ՍԻՐՈՅ ՏՕՆԸ

Սեւան Սեմէրճեան

 

 

 

 

 

Բարիներուն

Մինակներուն

Լոյսով ջերմացողներուն

Նամակներ չստացողներուն

Հիւրեր չունեցողներուն

Հաւատքով մոմ վառողներուն

Երկինքէն բան մը հայցողներուն

Երկա՜ր շարքերու մէջ սպասողներուն

Լաւ չերգողներուն

Որոտումին ձայնը, անձրեւին կաթկթոցը եւ անորմէ վերջ թրջուած հողին ու խոտին հոտը սիրողներուն

Հանրային պարտէզին մէջ առանձին նստողներուն

Հեզերուն

Դարակներէն հին նկարներ հանողներուն

Հովին հպումը զգացողներուն

Իրենց համար յատուկ զեղչեր չեղողներուն

Ծովին դիմաց լուռ նստողներուն

Տակաւին թուղթ ու գրիչ գործածողներուն

Գգուանքով իրենց ծաղիկները ջրողներուն

Գինիներուն անունները չգիտցողներուն

Իրենց տոպրակները շալկող չունեցողներուն

Ուրախութենէն լացողներուն

Բազմութեան մէջ որբ մնացածներուն

Լիալուսինին արծաթը նկատողներուն

Ծաղիկներուն հովէն թափուած թերթերը հաւաքողներուն

Արհամարհուածներուն

Չերեւցողներուն

Երկրի՛ն վրայի արդարութեան հաւատացողներուն

Սիրտը մաշածներուն

Անճար հիւանդներուն

Յոյսով սնուողներուն

Բանաստեղծութիւնները իրենց սիրտերուն ու միտքերուն մէջ պահողներուն

Պատէն կախուած, ծռած նկարները շտկողներուն

Մանուկներուն աղմուկը սիրողներուն

Անոնց երգով յուզուողներուն

Մահը իրոք ճանչցողներուն

Գիշերը իրենց ծածկած մէկ  սիրածը հողին յանձնողներուն

Ծովափին աւազը, գետնին հողը, ծառին տերեւը եւ աղբիւրին ջուրը իրենց ափին մէջ պահողներուն

Անոնց լուսաւոր ցուցափեղկերուն չնայելով, շքեղ խանութներուն առջեւէն անցնողներուն

Արմանին եւ Շանէլը չճանչցողներուն

Հանրաշարժին մէջ ճմռթկուած իրենց պա՜րզ հագուստները հանելով, այդ խանութներուն կոկի՜կ տարազները հագուող եւ յաճախորդին ժպտացող պաշտօնեաներուն

Բանտին մէջ գիրք կարդացողներուն

Իրենց հի՜ն տիսքերը եւ քասէթները պահողներուն

Անապատին մէջ, վրանին առջեւ փուչիկով խաղցող իրենց զաւակները դիտողներուն

Գիշերը, անտառի մը մէջ իրենց վառած կրակին շուրջ երգողներուն

Իրենց արուեստին սիրահար, վարպետ արհեստաւորներուն

Աւազով գծողներուն

Շիշով, ամանով մեղեդի հանողներուն

Աչքերը փակ, շուրջի գոյները տեսնողներուն

Աթոռին վրայ նստած շարժողներուն

Հոգո՛վ թռչողներուն

Սրտո՛վ նուագողներուն

Ապրողներո՜ւն

Իրենց կեա՛նքը սիրողներուն

Չխաբուի՛ք դուք յանկարծ…

Ձերը չէ՛ սիրոյ տօնը՝ կարմիր

Քնացէ՜ք դուք խաղա՜ղ…

Վաղը արթնցէ՛ք …

Առջի օրուան, երէկուան, այսօրուան, վաղուան եւ գալիք օրերուն պէս՝

Սիրո՜վ ըրէք ամէն բան

Քալեցէք դուք սիրոյ ամէնօրեայ ձեր ճամբան…

 

                                        Գահիրէ