Մեր Տղերքը

Վարդգէս Գուրուեան

Արցախեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Երեւան կը գտնուէի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէկ համագումարին մասնակցելու։ Երբ Համաժողովի պաշտօնական աշխատանքները աւարտած էին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ-խրախճանքը, մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ժամանած պատգամաւորներու։ Արցախեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած նահատակներու արժանի յարգանքը պահ մը լռութեամբ եւ յուզիչ ելոյթներով մատուցանելէն ետք, ազգայնական ոգեշունչ երգերը կը կէտադրէինք Կուսակցութեան պանծացումի մաղթանքներով, մեր նորօրեայ հերոսներուն եւ նահատակներուն հանդէպ պատշաճ կենացներով եւ բաժակաճառերով։ Մթնոլորտը շատ «տաք» էր, խանդավառ եւ ուրախ։

Առաւօտեան փոքր ժամերուն, քանի մը ընկերներով պանդոկ պիտի վերադառնայինք։ Որոշեցինք քալել։ Օդը շատ նպաստաւոր էր, տրամադրութիւնները՝ բարձր, գլուխները՝ տաք։ «Հոտառութեամբ» քանի մը փողոց քալելէն ետք, երեք պատանի-երիտասարդներու հանդիպեցանք եւ որպէսզի սխալ ուղղութեամբ չքալէինք, Օփերայի շէնքին կամ Արմենիա Հրապարակին ճամբան հարցուցինք։ Քանի մը փողոց եւս քալելէն ետք, երբ տղաքը տեսան որ կը տատամսէինք, «մենք գալիս ենք ձեզ հետ» ըսին եւ սկսան մեզի հետ քալել։ Երբ իրենց ով ըլլալը հարցուցի, ըսին որ բանակայիններ են։ Զարմանալով զարմացայ … ։

Արտաքնապէս հազիւ 16-17 տարեկանի երեւոյթ ունեցող այս փոքրակազմ տղաքը ուրեմն 18 տարեկան էին եւ երբ հարցուցի որ ու՞ր էին Արցախի քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, «ճակատու՛մ, խրամատներու՛մ» եղաւ իրենց պարզ՝ բայց շեշտակի պատասխանը։ Իրենց պատասխանելու ոճին մէջ զգացինք հպարտանքը Հայրենիքի Պաշտպանը ըլլալու պատիւին։ Պահը շատ յուզիչ էր։ Ուրեմն այս պատանիները հոն էին, կենաց եւ մահուան գուպարին մէջ մեր ոխերիմ եւ մահասփիւռ թշնամիին դէմ։

Մեր այս պաշտելի «տղերք»ը պատմեցին մեզի թէ ինչպէ՞ս կռիւի այդ առաջին օրուան տաք պահերուն մինչ իրենք մէկ կողմէն ազերի շուները կամ վարձկան հրոսակները կը «սատկացնէին», առաջին գիծի զինուորներուն փամփուշտները սպառած են … ։ «Փամփուշտ ուզում էինք, մեզ ասում էին սպասէք մի քիչ էլ։ Շտապ փամփուշտ ուզում էինք, ասում էին վտանգաւոր ա, մի քիչ էլ դիմացէք։» Եւ այսպէս մեր նորօրեայ հերոսները «խրամատներում» ստիպուած էին «սպասել եւ դիմանալ» մինչեւ որ փամփուշտները հասնէին, փամփուշտներ՝ որոնք հոն պէտք էր եղած ըլլային, որը սակայն չկային։ Փամփուշտներ, որոնք շտապ պէտք էր հասնէին, սակայն չհասան, քանի որ մեծերուն համար «վտանգաւոր» էր առաջին գիծերուն խրամատները հասնիլը։

«Մեր շուրջ մեր ընկերները խփւում էին, ընկնում, մենք կրակում էինք» ըսին տղաքը։ Եթէ, ըսին, բաւարար փամփուշտ եւ նռնակ ունենայինք, տասնեակներով աւելի թուրք կը խփէինք։ Փամփուշտները որ վերջացած են, տղաքը ստիպուած եղած են զէնքի կոթերով կռուիլ եւ նահատակուիլ։ «Մենք կռւում էինք մեր Հայրենիքը, մեր տունը պաշտպանելու։ Գիտէինք որ եթէ թուրքերը մեզմէ անցնէին, մեր մայրերը պիտի լացացնէին, մեր քոյրերը պիտի լացացնէին։ Ո՞նց կրնայինք թողնել այդ։ Սատկացնելու էինք։»

Սարսափելի էր։ Ուրեմն, 25 տարի պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալ, մանաւանդ վերջին ամիսներուն օրէ օր զինադադարը աւելի ուժգնութեամբ խախտուէր, եւ մեր առաջին գիծերուն վրայ եղող զինուորները բաւարար փամփուշտ չունենային Հայրենիքը պաշտպանելու։ Ըստ այս հերոսներուն, եթէ ըսին, մենք բաւարար փամփուշտ ունենայինք, այդքան զոհ չէինք տար եւ թուրքերը չէին կրնար այդ գիծերը գրաւել։

Եւ այս սքանչելի տղաքը քանի մը անգամ «Բանամերա» պողոտային վրայ յանկարծական կը պոռային «Ո՞վ ես դուն, – Հա՛յ եմ ես, Ի՞նչ կ՚ուտես դուն, – Օձի գլուխ, – Ի՞նչ կը խմես դուն, – Թուրքի արիւն, – Վա՜յ մայրիկ ճան վա՜յ, հազար անգամ թուրքին վա՜յ։»

Եւ այսպէս, խօսելով, խնդալով եւ երգելով հասանք Արմենիա Հրապարակը։ Տղաքը ըսին որ մէկ օր եւս արձակուրդ ունին եւ միւս օրը բանակ պիտի վերադառնան։ Երբ հարցուցի «Ու՞ր պիտի երթաք», « մեր փոստերը» ըսին, այսինքն, առաջին գիծի խրամատները։

Նախքան մեր բաժանումը, խնդրեցի որ առաջարկած փոքր նուէրս ընդունին եւ յաջորդ օրը ընկերներով ճաշարան երթան եւ լաւ «քէյֆ» մը ընեն։ «Չմոռնաք մեր կենացն ալ խմելու» ըսի, կէս կատակ, կէս շիտակ։ «Ցաւդ տանեմ, ոնց չենք խմեր» եղաւ իրենց պատասխանը։

Եւ հիմա, արդեօք այդ տղաքը ո՞ղջ են։ Արդեօք այս տղաքը բաւարար փամփուշտ ունի՞ն։

Եւ հիմա, հարիւր եւ աւելի կտրիճներ եւս նահատակուեցան մեր Հայրենիքին սուրբ հողը աւելի եւս սրբացնելով։

Եւ հիմա, Յարդգողի Աստղաբոյլի համաստեղութեան վրայ հարիւր աստղեր եւս աւելցան, Վահագնի Մեհեաններուն մէջ փառաբանուելու Գեղեցկութեան Աստղիկ Աստուածուհիին նաժիշտներուն կողմէ։

Եւ հիմա, «Անահիտի Ծիծերն ի վեր» հարիւր կտրիճներ անմահութեան նեկտարով կը սնանին վերէն պաշտպանելու Հողը մեր Հայրենական։

Եւ հիմա, Նոր Վահագներ կը ծնին ամէն օր, վիշապասպան հերոսները մեր սրբազան, որոնք կ՚երթան սատկեցնելու, « օձի գլուխները ուտելու» եւ անոնց «արիւնը խմելու»։

Վա՜յ քեզ թուրք, հազար վա՜յ քու իժածնունդ մայրերուն։

Եւ հիմա, Աստուածները մեր Հեթանոս, Արարատի գագաթին վրայ, աներեւոյթ Մեհեաններէն շանթաբուռ մարտիկներով կը պատրաստուին շանթահարել թշնամիները մեր մահասփիւռ։

Թող Արամազդն ու Անահիտը, թող Վահագն ու Աստղիկը պահապանը ըլլան մեր կտրիճներուն։ Թող Վահագնի Բազուկը խեղդէ Թուրք Վիշապը այդ ահաւոր։ Թող գեհենի կրակները մոխրացնեն Սադայէլին իժերը այդ թունաւոր։

Փոքր Մհերները արթուն կը հսկեն։

Մե՛նք, թոռներն ու ծոռները Թորգոմա Մեծ Տան, Կա՛նք, Պիտի Լինե՛նք, ու դեռ Շատանա՛նք։

Մե՛նք, Հայկեան Նետով պիտի խոցենք սեւ սիրտը մեր Ոսոխին։

Մե՛նք, Նիւքարի ժառանգորդներս, Մե՛նք, Տիգրան Մեծի Զինուորներս, Մե՛նք, Անդրանիկներու, Եկարեաններու, Գէորգ Չաւուշներու, Եաղուպեաններու Հետեւորդներս, պարտութիւն Չե՛նք ճանչնար։

 

Մե՛նք, Ճակատագրուած ենք Յաղթելու։

Արցախը Մե՛րն է։

Յաղթանակը Մե՛րն է։