Պատմութեան հետ եւ պատմութեան մէջ

«Թեպետեւ մենք փոքր ածու ենք

եւ թուով շատ սահմանափակ ու

զօրութեամբ թոյլ եւ շատ անգամ

օտար թագաւորների կողմից նուաճուած,

բայց եւ այնպէս մեր երկրումն էլ գրելու

եւ յիշատակելու արժանի շատ

սխրագործութիւններ են կատարուել:

Մ. Խորենացի

 

Սեդա Գանտահարեան

Մովսէս Խորենացիին իրաւամբ է տրուած Պատմահայր տիտղոսը: Անշուշտ այն պատճառով, որ ան առաջինն է գրի առած հայ ժողովուրդի պատմութիւնը անոր ծագումէն սկսեալ: Խորենացու պատմական գործը, որ հայ հին գրականութեան առաւելագոյն չափերով ուսումնասիրուած կոթողներէն մէկն է, քննութեան առարկայ է դարձած առհասարակ բանասիրական տեսանկիւնէն՝ ստուգելու համար անոր աղբիւրները, գրութեան ժամանակը եւ այլն: Այդ գործը, սակայն, մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան կազմաւորման եւ հիմնաւորման յուշարձան:

Մովսէս Խորենացիի (410-493 թ.թ.) «Հայոց Պատմութենէ» բացի մեզ հասած են նաեւ անոր «թուղթ առ Սահակ Արծրունի», «Պատմութիւն Հռիփսիմեաց», «ճառ Վարդավառի», «Գիրք Պետոյից» գործերը: Բայց Խորենացին ամենէն շատ յայտնի է իր «Հայոց Պատմութեամբ», որը իրաւամբ անոր տրուած է «պատմահայր» անունը:

Խորենացին պատմութեանը մօտեցած է նախ եւ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի իբրեւ պատմագիր:

Եթէ Մեսրոպ Մաշտոցը կերտիչն է հայ գրաւոր մշակոյթի, Մովսէս Խորենացին առաջին ու մեծ գաղափարախօսն է այդ գրաւոր մշակոյթի ստեղծման ներփակած ազգային ինքնագիտակցութեան:

Ուստի զարմանալի չէ, որ Խորենացիի շունչը մեր մշակոյթի մէջ հետզհետէ աւելի զգալի դարձած կ’ըլլայ գլխաւորապէս այն թուականներէն սկսեալ, երբ հայ ինքնագիտակցութեան առջեւ ողբերգականօրէն ծառացած են նախընթաց շրջաններէն տարբեր ծաւալով եւ ստիպողականութեամբ գաղթի, ցրւումի, վերապրումի եւ գոյատեւումի հարցերը:

Պատմութիւնը մարդկային արարքներու արձանագրութիւնն է, անոնց հանգուցաւորումը՝ իբրեւ յիշեցնող, յիշողութեան մէջ թափանցած, հոգեւին իւրացուած, ապրող ու վերապրուած իրողութիւն: Այստեղէն է պատմութեան սերտ կապը յիշողութեան հետ: Պատմագրութիւնը իր իսկութեան մէջ յիշատակութիւնն է: Յիշատակագրութիւն, որ դէպքերու որեւիցէ արձանագրութիւն չէ, այլ որ կը պատմէ «սկիզբ» մը եւ «աւարտ» մը, եւ այս իրար կամրջող, միաւորող միջին հանգրուան: Ուստի սկիզբէն դէպի իր աւարտը դիմող առաջընթաց մը, որ ինչ որ «սրբազան» հանգամանք կու տայ Խորենացու «Պատմութեանը»:

Պատմահայր կոչած ենք Խորենացիին, անշուշտ անոր համար, որ ան առաջինն է գրած «Հայոց Մեծաց Ծննդաբանութիւնը»:

Խորենացին ստեղծած է շատ արժէքաւոր աշխատութիւն, որուն մէջ նկարագրած է համաշխարհային պատմութիւնը՝ արարչագործութենէ սկսած մինչեւ 440 թուականը:

Խորենացիի ազդեցութիւնը շատ մեծ է հետագայ մեր միւս պատմիչներու վրայ, շատերն են օգտուած անոր պատմութիւնէն:

Չենք գիտեր, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչու են քերթողահայր կոչած Խորենացիին: Գուցէ զուր չէ ենթադրել, թէ տիպօրէն յունաբան եզրով մը յօրինած այդ տիտղոսը ուզէր նշանակել յանձին Պատմահօր գլխաւոր յղացողն ու ձեւողը այն յունաբան լեզուին, որը իր գրական ժառանգութեամբ այսօր ալ ան տրոհելի բաժինն է մեր Մեծասքանչին, ողնասիւնն բեղմնարար սկզբունքը՝ անոր գիտական եզրաբանութեան:

Քերթողահայր ու պատմահայր: Հաւանօրէն՝ աւագ հիմնադիր յունաբան դպրոցի, ստուգիւ ուղեղը հայ ինքնութեան եւ գիտակցութեան:

Հուսկ Խորենացու լեզուն ալ, ինչպէս արդէն մատնանշուած է իրաւացիօրէն, կը պատկանի յունաբանութեան վաղ հանգրուաններուն:

Խորենացին էր այդ առաջին ձայնը, խորհրդաւոր եւ ուղենիշ մեր առաջին կանչը, որ լսելի դարձուցինք այս աշխարհին եւ մեզ դրօշ ըրած՝ անցանք մեր բազմահազարամեայ ճանապարհը: Այստեղ դարձեալ, մեր հիներու խօսքով ըսած, «նպաստաւորէ մեզ քերթողահայրն Մովսէս»:

Մովսէս Խորենացին էր, որ հինգերորդ դարի վերջին, ասկէ մէկ ու կէս հազարամեակ եւ աւելի, առաջին անգամ քննութեան առաւ հայ ժողովուրդի կազմաւորման ու հնագոյն պատմութեանը վերաբերող ամէն տեսակ նիւթերն ու աւանդոյթները՝ պահպանուած մեհենական, պատմական ու ժամանակագրական մատեաններուն մէջ, ժողովրդական վիպասանական ու գուսանական ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ Աստուածաշունչին մէջ:

Այս բոլորի ընձեռնած տուեալներէն ալ Քերթողահայրը հիւսած է մեր ժողովուրդի վաղնջական կեանքի այնպիսի դիպաշար, որուն առանձին դրուագները, դէպքերն ու դէմքերը մէկը միւսի ետեւէն, հետզհետէ ճշգրտուեցան մեր ժամանակներուն մէջ յայտնաբերւող աղբիւրագիտական ու հնագիտական նիւթերով:

Եւ ահա այս կերպ մեր պատմիչը հայ ժողովուրդի սկզբնաւորութիւնը կը դնէ Բաբէլոնեան ձախողակ աշտարակաշինութեանը յաջորդած ժամանակին մէջ, երբ պատահականութեան բերմամբ հսկաներու ու դիւցազիւններու խառնալեզու հասարակութեան վրայ Բէլի բռնատիրութիւնն էր տարածուած: Այստեղէն սկսուող պատմութիւնը, որ յայտնի է որպէս Հայկի ու Բէլի առասպել, Խորենացին գրի էր առած Մար Աբաս Կատինայի պատմութիւնէն՝ քաջ գիտակցելով, որ անոր ակունքն ալ ժողովրդական բանահիւսութիւնն է, բայց մեր մեծ պատմիչը համոզուած էր, ժողովրդական յիշողութեամբ սերունդէ սերունդ անցած ու մեզ հասած այսօրինակ զրոյցներու մէջ պահպանուած են պատմական նոյնիսկ հեռաւոր անցեալի բազում ճշմարտութիւններ: «Թող ուրիշներն այսպիսի զրոյցները համարեն առասպել կամ ճշմարտութիւն կ’ըսէ  Խորենացին, բայց ես հաւատացած եմ որ շատ բան ճշմարիտ է»:

Խորենացին իր կենսագրութեան ամբողջ ընթացքին հաւատարիմ մնաց մեծ նախնեաց արդար կոչին, իր դժուար բայց ազնիւ ու արդար ճակատագրին:

Խորենացու վսեմագոյն փաստն է չափի գիտակցութեան, անոր ազգասիրութեան անկեղծ, հարազատ, բայց նաեւ զուսպ, իրատես շինարարօրէն քննադատական նկարագրի, որը երբեք չէ իջած սին հռետորութեան, բոռոտախօսութեան կամ մոլեռանդութեան:

Ահա հայ պատմագրութեան նահապետ Մովսէս Խորենացու քանդակը: Այն քսանամեայ տեւական գործունէութեան արգասիք է: Բրոնզաձոյլ այդ քանդակը կը զարդարէ Երեւանի մատենադարանի դահլիճներէն մէկը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանդակագործ՝ Այծէմնիկ Ուրարտու.

Խորենացու պատմութեան միջոցով մեզ են հասած ժողովրդական բանահիւսութեան առանձին գողտրիկ կտորներ.

* Ալեկոծուած նաւը շտապում է դէպի նաւահանգիստ, իսկ ժուժկալ մարդը անապատ է փնտռում:

* Հօտը չի կարող առանց հովիւի լինել, եւ ոչ հովիւներն՝ առանց վերակացուի:

* Չկայ ստոյգ պատմութիւն առանց ժամանակագրութեան:

* Նրանք… պատուի ետեւից չէին ընկնում, այլ պատիւն էր նրանց ետեւից ընկնում:

* Կրթութիւնը ամէն ինչ է:

* Անգիտութիւնը մեծ չարիք է:

* Խոհեմ իմաստութեամբ կարելի է յաղթել մեծ զօրութիւնը:

* Անգրագիտութիւնը ինչ բան էլ որ ձեռնարկի, կը կործանի մարդկային կեանքի ամրութիւնը:

* Իմաստութեամբ մեծ զօրութիւնը կարելի է հերքել, իսկ անկրթութիւնը մարդուն կարող է անհամար փորձանք բերել: