ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆԻ «ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՈՒՐՋ

(ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾ` ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ)

(Ա.)

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս Հայ Դա­տի հե­տապն­դու­մի ծի­րին մէջ կա­տար­ուած իրա­գոր­ծում­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ մաս կը կազ­մէ թարգ­մա­նու­թիւնը: Որ­քան որ կա­րե­ւոր է մեր ներ­կայ սե­րուն­դին գի­տա­կա­նօ­րէն, փաս­տե­րու մի­ջո­ցով մա­տու­ցել կա­տար­ուա­ծը, նոյն­քան եւ աւե­լի կա­րե­ւոր է հայ­կա­կան փաս­տա­ցի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւնը` օտար­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով լի­ար­ժէք գա­ղա­փար ու­նե­նալ ան­ցած դա­րաս­կիզ­բին մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած մե­ծա­գոյն չա­րի­քի մա­սին, որ հա­յու­թեան մեծ հատ­ուա­ծի բռ­նի տե­ղա­հա­նու­թիւնն էր իր հա­զա­րամ­եայ հայ­րե­նի­քէն ու բնաջն­ջու­մը: Այս իմաս­տով նուազ կա­րե­ւոր չէ նա­եւ, որ հայ ըն­թեր­ցո­ղը թուրք հե­ղի­նակ­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րուն ու մօ­տե­ցում­նե­րուն ծա­նօ­թա­նայ: Ըս­ուա­ծին հաս­տա­տումն է 2016-ին Ան­թիլ­ի­աս, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տպա­րա­նէն հրա­տա­րակ­ուած եւ Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի գրա­կան մր­ցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած թարգ­մա­նա­կան հա­տո­րը` «Վե­րապ­րող­նե­րը»: Հե­ղի­նակն է թուրք ժա­մա­նա­կա­կից գրող Քե­մալ Եալ­չըն, իսկ թարգ­ման­չու­հին` Սալ­բի Գաս­պար­եան:

Գիր­քը կը բաց­ուի հե­ղի­նա­կա­յին նե­րա­ծա­կա­նով, անոր կը յա­ջոր­դէ թարգ­ման­չուհի­ին «Մեռ­նող­նե­րը ան­հե­տա­ցան… հա­պա՞ վե­րապ­րող­նե­րը…» նա­խա­բա­նը, ապա հա­տո­րին խմ­բա­գիր տոքթ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եա­նի «Քե­մալ Եալ­չըն» վեր­նագր­ուած սեղմ ու ընդգր­կուն նե­րա­ծա­կա­նը:

Աւե­լի քան երեք հա­րիւր էջե­րով այս հա­տո­րը բաժն­ուած է խո­րագր­ուած եօ­թը մա­սե­րու, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը պա­րու­նա­կէ են­թա­վեր­նա­գիր­ներ:

***

Արդ դժ­ուա­րու­թեան առ­ջեւ եմ, քա­նի որ ստիպ­ուած եմ խօ­սիլ թուրք գրո­ղի մը մա­սին, մինչ­դեռ անձ­նա­պէս պի­տի նա­խընտ­րէի թուրք էու­թեան հետ որե­ւէ շփում չու­նե­նալ, քա­նի որ սոսկ այդ բա­ռը զիս, շա­տե­րու նման, կը յի­շեց­նէ հայ­րե­նազր­կու­թիւնս, ազ­գիս դա­րե­րու նուաս­տա­ցում­նե­րը, Բագ­րա­տուն­եաց աթո­ռա­նիստ եւ հօրս ծնն­դա­վայր Անին ու Կար­սը, ժո­ղո­վուր­դիս այ­սօր­ուան տարտղն­ուած, ու­ղե­կո­րոյս վի­ճա­կը, որ ուղ­ղա­կի ու շա­րու­նա­կուող հե­տե­ւանք է անց­եա­լի ու ներ­կա­յի թուր­քի գոր­ծե­րուն:

Սա­կայն կ՛ըն­դու­նիմ նա­եւ, որ կր­նայ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ այլ մտա­ծո­ղու­թիւն, որ ճշ­մար­տա­ցի ըլ­լա­լը ան­պայ­ման ծայ­րա­յե­ղու­թեան մէջ չէ, որ մեր արե­ւել­եան ու արեւմտ­եան դրա­ցի­նե­րը, Աս­տու­ծոյ կամ­քով կամ անէծ­քով, մե­զի հետ են յա­ւիտ­եան, եւ որ գո­յու­թիւն ու­նի դիւա­նա­գի­տու­թիւն կոչ­ուած բան մը:

Առ այդ անհ­րա­ժեշտ ու գնա­հա­տե­լի կը գտ­նեմ թարգ­ման­չուհի­ին  տա­րած աշ­խա­տան­քը, որ դիւ­րին  չէ, յատ­կա­պէս եթէ յի­շենք հա­լէպ­եան մեր պայ­ման­նե­րը եւ  շնոր­հա­կալ գոր­ծին իր ան­շա­հախն­դիր նուի­րու­մը: Ան, իր ու­ժե­րուն նե­րա­ծին չա­փով, լծ­ուած է այս աշ­խա­տան­քին` հա­մո­զու­մով, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չո­ղու­թեան հա­մար որ­քան որ կա­րե­ւոր են մեր տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը, նոյն­քան ու թե­րեւս ա՛լ  աւե­լի ազ­դե­ցիկ կ՛ըլ­լայ, երբ այդ ճա­նա­չու­մին հա­մար  մե­զի կ՛օգ­նեն ու մե­զի հետ կը գոր­ծակ­ցին ծա­գու­մով թուրք գրող­ներ, պատ­մա­բան­ներ ու գոր­ծիչ­ներ: Մա­սամբ թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու տա­րած աշ­խա­տան­քին ար­դիւնք է այ­սօր­ուան Թուրք­իոյ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ մտայ­նու­թեան բե­կում­նա­յին փո­փո­խու­թիւնը, այդ աշ­խա­տան­քին ար­դիւնքն է թր­քա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ հայ պատ­գա­մա­ւո­րի ներ­կա­յու­թիւնը ու անոր բեր­նով պաշ­տօ­նա­կան ամպի­ո­նէ այդ մա­սին բարձ­րա­ձայ­նե­լը:

