Մեր ընտանիքի պատմութիւնը սիրած եմ, բայց նաեւ ժամանակ տրամադրած՝ փորձելով կառուցել այսպէս ըսած «ընտանեկան ծառը»։Եւ այս ոչ միայն անուններով, բայց նաեւ նկարներով։ Եւ այս նկարները ինծի համար դարձած են հարստութիւն, ապա նաեւ աւանդ եւ Ժառանգ՝ապրելու իմ(ու ընտանիքիս)կեանքը նոյն տեսլականով…։
Բայց այս նկարները կը խօսին…։ Անոնք պատմութիւն են, բայց նաեւ աւելին…։ Նկարին մէջ իւրաքանչիւր հարազատ ապրած է իր կեանքը Պատմական Հայաստանի մէջ, կերտած է տուն եւ ընտանեկան բոյն, բերած է իր նպաստը հաւաքական ու ազգային կեանքին, բայց նաեւ «խմած» նահատակութեան դառն բաժակէն՝սպաննուելով եւ կամ անցնելով ցեղասպանութեան արհաւիրքէն՝ հայ ժողովուրդի ամբողջութեան հետ։ Իմ ընտանիքիս այդ արհաւիրքին մէջ պիտի ըլլար աւելի քան քսանհինգ նահատակ՝ սկսելով 1909 թուականի Ատանայի ջարդերէն ու ողբերգութենէն, հասնելով մինչեւ 1915 ցեղասպանութիւնը…։ Այս ընտանեկան ծառի մէջ են նաեւ իմ նահատակ հարազատներուս նկարները…։ Ամէն անգամ, որ կը բանամ ու կը նայիմ այդ նկարներուն՝իրենց աչքերէն այս յատուկ պատգամը կը կարդամ. «Եթէ պիտի յիշես մեզ՝ բայց նաեւ պիտի պահանջես…»։
Կ՚արժէ մէկ –մէկ բանալ մեր ընտանիքի պատմութեան էջերը…։
Հօրենական մեծ հայրս եղած է Այնթապի ծնունդ՝իսկ մեծ մայրս հասան Պէյլիի։
Մեծ հօրս հայրը՝Յովհաննէս աղա Ճէպէճեան,եղած է Այնթապի երեւելիներէն։ Տասնինը տարեկանին ընդունած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ դաւանանքը։ Ամուսնացած է Մեննուշ (Մանուշակ) Գարամանուկեանի հետ եւ կազմած բազմանդամ ընտանիք՝ իր զաւակներուն ջամբելով ուսում եւ զարգացում։ Ան եղած է պիստակի յաջող վաճառական. այս ընթացքին կրցած է ձեռք բերել վայրի պիստակի թուփերու տարածուն անտառներ եւ զանոնք պատրաստելով ստանալ պիստակի ծառեր։ Երիտասարդ տարիքին ձեռնարկած է հասութաբեր աշխատանքներու, սեփականատէրը եղած է կալուածներու։ Այդ կալուածներուն մէջ էր Այնթապի իր քարաշէն բնակարանը՝մեծ բակով եւ աւազանով։ Եւ այդ բնակարանը դարձած էր մեր ընտանիքին, ինչպէս ուզած էին կոչել, «Պապենական Տունը»…։
Բայց այդ տունը միայն քար չէր։ Ան, իր մթնոլորտով, ստեղծած էր հայկական ու քրիստոնէական հոգի՝որմով կարելի եղած էր ջամբել դաստիարակութիւն եւ մշակոյթ։ Տունը դարձած էր հիմք, որուն վրայ կերտուած էր գերդաստանիս հայկական նկարագիրը եւ տարիներու ընթացքին փոխանցուած սերունդնէ սերունդ …։ Մինչեւ այսօր Այնթապի մեր «Պապենական Տունը» կանգուն է եւ վերածուած է երեխաներու համար յատուկ խաղալիքներու թանգարանի։
Հօրեղբայրս եւ հայրս ծնած են Այնթապ՝«Պապենական տան» մէջ։ 1915-ի ամրան հայերը Այնթապէն տեղահան ընելու խօսակցութիւնները սկսած էին տարածուիլ, թէեւ Թուրքը կը փորձէր հաւաստիացնել, թէ «պարզ տեղափոխութիւն մըն էր ըլլալիքը եւ թէ շուտով պիտի վերադառնան…»։ Արդէն իսկ լուռերը կը հասնէին տարբեր քաղաքներու մէջ հայերու կրած տառապանքներուն մասին, ինչ որ առաւել մեծ մտավախութիւն կը ստեղծէր Այնթապի հայութեան մօտ. ան թուրքին նկատմամբ իր հաւատքը ամբողջովին սկսած էր կորսնցնել։ Հայերը յստակ կը տեսնէին, թէ իրենց տեղափոխութենէն ետք իրենց ունեցուածքը թալանի պիտի ենթարկուէր…։ Ալ ինչ՞ խօսք իրենց կեանքերուն մասին։ Եւ սկսաւ խուճապը…։ Հայեր կը փորձէին «ծախել» այն ինչ, որ կը խորհէին թէ կրնային…։ Գեղեցիկ պնակեղէններ, գորգեր, կարասի, ժամացոյցներ ու տակաւին…։ Հազար արժէքին՝թուրքը տասը կ՚առաջարկէր՝ եւ այդ ալ քմծիծաղով…։ Իսկ հայուն համար կարեւորը քիչ մը դրամն էր ,«անորոշ» այդ ճամբորդութիւնը սկսելէն առաջ…։ Եւ եկաւ ժամը Այնթապի հայութեան բռնագաղթին ու տեղահանութեանը։
Նկատի ունենալով, որ մեծ հայրս սպայ էր Օսմանեան բանակին մէջ, իր ընտանիքին տեղահանումը աւելի «մեղմացուած» էր եւ հրահանգուած էր, որ ան ընտանեօք Հալէպ փոխադրուի։ Հօրեղբայրս՝ Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան այդ «մեղմացուած» տեղահանումը այսպէս կը նկարագրէ իր յուշերուն մէջ. «Տխուր առաւօտ մը։ Այսպէս, գրաստներու կարաւանով ճամբայ ելլանք։ Փոքր եղբայրս եւ ես քարիւղի սնտուկներու մէջ ծուարած, աւանակի մը կողմերը բեռցուած էինք»։ Բայց կար նաեւ անորոշութիւնը եւ վախը…։ «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս՞ հասանք Աղա-Գոյուն երկաթուղային կայարան՝ Հալէպի ճամբան, Ճարապլուսին յաջորդող գիւղը։ Գիշեր էր սակայն։ Այստեղ կարաւանը ցրուեցաւ չոր հողատարածքի վրայ։ Օթեւան չկար, կը պատրաստուէինք բացօթեայ գիշերել։ Տխուր ամբոխ մը՝ անպաշտպան, երկիւղած դէմքեր, որոնք երէկ տակաւին հանգիստ բնակիչներ էին պապենական իրենց տուներուն մէջ»։
Անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ։ Ինչու՞ այս անմեղ ժողովուրդը արմատախիլ պէտք էր ըլլար իր պապենական տուներէն…։ Այն տուներէն, զորս շինած էր իր վաստակած արդար աշխատանքով…։ Տեղահանումը կը շարունակուի…։ Յուզումը եւ ողբերգութիւնը չեն ուշանար։ Եւ հօրեղբայրս է դարձեալ իր յուշերուն մէջէն։ «Աւագ ծնողացս հետ մենք Հալէպ հասանք շոգեկառքով։ Չեմ գիտեր ինչ պատահեցա՞ւ կարաւանի մէջի մնացեալ ընտանիքներուն, որոնց հետ հասած էինք Աղա-Գոյուն։ Աւելի ուշ իմացանք, թէ հօրեղբօր եւ հօրաքրոջ ընտանիքները քշուած էին հարաւ, Համայէն անդին։ Իսկ Նոյեմի հօրաքրոջս ընտանիքը, աննման իր հինգ զաւակներով, հեռաւոր Խապսէ, Տէր Զօրի ճամբուն վրայ, աւաղ…։ Այդ ընտանիքէն եւ ոչ մէկը պիտի տեսնէինք կրկին»։
Հալէպի մէջ սկսաւ իմ գերդաստանին «նոր» կեանքը, այս անգամ սփիւռքեան իրականութեանը մէջ։ Այս իրականութեանը մէջ անհրաժեշտ էր ստեղծել «նոր Տունը»՝որպէս շարունակականութիւն «Պապենականին»՝որ արմատախիլ եղած էր …։
Տարիներու ընթացքին սկսայ ըմբռնել ու հասկնալ, թէ ինչու՞ համար հօրեղբայրս այնքան կը շեշտէր «Պապենական տուն» հասկացողութիւնը։ Հալէպի իր բնակարանը անուանած էր «Պապենական», ինչ որ վերանուանումն էր Այնթապի ընտանեկան յարկին։ Այդ «Պապենական Տան» ոգին եւ ջերմութիւնը կը փորձէր ստեղծել Հալէպի մէջ՝ մեր ընտանեկան իւրաքանչիւր հանդիպման, յետ ցեղասպանութեան վերապրող երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ։ Որպէս ցեղասպանութեան երրորդ եւ տակաւին չորրորդ վերապրող հայ սերունդներ, տարիներու ընթացքին պիտի ընկալէինք «Պապենականի» հաղորդականութիւնը եւ կամաց-կամաց պիտի իւրացնէինք զայն որպէս ազգային ու ընտանեկան դաստիարակութեան։ Դաստիարակութիւն մը, որ սկսած էր Այնթապէն եւ հասած Հալէպ։ Ու տակաւին Պէյրութ, եւրոպա եւ ամերիկաններ…։ Եթէ Թուրքը կրցաւ տեղահան ընել հայը, բայց արդեօ՞ք կրցաւ վերացնել նոյնինքն այս դաստիարակութիւնը…։
Հարազատներուս նկարներուն մէջ կը կարդամ նաեւ պահանջատիրութեան պատգամ։ Մէկիկ-մէկիկ կը նայիմ իւրաքանչիւր նկարի։ Այնտեղ են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք նահատակուեցան, բայց նաեւ անոնք, որոնք անցան ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան արհաւիրքէն…։ Կանգ կ՚առնեմ Նոյեմի մեծ հօրաքրոջս ու անոր ընտանիքին նկարին դիմաց…։ Նոյեմիէն մեզի մնացած է մէկ երկար նամակ՝ղրկուած անապատի այդ ճամբայէն։ Հայատառ թրքերէնով եւ մատիտով գրուած։ Ան իր ծնողքին կ՚իմացնէ, թէ ամուսինը տարագրութեան ճամբան թիֆուսէ վարակուելով մահացած է եւ կը խնդրէ նիւթական օգնութիւն։ Նոյեմին կ՚ուզէր ապրիլ, բայց…։ Իր ընտանիքն ալ չկրցաւ օգնութեան փութալ իրեն։ Նոյեմին, իր ամուսինը եւ հինգ զաւակները իրենց աչքերը փակեցին տարագրութեան մէջ՝ հեռու «Պապենական Տունէն»…։ Անոր կարօտով…։
Եթէ իմ ընտանիքէս ինծի մնաց «նկար» մը, բայց այս նկարը անշարժ թուղթի կտոր մը չէ պարզապէս։ Ան կը խօսի, եթէ ոչ լեզուով, ապա գէթ իւրաքանչիւրին աչքերուն մէջէն կայ ցոլացող պատգամով…։
Եւ պատգամը «կարօտն» է…։ Կարօտը իւրաքանչիւր հայորդիին, որ անմեղօրէն նահատակուեցաւ։ Բայց նաեւ կարօտը տան՝«Պապենական»ին։ Այն Տան, որով հայը շինեց ընտանիք, կերտեց սերունդ, բայց նաեւ պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Այս պատմութիւնը այսօր կենդանի է եւ աշխուժ…։
Այս աշխուժ պատմութեան կարօտն է որ մենք պիտի տանինք դէպի ապագայ։ Պիտի տանինք զայն՝մէկ կողմէ յիշելով՝ բայց նաեւ պահանջելով…։ «Պապենական Տունը»։
Նոյեմին եւ բոլոր մեր նահատակները մեզ կը փոխանցեն պատգամ մը, թէ անոնք կարօտցած են «Պապենական Տունը»…։ Բայց նաեւ աւելին…։ Անոնք կը յորդորեն մեզ՝ թէ «Պապենական Տան» կարօտը պէտք է յիշենք, բայց նաեւ պահանջենք…։
Եւ այս հայուն Ազգային դաստիարակութիւնն է…։
Կարօտը միշտ վառ պահել։
Կարօտը՝ ուր «Պապենական Տունը» պիտի յիշենք եւ պահանջենք…։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան