Յառաջդիմութիւն Դէպի Ետ

Յակոբ Միքայէլեան

Հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րը յա­ճախ զար­մա­նա­լի եւ անըմբռ­նե­լի երե­ւոյթ­նե­րու առ­ջեւ կը կանգնեցնեն գիտ­նա­կան­նե­րը, երբ կը յայտ­նա­գոր­ծեն, կամ հո­ղին տա­կէն դուրս կը բե­րեն հազարա­ւոր տա­րի­նե­րու հնու­թիւն ու­նե­ցող իրեր, որոնք յս­տա­կօ­րէն կը յու­շեն թէ ատե­նօք, հազարամ­եակ­ներ, գու­ցէ միլի­ո­նա­ւոր տա­րի­ներ  առաջ, մարդ­կու­թիւնը հա­սած է զար­գաց­ման բարձր մա­կար­դա­կի, սա­կայն…

Այս «Սա­կայն»ն է ապ­շեց­նո­ղը. որով­հե­տեւ անոր կը յա­ջոր­դէ «չէ պահ­պան­ուած, քա­նի որ ամէն ինչ բնաջնջ­ուեր է…»

Ու վար­կած մը, որ կարգ մը գիտ­նա­կան­նե­րու քու­նը փախ­ցու­ցեր է, ակա­մայ ինք­զինք մէջ­տեղ նետե­լով կ՛ըսէ` «Այո, եղած է ժա­մա­նակ, ուր մարդ­կու­թիւնը հա­սած է գի­տա­կան յառաջդիմութեան ու զար­գաց­ման այն­պի­սի մա­կար­դա­կի, որ ինք­նա­կոր­ծա­նու­մի գա­ցած է, իր իսկ պատրաս­տած տա­րա­տե­սակ  ռում­բե­րուն եւ քիմ­ի­ա­կան հա­մայ­նա­կոր­ծան զէն­քե­րուն զոհ դառնալով, ամէն ինչ կոր­ծա­ներ, փոշիա­ցեր է, որ­մէ ետք, կեան­քը վերսկսած է Ա–էն»:

Ըստ գիտ­նա­կան­նե­րու, Եր­կիր մո­լո­րա­կը 4,5 միլ­ի­առ տա­րե­կան է… (Ինչ­պէ՞ս կա­րո­ղա­ցեր են հաշուել…) իսկ մարդ արա­րա­ծի գո­յու­թիւնը երկ­րի վրայ, ըստ գտն­ուած ամե­նա­հին գան­կի մը, 5 միլի­ոն տա­րի է. իսկ մե­զի ծա­նօթ մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւնը, տասը հա­զար տարի­էն նուազ է: Ուրեմն մենք ոչինչ գի­տենք մեր կա­պոյտ մո­լո­րա­կի միլ­ի­ա­ռա­ւոր տա­րի­նե­րուն մա­սին, եւ տրամաբա­նա­կան պի­տի չըլ­լար են­թադ­րել, որ միլ­ի­ա­ռա­ւոր տա­րի­ներ ան­կեն­դան, դա­տարկ մնա­լէ ետք, միայն վեր­ջերս կեանք ստեղծ­ուած է…

Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րը իրար յա­ջոր­դած են եւ ահա՛ մենք, վեր­ջին քա­ղա­քակր­թու­թեան մոհիկան­ներս, նախ­կին­նե­րէն տար­բեր չենք շար­ժիր, մենք ալ կ՛եր­թանք ինք­նա­կոր­ծա­նու­մի, եթէ ան­շուշտ կանգ չառ­նէ այս խօլ ար­շա­ւը պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ անոնց կրա­կին քա­րիւղ լեցնողներուն մո­լուց­քը:

Այ­սօր, ըստ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու, աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու ու­նե­ցած բազ­մա­տե­սակ ռում­բե­րը եթէ մաս­նա­տենք եւ սո­վո­րա­կան ռում­բե­րու վե­րա­ծենք, ապա աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան իւրաքանչիւր ան­հա­տին քա­նի մը  թօն ռումբ բա­ժին կ՛իյ­նայ… (Կր­նա՞ք պա­տկե­րաց­նել…)

Անց­եալ դա­րու 80-ական­նե­րուն երբ ծայր առին SALT կոչ­ուած Ամե­րիկ­եան-Ռու­սա­կան երկխօսութիւն­նե­րը հիւ­լ­է­ա­կան կամ ջրած­նա­յին ռում­բե­րու քա­նա­կը պակ­սեց­նե­լու եր­կու երկիրնե­րուն մէջ, այն օրե­րուն NEWSWEEK գրեց որ ցարդ եր­կու գեր­պե­տու­թիւն­նե­րուն ու­նե­ցած ռում­բե­րը բաւ են աշ­խար­հը 14 ան­գամ կոր­ծա­նե­լու… հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն ետք, այդ թիւը կէ­սի իջաւ… Ինչ գո­հու­նա­կու­թիւն…կար­ծես մէկ հա­տը բա­ւա­րար չէր երկ­րա­գուն­դը փոշիի վե­րա­ծե­լու:

Իսկ հի­մա ի՞նչ կը կա­տար­ուի. մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու զի­նար­շա­ւը, նոր զէն­քե­րու քա­նա­կա­կան ու որա­կա­կան աճը եւ զա­նոնք գոր­ծա­ծե­լու ու վա­ճա­ռե­լու սի­րոյն ան­դա­դար պա­տե­րազ­մա­կան միջավայ­րեր ստեղ­ծե­լու ջան­քե­րը, մարդ­կու­թիւնը կը տա­նին դէ­պի կոր­ծա­նում:

Այս հին, բայց մշ­տա­նո­րոգ նպա­տա­կը սան­ձե­լու հա­մար տար­բեր կրօն­ներ մէջ­տեղ եկան, սա­կայն անոնք բա­րիք բե­րե­լու փո­խա­րէն ակա­մայ չա­րի­քի դռ­նե­րը բա­ցին: Այ­սօր աշ­խարհ կը հաս­տա­տէ, որ կրօ­նա­կան պա­տե­րազմ­նե­րը աւե­լի զո­հեր խլած են մարդ­կու­թե­նէն, քան այլ նպա­տա­կի հա­մար տար­ուած պա­տե­րազմ­նե­րը:

Այս բո­լո­րը գիտ­նա­լէ ետք, տա­կա­ւին ձեռ­նա­ծա՞լ մնալ ու արա­գըն­թաց այս գա­հա­վի­ժու­մը չփոր­ձե՞լ կա­սեց­նել…