ՆՇՄԱՐ -ԴԳԱԼ ՄԸ ՇԱՔԱՐ

Աշ­խար­հի չորս կող­մը ցր­ուած հա­լէ­պա­հա­յե­րէն նկար­ներ կը հաս­նին Դի­մա­տետ­րի էջե­րուն վրայ` հաս­ց­է­ագր­ուած իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն, ըն­կեր­նե­րուն, Հա­լէ­պի մէջ կամ իրենց նման ցր­ուած այլ եր­կիր­ներ: Նկար­նե­րուն մէջ բո­լորն ալ կը ժպ­տին, ու­րախ են, փրկ­ուած Հա­լէ­պի դժոխ­քէն, նոր ու խա­ղաղ կեան­քի մը հե­ռան­կա­րով կը փայ­լին անոնց աչ­քե­րը:

Առա­ջին մէկ եր­կու շա­բա­թը պի­տի ան­ցը­նեն իրենց նոր «հայ­րե­նի­քին» տե­սար­ժան վայ­րե­րը այ­ցե­լե­լով, նկար­ուե­լով, սու­փըր­մար­քէթ­նե­րէն գնում­ներ ընե­լով. ամիս մը վերջ պի­տի սկ­սին հաշ­ուել իրենց գր­պա­նի դրա­մը եւ աւե­լի քիչ պի­տի այ­ցե­լեն տե­սար­ժան վայ­րերն ու սու­փըր­մար­քէթ­նե­րը…եւ իրենց դէմ­քե­րուն վրա­յէն ժպի­տը կա­մաց-կա­մաց պի­տի «գաղ­թէ» ու հանգր­ուա­նէ նո­րեկ գաղ­թա­կան­նե­րու դէմ­քե­րուն, մին­չեւ որ… եւ այս­պէս շա­րու­նակ:

Յե­տոյ պի­տի սկ­սին գործ փնտ­ռել, պի­տի մտա­ծեն իրենց զա­ւակ­նե­րը դպ­րոց տե­ղա­ւո­րե­լու մա­սին: Հայ­կա­կան կայ, լա՛ւ, չկայ` տե­ղա­կան, օտար դպ­րոց:

Քիչ անց, տու­նը մնա­լէն ձանձ­րա­ցած, հա­ւա­քա­վայր մը պի­տի փնտ­ռեն, ակումբ, միու­թիւն. եթէ նոյ­նիսկ գտ­նեն,  պի­տի տես­նեն, որ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան ակումբ­նե­րուն նման ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ չկայ® Ո՞ւր եր­թան, ի՞նչ ընեն:

Եկե­ղե­ցի… ահա՛ փր­կու­թիւնը. բայց եթէ գա­ցած տե­ղեր­նին հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի չկայ, ինչ ընեն, ու­րիշ եկե­ղե­ցի կը յա­ճա­խեն եւ հոն կը հան­դի­պին իրենց նման հա­յե­րու, որոնց հետ քիչ մը կը խօ­սակ­ցին ու ան­մի­ջա­պէս կը վե­րա­դառ­նան Հա­լէ­պի նիւ­թին…

Ախ այս Հա­լէ­պը…

Ամիս­նե­րը պի­տի կու­տակ­ուին իրար վրայ ու դառ­նան տա­րի ու տա­րի­ներ, զա­ւակ­նե­րը պի­տի մեծ­նան, ամէն տա­սը բա­ռին եր­կու­քը հա­յե­րէ­նով ծնող­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նեն իրենց ըն­կե­րու­հին, որ իր­լան­տա­ցի է, հո­լան­տա­ցի կամ ճա­փոն­ցի, որուն հետ օր մը պի­տի ամուս­նա­նան չպ­սակ­ուած ու անոնց զա­ւակ­նե­րը… «կրանտ­բա» եւ «կրանտ­մա» ըսե­լով պի­տի դի­մեն իրենց կամ ու­րիշ լե­զուով, երբ Զատ­կէ-Զա­տիկ այ­ցե­լու­թեան գան իրենց եւ իրենք պի­տի չկա­րե­նան գր­կել եւ իրենց կուրծ­քին սեղ­մե­լով համ­բու­րել զա­նոնք, ինչ­պէս պի­տի ընէ­ին եթէ Հա­լէպ ըլ­լա­յին, քա­նի որ այս երկ­րին մէջ այդ­պի­սի հնա­ոճ սի­րա­լիր վե­րա­բեր­մունք­նե­րը ան­բաղ­ձա­լի բա­ներ են:

Երբ կա­րօ­տով ու­զեն վեր­յի­շել իրենց լքած Հա­լէ­պը, թոռ­նիկ­նե­րը պի­տի հարց­նեն` «Ուաթ իզ Հա­լէպ»…(դուք թարգ­մա­նե­ցէք գեր­մա­նե­րէ­նի, հո­լան­տե­րէ­նի, շուե­տե­րէ­նի…) եւ իրենց մեծ հայրն ու մեծ մայ­րը, բա­ռե­րը իրար­մէ խլե­լով, պի­տի պատ­մեն «Կո­րուս­եալ  դրախտ»ի մը մա­սին, ինչ­պէս պի­տի պատ­մէ­ին հեք­ի­ա­թա­յին «Ոս­կի քա­ղաք»ին մա­սին, ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով…

Յե­տո՞յ… յե­տոյ պի­տի կորս­ուին, պի­տի ձուլ­ուին, պի­տի հա­լին ինչ­պէս դգալ մը շա­քա­րը բա­ժակ մը թէ­յի մէջ, բայց վերջ­նա­կա­նա­պէս չկորսը­ւած պատ­մու­թեան էջե­րուն վրայ պի­տի գրեն.

«Հա­յաս­տա՛ն, պատ­մու­թեան դա­տա­րա­նին առ­ջեւ քեզ կ՛ամ­բաս­տա­նեմ, որ­պէս յան­ցա­ւոր, որ չկա­րո­ղա­ցար պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով քու գիրկդ ապաս­տա­նած ափ մը սուր­ի­ա­հա­յե­րը պա­հել. երե­ւի չու­զե­ցին քու այ­սօր­ուան տէ­րերդ, քա­նի որ եթէ ու­զէ­ին, ան­պայ­ման ճար մը կը գտ­նէ­ին զի­րենք հայ­րե­նի հո­ղին վրայ պա­հե­լու»:

Շա­քա­րէն սկ­սաւ աղի համ գալ…Ափ­սոս:

Յակոբ Միքայէլեան