր կա­րե­լի է ապ­րիլ ան­դոր­րու­թեան մէջ, սա­կայն հայ­րե­նիք է եւ աշ­խար­հի շատ մը վայ­րե­րէն տար­բեր` ՄԵ՛ՐՆ է:

Աւե­լի քան քսան տա­րի­նե­րու զի­նա­դա­դա­րը, որ եր­բեմն կը խախ­տէր, յան­կարծ բռն­կե­ցաւ ու հր­դե­հի վե­րած­ուե­ցաւ: Գի­տէ­ինք, որ Ազըր­պէյ­ճա­նը այս լե­ղի պա­տա­ռը դիւ­րին դիւ­րին կլ­լո­ղը չէ, սա­կայն կը հա­ւա­տա­յինք, որ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կշ­ռե­լով, խե­լա­ցի կը գտն­ուի ու նա­խա­յար­ձակ չ՛ըլ­լար, կր­կին ան­գամ խայ­տա­ռակ պար­տու­թիւն չկ­րե­լու հա­մար, սա­կայն, երե­ւի զինք դր­դող եղաւ, դր­դող ու քա­ջա­լե­րող, որ սա նո­րա­գոյն զէն­քերդ որ ստա­ցար, ժա­մա­նակն է, որ փոր­ձար­կես եւ պարզ է, որ ամե­նա­յար­մա­րը` փոր­ձար­կես հա­յե­րուն վրայ:

Ես բնաւ չէի պատ­կե­րաց­ներ, որ ամ­բողջ հա­յու­թիւնը մէկ մար­դու նման ոտ­քի կը կանգ­նի ու իր զօ­րակ­ցու­թիւնը կը յայտ­նէ Ար­ցա­խին: Ես կը հա­ւա­տա­յի որ հա­յեր, հա­յաս­տան­ցի թէ ար­տա­սահ­ման­ցի, ան­պայ­ման կա­մա­ւոր կեր­պով զէնք կը վերց­նեն ու ճա­կատ կ՛եր­թան, սա­կայն մտ­քէս չէր անց­ներ, որ կա­մա­ւոր­նե­րու հոս­քը հե­ղե­ղի կը վե­րած­ուի:

Ինչ ազգ ենք մենք… Զար­մա­նա­լի ազգ ենք, ինչ­պէս մէ­կը բնո­րո­շած է,  խա­ղաղ օրե­րուն կ՛ար­տա­գաղ­թենք, իսկ պա­տե­րազ­մին կը ներ­գաղ­թենք…

Չորս օր տե­ւած պա­տե­րազ­մը, որուն գլ­խա­ւոր նպա­տա­կը ազե­րի­նե­րուն Ղա­րա­բա­ղին վե­րա­տի­րա­նա­լու ախոր­ժակն էր` ձա­խո­ղե­ցաւ, անոնք չկր­ցան թիզ մը իսկ գրա­ւել ԼՂՀ-ի եւ անոր պաշտ­պա­նա­կան գօտիի տա­րած­քէն, սա­կայն ինչ գնով… բա­ւա­կան մեծ թիւով հայ զին­ուոր­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան գնով:

Եւ ելեր են Պաք­ուի փո­ղոց­նե­րուն մէջ քէֆ կ՛ընեն: Մէյ մը հարց­նես, թէ ին­չո՛ւ հա­մար կ՛ու­րա­խա­նաք, երբ հայ զի­նուո­րը ձեզ դուրս շպր­տեց իր սահ­ման­նե­րէն, երբ կ՛երա­զէ­իք տա­րածք­ներ գրա­ւե­լով յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի Ար­ցա­խի խո­րե­րը… Ին­չո՛ւ. քա­նի որ դպ­րո­ցա­կան երե­խա՞յ մը սպան­նե­ցիք, գիւ­ղա­ցի տա­րեց ամո՞լ մը գն­դա­կա­հա­րե­ցիք ու անոնց ականջ­նե՞րը կտ­րե­ցիք, թէ ափ մը հայ զի­նուոր­ներ նա­հա­տակ­ուե­ցան, երբ ձեր կո­րուստ­նե­րը տաս­նա­պա­տիկ էին:

Այս բո­լոր դրա­կան երե­ւոյթ­նե­րուն դի­մաց, բա­ցա­սա­կան երե­ւոյթ­ներ ալ ար­ձա­նագր­ուե­ցան, երբ զա­նա­զան պա­տաս­խա­նա­տու կամ ան­պա­տաս­խա­նա­տու մար­դիկ մեր աղ­տոտ լա­թե­րը թշ­նամի­ին աչ­քին առ­ջեւ փռե­ցին: Քն­նա­դա­տու­թիւն­ներ բա­նա­կի զէն­քե­րուն հին ըլ­լա­լուն հա­մար եւ ան­շուշտ չա­րա­շա­հու­թիւն­ներ վե­րագ­րե­լով որոշ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու, որոնց պատ­ճա­ռով ահա­գին զո­հեր տուինք: Քն­նա­դա­տու­թիւն եւ նոյ­նիսկ պար­սա­ւանք երկ­րի ղե­կա­վար­նե­րուն, որոնք սա կամ նա հար­ցե­րով դա­տա­պար­տե­լի են, նոյ­նիսկ բա­ցա­յայ­տում` դա­ւա­ճա­նա­կան արար­քի, որոշ ան­հատ­նե­րու կող­մէ, որուն պատ­ճա­ռով զի­նուո­րա­կան կեդ­րոն մը ռմ­բա­կոծ­ուած է…:

Եթէ նոյ­նիսկ այս ըս­ուած­նե­րը ճիշդ են, ճի՞շդ է արդ­եօք պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին զա­նոնք հրա­պա­րա­կե­լը եւ թշ­նամի­ին ցոյց տա­լը, որ մեր ներ­քին ճա­կա­տը ամ­րա­կուռ չէ, փխ­րուն է:

Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ իւ­րա­քան­չիւր հրա­պա­րա­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թեան շատ զգոյշ եւ զուսպ ըլ­լա­լու ենք, որ թշ­նամի­ին ձեռ­քը յա­ւել­եալ զէնք չտանք:

Այս գար­նան, մեր նա­հա­տակ­նե­րու արիւ­նով ոռոգ­ուած Ար­ցա­խի դաշ­տե­րը նոր լա­լա­նե­րով պի­տի ծածկ­ուին, կար­միր լա­լա­ներ, սիր­տեր­նին սեւ…

Յակոբ Միքայէլեան