 

***

Ար­ձակ գոր­ծի թարգ­մա­նու­թեան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րէն է տու­եալ լեզ­ուի դարձ­ուածք­նե­րը, ոճա­կան ձե­ւե­րը, շա­րա­դա­սու­թիւնը հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել մայ­րենի­ին, այն­պէս որ ըն­թեր­ցո­ղը հա­ճոյք առ­նէ թարգ­ման­ուած գործ մը մայ­րենի­ով ըն­թեր­ցե­լէն ու օտար հոտ չառ­նէ:  Սալ­բի Գաս­պար­եան այս առու­մով եւս յա­տուկ ճիգ թա­փած է, սա­կայն աշ­խա­տան­քը դժ­ուա­րին է, քա­նի որ թր­քե­րէն լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թեան բազ­մա­թիւ ոճա­կան ձե­ւեր մտած են արեւմ­տա­հայ խօ­սակ­ցա­կա­նին, եր­բեմն նա­եւ գրա­կան լեզ­ուին մէջ ու կը թուին հա­րա­զատ:

Դառ­նանք հե­ղի­նա­կին ու իր «Վե­րապ­րող­նե­րը» գիր­քին,  ծան­րա­նա­լով  առա­ւե­լա­բար հա­տո­րի գա­ղա­փա­րա­կան ու հո­գե­բա­նա­կան ծալ­քե­րուն վրայ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աւե­լի յա­ճախ կը հան­դի­պին ծա­գու­մով թուրք գրող­ներ, որոնք կ՛անդ­րա­դառ­նան հա­յոց հան­դէպ իրենց պե­տու­թեան ու նա­եւ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ գոր­ծադր­ուած անար­դա­րու­թիւն­նե­րուն, աւե­լին` վայ­րա­գութ­եանց: Անոնց­մէ ո՞վ, ի՞նչ դր­դու­մով կամ ի՞նչ ան­կեղ­ծու­թեամբ կը մօ­տե­նայ հար­ցին, դժ­ուար է նոյն յայ­տա­րա­րին բե­րել: Գիր­քերն են որ պի­տի փո­խան­ցեն հե­ղի­նակ­նե­րու ե՛ւ նպա­տա­կը, ե՛ւ տրա­մադր­ուա­ծու­թիւնը, ե՛ւ թե­լադ­րան­քը: Այս գիր­քի հե­ղի­նա­կի ան­կեղ­ծու­թեան կ՛ու­զենք հա­ւա­տալ, քա­նի որ ամ­բողջ հա­տո­րի լայն­քին ու եր­կայն­քին ան, իր թուրք ծա­գու­մին դէմ իսկ դա­ժա­նու­թեան աս­տի­ճա­նի մեր­կու­թեամբ, կը ներ­կա­յաց­նէ Մեծ Եղեռ­նէն փրկ­ուած ու հո­ղին վրայ մնա­ցած հայ վե­րապ­րող­նե­րու կրած ան­մարդ­կա­յին տա­ռա­պանք­նե­րը, հասց­ուած իրենց հայ­րե­նա­կից, հա­մա­գիւ­ղա­ցի թուր­քե­րուն կող­մէ: Քե­րե­լով իր իսկ հո­գին, ման­րա­մասն կը պատ­մէ քստմ­նե­լի դր­ուագ­ներ` հա­յե­րու կրած մշ­տա­կան հա­լա­ծանք­նե­րու, ստո­րա­ցում­նե­րու, ֆի­զի­քա­կան ու բա­րո­յա­կան լլ­կում­նե­րու մա­սին:

Բո­վան­դա­կու­թիւնը հե­տեւ­եալն է: Յե­տե­ղեռն­եան Թուրք­իա ապ­րող հա­յեր ինչ-ինչ հան­գա­մանք­նե­րով յա­ջո­ղած են հայ քրիս­տոն­եայ մնալ, եւ այդ բա­ւա­րար է, որ թուրք հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րու կող­մէ ոչ միայն օտար­ուին, շա­հա­գործ­ուին, ստր­կաց­ուե­լու չափ զրկ­ուին մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պատ­ուու­թե­նէ, այլ նա­եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ իրենց գլ­խուն կախ­ուած զգան մահ­ուան վտան­գը` սոսկ հայ ըլ­լալ­նուն հա­մար: Ու ինչ­պէս  Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին` հա­յը ոչ ոքի բո­ղո­քել կա­րող է, ոչ ոք ականջ կը կա­խէ իր գան­գա­տին, իսկ լսե­լու պա­րա­գա­յին դարձ­եալ տու­ժո­ղը ինք է, քա­նի որ թուր­քին հա­մար, ըլ­լայ ան խղ­ճուկ, գճլ­տած ու ոջ­լոտ գիւ­ղա­ցի, թէ պե­տա­կան պաշ­տօն­եայ` հա­յը կը մնայ նոյն  «կեա­ւու­րը», ինչ որ էր դա­րե­րով: Թուրք հա­մա­գիւ­ղա­ցի­ներ կ՛օգտ­ուին անոր ձեռ­քե­րու, խել­քի ճար­տա­րու­թե­նէն, սա­կայն կր­նան վճա­րու­մի պա­հուն «յի­շել» անոր կեա­ւուր ըլ­լա­լը ու վռն­տել: Կր­նան զաւ­կին  ներ­կա­յու­թեան ծե­ծել ու անար­գել անոր ան­մեղ հայ­րը, բռ­նա­բա­րել հա­յուն աղ­ջի­կը կամ կի­նը, ապա ամե­նայն խե­նէ­շու­թեամբ զաւ­կին յի­շեց­նել մօր կրած անար­գան­քը, կր­նան կո­ղոպ­տել հա­յուն ու­նեց­ուած­քը, իսկ հա­յուն կը մնայ միայն ըն­դու­նիլ ամէն անար­գանք, զր­կանք ու միայն ինքն իրե՛ն հարց­նել` ին­չո՞ւ…

Այս հա­լա­ծանք­ներն ու ստո­րա­ցում­նե­րը ի վեր­ջոյ պատ­ճառ կ՛ըլ­լան, որ մեր հե­րո­սին` Ակո­բին ըն­տա­նի­քը քայ­քայ­ուի` ծնող­քը տե­ղա­փոխ­ուի Պո­լիս, եղ­բայ­րը` Գեր­ման­իա, ինք` Հո­լան­տա: Նոյն պատ­ճա­ռով կղզ­եա­կի պէս մնա­ցած հայ­կա­կան գիւ­ղեր կը պարպ­ուին:

Գիր­քին գե­ղար­ուես­տա­կան մա­կար­դա­կը խո­ցե­լի է:  Հե­ղի­նա­կը կը նշէ, թէ իր հե­րոս­նե­րու պատ­մած­նե­րը «անոնց ար­տօ­նած չա­փով նոյ­նու­թեամբ գրած է»: Պատ­ճառ չու­նինք չհա­ւա­տա­լու, մա­նա­ւանդ որ հե­ղի­նա­կի գրի­չի հպում­նե­րուն պա­կա­սը կը զգանք: Հե­րո­սի խօս­քին առանձ­նա­յա­տուկ գի­ծե­րը պա­հե­լը միայն չա­փի մէջ է որ չի վնա­սեր հե­ղի­նա­կա­յին գոր­ծին, նոյ­նիսկ եթէ ան զուտ գե­ղար­ուես­տա­կան չէ, այլ, թէ­կուզ` փաս­տագ­րա­կան: Բայց այս գիր­քը փաս­տագ­րա­կան ժո­ղո­վա­ծու չէ, այլ աւե­լի յու­շա­պա­տում է: Գիր­քի մը գե­ղար­ուես­տա­կան ար­ժէ­քի չա­փա­նիշ­նե­րէն է նա­եւ խօս­քի սեղ­մու­թիւնը, ինչ որ հոս չենք գտ­ներ, ընդ­հա­կա­ռա­կը` մեծ տեղ կը գրա­ւեն կրկ­նու­թիւն­նե­րը, պատմ­ուած եր­բեմն հե­ղի­նա­կի, եր­բեմն գլ­խա­ւոր հե­րոս Ակո­բի, եր­բեմն ալ անոր մա­սին պատ­մող   թուրք ըն­կեր- բա­րե­կամ­նե­րու  կող­մէ: Կը գտ­նենք նա­եւ շատ ան­հար­կի, զմեզ չհե­տաքըրք­րող ման­րա­մաս­ներ նոյ­նինքն պատ­մող­նե­րու մա­սին եւ ոչ` խնդ­րոյ առար­կայ Ակո­բի ու ու­րիշ հա­յե­րու: Յու­շեր պատ­մող գիւ­ղա­ցի մը կր­նայ անուս ըլ­լալ, իր խօս­քը ան­շահ ման­րա­մաս­նե­րով ծան­րաց­նել կամ կրկ­նու­թեան մո­լի ըլ­լալ, բայց հե­ղի­նակ մը պար­տի կո­կել, յղ­կել հում նիւ­թը, ինչ  սե­ռի գործ ալ որ մշա­կէ:

Այս բո­լո­րէն վեր կայ հե­ղի­նա­կին գա­ղա­փա­րա­կան ըսե­լի­քը, որուն իր նա­խա­բա­նին մէջ ալ կը ծա­նօ­թա­նանք, այն է` Թուրք­իոյ մէջ այլ ազ­գե­րու հան­դէպ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, հա­մա­տեղ հաշտ ու խա­ղաղ ապ­րե­լու փա­փա­քը:

Սա­կայն գիր­քի ընդ­հա­նուր ոգին դի­մադ­րու­թիւն կ՛առա­ջաց­նէ ու խոր­հիլ կու տայ ըն­թեր­ցո­ղի անդ­րա­դար­ձի մա­սին: Եթէ այս գիր­քը կար­դայ թուրք, եւ­րո­պա­ցի կամ ոե­ւէ այլ ազ­գի ըն­թեր­ցող, չեմ կար­ծեր, թէ հա­յոց մա­սին դրա­կան կար­ծիք կազ­մէ: Առա­ւե­լա­գոյ­նը` կր­նայ խղ­ճալ հա­յե­րուն վի­ճա­կին, բայց այդ խղ­ճա­հա­րու­թիւնը աւե­լի ար­գա­հա­տանք պի­տի ըլ­լայ: Հե­տե­ւինք դէպ­քե­րուն. նա­խա­պէս յղաց­ուած դիւա­կան ծրա­գի­րի մը հա­մա­ձայն ամ­բաս­տա­նե­լով հնդ­կա­հաւ գող­նա­լու մէջ, թուրք հա­մա­գիւ­ղա­ցի­ներ գե­տին նե­տած կը ծե­ծեն Ակո­բին հայ­րը, անոր օգ­նե­լու եկած մայ­րը, հնդ­կա­հա­ւը պա­րու­նա­կող կաթ­սան վի­զէն կախ, իւ­ղոտ ջու­րե­րը վրան հո­սե­լով կը դարձ­նեն շու­կա­յի մէջ ու կը խայ­տա­ռա­կեն, նա­եւ` իբ­րեւ թէ գողց­ուա­ծին դրա­մը կ՛առ­նեն: Տա­րի­ներ ետք, կար­ծե­լով, թէ իրենց պա­տա­հած աղէտ­նե­րուն պատ­ճա­ռը անոր անէծքն է, կու գան դրա­մը վե­րա­դարձ­նե­լու: Երբ ան կը մեր­ժէ առ­նել` կր­կին անխ­նա­յօ­րէն կը ծե­ծեն: Ո՞վ է հա­յը, որ ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւն ու­նե­նայ…  Այս բո­լո­րը լսած Ակոբ, հօ­րը հասց­ուած անար­գան­քին պա­տաս­խա­նե­լու ան­կա­րող, կը տա­ռա­պի նուաս­տու­թեան զգա­ցու­մէ, նոյ­նիսկ գիւ­ղը այ­րե­լու փա­փաք կ՛ու­նե­նայ, ան­զօ­րու­թեան միտ­քի ծան­րու­թեան տակ կը խե­լա­գա­րի ու Հո­լան­տա տասն­եակ տա­րի կը բուժ­ուի: Այս­չա­փը դեռ հասկ­նա­լի է, բայց երբ ան կը շա­րու­նա­կէ նոյն յու­զիչ սի­րով սի­րել Թուրք­ի­ան, թուր­քե­րը ու «հայ­րե­նի­քին սէ­րը կը հր­դե­հէր իր հո­գին», այս է որ ըն­թեր­ցո­ղի միտ­քին մէջ ար­գա­հա­տանք պի­տի առա­ջաց­նէ: Հայ­րը անար­գե­ցին, զինք ման­կու­թե­նէ միայն ծե­ծե­ցին, մայ­րը բռ­նա­բա­րե­ցին ու մնա­ցին ան­պա­տիժ, հօ­րեղ­բայ­րը կո­ղոպ­տե­ցին ու կո­ղո­պու­տը ետ տա­լու դի­մաց կր­կին դրամ առին ու դեռ ին­չեր… ու­րիշ ի՞նչ պէտք է ընէ­ին, որ Ակոբ դադ­րէր սի­րե­լէ զի­րենք:

………………………………………………………..

Մենք, որ կը ճանչ­նանք հա­յը, կը մնանք երկմ­տու­թեան մէջ: Այ­սօր շատ հա­յեր Հա­յաս­տա­նէն կը հե­ռա­նան, պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով տն­տե­սա­կան անա­պա­հո­վու­թիւնը կամ երկ­րին մէջ տի­րող անար­դա­րու­թիւն­նե­րը: Ու հայ­րե­նի­քին սէ­րը բո­լո­րին սիր­տե­րը չէ որ կը հր­դե­հէ: Հո՛ն, ուր կայ հա­րիւ­րամ­եակ­ներ երազ­ուած հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թիւն: Մինչ­դեռ վե­րը յիշ­ուած` մահ­ուան սպառ­նա­լի­քի, լլ­կում­նե­րու, ստո­րա­ցում­նե­րու են­թար­կուող թր­քա­հա­յը, նոյ­նիսկ երբ ակա­մայ, ան­կա­րե­լի տա­ռա­պանք­նե­րէն ազա­տե­լու հա­մար կը հե­ռա­նայ այդ «հայ­րե­նի­քէն», միշտ Թուրք­իա վե­րա­դար­ձի երա­զը կը փայ­փա­յէ, կը շա­րու­նա­կէ այ­րիլ Թուրք­իոյ սի­րով, ուր ինք մարդ չի նկատ­ուիր, ուր իր քր­տին­քով վաս­տա­կա­ծը ու­նե­նա­լը իրա­ւունք չի նկատ­ուիր «կեա­ւու­րին», ու իր արիւ­նին ծա­րա­ւի են դրա­ցի, «բա­րե­կամ» (բան մը, որ չի թաքց­ներ հե­ղի­նա­կը, ընդ­հա­կա­ռա­կը` կը շեշ­տէ բազ­միցս):  Եթէ կր­նաս, լու­ծէ՛ հայ հոգի­ին այս առեղծ­ուա­ծը:

Բայց կայ նա­եւ հա­յու հա­մար աւե­լի ցն­ցիչ ու անըն­կա­լե­լին` զի­նուոր Ակո­բը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ պատ­րաստ է ու կ՛երա­զէ «Տաւ­րո­սի խում­բին հետ Կիպ­րոս պա­տե­րազ­մի եր­թալ» ,« գգգթր­քա­կան հայ­րե­նի­քիս անվ­տան­գու­թեան հա­մար պա­տե­րազ­մե­լու եւ անոր սի­րոյն հա­մար մեռ­նե­լուգգգ»

Սոս­կում չէ՞ք զգար, որ հա­յազ­գի երի­տա­սար­դը թուր­քե­րու «անվ­տան­գու­թիւնը» պաշտ­պա­նե­լու հա­մար քրիս­տոն­եայ Կիպ­րո­սի դէմ եր­թա­լու փա­փա­քով կ՛այ­րի ու միայն թուրք գն­դա­պետն է, որ ջուր կը թա­փէ անոր խան­դա­վա­ռու­թեան վրայ, քա­նի որ ան կը գի­տակ­ցի, թէ քրիս­տոն­եայ հա­յու մը` Կիպ­րո­սի քրիս­տոն­եա­նե­րուն դէմ Թուրք­իոյ շա­հե­րուն հա­մար կռ­ուի­լը անտ­րա­մա­բա­նա­կան է, ու անոր վս­տա­հի­լը` սխալգգգ Հա­յը  թուր­քե­րուն հետ մի­ա­սին կռ­ուի՞ ա՛յն Կիպ­րո­սին դէմ, որու հետ պատ­մա­կան աղերս­ներ ու­նե­նա­լէ զատ, հոն բնա­կող հա­յե՜ր ու­նինք: Իսկ այդ պա­տե­րազ­մին նպա­տա­կը թր­քա­կան հայ­րե­նի­քի «ապա­հո­վու­թ­եա՞ն» հարցն էր, թէ՞ Կիպ­րո­սը զաւ­թե­լու ծա­րա­ւը, ինչ եւ ըրինգգգ Նոյ­նիսկ եթէ պա­տա­նի Ակոբ այդ­չափ խակ ու կար­ճա­միտ էր (կամ պե­տե­րուն աչ­քը մտ­նե­լու ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կեց­ուածք ու­նէր), ապա հե­ղի­նա­կը աւե­լի ար­թուն պէտք է ըլ­լար, կամգգգ է: Մէկ խօս­քով` հար­ցը  բա­ցա­յայ­տօ­րէն թր­քա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան  տե­սան­կիւ­նէն դիտ­ուած է:

 

Արդ` ի՞նչ կը զգաս ու կը խոր­հիս, եթէ օտար չես, այլ` հայ մը: Չե՞ս ու­նե­նար ստո­րա­կա­յու­թեան բար­դոյթ, զայ­րո՛յթ այդ բար­դոյ­թէն տա­ռա­պող հա­յե­րուն դէմ: Կր­նա­յինք կաս­կա­ծիլ հե­ղի­նա­կի խօս­քին, եթէ մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ այ­սօր ալ չու­նե­նա­յինք այդ ան­բա­ցատ­րե­լի սի­րոյ հաս­տա­տու­մը` ի տես  մեր շուր­ջը ո՛չ փոքր թիւ կազ­մող հա­յե­րու, որոնց ոչ ոք կը ստի­պէ, սա­կայն թր­քա­կան ամէն ին­չը գե­րա­դաս ու երա­զե­լի կը նկա­տեն:

Հոս պահ մը կր­կին միտքդ  զու­գոր­դու­թեան կ՛եր­թայ: Եթէ Ակո­բը ոե­ւէ մէ­կէն հա­յե­րէն երգ սոր­վե­լու առիթ չէր ու­նե­ցած եւ թուրք մի­ջա­վայ­րին մէջ գտն­ուե­լով` թր­քե­րէն կու լար իր ցա­ւե­րը, այ­սօր իսկ, 100 տա­րի առաջ կո­տո­րած­նե­րէն փրկ­ուած վե­րապ­րող­նե­րու զա­ւակ­նե­րու ոչ ար­հա­մար­հե­լի տո­կոս մը, յատ­կա­պէ՛ս երի­տա­սարդ­ներ, Սփիւռ­քի ու յա՛տկա­պէս մեր հա­յա­խօս գա­ղու­թին մէջ, ին­չո՞ւ թուր­քին եր­գը այս­քան հա­ճոյ­քով կը լսեն ու կը տա­րա­ծեն: Եթէ սէր չէ այս, հա­պա ի՞նչ անուն ու­նի:

Եթէ գիր­քին գլ­խա­ւոր հե­րոս Ակո­բը միայն քա­նի մը հոգիի խտա­ցու­մը ըլ­լար, հե­ղի­նակ մը պէտք չէ որ ընդ­հան­րաց­նէր, սա­կայն մենք ալ գի­տենք, որ ակոբ­նե­րը թիւ կը կազ­մեն:  Բայց գի­տե՛նք նոյն­պէս, որ  կայ նա­եւ մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը հա­յոց մէջ, որ ո՛չ մէկ ձե­ւով կ՛ըն­դու­նի Թուրք­իա «հայ­րե­նիք»ին հան­դէպ նման ար­ցուն­քա­խառն, սր­տա­կե­ղեք  կա­րօ­տախ­տի գո­յու­թիւնը, այն պա­րա­գա­յին, երբ այ­սօր ալ, աշ­խար­հի կրա­ւո­րա­կան կեց­ուած­քին դէ­մը` մեր աջա­կողմ­եան ու ձա­խա­կողմ­եան «եղ­բայր­նե­րը» ձեռք ձեռ­քի տուած ու բա­ցա­յայտ, լկտ­ի­ա­բար հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մի երազ­նե­րով կ՛ապ­րին: Այս պա­րա­գա­յին  անց­եա­լի ու այ­սօր­ուան իսկ լու­սա­պայ­ծառ նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հան­դէպ վի­րա­ւո­րանք է նման գեր­քաղցր, կո­կոր­դիդ մնա­ցող ու չկլ­լուող սի­րոյ  մա­սին խօ­սի­լը, նոյ­նիսկ եթէ ոչ բո­լոր թուր­քե­րը նոյնն են: Այս առ­թիւ ալ լսենք Ակո­բինգ «գգգբ­նա­ւա­նա­բար չեմ մե­ղադ­րեր բո­լոր թուր­քերն ու քիւր­տե­րը: Շատ աղէկ, բայց ո՞ւր էին դէպ­քե­րուն մէջ որե­ւէ դեր չու­նե­ցած, իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը չբե­րած միւս թուր­քերն ու քիւր­տե­րը, դեռ չեմ հասկ­ցած` ին­չո՞ւ «մի՛ ընէք» չէ­ին ըսեր»: Խոր­հե­լիք հար­ցումգգգ

 

Թշ­նա­մանք չէ որ կը քա­րո­զենք, քա­նի  որ չենք կր­նար հա­ւա­սա­րիլ իրենց: Եթէ հե­ղի­նա­կը հա­րա­զատ մնա­ցեր է հե­րոս­նե­րու զգա­ցում­նե­րը թուղ­թին յանձ­նե­լու իր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թեան (ինչ որ ինք կը հաս­տա­տէ), ու­րեմն պէտք չէ՞ մենք աւե­լի լր­ջօ­րէն խոր­հինք հա­յու այս  հո­գե­բա­նու­թեան շուրջ, որ ախ­տա­գին է ու ստո­րա­ցու­ցիչ: Պէտք չէ՞ որ հայ ըն­կե­րա­բան­ներ, հո­գե­բան­ներ վեր­լու­ծեն, իսկ եթէ վեր­լու­ծած են` լայ­նօ­րէն հրա­պա­րակ­ուի դա­հի­ճին հան­դէպ զո­հին այս ստր­կա­կան սի­րոյ ախ­տա­նի­շը, ինչ որ կր­նայ բու­ժու­մի ճամ­բա­ներ բա­նալ:

 

Հոս շե­ղինք քիչ մը ու յի­շենք Ռու­բէ­նի «Յե­ղա­փո­խա­կա­նի մը յու­շե­րը» գիր­քէն յատ­կան­շա­կան հատ­ուած մը, ուր գրո­ղը եր­գի դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ու ներ­գոր­ծուն դե­րի մա­սին կ՛ակ­նար­կէ: Զօ­րա­վար Անդ­րա­նիկ իր խում­բով կռիւի մէջ էր հա­յե­րը պա­տու­հա­սող թր­քա­կան գիւ­ղի մը դէմ: Թէժ կռիւի ամ­բողջ ըն­թաց­քին թր­քա­կան գիւ­ղէն երգ մը կը լս­ուէր, որ կը խան­դա­վա­ռէր թուրք կռուող­նե­րը ու կը զայ­րաց­նէր հայ կա­մա­ւոր­նե­րը: Երբ յաղ­թա­կան Անդ­րա­նիկ գիւղ կը մտ­նէ, զինք դի­մա­ւո­րող կի­նե­րու, ծե­րե­րու ու մա­նուկ­նե­րու կար­գին կը տես­նէ յաղ­թա­հա­սակ երի­տա­սարդ մը ու կը հարց­նէ, թէ ան ին­չո՛ւ չէր կռ­ուեր: Թուրք երի­տա­սար­դը կը պա­տաս­խա­նէ` «Ես կը կռ­ուէի, փա­շա՛, ես կ՛եր­գէի՛գգգ»

Ով ականջ ու­նի, թող լսէ:

Ըն­թեր­ցո­ղի միտ­քին մէջ այլ հարց մը եւս կը ծա­գի` ի՞նչ է հե­ղի­նա­կին նպա­տա­կը` գիր­քին մէջ Թուրք­իոյ հան­դէպ կա­րօ­տախ­տով այս­քան «հր­դե­հե­լով» իր հայ­րե­նա­կից հա­յե­րը: Իրեն, իբ­րեւ թուր­քի, հա­ճե­լի՞ է զո­հին ստր­կա­կան սէ­րը իր դա­հի­ճին հան­դէպ: Բնա­կան է, որ մարդ կա­րօտ­նայ իր ծնն­դա­վայ­րը, բայց ինչ­պի­սի՞ ծնն­դա­վայր, ուր միայն տա­ռա­պեր ու նուաս­տաց­ուե՞ր էգգգ Վս­տահ ենք, որ հե­ղի­նա­կը մղո­ղը հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մէջ բա­րե­կա­մու­թեան սեր­մեր ցա­նե­լու ազ­նիւ կա­մե­ցո­ղու­թիւնն է: Մենք  ալ «էն գլ­խէն» բար­եա­ցա­կամ ենք, մե­զի ի նպաստ խօ­սող ոե­ւէ օտա­րի հան­դէպ միշտ մա­նու­կի մը պէս դիւ­րա­հա­ւատ, յու­զա­կան, զայն գր­կե­լու պատ­րաստ: Բայց հնա­րա­ւո՞ր է մի­ա­կող­մա­նի եղ­բայ­րու­թիւն, երբ եղ­բայրս պա­պա­կան տունս զաւ­թած, հոն բազ­մեր ու ին­ծի կը կրկ­նէ` «Մենք ըրինք, դուն մի՛ ըներ»: Ու վե՞րջգգգ

Այս օրե­րուս, երբ մեր արե­ւել­եան «եղ­բայր­նե­րը» Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ար­եան հո­տը կա­րօտ­ցած` յե­լու­զա­կա­յին յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին, ամ­բողջ հա­յու­թիւնը ոտ­քի ելաւ (քնա­ցած­նե­րը եւս արթն­ցան «եղ­բայ­րու­թեան» պա­տիր երա­զէն) ու մի­աս­նա­կան կեց­ուած­քով յայտ­նեց, թէ պէտք չէ՛ պատ­րանք­նե­րով ապ­րիլ, երբ դրա­ցիդ գորշ գայլն է: Պէտք չէ՛ ան­վերջ Քրիս­տո­սէն աւե­լի քրիս­տոն­եայ ըլ­լալ, երբ քու մարդ­կայ­նու­թիւնդ անօ­թի գայ­լի հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն վեր է ու անոր մէջ միայն գի­շա­տի­չին բնազ­դը կը գոր­ծէ:

Գիր­քի վեր­ջին` «Ահա թէ ի՛նչ կը պատ­մեն պո­յա­պաթ­ցի­նե­րը» մա­սին մէջ ըն­թեր­ցո­ղին համ­բե­րու­թիւնը գրե­թէ կը սպա­ռի, նախ` կրկ­նու­թիւն­նե­րէն յոգ­նե­լով: Սա­կայն կայ նա­եւ անակն­կա­լը: Յուշ պատ­մո­ղը, որուն անու­նը չէ յիշ­ուած, կը խօ­սի իս­լամ ըն­դու­նած հա­յե­րու մա­սին:  Այո՛գ եղած են նա­եւ այդ վի­ճա­կի հասց­ուած­ներ` նոյ­նիսկ ծնուն­դով իս­լա­մէն աւե­լի մո­լե­ռանդ­ներ, քա­նի որ հա­յուն չա­փը չա­փա­զանցն է: Բայց կը ստիպ­ուիս կաս­կա­ծիլ հե­ղի­նա­կի կա՛մ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան, կա՛մ գե­ղար­ուես­տա­կան ճա­շա­կին, երբ հա­յու ինք­նան­ուաս­տաց­ման պատ­կեր­ներ կը նշէ, օրի­նակ` երբ ան­ցորդ օտա­րա­կան մը գիւ­ղի հովիւին  անոր ով ըլ­լա­լը կը հարց­նէ, հայ հովիւը կը պա­տաս­խա­նէ` «Ես Ահ­մատ աղա­յին կեա­ւուրն եմգգգ» Բայց չէ՞ որ սա մար­դուն ող­բեր­գու­թիւնն է, բայց  չէ՞ որ այս բա­ռը իրենց բեր­նին մէջ հայ­հո­յան­քի հա­մա­զօր է: Հե­ղի­նա­կը չի՞ գի­տեր այդ, որ զուար­ճա­լի­քի մը պէս կը պատ­մէ:

Ու­րիշ  հայ մը, որ  չես հասկ­նար ին­չո՞ւ գաղտ­նի՛ ըն­դու­նած էր իս­լամ, մահ­ուան ան­կո­ղի­նին մէջ կը հրա­ւի­րէ հո­ճան ու անոր  աղօթ­քը կը կրկ­նէ, հա­կա­ռակ որ կի­նը կ՛ըսէր` «Ար­թի՛ն, ալ չափ ու սահ­մա­նը ան­ցարգգգ» Կեանք մը մի­ա­սին ապ­րեր ու չէ՞ր ճանչ­ցած ամու­սի­նըգգգ

Իսկ ու­րիշ մը` Սա­հակ հօ­րեղ­բայ­րը, իր վեր­ջին օրե­րուն զինք բու­ժող բժիշ­կէն կը խնդ­րէ, որ եթէ հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րը իր դի­ա­կը առ­նե­լու գան, անոնց փո­խան­ցէ, թէ ինք իս­լա­մի ծէ­սով կ՛ու­զէ թաղ­ուիլգգգ Մինչ այդ  գիւ­ղա­ցի­նե­րը չէի՞ն գի­տեր իր իս­լամ ըլ­լա­լը: Իսկ հնա­րա­ւոր չէ՞, որ հե­ռա­տես հա­յը կը զգու­շա­նար իր դի­ա­կին շուրջ ալ ծա­գե­լիք կռ­ուը­տու­քէն, ուր նոր հա­յեր կր­նա­յին ծեծ­ուիլգգգ Ի՜նչ մո­լե­ռան­դու­թիւն պա­տեր է այս հա­յե­րուն, որ ան­դի աշ­խարհ եր­թա­լէ առաջ «խել­քի կու գան» ու կը դառ­նան ջեր­մե­ռանդ իս­լամ: Հոս հե­ղի­նա­կը ըն­դա­մէ­նը «եղեր» կը գոր­ծա­ծէ: Հար­ցում` հա­յե­րը այդ երկ­րին մէջ իրենց կամ­քո՞վ կը հե­ռա­նա­յին քրիս­տո­նէ­ու­թեան լոյ­սէն:

Նոյն գլու­խին մէջ, «Դար­ձի գալ» վեր­նագր­ուած  հատ­ուած մը կայ, ուր  նոյն­պէս նշ­ուած չէ պատ­մո­ղին անու­նը: Հոն է որ ըն­թեր­ցո­ղը կը գայ­թակ­ղի: Ի սար­սափ մե­զի կ՛իմա­նանք, թէ աշ­խար­հի բո­լոր մեծ, հան­ճա­րեղ, մարդ­կու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցին նպաս­տած քրիս­տոն­եայ գիտ­նա­կան­ներ, փի­լի­սո­փա­ներ, գրող­ներ եւ այլն` յետ­մա­հու ուղ­ղա­կի դժոխ­քի կրակ­նե­րու մէջ այ­րե­լու կ՛եր­թան, ու քա­նի որ Աստ­ուած նե­րող է, անոնց առ­ջեւ մէկ պայ­ման դրած է` իս­լամ ըն­դու­նիլ: Ըն­թեր­ցո­ղը այս խօս­քէն շուար ու ցնց­ուած` իբ­րեւ յոյս հե­ղի­նա­կա­յին վե­րա­բեր­մուն­քի նշոյլ, յս­տա­կե­ցում կը փնտ­ռէ ու չի գտ­ներ:

Ին­չո՞ւ հա­ւատ­քի ու ազ­գու­թեան խտ­րու­թեան դէմ խօ­սող հե­ղի­նա­կը վեր­ջըն­թեր, եզ­րա­փա­կող գլուխ­նե­րուն մէջ այս ճղ­ճիմ, փո­ղո­ցա­յին մա­կար­դա­կի գա­ղա­փա­րը կը դնէ, որ  միտք  կը պղ­տո­րէ ու ապ­տա­կի պէս կու գայ ոե­ւէ քրիս­տոն­եա­յի, հա­յո՛ւ, կաս­կա­ծե­լի կը դարձ­նէ մինչ այդ ար­տա­յայ­տած  իր լայ­նա­խոհ գա­ղա­փար­նե­րը ու կը վնա­սէ գիր­քի ոգի­ին, այ­սինքն` գե­ղար­ուես­տա­կան ար­ժէ­քին: Եթէ հե­ղի­նա­կը չի կի­սեր ըս­ուած մո­լե­ռանդ գա­ղա­փա­րը, իսկ իր յա­ռա­ջա­բա­նը այդ կը փաս­տէ, ու­րեմն պար­տա­ւոր էր յս­տա­կօ­րէն տալ իր վե­րա­բեր­մուն­քը եւ ոչ թէ ապա­ւի­նիլ միայն նի­հա­րիկ «եղեր»ի ու քա­նի մը կախ­ման կէ­տե­րուգգգ Անոնք ալ իւ­րա­քան­չիւր ըն­թեր­ցող` իս­լամ կամ քրիս­տոն­եայ, իր ու­զա­ծին պէս կը թարգ­մա­նէ, եթէ նկա­տէգգգ

***

Ինչ­պէ՞ս խօ­սինք եղ­բայ­րու­թե­նէ ու հաշ­տու­թե­նէ, որ օդա­յին խօս­քեր չըլ­լան անոնք, երբ այ­սօ՛ր ալ մեր ափ մնա­ցած հո­ղին վրայ մեր զա­ւակ­նե­րուն արիւնը կը հեղ­ուի` Թուրք­իոյ քա­ջա­լե­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Ինչ­պէ՞ս հաշտ­ուինք, երբ եր­բեք վս­տահ չենք, թէ հա­յան­պաստ ար­տա­յայ­տուող թուր­քե­րը հո­գե­պէս պի­տի թե­թեւ­նան ու սի­րա­յօ­ժար պի­տի ու­զեն տէ­րե­րո՛ւն վե­րա­դարձ­նել մեր պա­պե­րուն հայ­րե­նի­քէն ափ մը իսկ հող: Հե­ղի­նա­կը քա­նիցս կը կրկ­նէ, թէ հա­յե­րը այս հող ու ջու­րի մար­դիկ են: Ան­շուշտ աւե­լին իր կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս է, բայց ինք եւ ազա­տա­խոհ թուր­քե­րը ու­նի՞ն այդ փա­փա­քը: Հա­զիւ թէ: Գիր­քին մէջ տի­րո­ղը «եղա­ծը եղած է»ի հո­գե­բա­նու­թիւնն է ու մի­ա­տեղ խա­ղաղ կեան­քով ապ­րե­լու կո­չըգ որո՞ւ գգգ

Հա­ւա­տա­լու հակ­ուած չենք, երբ գիր­քի թուրք հե­րոս մը քա­նի մը ան­գամ կը կրկ­նէ, թէ հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ պա­տե­րազմ ծա­գե­լու պա­րա­գա­յին ինք Ակո­բին վրայ չի կրա­կեր, այլ կը վա­զէ ու կը գր­կէ զայն: Չէ՞ որ Թուրք­ի­ան սի­րող ու եղ­բայ­րու­թեան ջա­տա­գով հա­յը` Հրանդ Տինք այդ գր­կա­խառ­նու­մի իր երա­զի ճամ­բուն վրայ «վար­ձատր­ուե­ցաւ»գգգ

Հա­զիւ թէ Հա­յէն աւե­լի խա­ղա­ղու­թիւն երա­զող­ներ կան, սա­կայն  մենք, որ այ­րած ենք կա­թէն, բնա­կա­նօ­րէն, թա­նը փչե­լով կը խմենք: Միլի­ո­նա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու տա­ժա­նա­գին խոշ­տան­գում­նե­րու ու գա­զա­նա­յին սպա­նու­թեան առ­ջեւ մե­ղա­ւոր ու ստո­րին պի­տի ըլ­լա­յինք, եթէ այս պայ­ման­նե­րով հաշ­տու­թեան ու եղ­բայ­րու­թեան քայ­լի եր­թա­յինք, երբ լկտ­ի­ա­բար կը խե­ղա­թիւր­ուի պատ­մու­թիւնը, երբ իրե՛նց կը պատ­կա­նի հայ հան­ճա­րի վկա­յա­րան մեր Հայ­րե­նի­քը, հո­յա­կապ Անին, Աղ­թա­մա­րը, երբ մե­րը չէ՛ հայ ազ­գի ու հո­ղի խորհր­դա­նիշ Արա­րա­տըգգգ

Գնա­հա­տե­լով Քե­մալ Եալ­չի­նի եւ ի նպաստ Հայ Դա­տին աշ­խա­տող կամ ար­տա­յայ­տուող բո­լոր թուրք մար­դոց ջան­քե­րը, մենք կը շա­րու­նա­կենք պա­հան­ջա­տէր ըլ­լալ այն­քան ատեն, մին­չեւ որ նման մտայ­նու­թեամբ մար­դիկ Թուրք­իոյ մէջ տի­րա­պե­տո՛ղ որակ կազ­մեն ու կա­րո­ղա­նան ար­դա­րու­թիւն հաս­տա­տել մե՛ր հասկ­ցած ձե­ւով:

Լալա Միսկարեան-Մինասեան