Նուրհան Պատրիարքի լռութիւնը պիտի շարունակո՞ւի

Եթէ  դիտարկելու ըլլանք  վաղ 2010-ականներու Պոլսոյ  յատկապէս  հայատառ   պարբերականները, ապա  արագօրէն պիտի նկատենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան  արք. Մանուկեանի Թուրքիա տրուած  այցելութիւններուն մասին յաճախակի լրատուութիւնները։

Օրին  այդ   թերթերը, որոնք  Պատրիարքի Իսթանպուլ գալուն մասին լուրեր կը հրապարակէին,  նաեւ  կը փորձեն այդ լուրերուն  որոշակի  խորհրդաւորութիւն մը հաղորդել։

Հաւանաբար շատ քիչերը գիտէին, թէ Նուրհան Պատրիարքը եւ  այդ օրերուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան  Կալուածոց Տեսուչ Հայր Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ինչ նպատակներով կը հասնէին Թուրքիա։ Խորքին մէջ,  եթէ կը նշուի, կամ կը յիշատակուի Կալուածոց Տեսուչին անունը, ապա շուտով պարզ պէտք է դառնայ, որ  գործ ունինք կալուածներու եւ հողաշերտերու ինչ որ խնդրի հետ,  որուն  սեփականատէրն է Պատրիարքութիւնը, խնդրին իրաւական  անձն  կամ ներկայացուցիչ ունենալով նոյնինքն՝ Պատրիարքը։

Աւելի ուշ յայտնի կը դառնար, որ Պատրիարքութիւնը ի Թուրքիոյ տարածքին, բայց մանաւանդ Պոլսոյ մէջ իր  ունեցած դարաւոր կալուածներու  հարցը տարած էր իրաւական  դաշտ, պահանջելով Թուրքիոյ   դատաիրաւական  մարմիններէն «արդարութիւնը իրագործել»  կապուած  այդ հողակտորներուն։ Եւ այսպէս 2012 թուականին  Պատրիարքը  «անուանական»  դատ կը բանար   Անգարայի ստորին ատեանին ու ապա ալ վերաքննիչ դատարանին  մօտ եւ այդ երկու դատերը  արագօրէն կը մերժուէին Թուրքիոյ մարմիններուն կողմէ։ Աւելի ուշ  Պատրիարքը  կը դիմէր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, յիշեցնելով, որ Անգարայի, ստորին ատեանի դատարանը մերժած է իր բացած դատը այդկերպ ալ խախտելով  Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին իրաւունքները։

Այդ ժամանակներէն անցած է գրեթէ 12 տարի եւ այս օրերուն, երբ  Պատրիարքարանը այս անգամ « խրուած է» «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի  «թղթածրար-գործարք»ի մանրամասնութիւններուն եւ անկէ բխած  «ներքին պայքարներ»ուն մէջ  դրական լուր մը լսելի կը դառնար Իսթանպուլէն։

Դրական լուրը կը վերաբերէր «Մարեաքուպ»  անունով ճանչցուած  հիմնադրամին (որ, ինչպէս այլ համայնքներու, նոյնպէս ալ  կը վերաբերի Երուսաղէմի  Հայոց Պատրաիարքութեան)։ Հիմնադրամը,  որ  գործած է Օսմանեան Կայսրութեան օրերէն  սկսեալ 1973 թուականին կը յայտարարէր որպէս «չգործող» մարմին մը (այլ խօսքով կը լուծարուէր), իսկ հիմնադրամին պատկանող կալուածներն ու հողաշերտերը կը դառնային բաժին Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութեան, որ յայտնի է  GDF անունով։

Աւելի ուշ  2000-ականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ներքին խմորումներուն ու կերպով մըն ալ արտաքին նեցուկին  ճամբով երկրի իշխանութիւնը կը ստանձնէր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը։

Իսլամական  ընկալումներով երկրի ղեկը ստանձնած Ապտալլա Կիւլ ու ապա Ռ. Թ. Էրտողան իրենց իշխանութեան առաջին ամեակներուն կը փորձէին գործի դնել երկրի փոքրամասնութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու եւ զանոնք սիրաշահելու ձեւաչափ մը, որ  նաեւ ինչ որ տեղ կը սերէր  Օսմանեան Կայսրութեան «լաւ օրեր»ու իշխելաոճէն։

Ու այսպէս Պոլսոյ հայկական  համայնքին յատուկ ուշադրութիւն եւ բարիդրացիութեան զգացումներ յղելէ ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր հայութեան վերադարձնել կարգ մը հողամասեր, որոնք  տարբեր պայմաններու տակ դարձած էին  սեփականութիւնը թուրք քաղաքացիներու, հիմնարկներու կամ նոյնիսկ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու։

Այդ մօտեցումն աւելի ուշ կը փոխուէր  ու այսօր Թուրքիոյ կամ առաւելապէս Պոլսոյ մէջ շատ  քիչ կը խօսուի «Կալուածներու վերադարձ»-ին մասին։ Այստեղ  անշուշտ  յստակ չենք գիտէր,  թէ  Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան  Արք. Մանուկեանին ուրկէ կու գար այդ «խորհուրդ խորին»-ը Թուրքիոյ մէջ առկայ հայապատկան հողերուն ու կալուածներուն «ետեւէն վազել»ու, սակայն  այսօր փաստ է, որ անոր ու յատկապէս, այդ օրերու Կալուածոց Տեսուչին իրականացուցած  ճիգերը ի զուր չեղան։

Անցնելով բուն թեմային հարկ է այստեղ նշել, որ Պատրիարքութեան պատկանող «Մարեագուպ» հիմնարկի իրաւասութիւնները ճանչնալու մասին տեղեկութիւնը կը հրապարկուէր «Ակօս»-ի  լրագրող Իշխան Էրտինչի կողմէ, ուր նոյն խնդրով ուշագրաւ յայտարարութիւններ կը կատարէր  Երուսաղէմի  Պատրիարքութեան փաստաբան Ալի Էլպեյողլուն։ Վերջինս  մասնաւորապէս կ’ըսէր.  «Այժմ   Թուրքիոյ  Սահմանադրական  դատարանի վճիռէն ետք պատրիարքարանը  երկու ընտրանք ունի՝ կա՛մ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակէ իբրեւ իր ներկայացուցիչը իր կալուածները տնօրինելու համար, կա՛մ ալ անոնք պիտի կառավարուին Երուսաղէմէն»։

Ինչ կը վերաբերի Պատրիարքութեան պատկանող հողակտորներուն,  ապա կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին, որ Պատրիարքարանը Թուրքիոյ մէջ ունի շուրջ 1200 կտոր հող, իսկ  ըստ Նուրհան  Պատրիարքին Պատրիարքարանին պատկանող հողակտորներու թիւը նշուած  թիւէն  երկու անգամ աւելի է։

Տակաւին չենք  խօսիր այն հողաշերտերուն մասին, որոնք   կը գտնուին Պոլիսէն  դուրս եւ  ժամանակ  մը կ’օգտագործուէին, որպէս ուխտաւորներու տուն (այդ տարիներուն,  մեծ թիւով  թրքահայ ուխտաւորներ Երուսաղէմ, որպէս ուխտաւոր  կ’երթային եւ  Տիրոջ  գերեզմանը տեսնելու  առիթը ունենալով կը կոչուէին  «Մահտեսի», կամ  «Հաճի»)։ Այս բոլորը մեր առաջ ունենալէ  ետք հիմնական  հարցումն անշուշտ կը մնայ հետեւեալը, թէ  ինչ տնօրինում պիտի տայ Նուրհան Պատրիարքը  իմանալէ ետք, որ Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի «Մարեագուպ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը ձեռք կը բերէ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ։

Արդեօք այս խնդրին վերաբերեալ  անդրադարձ պիտի ըլլա՞յ, թէ պիտի շարունակուի այն  համատարած լռութիւնը, որ այսօր կը տիրէ Երուսաղէմի մէջ։ Փոխհատուցում,  հողերու վերադարձ (որովհետեւ Պոլսոյ մէջ գտնուող  հողակտորներու մեծ մասը վաճառուած է  երրորդ անձերու)  կամ   հողի պայմանաւորուած  վերադարձած  տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Անգարայի իշխանութիւնները  պարզապէս  որոշում մը առնելու  սիրոյն չէ որ կատարած  են այս կարեւոր  քայլը, որուն կրնան  յաջորդել այլ քայլեր։

Ի հարկէ զգուշաւորութեամբ հարկ է դիմաւորել նման խնդիր մը, սակայն  այդ չի նշանակէր, որ Թուրքիոյ  գլխաւոր դատարանին կողմէ կայացուած վճիռը պէտք է անտեսել  կամ մոռնալ…։ Մտավախութիւնս առկայ լռութեան շարունակումն է, մանաւանդ որ  գրեթէ չորս ամիսներ առաջ Նուրհան Պատրիարք, որ հեռախօսային  կապի մը մէջ մտած էր Կիլիկեան Աթոռի  Գահակալ  Արամ  Ա. Կաթողիկոսին հետ, վերջինիս  խոստացած էր  անպայման  խօսիլ ու պատմել «Կովերու պարտէզ»-ի թղթածրարին կարեւոր մանրամասնութիւննեըու վերջին  զարգացումները, սակայն մինչեւ այս պահը Պատրիարքը կը շարունակէ լուռ մնալ, կը շարունակէ մերժել բոլոր անոնց պատասխանել, որոնք այս խնդրով հարցումներ ունին։

Իսկ միւս կողմէ  Երուսաղէմէն կը հասնին լուրեր, որ կայ դատական գործընաց մը,  որուն հիմքով թէ Պատրիարքարանը,  եւ թէ ալ  «Կովերու Պարտէզ»-ի  վարձուոր՝ աւստրալիացի   գործարար՝   դատեր բացած են։

Ո՞վ,  որո՞ւ դէմ, ի՞նչ  դատ բացած է տակաւին յայտնի չէ եւ ասոր կողքին համատարած  լռութեան ֆոնին,  ահա նոր թղթածրար մը եւս  կ’աւելնայ  Նուրհան Պատրիարքի  սեղանին։

Հարցում՝, երբ պիտի խօսի Պատրիարքը, որուն վերջին արարքը  եղած էր  «Քաւութեան նոխազ»ի վերածել եւ  կարգազուրկ հռչակել պատրիարքութեան  նախկին Կալուածոց Տեսուչ՝  Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանը։

 

 

Սագօ Արեան