Պապ թագաւոր, Ստեփան Զօրեան, Տպարան «Անի» եւ ուրիշ բաներ…

Գրեց Լեւոն Շառոյեան

Պապ թագաւոր:

Եթէ քիչ-շատ ծանօթ էք մեր ժողովուրդի հին դարերու պատմութեան կարեւոր դրուագներուն, կամ եթէ թղթատեր ու ընթերցեր էք Սիմոն Սիմոնեանի «Հայոց պատմութիւն» դասագիրքերուն հմայիչ շարքը, ուրեմն՝ անպայման հանդիպեր էք Պապ թագաւորին անունին:

Bab Takavor 2

Լեւոն Շառոյեան
Լեւոն Շառոյեան

Պապը տարապախտ զաւակն էր Արշակ Բ. Թագաւորին: Երբ պարսիկներու Շապուհ նենգամիտ արքան խաբեբայութեամբ իր մօտ կանչել տուաւ Արշակը, յետոյ ալ բանտարկեց զայն Անյուշ բերդին մէջ (միաժամանակ սպաննելով ապա մորթազերծ ընելով հայոց բանակի քաջարի սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանը), Հայաստան մնաց անգլուխ ու ենթակայ դարձաւ իրերայաջորդ դժբախտութիւններու: Մեր հայրենի երկիրը աւերի ու աւարի ենթարկուեցաւ պարսիկ զօրագունդերու կողմէ, որոնք անասելի խժդժութիւններ ի գործ դրին Մեծ Հայքի քաղաքներուն ու շէներուն մէջ, քայքայեցին երկիրը, կրակի տուին մարդոց նիւթական հարստութիւնը, կործանեցին եկեղեցիները ու անոնց տեղ կանգնեցուցին ատրուշաններ, տասնեակ հազարաւոր գերիներ վերցուցին բնիկ ժողովուրդէն ու զանոնք աքսորեցին հեռաւոր վայրեր: Պատմութիւնը կը վկայէ որ երկու ուրացող ու դաւաճան հայ նախարարներ ալ, Մերուժան Արծրունի եւ Վահան Մամիկոնեան, անձամբ առաջնորդեցին պարսիկ զօրքերը դէպի Հայաստանի խորերը ու մասնակից դարձան անոնց սարքած կոտորածներուն…: Րաֆֆիի նշանաւոր «Սամուէլ» վէպը, որ հայ գրականութեան լաւագոյն պատմավէպերէն մէկն է,կ’առընչուի այդ իրադարձութիւններուն:

Դ. Դարու մեր համբաւաւոր պատմիչը՝ Փաւստոս Բիւզանդ առատօրէն տեղեկութիւններ հաղորդած է այդ շրջանի դէպքերուն մասին: Ան կը պատմէ որ Արշակի կողակիցը՝ Փառանձեմ թագուհին, իր միակ որդւոյն՝ Պապի հետ միասին, գնաց ապաստանեցաւ Արտագերսի բերդին մէջ, որ Այրարատեան Աշխարհի Արշարունիք գաւառի ամէնէն անառիկ ամրոցն էր, Արաքս գետէն ոչ հեռու: Թագուհիին հետ էին քանի մը հազար հոգի, շատեր՝ զինուորներ:

Պարսիկները շրջապատեցին Արտագերսը, սակայն չյաջողեցան ներս թափանցել: Ամբողջ 13 ամիս՝ ներսինները դիմադրեցին հերոսաբար: Անոնք նոյնիսկ յաջողեցան գահաժառանգ Պապը գաղտնօրէն դուրս հանել բերդէն եւ ուղարկել Բիւզանդիոն, օգնութիւն խնդրելու քրիստոնեայ կայսրութենէն: Ակնկալուած օժանդակութիւնը ուշացաւ սակայն: Արտագերս, ի վերջոյ, անձնատուր եղաւ շատ ողբերգական պարագաներու տակ: Թշնամին խուժեց բերդէն ներս, ձերբակալուեցաւ հայոց թագուհին, յետոյ ալ հրապարակաւ նախատալից վերաբերումի ենթարկուելէ ու լլկուելէ ետք՝ նահատակուեցաւ…:

Այնուհետեւ, յունաց Վաղէս կայսրը Հայաստանի վրայ թագաւոր պսակեց Պապը, որ գահակալեց շատ կարճատեւ շրջան մը, 370-374:

Պապ կարեւոր իրագործումներու տակ իր ստորագրութիւնը դրաւ: Ամէն բանէ առաջ՝ մեր հայրենիքէն դուրս վտարեց պարսիկ զաւթիչները: Բայց շուտով, խորունկ տարակարծութիւն մը ծագեցաւ հայոց երիտասարդ այս թագաւորին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միջեւ: Օրուան Մեծն Ներսէս հայրապետին բացած վանական ու բարեսիրական հաստատութիւնները չափազանցուած ու անտեղի երեւցան Պապին: Ուստի, ան սահմանափակումներ բերաւ եկեղեցւոյ նիւթական իրաւասութիւններուն եւ գանձումներուն (պտղի, տասանորդ եւ այլն), խափանեց կուսանոցներուն ու վանքերուն մեծ մասը՝ յարմար դատելով որ անոնց միանձնեայ բնակիչները ամուսնանան եւ ընտանիք կազմեն: Նոյնիսկ փակել տուաւ աղքատանոցներն ու նմանօրինակ բարեսիրական տուները, այն համոզումով որ այնտեղ կը ծաղկէին ծուլութիւնն ու ձրիակերութիւնը…:

Պապ արդա՞ր էր իր վերաբերմունքին մէջ, թէ անարդար, պատմիչները դարերէ ի վեր կը վիճին այդ մասին: Արդի պատմագրութիւնը համոզուած է, որ Պապ արժէքաւոր տարր մըն էր, ու եթէ երկար ապրէր՝ Արշակունեաց թագաւորութիւնը բարօր շրջան մը կրնար բոլորել: Ըստ պատմաբան Լէոյի, «պատանի էր նա, բայց իր հօրից է’լ աւելի աչքի էր ընկնում իբրեւ ինքնատիպ մի դէմք, պետական գործիչ, օժտուած անյողդողդ կամքով»:

Պապ սպաննուեցաւ՝ երբ հազիւ 21-22 տարեկան էր, զոհ դառնալով բիւզանդացիներու խարդաւանքներուն…:

Պապ այնքան ուշագրաւ եւ ցցուն կերպար մը հանդիսացած է մեր պատմութեան մէջ որ՝ գրականութիւնն իսկ զինք անմահացուցեր է:

Կ’ակնարկեմ արեւելահայ գրող Ստեփան Զօրեանի «Պապ թագաւոր» վէպին, որ մեր մէջ շատ կարդացուած ու բազմիցս հրատարակուած պատմավէպերէն մէկն է անկասկած: Յաճախ բեմականացուած է ալ: Ատոր կողքին, իբրեւ բանասիրական առանձին ուսումնասիրութիւն, կայ նաեւ պատմաբան Հրանտ Ք. Արմէնի «Պապ Արշակունի» հատորը  (Երուսաղէմ, 1958):

Անցեալները, ակումբին գրադարանէն տուն բերի «Պապ թագաւոր»ը: Տասնամեակներ առաջ, պատանեկան տարիքի մէջ, անգամ մը կէս-կատար կարդացեր էի զայն: Հիմա, տարօրինակ փափաք մը ծիլ տուեր էր իմ մէջ՝ վերստի’ն ընթերցելու այդ գործը, թերեւս ոչ այնքան վերյիշելու համար վէպին արդէն ծանօթ պարունակութիւնը, այլ… վերապրելու համար կորսուած-գացած պատանեկութիւնս:

700 էջանի ծաւալուն վէպ մը կար իմ դիմաց:

Նախ՝ իմ հայեացքը կեդրոնացուցի հեղինակին անունին վրայ,- ՍՏԵՓԱՆ ԶՕՐԵԱՆ:

Անմիջապէս անդրադարձայ, որ մեր պատմութիւնը երկու տարբեր «Ստեփան Զօրեան»ներ հաներ է մեր դէմ: Մին՝ հանրային-կուսակցական գործիչ, միւսը՝ գրական դէմք:

Առաջինը (ու երէցը) Ռոստոմն էր (1867-1919), Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան Բ. Դէմքը, իսկ երկրորդը (ու կրտսերը)՝ նոյնինքն «Պապ թագաւոր» ին հեղինակն էր (1889-1967):

Առաջինը՝ Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն, միւսը՝ Ղարաքիլիսայէն (Կիրովական, աձժմ Վանաձոր): Ծանօ՞թ էին իրարու, կը կարդայի՞ն մէկզմէկու գրութիւնները, չեմ գիտեր:

Վիպագիր Զօրեանին կենսագիրները կը յայտնեն, թէ ան աւարտած էր ծննդավայրին ռուսական դպրոցը՝ 1904-ին: Հայկական հիմնական կրթութիւն մը չունէր, ո’չ ալ բարձրագոյն ուսում: Բայց, գրել սկսած էր կանուխ տարիքէն, եւ ո՜վ զարմանք, Թիֆլիսի «Մշակ» լրագրին վերջին շրջանի (1912-19) փայլուն աշխատակիցներէն մէկը կրցեր էր դառնալ: Յետագային գրի առած իր վէպերը, վիպակները, հէքեաթներն ու յուշագրութիւնները մի’շտ ալ պահած էին իւրայատուկ գրաւչութիւն մը՝ իրենց սահուն ու խիտ լեզուով, անոնցմէ ցոլացող պատմողական շնորհով եւ հիւմըրով: «Պապ թագաւոր» էն զատ՝ լայնօրէն կարդացուած վէպեր էին «Հայոց բերդը» (1959) եւ «Վարազդատ»ը (1967): Զօրեան կատարած էր նաեւ կարեւոր թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն»ը:

Ուրեմն, ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս տիրապետեր էր ան իր մայրենի լեզուին, ինչպէ՞ս խմորուեր էր իր մէջ գրագէտը:

Փաստօրէն, ան ԻՆՔՆՈՒՍ գրագէտ մըն էր: Անձա’մբ բացեր էր իր կեանքին արահետը, համբերութեամբ մագլցելով դէպի գրական կեանքի բարձունքը, ու կոչունքի նստելով Թումանեանի, Շիրվանզադէի, Իսահակեանի ու Դերենիկ Դեմիրճեանի հետ…:

Հիմա ափերուս մէջ էր «Պապ թագաւոր» ը:

Բայց այս մէկը վէպին Երեւան տպուած 1944-ի անդրանիկ հրատարակութիւնը չէր: Ասիկա սփիւռքեան հրատարակութիւն մըն էր: Թուականը՝ 1949, վայրը Հալէպ, տպարան «Անի»:

Երբեք չէի կրնար պատկերացնել, թէ բազմաէջ ու ծաւալուն այս վէպը վերատպուած կրնար ըլլալ Հալէպի մէջ ալ: Յանդուգն ու խիզախ նախաձեռնութիւն մըն էր ասիկա, որուն համար, ես, հիմա մտովին կ’օրհնէի յիշատակը տպարան «Անի»ի հիմնադիր ու սեփականատէր Աւետիս Էքմէքճեանին (1914-1977): Մամուլի, թատրոնի եւ գիր-գրականութեան մօտիկ անձ մը եղած էր Էքմէքճեան:

Աղօտ կերպով կը յիշէի անոր հնամենի տպարանը, որ կը գտնուէր Թիլէլ պողոտային վրայ, Կիլիկեան վարժարանաց նեղլիկ թաղին մուտքին:

Օ’, ինչ մեծ ու փոքր հայերէն գիրքեր տպուած էին այնտեղ: Զորօրինակ, գրադարանիս պատուական գիրքերէն մէկն է 1950-ական թուականներուն այդ տպարանէն լոյս տեսած երկհատոր «Հայերէն աշխարհաբար լեզուի լիակատար բառարան»ը (Հեղ.՝ Պետրոս վրդ. Ճիզմէճեան), աւելի քան 2000 էջէ բաղկացեալ:

Սա պահուն, կ’անդրադառնամ որ «Պապ թագաւոր» ն ու Ճիզմէճեան բառարանը տպուած են միեւնոյն դեղնորակ ու փխրուն թուղթին վրայ եւ շարուած են միեւնոյն տառատեսակներով, քիչ մը մաշած, նոյնիսկ տեղ-տեղ դժուար ընթեռնելի:

Աստուա՜ծ իմ: Այդ օրերու գրաշարները ինչպէ՞ս կրցեր են շարել այսքան մեծղի գործեր՝ կապարէ տառերով, մէկ առ մէկ քով-քովի բերելով տառասնտուկէն վերցուած միլիոնաւոր տառեր…: Քանի՞ ամիսներու կամ քանի՞ տարուան աշխատանք էր ասիկա: Այսօրուան համակարգչային դիւրութիւններուն հետ բաղդատած՝ ի՜նչ յոգնատանջ ու սեւ աշխատանք:

Ահա այսպէս, մէկ կողմէն միտքս կը թռչէր դէպի երբեմնի հայ անանուն գրաշարները, միւս կողմէ ալ կը դարձնէի էջերը «Պապ թագաւոր» ին…:

Գիրքը բաւական մաշեր էր: Ով գիտէ քանի՞ հարիւր հոգիի ձեռքէն անցեր էր ան՝ սա անցնող վաթսունհինգ տարիներու ընթացքին: Երանի թէ, մտածեցի, հատորը Յիշատակարան մը ունենար իր վերջին էջերուն ետին, եւ իւրաքանչիւր ընթերցող, զայն լրիւ կարդալէ ետք՝ իր անունը արձանագրէր այնտեղ…:Այսօր, ես որքա՜ն պիտի ուզէի կարդալ այդ հարիւրաւոր անունները…:

Աւարտեցի ընթերցումը «Պապ թագաւոր» ին:

Հոն կը տողանցեն իշխաններ, նախարարներ, քաղաքական պարագլուխներ, եկեղեցականներ: Թագաւորական Հայաստանի փառաւոր անցեալն է որ կը փռուի մեր առջեւ՝ իր սեւով ու սպիտակով: Հոն են սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանը, Հայր Մարդպետը, Զարմանդուխտ թագուհին, յոյն կոմս Տերենտը, Մեծն Ներսէս կաթողիկոսը, Խադ եպիսկոպոսը, արքայադպիր Երեմիա Ամատունին, Իշխան Սպանդարատ Կամսարականը, Գնէլ Անձեւացին, հայրենասէր զինուորներ, դաւադիր պալատականներ…:

Պապ, որ տակաւին շատ երիտասարդ է (գրեթէ պատանի), իր հօրմէն ժառանգած է աւերեալ երկիր մը: Բայց կ’աշխատի վերականգնել զայն՝ մղուած հայրենասիրական բոցավառ կիրքէ մը: Յաճախ անհասկացողութիւններու կը բախի իր շրջապատին կողմէ:

Վէպին մէջ կը նկարագրուի Ձիրաւի ճակատամարտն ալ, Նպատ լերան ստորոտը (այժմու Ալաշկերտի դաշտը), ուր դէմ դիմաց ճակատեցան հայերն ու պարսիկները: Հոս, վիպագիրը կը նկարագրէ թէ ինչպէ’ս պաէսիկները ՓԻՂԵՐ կը բերէին պատերազմի դաշտը ու աներեւակայելի հնարքներու կը դիմէին՝ զանոնք լաւագոյնս օգտագործելու համար հայերուն դէմ…: Կարդա’նք.

– Հայ զինուորներին ամէն բանից աւելի ահ էին ազդում այդ փղերը. թշնամին նոյնպէս գիտէր այդ, եւ երբ մի փոքր նեղն էր ընկնում՝ փղերի վաշտերը թողնում էր հայերի վրայ…: Երբ փղերը մօտենում էին հակառակորդ բանակին կամ մտնում զօրքի մէջ՝ մի կողմից փղերն իրենք էին տրորում, միւս կողմից՝ նրանց մէջքին ամրացրած արկղանման ամրոցիկում գտնուող նետաձիգները, իրենց զրահներով պաշտպանուած, նետերի տարափ էին թափում աջ ու ձախ:

Որպէսզի մարտական այդ փղերին դարձնեն աւելի ահարկու, պարսիկները նրանց գլխին՝ ճակատներից վեր ամրացնում էին երկար ցցունքներ, փետուրներից կամ այլ բաներից պատրաստած:

Ամէնից կատաղին սակայն հնդկական փղերն էին, որոնք կռուի մէջ մտնում էին կոյր տարերքի պէս. իրենց ճանապարհի վրայ ոտնատակ էին տալիս ամէն ինչ ու տրորում ամէն բան: Եւ որպէսզի դրանք լինեն աւելի կատաղի, պարսիկները հարբեցնում էին դրանց գինիով, որին խառնում էին պղպեղ եւ այլ գրգռիչ նիւթեր: Հարբելով հրէշաւոր կենդանիներն իրօք կատաղում էին, եւ օձանման կնճիթները վեր բարձրացրած, մսոտ վարդագոյն բերանները լայն բացած, տարօրինակ մռլտոցներ արձակելով վազում էին…: Ոչ թէ վազում, այլ սարից պոկուած ժայռի նման առաջ էին նետւում իրենց ծանր մարմինների ամբողջ թափով եւ ընկնում թշնամի բանակի վրայ:

Աւելի մեծ աւերածութիւն ու ջարդ պատճառելու համար՝ պարսիկները սրում էին նրանց ժանիքները կամ դրանց վրայ անց էին կացնում երկաթէ սուր ծայրակալներ, որով նրանք անպայման պատառոտում էին հանդիպող մարդուն ու ձիուն, իսկ կնճիթն արդէն տեսնում էր իր գործը,- ձիաւորին կամ հետեւակ զինուորին վերցնում էր ու տալիս գետնով:

Այս բոլորը 1650 տարի առաջ էր, Դ. Դարուն:

Իսկ հիմա՞: Պատերազմական թեքնիքը ի՜նչ հրէշային նորութիւններ բերած է իր հետ…

Հալէպ