«Մեծատաղանդ արուեստագէտ մը՝ իբր դաշնակահար եւ իբր նուագայարդար, մին անոնցմէ որ հայ ցեղի գեղարուեստական կարողութիւնները օտար բարձրագոյն միջավայրերուն մէջ ամենավճիտ շողիւնով մը կը փայլեցնեն»:
Արշակ Չօպանեան (2)
Վերջերս՝ քաղաքիս Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ, մինչ Ա. Բաբաջանեանի ծննդեան հարիւր ամեակի հանդիսութեան մեկնարկը, բաժակ մը սուրճի շուրջ վարչական անդամներէն Պրն. Յարութ Գույումճեանի հետ հաճելի ու թեթեւ նիւթերու շուրջ սկսանք զրուցել մի քիչ հանգստանալու նպատակով. մինչեւ օրս մեր ծանօթութիւնը եղած էր քաղաքավարական ժպիտով իրար բարեւելը: Խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձայ, որ արուեստասէր անձնաւորութեան մը հետ կը զրուցէի: Յանկարծ վերջինս հարց տուաւ ըսելով՝ «Ստեփան Էլմաս անունով երաժիշտի մը մասին լսա՞ծ ես. խնդրեմ իր մասին կրնա՞ս տեղեկութիւններ քաղել»: Ես ինծի հարց տուի ըսելով՝ «սա պահուս միտքս ո՜ւր, Ստեփան Էլմասը ո՜ւր»: Առանց արտայայտութիւնս փոխելու շարունակեցի՝ «ի հարկէ լսած եմ սակայն ոչ մանրամասնութիւններու մասին»:
Անցաւ շաբաթ մը երբ կրկին Կեդրոնիս մէջ Պրն. Յարութին հանդիպեցայ. դարձեալ նոյն հարցումը կրկնեց Պր. Սամ դիմելով… խոստացայ խնդրանքը կատարել ըսելով. «խնդրեմ քաղաքավարական «պարոն»ն ալ աշխատանքիս նման թոշակի թող անցնի…»:
Դաշնակահար յօրինող Ստեփան Էլմասը ծնած է Զմիւռնեայ 1862/64 Դեկտեմբեր 24-ին (3): Որպէս շնորհալի երեխայ վեց տարեկանին կը սկսի դաշնամուրի դասերու հետեւիլ ծննդավայրի երաժշտութեան ուսուցիչ Մոզերի մօտ, որուն խնամակալութեան ներքեւ կը սկսի դաշնամուրային կարճ ստեղծագործութիւններ յօրինել: 13 տարեկանին, որպէս տաղանդաւոր դաշնակահար առաջին անգամ հանդէս կու գայ Ֆերենց Լիստի ստեղծագործութիններուն նուիրուած մենահամերգով: Ուսուցիչը այսպէս կ’արտայայտուի ծնողներուն. «Չեմ ուզեր դրամնիդ գողնալ՝ դեռ եւս դաս տալով ձեր տղուն«: 4
1879-ի Յուլիսին, իր ուսուցչի խրախուսանքով, բայց հակառակ ընտանիքի ցանկութեանը, Ս. Էլմասը կը մեկնի Վայմար-Գերմանիա, ուր որոշ ժամանակ մը կ’աշակերտի Ֆ. Լիստին իրականացնել երազը: Վերջինս նկատելով ձիրքերով օժտուած պատանի երաժիշտի տուեալներուն, խորհուրդ կու տայ մեկնիլ Աւստրիա ու Վիեննայի երաժշտանոցին մէջ ուսանիլ համբաւաւոր դաշնակահար Անթօն Տօօրի (Anton Door, (Ռուսաստանի մէջ ճանչցուած որպէս Անտրէյէվիչ Տօօր – Andreyevich Door), եւ Ֆրանց Քրէննի (Franz Krenn, ականաւոր երգահան ու վաստակաշատ եկեղեցական երաժիշտ) ղեկավարութեան ներքեւ: 17 ամեայ պատանի երաժիշտը վերջիններուս մօտ ձեռք կը բերէ դաշնամուրային արուեստի կատարողական եւ ստեղծագործական հմտութիւն:
1882-ին կը յօրինէ առաջին ստեղծագործութիւնները ձօնելով Ֆերենց Լիստին ապա 1885-ին որպէս դաշնակահար, յիշեալ յօրինումներով առաջին անգամ հանդէս կու գայ Վիեննայի մէջ՝ 6 Etudes (ուսումնասիրութիւններ) (5) եւ շարք մը ստեղծագործութիւններ ձօնելով Վիքթոր Հիւկոյին (յօրինած 1881-ին) 2 Aubades (այգանուագ), Ballade (պարերգ), 2 Chansons, 2 Chants, Complainte (ողբ), Églogue (հովուերգութիւն), Élégie (եղերգ), Idylle (գիւղապատկեր), Ode (տաղ), Romance (վիպերգ), Sonnet (երկու երրեակներով նուագ), Stances (քնարական ոգեշնչումներ): Իրադարձութիւն մը, արժանանալով տեղական «Musikalische Rundschau (Երաժշտական ակնարկ) 4 November Ausgabe 1885» մամուլի գնահատանքին:
1886-ին Ս. էլմաս կը մեկնի ծննդավայրը ներկայ գտնուելու հօրը յուղարկաւորութեանը ապա կարճ ժամանակ ետք կը որոշէ կրկին վերադառնալ Վիեննա համոզուած ըլլալով, որ այնտեղ շատ աւելի են հնարաւորութիւնները իր ասպարէզի առնչութեամբ:
1887-ի Փետրուար 25-ին ան բացառիկ յաջողութեամբ հանդէս կու գայ այլ համբաւաւոր երաժիշտներու կողքին Վիեննայի նորաբաց Պոզենտորֆեր (Bösendorfer) 6 դահլիճին մէջ: Այս մասին տեղւոյն «Der Humorist» մամուլը այսպէս է նկարագրած. « … Հոծ բազմութիւնը երկարատեւ ծափահարութեամբ արտայայտեց իր ոգեւորութիւնը երիտասարդ վիրտուոզին, որը մեծ ապագայ է խոստանում»: (7) Այնուհետեւ համերգային ծրագիրներով կը շրջագայի Եւրոպայի տարբեր երկիրներ Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Աւստրիա, Իտալիա ամենուրեք յաղթանակներ նուաճելով իր յօրինումներուն կողքին մեկնաբանելով Պէթհովէնի, Շոփէնի եւ Շումանի ստեղծագործութիւնները: Ան իր ճամբորդութիւններու ընթացքին մօտէն կը ծանօթանայ յօրինող դաշնակահարներու ինչպէս՝ ռուս Անտոն Ռուբինշտայնի, Ֆրանսացի Ժիւլ Մասնէի եւ Ժոզեֆ-Էտուարդ Ռիսլերի հետ։ 1901-ին Փարիզի Էրար (Érard) դահլիճի նուագահանդէսէն վերջ (ուր 1896-ին եւ 1900-ին հանդէս եկած էր մենահամերգներով) մամուլը զինք անուանած է դաշնամուրի բանաստեղծ եւ կամ հայ Շոփէն:
Ստեփան Էլմասը հեղինակ է բազմաթիւ բնութագրական ստեղծագործութիւններու՝ վալսեր, մազուրքաներ, պարքարոլներ, պալատներ, բրէլիւտներ, նոկտյուրններ եւ էքսպրոմտներ էտիւդներ, սոնատներ, երեք համերգային նուագներ դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար (concerto pour piano et orchestre), ռոմանսներ որոնք թիւով 130 են ու հրատարակուած Փարիզի, Լայպցիկի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Նախքան առաջին համաշխարհային պատերազմը հիւանդանալով կը վերադառնայ Զմիւռնիա ու այնտեղ այլ ստեղծագործութիւններու կողքին կը յօրինէ օփերա մը, որ 1922-ի Զմիւռնիոյ հրդեհի ընթացքին կը ոչնչացուին:
1912-ին կը հաստատուի Ժընեւի մէջ շարունակելով իր ստեղծագործական աշխատանքները, միաժամանակ զբաղուելով ուսուցչութեամբ ու հանդէս գալով համերգներով:
Որպէս հետեւանք 1897-ին վարակուած ժանտատենդէն (typhoïde) Ս. Էլմասը կը սկսի տառապիլ խլութենէ ու կեանքի առօրեայէն կտրուելով մեկուսացած կեանք մը կը սկսի վարել: Նոյն շրջանին կը ծանօթանայ Ադելին Էմի Ռապէն (Adeline Aimée Rapin) անունով ձեռքերէն զրկուած զուիցերիացի նկարչուհիի մը, (8) վերջինս կը կարողանայ զինք մխիթարելով դուրս բերել իր հոգեվիճակէն:
1913-ին կը որոշէ ետ վերադառնալ Զմիւռնիա սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն պատճառով յետ կը կանգնի: 1922-ին ծննդավայրի հրդեհէն ընտանիքը փախուստ տալով կը տեղափոխուին Աթէնք ապա Զուիցերիոյ մէջ կը միանան Ստեփանին:
1924-ին Լապցիկի մէջ կը հրատարակուին ստեղծագործութիւնները: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին հրատարակչական շէնքերը վնասուելով, անոնցմէ միայն երկու օրինակ կը պահպանուին:
1925-ին Ստեփան Էլմասի կը շնորհուի Ժընեւի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: Քսան տարուայ լռութենէ ետք Ս. Էլմաս կը յօրինէ դաշնամուրի համար 12 հայկական պոէմները (նուագներ):
1937 Օգոստոս 17-ին Ժընեւի մէջ աշխարհիկ կեանքէն առ յաւէտ հրաժեշտ կ’առնէ հայազգի միջազգային ճանաչում վայելող երաժիշտ Ստեփան Էլմասը որուն մարմինը կը հանգչի Ժընեւի «Cimetière des Rois» գերեզմանատան մէջ: Այս առթիւ «Ժուռնալ տը Ժընեւ»ը երգահանի կենսագրութեանը անդրադառնալով հետեւեալը կը գրէ. «Մեծ արուեստագէտ մը վախճանեցաւ Ժընեւի մէջ» : (9)
Ստեփան Էլմասի կեանքի յուշերը մեզ են հասած շնորհիւ իր բարեկամ ու կենսագիր Յակոբ Գրիգորի (10) Երաժիշտին դաշնամուրն ու ձեռագիրները այժմ կը պահուին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Յարմար է այստեղ նշել երաժիշտէն մի քանի մէջբերումներ՝ «Արուեստի ծառայելը մարդասիրութեան ծառայել ըսել է», «Դաշնակը (դաշնամուր Ս.Ք.) եթէ հոգի մ’ունի կը կարծեմ, որ իմս է. կը գրաւէ բոլոր միտքս ու մտքերուս ծաղիկը անոր տուած եմ», «Մտքերս ու զգացումներս աւելի լայն ասպարէզ գտած են musique symphonique-ի (համանուագային երաժշտութիւն) մէջ: Մանաւանդ դաշնակը, որ, ամենէն կատարեալ գործիքն է, մտքերուս հաւատարիմ արձագանգը եղած է»:
Ստեփան Էլմասի յօրինումները կարելի է առցանց ունկնդրել տեսանիւթերու հասցէներով. հայ եւ ոչ հայ արուեստագէտներու բարձրորակ կատարումներով:
Սիրելի ընթերցող՝ շնորհիւ Ստեփան Էլմասի նման արուեստագէտին, Յարութին հետ դարձանք մօտ բարեկամներ:
Սամուէլ Քէօշկէրեան
Մոնթրէալ
***************************************************************
1.Հայկ Աւագեան, «Ծիծեռնակ», եռամսեայ երաժշտական յաւելուած «Ջահակիր» շաբաթաթերթի Բ տարի, թիւ 1 (5), Յունուար 2002 Գահիրէ, էջ 38:
Տե՛ս նաեւ` Յակոբ Գրիգոր, «Ստեփան Էլմաս», Թէոդիկ Ամէնուն Տարցոյցը, Ս. Ղազար Տպարան Մխիթարեան, Վենետիկ, 1926, էջ 490 – 492:
2.Արշակ Չօպանեան, «Մեկնողները … Ստեփան Էլմաս», «Անահիտ», Ը տարի, թիւ, 5 – 6, Յուլիս – Դեկտեմբեր 1937 Փարիզ, էջ 88 – 90:
- Ըստ շիրիմնաքարի տուեալին 1862 է, սակայն այլ յուշագրութիւններու 1864 է:
- Յակոբ Գրիգոր, «Ստեփան Էլմաս», Թէոդիկ Ամէնուն Տարցոյցը, Ս. Ղազար Տպարան Մխիթարեան, Վենետիկ, 1926, էջ 490:
- Ֆրանսական երաժշտական ոճ, որը կը պահանջէ կատարման հմտութիւն:
- 6. Պոզենտորֆեր (Bösendorfer) համերգադահլիճը հիմնուած է 1872-ին Վիէննայի մէջ վիէննական դաշնամուր արտադրող Bösendorfer ընկերութեան կողմէ ուր ելոյթ ունեցած են նշանաւոր երաժիշտներ: 1913-ին շէնքը քանդուած է սակայն յետագային վերաբացուած է այլ վայրի մէջ:
- Ցիցիլիա Բրուտյան, Ստեփան Էլմաս, «Սփիւրքի հայ երաժիշտները», Հայաստան հրատ. Երևան 1966 էջ 242:
- Ադելին Էմի Ռապէն (1868-1956), ի ծնէ առանց ձեռքերու. ոտքերով նկարած է մօտ 4000 նկարներ՝ հիմնականը դիմանկարներ, իրեն ժամանակակից միջազգային անձնաւորութիւններու: Որպէս համբաւաւոր նկարչուհի, ցուցահանդէսներու բերմամբ եղած է Լոնտոն, Սպանիա Փարիզ, հիւսիսային Ափրիկէ, Հռոմ, Միւնիխ, Պեռլին եւ Մոնրէալ:
- Արշակ Չօպանեան, «Մեկնողները … Ստեփան Էլմաս», «Անահիտ», Ը տարի, թիւ, 5 – 6, Յուլիս – Դեկտեմբեր 1937 Փարիզ, էջ 88
- Յակոբ Գրիգոր (Ճրճրեան Գրիգորի), ծնած է Պոլիս 1905-ին,մահացած Փարիզ 1985-ին: Թարգմանիչ, հրապարակագիր: Յաճախած է Պոլսոյ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարանները ապա 1927-ին աւարտած Լայպցիկի համալսարանի տնտեսագիտական բաժինը: Փարիզ հաստատուելով զբաղուած է նաեւ հրապարակախօսական, հայագիտական, գրական եւ թարգմանական այլ աշխատանքներով: