ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ «ՆԱՄԱԿԱՆԻ» – Ա. ՀԱՏՈՐ

Սիրան Սեզայի անունը սերտօրէն առնչուած է կանանց իրաւունքներու եւ հասարակական դերի բարձրացման խնդիրներու հետ: Արդարեւ, Պոլիս ծնած եւ արեւմտահայ մշակոյթի մէջ յայտնի դէմքերու հետ շփուած Սիրան Զարիֆեան, փոքր տարիքէն հանդիպած է այնպիսի մեծութիւններու, ինչպէս՝ Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան, Մեծն Կոմիտաս վարդապետ, Արմենակ Շահմուրատեան (Կոմիտասի եւ հայ գեղջկական երգերու գերազանց կատարող): Ըլլալով կրտսեր քոյրը վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի, երէց քոյրը Լիւսի Զարիֆեան Թոսպաթի («Այգ» օրաթերթ), ան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ եղած է առաջին մտաւորական կինը, որ հիմնած է կանաց նուիրուած «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերաթերթը:

Սիրան Սեզա նաեւ գրագէտ հայուհի մըն էր, շրջանաւարտ՝ Պոլսոյ Ռոպերթ գոլէճէն, ապա Նիւ եորքի Քոլումպիա համալսարանէն, նախընտրած է վերադառնալ հայահոծ Միջին Արեւելք եւ նուիրուիլ իր գաղափարներու իրականացման: Պաշտպանած է ընդհանրապէս կանանց եւ յատկապէս հայ կանանց իրաւունքներն ու հասարակական կեանքէն ներս աւելի’ գործուն դեր ունենալու գաղափարները: Այս ընթացքին ան նամակագրական աշխոյժ կապ ունեցած է իր սերնդակիցներուն հետ, ինչպէս Վազգէն Շուշանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Սարգիս Ապտալեան (Վահէ-Վահեան), Գուրգէն Մահարի եւ ուրիշներ: Այդ նամակները ոչ միայն կը պարունակեն յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ 1930-1960-ական թուականներու ազգային, մշակութային եւ գրական շարժումներու մասին, այլեւ գրական-գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն:

Վերջերս լոյս տեսաւ Սեզայի «Նամականի»-ի Ա. հատորը, Երեւանի մէջ («Երեւան» հրատարակչութիւն), աշխատասիրութեամբ բանասէր եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի: Հրատարկութեան մեկենասն են գրագիտուհիի որդին եւ կինը՝ Վահագն եւ Անի Քիւփէլեանները, որոնք անցնող երկու տարիներուն Սեզայի ամբողջ արխիւը անձամբ փոխադրեցին եւ յանձնեցին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին (ԳԱԹ): Կը ծրագրուի մինչեւ տարուան վերջը հրատարակել Սեզայի ամբողջական նամականին:

Այս առթիւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպած էր «Նամականի»-ի Ա. հատորի ներկայացումն ու գինեձօնը՝ Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ, որ տեղի ունեցաւ՝ Չորեքշաբթիի, 5 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Գիրքը ներկայացուց յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան:

Աւարտին յիշենք, որ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը շնորհակալութեամբ ստացած է վերոնշեալ գիրքը, ուղարկուած Վիկդոր Քուբէլեանի կողմէ: