2015-ին, Սուրիոյ տագնապին հետ շարունակուեցաւ նաեւ սուրիահայութեան տագնապը: Եւ սա անբնական չէ, քանի որ սուրիահայը այդ երկիրի հիւսուածքի մէկ մասնիկն է:
Հալէպի ռմբակոծումներու հետեւանքով հալէպահայութիւնն ալ հարուածներ ստացաւ:
Հալէպահայը եւս միացաւ ապահով վայր փնտռողներու հոսքին: Նոյնիսկ Եգէականին մէջ խեղդուողներու ցանկին վրայ հալէպահայերու անուններ արձանագրուեցան:
Տագնապի հոլովոյթին բոլորս գրեթէ ծանօթ ենք: Այստեղ, մեզ հետաքրքրող գլխաւոր հարցը Սուրիայէն մեկնող հայու ընտրած ուղղութիւնն է:
2015-ին Սուրիահայութեան կեանքին մէջ լայն տարածում գտաւ դէպի Գանատա գաղթը: Այլեւս դըժուար է հանդիպիլ հալէպահայ ընտանիքի մը, որ Գանատա գաղթելու դիմորդ չունի…:
Ի տարբերութիւն Եւրոպական երկիրներուն, Գանատան ձրի կեցութեան պայմաններ չ՛առաջարկեր: Մեկնողները շատ լաւ գիտեն, որ շուտով պէտք է աշխատելու սկսին, որպէսզի տան վարձը եւ իրենց ապրուստը հոգան: Կը հասկնան, որ համայնքի կառոյցներուն եւ անդամներուն անգնահատելի օժանդակութիւնը (օդակայանէն դիմաւորում, յարմար վարձով բնակարանի, կահոյքի եւ նախնական կարիքներու ապահովում, թղթաբանական հարցերու դասաւորում եւ այլն) ժամանակաւոր է: Անոնք գիտեն նաեւ, որ ապրուստը աժան չէ. 4 հոգինոց ընտանիքի մը համար ամսական գոնէ 2000 գանատական տոլար պէտք է:
****
Տագնապի պատճառով Հալէպէն դուրս եկողներու առաջին ալիքները դէպի Հայաստան ուղղուեցան: Ոմանք առժամեայ պատսպարուելու ու յետոյ Հալէպ վերադառնալու համար գացին, շատերը` Հայրենիքի մէջ հաստատուելու միտումով: Ասկէ աւելի բնական եւ ցանկալի ի՞նչ կրնար ըլլալ: Անոնք փորձեցին նոր կեանք սկսիլ: Քիչեր, որոնք գումարներ եւ ցանկութիւն ունէին, կըրցան տեղաւորուիլ եւ կեանքը հունի մէջ դնել: Դժուարութիւններու ալ հանդիպեցան անպայման, եւ ըստ երեւոյթին, կրնան զանոնք յաղթահարել: Մեծամասնութիւնը այդ հնարաւորութիւնը չունեցաւ:
Քիչ չէ այն հալէպահայերու թիւը, որոնք երկար ամիսներ Հայաստան մնացին, ջանացին իրենց վիճակը կայունացնել, աշխատանք գտան, բայց…
Հաշիւը պարզ է. նոյնիսկ աշխատանք ունեցողներուն համար դժուար էր այդ եկամուտով շարունակել: Հայաստանի միջին աշխատավարձով կարելի չէ վարձով տան մէջ ապրիլ, ամսական, կենցաղային եւ այլ ծախսերը հոգալ… Ի տարբերութիւն Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ տարիներ առաջ ներգաղթածներուն, անոնք չունէին սկսելու անհրաժեշտ թթխմորը:
Պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չկրցան վիճակը ճիշդ գնահատել ու համապատասխան քայլեր առնել: Մինչ հալէպահայերը բարոյական աջակցութեան, կացարանի եւ աշխատանքի կարիք ունէին, հայրենի կառոյցները, գէթ սկզբնական շրջանին, չկըրցան այդ կարիքներուն անդրադառնալ:
Պատասխանատուները այսօր կը շարունակեն հաստատել, որ Հայաստանը կարելին ըրած է սուրիահայերուն օգնութեան համար: Կը բաւէ ելոյթներու ընթացքին անոնց ինքնագոհ դէմքերուն նայիլ համոզուելու համար, որ անոնք հաւատացած են, որ ասկէ աւելին կարելի չէր ընել… Ուրիշներ ալ «Էլ ի՞նչ կարանք անել: Մենք էլ ենք վատ ապրում»,- ըսելով սրտցաւութիւն կը յայտնեն: Եւ պատկերը կ՛ամբողջանայ. «Մենք էլ ենք վատ ապրում…»: (Ի դէպ, մտահգիչ չէ՞, երբ պետութեան ներկայացուցիչներ լաւագոյնը մատուցելու ձգտումը փոխարինած են «մենք մեր կարելին ըրինք» համոզումով: Աս ալ տարբեր խնդիր է):
