Ոչ եւս է Ռաֆայէլ Քոթանճեանը

79 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռաֆայէլ Քոթանճեանը:

Ռաֆայէլ Քոթանճեան ծնած է 9 Սեպտեմբեր 1942-ին Թիֆլիսիի մէջ, չորս տարի անց տեղափոխուած է Երեւան: Աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքը: 1964-էն տարբեր տարիներու աշխատած է Զանգեզուրի Ալեքսանդր Շիրվանզադէի անուան թատրոնին մէջ` որպէս դերասան եւ բեմադրիչ, եղած է «Արշալոյս» երիտասարդական թատրոնի դերասան, հետեւած է Մոսկուայի հեռուստատեսային բեմադրութեան բարձրագոյն դասընթացքին, աշխատած է Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ` որպէս դերասան եւ բեմադրիչ:

Խաղցած է բազմաթիւ ներկայացումներու մէջ` Կորինի «Մոռանալ Հերոսթրաթին», Շուարցի «Թագաւորը մերկ է», Զէյթունցեանի «Մեծ լռութիւն» եւ այլն: Նկարահանուած է բազմաթիւ հայկական եւ արտասահմանեան ֆիլմերու մէջ, այդ շարքին` «Ադամանդէ ձեռքը», «Տղամարդիկ», «Պաղտասարը բաժանւում է կնոջից», «Օտար խաղեր», «Մեր բակը», «Կոմսուհի տը Մոնսորօ», «11:41»: 1994-էն եղած է հեռուստատեսային տարբեր նախագիծերու մասնակից, 2008-էն` Բնութեան եւ հասարակական գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի իսկական անդամ:

Ռաֆայէլ Քոթանճեանը 1980-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր, 2003-ին` Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն, ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան ոսկէ մետալի եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի, 2009-ին` Կիւմրիի «Պատուոյ եւ նուիրուածութեան» շքանշանի, 2017-ին` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալի:

Հանրայայտ դերասանին մահուան առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ցաւակցական ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Ռաֆայէլ Քոթանճեանը մեծ սէր եւ ժողովրդականութիւն էր վայելում ոչ միայն հայ հանրութեան մէջ, այլեւ օտարերկրեայ հանդիսատեսի բաւական լայն շրջանում: Քոթանճեանի ներդրումն անգնահատելի է հայ թատրոնի եւ ֆիլմի զարգացման գործում:

Նա «Մոռանալ Հերոսթրաթին», «Մերկ թագաւորը», «Մեծ լռութիւն», «Ադամանդէ ձեռքը», «Քաոս», «Տղամարդիկ», «Պաղտասարը բաժանւում է կնոջից», «Օտար խաղեր», «Ձայն բարբառոյ», «Ուրախ ուղեւորութիւն», «Ծովահէնների կայսրութիւնը» եւ բազմաթիւ այլ յայտնի ներկայացումներում ու ֆիլմերում կերտած դերերով միշտ կը մնայ մեր պատմութեան մէջ որպէս դերասանի, մտաւորականի եւ հայի սիրելի կերպար»: