Մէ՞կ Ազգ, Թէ՞

Ես ինք­նա­բե­րա­բար լրա­բե­րը դար­ձած եմ Հա­լէ­պի. ինք­զին­քիս իրա­ւունք տուած եմ, ո՛ր շրջապատին մէջ ալ գտն­ուիմ, խօ­սիմ Հա­լէ­պի մա­սին եւ վեր­ջին նո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեմ ներկա­նե­րուն, պար­զա­պէս, ըստ հա­սած լու­րե­րուն, տխ­րու­թիւնս, կամ ու­րա­խու­թիւնս բաժնեկցելու:

Երբ հա­լէ­պա­հա­յե­րու մէջ եմ, զգա­ցում­նե­րը փո­խան­ցիկ են, բո­լորն ալ ըսե­լիք ու­նին ու խօս­քը իրար­մէ խլե­լով կար­ծիք կը յայտ­նեն, տե­սա­կէտ­ներ կը պար­զեն, եր­բեմն  կար­ծիք­նե­րու բա­խում ալ կ՛ըլ­լայ, բնա­կան է, սա­կայն այդ բա­խում­նե­րը եր­բե՛ք ի վնաս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ու մեր գա­ղու­թին:

Ոչ-հա­լէ­պա­հայ շր­ջա­նա­կի մէջ, հար­ցը կը փոխ­ուի ըստ տա­րի­քի: Մե­ծա­հա­սակ­նե­րու մօտ կը խօսիս, մտիկ կ՛ընեն, չեն պա­տաս­խա­ներ, մաս­նա­ւոր հա­կազ­դե­ցու­թիւն ալ չես նկա­տեր, բայց անտ­րա­մա­դիր ես ու անտ­րա­մադ­րու­թեանդ պատ­ճա­ռը պի­տի բա­ցատ­րես, ոչ ան­պայ­ման կարեկցա­կան խօս­քեր լսե­լու ակն­կա­լու­թեամբ, ոչ պարպ­ուե­լու, կամ լից­քա­թափ­ուե­լու հա­մար, այլ` ներ­քին մղու­մով մը, սա­րոյ­եա­նա­կան «Հէյ, ով կայ այն­տեղ» ըսե­լու պէս:

Իսկ նոր սե­րուն­դի պա­րա­գա­յին, հար­ցը ոչ միայն մտա­հո­գիչ է, կամ վր­դո­վե­ցու­ցիչ, այլ` ընդհանրա­պէս «Ձայն բար­բա­ռոյ յա­նա­պա­տի» է, լրիւ տար­բեր աշ­խար­հի մար­դոց մէջ կը նկա­տես ինք­զինքդ: Հա­լէ­պին ինչ ըլ­լա­լը չեն գի­տեր, Հա­լէ­պի մէ­ջի ան­ցած-դար­ձա­ծէ՞ն լուր պի­տի ու­նե­նան… Բայց կը խօ­սիս, մարդ են վերջ ի վեր­ջոյ, երբ ռմ­բա­կո­ծում­նե­րէն իրենց հա­սա­կա­կից­նե­րուն զոհուելուն մա­սին կը խօ­սիս թրթ­ռա­ցող շր­թունք­նե­րով ու կը տես­նես, որ ոչինչ փոխ­ուած է անոնց դէմ­քին վրայ, ոչ մէկ հա­կազ­դե­ցու­թիւն, քա­նի մտիկ իսկ չեն ըներ ու տար­ուած իրենց կողմ­նա­կի խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով ու կա­տակ­նե­րով,  կը զգետ­նեն քեզ ու քանի­ե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը հասկնաս, որ մենք ու­րիշ աշ­խար­հի մէջ ապ­րող մար­դիկ ենք, իրենք ու­րիշ:

Լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն վե­րա­բեր­մուն­քը գոր­ծի բնոյ­թէն ան­դին չ՛անց­նիր, զգա­ցա­կան բա­ժին չկայ, կայ միայն պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, իսկ մենք պար­տա­կա­նու­թե­նէ ան­դին ու տար­բեր վե­րա­բեր­մունք կը սպա­սենք:

Դեռ շա­բաթ մը առաջ էր, պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով մը, ընթ­րի­քի սե­ղա­նի շուրջ հա­ւաք­ուած էինք. մի­ակ սուր­ի­ա­հա­յը ես էի մէ­ջեր­նին. ըստ հայ­կա­կան սո­վո­րու­թեան թա­մա­տա­յի սեղանապետութիւնն  ու կե­նաց­նե­րը իրար կը յա­ջոր­դէ­ին, մին միւ­սէն աւե­լի իմաս­տա­լից: Ժա­մե­րը սա­հե­ցան. ան­համ­բեր կը սպա­սէի, որ մէկն ու մէ­կը բա­ժակ բարձ­րաց­նէ Հա­լէ­պի կե­նա­ցը, ցա­ւակ­ցի զո­հե­րուն հա­մար ու գո­վէ մնա­ցող­նե­րուն տո­կու­նու­թիւնն ու ի հե­ճուկս տե­ղա­ցող հրա­սանդ-հրթիռ­նե­րուն, եկե­ղե­ցա­կան, կր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քը վառ պա­հող­նե­րու նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քը:

Չե­ղաւ: Ոչ ոք մտա­ծեց այդ մա­սին: Ստիպ­ուած ես խօ­սե­ցայ:

Թե­րեւս մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը աւե­լորդ են. ին­չո՞ւ պէտք է սպա­սել որ մե­զի պէս մտա­ծեն, ազդուին, զգան… Բայց, չէ՞ որ «Մէկ ազգ» կը պո­ռանք օրն ի բուն…:

Հա­լէպն ու իր հար­ցե­րը որոշ գրա­սեն­եակ­նե­րէ ան­դին հա­զիւ թէ անց­նին: Ան­հատ հետաքրքրուողներ կան, ան­շուշտ պի­տի ըլ­լան, սա­կայն ընդ­հա­նու­րին չէ հա­սած, անոնք այն­քան քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան եւ այլ հար­ցեր ու­նին, մնաց որ մեր հար­ցո՞վ զբա­ղին:

Կը մտա­ծեմ, Հա­յաս­տա­նի դպ­րոց­նե­րու մէջ պա­տա­հա՞ծ է, որ ու­սու­ցիչ մը կամ ու­սու­ցչու­հի մը Հալէ­պի մա­սին խօ­սած ըլ­լայ աշա­կերտ­նե­րուն. կը կաս­կա­ծիմ:

Մար­դի՛կ, հայ­րե­նի՛ մար­դիկ, կա­րեկ­ցանք չէ որ կը սպա­սենք, ասի­կա պատ­մու­թիւ՛ն է, հայ ազ­գի պատ­մու­թեան մէկ կա­րե­ւոր էջն է, նոր սե­րուն­դը պար­տա­ւոր է ճանչ­նալ իր ազ­գին պատ­մու­թիւնը, իսկ ազ­գը միայն Հա­յաս­տա­նի մէջ չէ:

Դեռ մէկ ազգ կոչ­ուե­լու հա­մար ինչ­քա՞ն սպա­սե­լու ենք:

Յակոբ Միքայէլեան