Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար (1998-2008) Վարդան Օսկանեան լրատուամիջոցներուն տրամադրած է իր հերթական յօդուածը Արցախի խնդիրին վերաբերեալ.
Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հնարաւոր զարգացումները պէտք է դիտարկել ուժի եւ իրաւունքի հակադրութեան կամ համադրութեան շրջանակէն ներս։
Կը թուէր, թէ պատերազմին յաղթած եւ իր բանակի իրական կամ թուացեալ հզօրութիւնը ցուցադրած Ատրպէյճանը պէտք չէ այլևս վախեր ունենայ։ Յատկապէս, երբ հայկական կողմը կամ աւելի ճիշդ, իշխանութիւնը, պարբերաբար հրապարակային ի ցոյց կը դնէ ուժի հանդէպ իր վախերը։ Բայց հակառակ այն պնդումին, որ ուժն է, որ կը ծնի իրաւունքը, ժամանակակից հանգոյցներուն մէջ ուժի եւ իրաւունքի հակադրութիւնն է, որ կը կանխորոշէ երկարատեւ լուծումը։ Ի վերջոյ, ակնյայտ է, որ ուքրանիական խնդիրին մէջ նոյնպէս վերջնական լուծումը հիմնուած պիտի ըլլայ ուժի եւ իրաւունքի համադրութեան վրայ։ Ուժն ու իրաւունքը կրնան հաւասարաչափ հզօր գործօն ըլլալ անկախ այն բանէն, թէ այս կամ այն խնդիրին մէջ որ՝ ուժի, թէ իրաւունքի փաստարկն է աւելի զօրեղ։ Որեւէ խնդիրի մէջ միայն ուժով պարտադրուած լուծման անվերապահ ընդունումը, առանց իրաւունքի գործօնը հաշուի առնելու, կրնայ մարտահրաւէր դառնալ միջազգային աշխարհակարգի կայունութեան։
Ատրպէյճանական կողմը այդ մէկը կը հասկնայ եւ ճիշդ այդ է պատճառը, որ թէեւ ուժի տեսանկիւնէն յաղթանակին՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, այսինքն՝ իրաւունքից որեւէ յիշատակում Ատրպէյճանի մէջ կ’առաջացնէ բուռն հակազդեցութիւն։ Սա ակնյայտ կը դարձնէ, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս կը հասկնայ , որ խնդիրը չէ լուծուած։
Իմ՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու լուրին ատրպէյճանական արձագանգը, անկախ այդ լուրի ճշմարտացիութեան աստիճանէն, անոր ապացոյցներէն մէկն է։ Կը թուէր, թէ «յաղթած» Ատրպէյճանին նման լուրերը պէտք է բոլորովին չանհանգստացնէին։ Բայց ատրպէյճանական լրատուամիջոցները վերջին օրերուն ողողուած էին այդ լուրի տարածմամբ ու մեկնաբանութիւններով, որուն հիմնական թէզն այն է, որ Արցախի մէջ «ռեւանշիսթ» իշխանութիւն մը կը ձեւաւորուի։
Պատերազմի «ռեւանշը» ենթադրաբար նոր պատերազմը պէտք է ըլլայ։ Մինչդեռ այն փաստը, որ ատրպէյճանցիները «ռեւանշիսթ» կ’անուանեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ջատագովները եւ այդ գաղափարը միջազգային բեմ հանելու հնարաւորութիւն ունեցողները, երկու բան կը յուշէ՝ կա՛մ ատրպէյճանական կողմը չէ հասկցած՝ ինչ է «ռեւանշը», կա՛մ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի արծարծումը արդարացիօրէն կը դիտարկէ որպէս պատերազմին համազօր փաստարկ։
Յատկանշական է, որ իմ նախարարութեան՝ 1998-2008 թուականներուն եւ ատկէ առաջ եւս չորս տարի փոխ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ իմ դիրքորոշումը Արցախի հարցով հրապարակային էր եւ անփոփոխ՝ Արցախի ժողովուրդն ունի եւ պէտք է իրացնէ ինքնորոշման իր իրաւունքը։ Այդ տասնչորս տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանի նաեւ ներկայ իշխանութիւնն իմ այդ դիրքորոշումը ոչ միայն ծայրայեղական չէ համարած , այլեւ նստած է իմ եւ մեր կառավարութեան հետ բանակցութիւններու, քննարկած է առաջարկուող տարբերակները եւ ի վերջոյ այդ բանակցութիւնները են, որ 2007-ի վերջին հանգեցուցած են համանախագահներու կողմէն առաջարկուող այնպիսի փաստաթուղթի՝ «Մատրիտեան սկզբունքներուն», ուր ամրագրուած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ անոր իրացման ծայրագոյն դրսեւորմամբ՝ ռեֆերենտումով։
Այն, որ այսօր Ատրպէյճանի մէջ Արցախի հարցով ինքնորոշման իրաւունքի գաղափարակիրները «ռեւանշիսթ» կ’անուանեն, իրենց իրական մտահոգութիւններու դրսեւորումն է։
– Ատրպէյճանի ներկայիս իշխանութիւնը լաւ գիտէ, որ ինքը հանգոյցի առաջին օրէն ստեղծած է իրաւական եւ քաղաքական բոլոր հիմքերը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման պահանջի արդարացիութեան համար։
– Ատրպէյճանը լաւ գիտէ, որ իրականացուցած է Արցախի խաղաղ ժողովուրդի հանդէպ ֆիզիքական բռնութիւն։
– Ատրպէյճանը լաւ գիտէ, որ Ղարաբաղը երբեք անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ եղած եւ եղած է միայն Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ այդ ժամանակաշրջանը Ատրպէյճան իր իսկ սահմանադրութեամբ հռչակած է ո՜չ օրինաւոր։
– Ատրպէյճանը լաւ գիտէ, որ իրաւական մեծ սխալ թոյլ տուած է 1991-ին՝ չեղարկելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութիւնը։
– Ատրպէյճանը լաւ գիտէ, որ վերջերս առաւել կոպիտ սխալ թոյլ տուած է յայտարարելով, որ «զեռօ կարգավիճակ» կը նախատեսէ Արցախի ժողովուրդի համար։
– Ատրպէյճանը լաւ գիտէ, որ ես լաւ գիտեմ, թէ հայր եւ որդի Ալիեւներու իշխանութիւնը բանակցային ամբողջ գործընթացին մէջ ինչպիսի հանդուրժողական դիրքորոշում արտայայտած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հանդէպ։
Այսօր Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդին անգամ իր կազմին մէջ ինքնավար կարգավիճակ տալու դրժումը այնպիսի իրաւական եւ քաղաքական ուժեղ գործիքակազմ մը կու տայ, որուն ճիշդ կիրառման պարագային կը բացուի «անջատում յանուն փրկութեան» (remedial secession) իրաւունքի եւ այդ յայտի՝ միջազգային հանրութեան կողմէն ընդունման համար։
Ատրպէյճանի յետպատերազմեան երազկոտութիւնն ու հանգստութիւնը ոչ միայն կամ ոչ այնքան այն պատճառով են, որ հայկական կողմին մէջ չկայ ուժի հակադարձ կիրառման որեւէ պատրաստակամութիւն եւ կայ յանուն տեսական պատերազմէն խուսափելու՝ որեւէ զիջման երթալու պատրաստակամութիւն, այլ հիմնականօրէն այն պատճառով, որ հայկական կողմէն երկու տարուայ ընթացքին գրեթէ ոչ մէկ անգամ չէ հնչած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի փաստարկը։
Այն հանգամանքը, որ նման օրակարգով իրաւական միաւոր կրնայ ձեւաւորուիլ թէկուզ չճանչցուած Արցախին մէջ, եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցը կրկին դուրս գայ միջազգային հարթակ, Ատրպէյճանի մէջ կ’առաջացնէ իրական եւ հիմնաւոր մտահոգութիւն։ Հետեւաբար, այս օրակարգը բիւրեղացնելը պէտք է դառնայ Արցախի եւ ի վերջոյ Հայաստանի իրական պաշտպանուածութեան ուղղուած բոլոր ջանքերուն հիմքը։