ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ 1923-2023

Դոկտ. Զաւէն Ա Քհնյ. Արզումանեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆՈՒԱԾ

          ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ

 

    

     Բանասէր Արգամ Այվազեան

     Պատմութիւնը անգութօրէն կը կրկնէ ինքզինք։ Մինչդեռ բացի բանասէր Արգամ Այվազեանէն, բոլորիս ուշադրութիւնը Արցախի հանրապետութեան եւ 44-օրեայ Ատրպէյճանի շղթայազերծած կործանարար պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած շատ բարդ եւ մտահոգիչ կացութեան վրայ կեդրոնացած է, նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւման ի խնդիր, միւս կողմէն բոլորովին աչքաթող ըրած ենք Նախիջեւանը, որ հարիւր տարիներ առաջ նորակազմ Սովետական Միութեան անարդար եւ դատապարտելի գրիչի մէկ հարուածով բաժնուեցաւ Հայաստանի ինքնավար մասէն ու կցուեցաւ Ատրպրէյճանին։ Հայկական երկու հողամասերն ալ արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի պատմական ու հարազատ մասերը կը կազմեն իրենց հայկական կրօնական եւ մշակութային հսկայ հարստութեամբ։ Աչք ունեցողը կը տեսնէ, իսկ անխիղճն ու անուսը միայն կը ստէ։ Վկայ՝ Նախիջեւանի անհամար խաչքարերն ու վանական հաստա-տութիւնները, թէկուզ մեծ մասամբ աւերակներու տակ։

Վկաներ են նաեւ այն հոգեւորականները որոնք 20-րդ դարէն առաջ ծնան Նախիջեւանի Ապրակունեաց Ներքին եւ Արտաքին Ագուլիսի գաւառներուն Գողթն եւ Ցղնայ քաղաքներուն մէջ։ Անոնք ուսանելէ ետք ծննդավայրի Շահապունիք գաւառի Մեծոփի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Կարապետ վանքերուն մէջ, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան մեկնած են Տ.Տ.  Գէորգ Դ., Մակար Ա., եւ Մկրտիչ Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու օրով եւ ուսանած աստուածաբանութիւն եւ Հայ Եկեղեցւոյ  պատմութիւն։ Անոնցմէ յայտնի բանասէրն է Ցղնայ ծնած Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր Մկրտչեան որ Մայր Աթոռի ձեռագիրներէն յայտնաբերեց «Կնիք Հաւատոյ» Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան կարեւոր սկզբնաղբիւրը, սերտեց զայն եւ առաջին անգամն ըլլալով զայն հրատարակեց 1914 թուականին։ Նման անկրկնելի աղբիւր մըն է նաեւ «Գիրք Թղթոց» նամակներու հաւաքածոն։

Մեր երախտիքը կ՛երթայ այս պարագային բանասէր գիտնական Արգամ Այվազեանին որ վերակենդանացուց Նախիջեւանի աւերակները քանիցս իր գիտական այցելութիւններով   Երեւանի Գիտութեան Ակադեմիային անունով։ Որպէս արդիւնք Այվազեանի հետեւեալ կարեւոր գիրքերը հրատարակուեցան Ակադեմիային կողմէ։

 

«Նախիջեւանի պատմական-ճարտարապետական յուշարձանները» (1981)

«Լիակատար ցուցակ Նախիջեւանի յուշարձաններու» (1986)

                                      «Նախիջեւանի յուշարձաններն ու քանդակները» (1967)

                                                        «Ջուղա եւ Ագուլիս» (1984)

 

     Իսլամական Տեղաշարժ

     Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 1918 մայիս 28 թուականէն շաբաթ մը ետք, Պաթումի մէջ դաշինք մը կնքուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ որու հետեւանքով թուրքերու մուտքը Նախիջեւան արտօնելի դարձաւ։ Իսլամներու ծրագիրը ծայր տուաւ եւ Գողթն գաւառը գրաւուեցաւ որ միացման օղակ մը կը կազմէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար։ Հայ Ազգային Խորհուրդը, որ տակաւին Թիֆլիս կը մնար Երեւան փոխադրուելու նախօրէին, տեսնելով վտանգը խորհրդակցեցաւ Թուրքիոյ հետ անակնկալ եւ խորամանկ այդ զարգացումին համար, գուշակելով թուրք-ազերի միացեալ ներխուժում մը դէպի Նախիջեւան։   Սոյն իսլամական տեղաշարժը ընդլայնուելով, Հայաստանի երեք մարզերը՝ Նախիջեւան, Զանգեզուր եւ Ղարաբաղ գրաւման ենթակայ եղան, իբրեւ թէ որպէս  երթուղի դէպի Հայաստան,   եւ  սակայն այդ հաշիւը կարելի չէր իրականացնել վերահաս Սովետական Միութեան Լենինի բռնի ուժին տակ։ Այսուհանդերձ Սովետական Միութիւնը դատապարտելի է Ստալինի օրով զոյգ  երկրամասերը բիրտ կերպով յանձնելու դրացի Ատրպէյճանին գրեթէ միաժամանակ։ Սա ի՛նչ տեսակ Պաթումի դաշնագիր էր եւ ո՛ւր էր հայոց դիւանագիտութիւնը. երկուքն ալ դատարկ։

 

     Ագուլիս եւ Օրտուպատ Վտանգուած

     1918-ի Յուլիս 25-ին թուրքեր յարձակում գործեցին Ագուլիսի վրայ որ ուսման կարեւոր կեդրոն մըն էր Նախիջեւանի մէջ, եւ երկու շաբաթ ետք Կովկասեան իսլամ կառավարութիւնը Խալիլ Պէյը նշանակեց Օրտուպատի զինեալ ուժերու կցորդ «զօրավարներով եւ ծանր զինամթերքով եւ մօտ  1000 տեղացի թաթար զինուորներով»։ Խալիլի զօրաբանակը կը յարձակէր Ագուլիսի վրայ 1918 Դեկտեմբեր 18-ին, եւ երկու տարի ետք 1920 Յուլիս 28-ին Սովետական ուժերը հիւսիսէն հարաւ կ՛իջիէին ու կ՛անջատէին Նախիջեւանը Հայաստանի ինքնավարութենէն։

Ուրեմն 1923 թուին կը հաստատուէր Նախիջեւանի ինքնավար մարզը եւ աւելին, Փետրուար        9-ին կը կցուէր Ատրպէյճանի հանրապետութեան։ Մինչեւ 1925 հայեր Նախիջեւանի 35,000 ընդհանուր բնակչութեան 50 տոկոսը կը կազմէին, իսկ աւելի ուշ 1976-ին կը կազմէին երկրորդ մեծամասնութիւնը ազերիներէն ետք եւ ռուսերու միջեւ։

 

     Եկեղեցիներ եւ Յուշարձաններ

     Նախիջեւանի հնագոյն եկեղեցւոյ տեղ 19-րդ դարէն սկսեալ հայեր Ս. Գէորգ եկեղեցին կառուցած էին։ 1925 թուին Սովետական իշխանութեան հայեացքին տակ ազերիներ արդէն սկսեր էին կործանել Նախիջեւանի հայոց խաչքարերն ու եկեղեցիները պատճառ դառնալով հետզհետէ հայաթափման յետագայ տասնամեակներուն։ Հայեր մնացեր էին անպաշտպան նոյնիսկ իրենց հարազատ Սովետական Հայաստանի ՀՍՍՌ պետութենէն որ պիտի կատարէր իշխողներու կամքը քան թէ դարմանելու հարազատ հայերու վիճակը, որուն համար հայեր իրաւամբ ընդվզած էին։ Հոս արդէն ներքին դաւադրութիւն մը կը մատնէր ինքզինք թուրքերու եւ ռուսերու գործակցութեամբ։ Հայեր անպաշտպան կը մնային, երբ արդէն դաւադրաբար Սովետական Միութիւնը Նախիջեւանը կը յանձնէր Ատրպէյճանին։ Անոնց հոգը չէր թէ հայեր իրենց հայրենի հողերէն դուրս ո՚ւր եւ ի՚նչպէս կ՛ապրէին։

 

     Յաջորդող Պատահարներ

     Երկու մարզերէն ներս շարունակուեցան աւերներն ու քանդումները մինչեւ իսկ Սովետական  Միութեան վերջին նախագահ Կորպաչովի աչքին առջեւ։ Հնախոյզ գիտնական Արգամ Այվազեանի անձնական քննութիւնները կ՚ապացուցանեն ամէն ինչ երբ աչքի առջեւ ունենանք վերոյիշեալ իր յայտնի գործերը։ 1975-ին ազերիները քանդեցին հայոց հնագոյն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին որ        7-րդ դարու ճարտարապետական ոճի հետքերը կը կրէր, իբրեւ թէ քարերը գործածելու համար Սովետական նորագոյն շրջանի նահատակներու յիշատակին նուիրուելիք յիշատակարաններու շինութեան։ 1987-ին նոյն պատճառաբանութեամբ քար ու քանդ ըրին Ագուլիսի գերազմանատունը իր 400 խաչքարերով։

Արգամ Այվազեանէն բացի Նախիջեւան այցելու մը եւս Արտակ Վարդանեան 1986-ին կ՚այցելէ Նախիջեւանի Ապրակունեաց շրջանի Ս. Կարապետ վանքը եւ Շահապունիքի Մեծոփ գիւղաւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, երկուքն ալ քանդուած։  Ականատես Վարդանեան կը գրէ. «1986   թուին ազերիները անգութօրէն հաներ են եկեղեցւոյ սիւներուն տակ եղող հսկայ քարերը մնայուն կերպով վնասելով կառոյցը։ Նաեւ Ցղնայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Ագուլիսի եկեղեցիները առ այսօր կը գործածեն որպէս շտեմարան եւ ախոռ։»

 

     Խաչքարերը եւ Վազգէն Կաթողիկոսի Ձայնը

     Յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս բողոք բարձրացուց լսելով այս բոլորը, յատկապէս երբ տեղեկացաւ հարիւրաւոր խաչքարերու կողոպուտն ու այլ շինարարութեանց որպէս քար գործածութիւնը։ Ժամանակը տարբեր դասաւորուած էր։ Այդ օրերուն Ղարաբաղի եւ Արցախի հանրապետութեան դժուար եւ խառնակ դրութիւնը կը տիրէր Սումգայիթի եղեռնագործութեան հետեւանքով, եւ Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւն ու ուշքը ուղղած էր դէպի Ղարաբաղ ուր վերահաստատեց Արցախի պատմական թեմը, ձեռնադրելով Պարգեւ եպիսկոպոս Մարտիրոսեանը 1988 թուին որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Արցախ 1991-էն ի վեր կը գոյատեւէ, եւ սակայն 2020-ի ահաւոր պատերազմը ճգնաժամային կացութին մը ստեղծած է ու Միացեալ Ազգաց եւ միջազգային ուժերու ազդեցիկ միջամտութիւնը հրաւիրած։

 

Կլէնտէյլ