Եւ արդիւնքը այն եղաւ, որ Հայաստանի մէջ աշխատանքի եւ ապահովութեան հեռանկար չտեսնողները սկսան հեռանալ, իրենց հետ տանելով երիտասարդ Հայրենիքին մէջ արմատ նետելու յոյսերը… Եւ, բոլորս գիտենք, որ հեռացողները միայն սուրիահայեր չեն: Հայաստանէն հեռացող սուրիահայերը այպանելը դիւրին, երբեմն` իրաւացի է:
Բայց այպանելէ առաջ փորձենք հարցումի մը պատասխան տալ: Գանատայի պետութեան տրամադրած օժանդակութիւնը մեծ բան չէ. Ճամբորդական ծախս եւ կեցութեան իրաւունք: Գանատա գաղթող հայերու մեծամասնութիւնը, ինչպէս Երեւանի մէջ, դարձեալ վարձով պիտի ապրի, հոն նոր աշխատանք պիտի սկսի: Ինչո՞ւ Գանատա եւ ոչ` Երեւան…
Որովհետեւ Հայաստանի մէջ կը պակսի ապագայի հեռանկարը: Գանատա մեկնողը վստահ է, որ աշխատանք կրնայ ունենալ (հոգ չէ թէ` ինչ):
Գանատայի հիւրընկալութիւնը գնահատելով հանդերձ երբեք պիտի չհասնիմ այդ քայլը ողջունելու կամ քաջալերելու մակարդակին: Ապշած կը հետեւիմ ոմանց խանդավառութեան, որ երբեմն Գանատան օրհնելու կը հասնի… Մենք ե՞րբ այսքան օտարասէր դարձանք:
Այս ընթացքը չեմ արդարացըներ: Սկզբունքօրէն դէմ եմ Հայաստանէն զատ այլ երկիր գաղթելու երեւոյթին: Ներքուստ նաեւ անհանգիստ եմ, որ անհատականը ամբողջէն այսքա՜ն անջատուած հաւաքականութեան վերածուած ենք: Այսուհանդերձ` երեւոյթը կայ: Ճիշդ չէ «հայրենասէր չեն», «անձնասէր են», «հանգիստ կեանք կ՛ուզեն» եւ այլ պիտակներ կպցնելով` երես դարձնել ու ամերիկացիներուն խօսքով` սենեակին մէջ բազմած փիղը չնկատել…
****
Սուրիահայութեան տագնապի այս երեսով առաջին հերթին Հայաստանի պետական մարմինները պէտք է հետաքրքուին: 25 տարեկան Հայաստանը ներգաղթի երեք մեծ ալիքներ ունեցաւ. Ազրպէյճանէն բռնագաղթուածները, իրաքահայերը եւ սուրիահայերը:
Առաջինը, հասկնալի պատճառներով, կը ձգձգուի: Բայց արդեօք տեղ մը պահուա՞ծ է Ազրպէյճանէն փախչելով Հայաստան եկած ու յետոյ` այլ երկիր գաղթած հայերու թիւը:
Իրաքահայերու եւ սուրիահայերու պարագան տարբեր է: Ասոնք` գումարուելով Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութեան պատճառներով ծաւալած արտագաղթի երեւոյթին վրայ, պէտք է ահազանգ դառնային հայրենի պատասխանատուներուն:
Մենք մեծ տեղաշարժեր կ՛ապրինք: Աւանդական Սփիւռքը կը նօսրանայ: Ռուսաստանի աւելի քան երկու միլիոնանոց հայութիւնը սփռըւած է, բայց դեռ աշխոյժ եւ ուժական համայնք չէ: Եւրոպայի մէջ նոր համայնքներ կազմուեցան, որոնք հազուադէպօրէն գործունեայ են: Ամերիկայի գաղութները տարբեր հոլովոյթ կ՛ապրին: Եւ այս բոլորը իրարու զօդող գլխաւոր օղակը Հայրենիքն է:
Զօրաւոր Հայաստանը երաշխիքն է ապահով եւ աշխոյժ Սփիւռքի: Կարելի չէ կեղծելով, ճառախօսութեամբ կամ գոռգոռալով հարցերը շրջանցել:
Այս առիթով կ՛արժէ վերադառնալ Սեւակեան տողերու.
«Օտար աշխարհում ազատ լինելը այլ գերութիւն է,
Եւ տան մէջ նոյնիսկ գերի լինելը` այլ ազատութիւն…»:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան