Վերականգնենք ինչ որ վստահուած է մեզի

Մենք երկ­րա­գուն­դի վրայ գո­յու­թիւն ու­նինք իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մեր ստեղ­ծի­չին երազ­նե­րը: Հրա­ւիր­ուած  ենք որոշ ժա­մա­նակ ապ­րե­լու  հա­մար եր­կիր մո­լո­րա­կի վրայ…

Եր­կիր մո­լո­րա­կի վրայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ամէն բա­նի մէջ կը տի­րէ կարգ ու կա­նոն. մո­լո­րա­կա­յին հաշ­ուարկ­նե­րէն եւ չա­փե­րէն սկս­եալ մին­չեւ մր­ջիւ­նի մը ծնուն­դին մէջ ամե­նա­փոք­րիկ մանրամաս­նու­թիւնն ան­գամ հաշու­ուած է. հե­տե­ւա­բար մենք եւս, իբ­րեւ այս մո­լո­րա­կի ան­դամ­ներ եւ նա­խախ­նա­մու­թեան  նպա­տակ­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու կանչ­ուած­ներ, մեր առօր­եա­յին մէջ պէտք է մտց­նենք կարգ ու կա­նոն` կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար մենք զմեզ եւ յա­ջող ան­ձեր ըլ­լա­լու համար:

Պէտք է ըլ­լանք դրա­կան ան­ձեր: Յա­ջող ան­ձեր կր­նանք ըլ­լալ, եթէ դրա­կան կեց­ուածք կամ մօտեցում ու­նե­նանք: Աստ­ուա­ծոր­դին Երկ­րի վրայ ապ­րած իր ամ­բողջ ըն­թաց­քին միշտ սրբագրելիք բա­ներ ու­նէր եւ` դրա­կան կեց­ուածք: Ոչ մէկ բան կորս­ուած կամ  ան­պէտք  պէտք  է հա­մա­րել, ամէն բա­նի մէջ կա­րե­լի է տես­նել յոյս մը` բա­րե­փո­խե­լու զայն դէ­պի լա­ւը: Մենք շատ յաճախ կ’աճա­պա­րենք  թա­փե­լու այն բա­նը, որ ան­յոյս կը թուի մե­զի: Քրիս­տոս միշտ լաւ բա­ներ ունէր  մար­դոց տա­լու հա­մար. մենք մե­զի վար­ժեց­նենք ըլ­լա­լու դրա­կան. մար­դիկ չեն սի­րեր բացասա­կան  անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կամ անոնց հե­տե­ւի­լը:

Բնաւ չդժ­գո­հինք մե­զի հա­կա­սող մար­դոց հա­մար, որով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ մե­զի տա­լիք  բան մը ու­նի, կամ` մենք անոր:

Երբ կը գոր­ծենք Աս­տու­ծոյ հետ եւ իր չա­փա­նիշ­նե­րով, իր երազ­նե­րը կ’ըլ­լան մեր երազ­նե­րը, նա­եւ իր տե­սիլք­նե­րը` մեր տե­սիլք­նե­րը. անոր հա­մար ալ, Ան իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցէ մե­զի, Ան իր զօ­րու­թե­նէն  կը փո­խան­ցէ մե­զի, որ­պէս­զի կա­րե­նանք իր տե­սիլ­քը իրա­կա­նաց­նել:

Քա­նի որ Ան մե­զի հետ է, ինչ որ ընենք, պի­տի յա­ջո­ղի, եթէ իր թա­գա­ւո­րու­թեան հա­մար է եւ իր կամ­քին հա­մա­ձայն: Նոյ­նիսկ մեր ձա­խո­ղու­թիւնը անի­կա յա­ջո­ղու­թեան պի­տի վե­րա­ծէ, եթէ մենք իրեն կը վս­տա­հինք: Անի­կա բլուր­նե­րը հա­ւա­սա­րեց­նե­լու եւ լեռ­ներ տե­ղա­փո­խե­լու զօ­րու­թիւնը  ունի… Եթէ նոյ­նիսկ չկա­րե­նանք մեր կեան­քին մէջ գտ­նուող լե­ռը կամ դժ­ուա­րու­թիւնը վերց­նել, մենք Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ պի­տի կա­րե­նանք այդ լե­րան վրա­յէն նա­յիլ..

Եթէ մենք Աս­տու­ծոյ  պատ­կե­րով  ստեղծ­ուած ենք  ու­րեմն ան­կա­րե­լի բա­նե­րը կա­րե­լի դարձ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւնը պի­տի ու­նե­նանք:

Նէ­եմ­եայ եբ­րա­յե­ցի մըն էր եւ գե­րի տար­ուած  էր Ասո­րես­տա­նի Շու­շան մայ­րա­քա­ղա­քը, որ ներկայի Իրա­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ կը գտն­ուէր: Թա­գա­ւո­րին մատռ­ուակն էր. գի­տէր, որ Աստուած իր կեան­քին հա­մար ծրա­գիր մը ու­նէր եւ զինք որոշ նպա­տա­կի մը հա­մար ստեղ­ծած էր: Աստ­ուա­ծա­շուն­չի  պատ­մա­կան գիր­քե­րուն մէջ Նէ­եմ­եայ գիր­քը այս հե­րո­սին կող­մէ գր­ուած է: Գիր­քին առա­ջին գլ­խուն մէջ` «Նէ­եմ­եայ Ա.» անի­կա նկա­րագ­րած է, թէ ինչ­պէս իր հայ­րե­նի­քը շատ  վատ վի­ճա­կի մէջ էր, Երու­սա­ղէ­մի պա­րիսպ­նե­րը քանդո­ւած, իսկ դռ­նե­րը այ­րած էին: Ան խղ­ճաց իր ժո­ղո­վուր­դին, ցա­ւակ­ցե­ցաւ անոնց, թէ­եւ հե­ռու էր անոնց­մէ, բայց ու­զեց օգ­տա­կար դառ­նալ անոնց ելք մը գտ­նել այս վի­ճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար: Աստ­ուա­ծա­յին սէ­րը ստի­պեց իրեն, որ ծան­րա­բեռ­նում զգայ իր ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ: Մղ­ուե­ցաւ գոր­ծի, իսկ նախախնա­մու­թիւնը օգ­նեց անոր, որ ան հաս­նի իր նպա­տա­կին:

Նէ­եմ­եայ սուգ ըրաւ, ծոմ պա­հեց եւ աղօ­թեց: Ծոմ պա­հել` կը նշա­նա­կէ կեդ­րո­նա­նալ Աս­տու­ծոյ եւ անոր ամե­նա­զօր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ: Աստ­ուած կր­նայ բո­լոր բա­ցա­սա­կան բա­նե­րը փո­խել դրա­կա­նի, Ան ամե­նա­կա­րող է:

Աղօ­թեց, Աս­տուծ­մէ օգ­նու­թիւն խնդ­րեց: Մա­նա­նե­խի հա­տի­կի չափ եթէ հա­ւատք ու­նե­նանք, բան մը անհը­նա­րին պի­տի չըլ­լայ մե­զի հա­մար: Մա­նա­նե­խի հա­տի­կի չափ հա­ւատ­քը այն հա­ւատքն է, որ կը գի­տակ­ցի, թէ ինք ամ­բող­ջու­թեամբ Աս­տուծ­մէ կախ­եալ է: Երբ գի­տակ­ցինք այս իրականութեան, աստ­ուա­ծա­յին  զօ­րու­թիւն  պի­տի բխի մեր մէ­ջէն:

Նէ­եմ­եայ գե­րի մըն էր, որուն ձեռ­քէն ոչինչ կու գար, բայց իր աղօթ­քը զօ­րու­թիւն ու­նէր եւ պատասխան ստա­ցաւ:

Եթէ մենք մաս չկազ­մենք  այն գոր­ծին, որուն հա­մար նա­խա­սահ­ման­ուած ենք, ու­րիշ մը  մեր տե­ղը պի­տի գրա­ւէ: Աստ­ուած նոյ­նիսկ շնորհք գտ­նել պի­տի տայ մե­զի հոն, ուր ակն­կա­լե­լը  դըժ­ուար է:

Հա­ւատ­քի քայլ առ­նել եւ քաջ ըլ­լալ: Նէ­եմ­եայ հա­մար­ձակ էր եւ նա­խա­ձեռ­նող «Նէ­եմ­եայ 2.2-5»:

Ե՞րբ քայլ առ­նել: Աղօթ­քով հարց­նենք Աս­տու­ծոյ, թէ Ան երբ կ’ու­զէ, որ սկ­սինք: Նէ­եմ­եայ աղօ­թեց եւ Աստ­ուած ան­մի­ջա­պէս պա­տաս­խա­նեց: Թա­գա­ւո­րը առանց անոր նոյ­նիսկ մէկ բա­ռին, նշ­մա­րեց Նէ­եմ­իա­յի տրտ­մու­թիւնը եւ հար­ցուց, թէ ի՞նչ կր­նար ընել իրեն օգ­տա­կար դառ­նա­լու  հա­մար:

Մեզ­մէ ոմանք սխալ ժա­մա­նակ կ’ընտ­րեն: Ժա­մա­նա­կը կա­րե­ւոր է:

Սպա­սու­մի վի­ճա­կը կորս­ուած ժա­մա­նակ չէ: Երբ դուն տե­սիլք մը ու­նիս, եւ Աստ­ուած կ’ու­զէ, որ սպա­սես, մի՛ յու­սա­հա­տիր:

Թե­րեւս  դժ­ուար է սպա­սե­լը, բայց հա­ւա­տա՛, որ այդ սպաս­ման մի­ջո­ցին Ան քու վրադ կ’աշ­խա­տի: կը կո­փէ քու կամքդ:

Երբ կը հա­ւա­տաս, պատ­րա՛ստ եղիր տես­նե­լու Աս­տու­ծոյ հրաշք­նե­րը:

Աստ­ուած ոչ միայն դու­ռը կը բա­նայ, այլ նա­եւ քե­զի պէտք եղած զէն­քե­րը կու տայ աշ­խա­տե­լու եւ գոր­ծե­լու հա­մար:

Եթէ մեր կա­րի­քը քիչ է, քիչ պի­տի տայ, եթէ շատ է, շատ պի­տի տայ: Եթէ մեծ է մեր տե­սիլ­քը, մե­զի մեծ կա­րե­լիու­թիւն­ներ պի­տի տայ: Մե­ծու­թիւնը չի կա­յա­նար մեր որ­քան ու­նե­նա­լուն մէջ, այլ որքան տա­լուն մէջ:

Նէ­եմ­եա­յին  սահ­ման­նե­րը անց­նե­լու  հրա­ման «ԱՆ­ՑԱ­ԳԻՐ» տր­ուե­ցաւ, որ ան­կա­րե­լի բան մըն էր գերիի մը հա­մար: Նա­եւ փայտ տր­ուե­ցաւ թա­գա­ւո­րին ան­տա­ռէն, որ­պէս­զի եր­թայ եւ վե­րա­շի­նէ իր աւեր­ուած քա­ղա­քին պա­րիսպ­նե­րը:

Այն ան­ձը, որ բնաւ չէ ին­կած կամ ձա­խո­ղած, չի կր­նար մագլ­ցիլ կամ բարձ­րա­նալ: Ձախողութիւննե­րը յա­ջո­ղու­թեան բա­նա­լի­ներն են: Մեր տկա­րու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան Աս­տու­ծոյ, որ Ան ցոյց տայ իր զօ­րու­թիւնը:

Յա­ջող ան­ձե­րը անոնք են, որոնք կ’աշ­խա­տին երե­ւան հա­նել ու­րիշ­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը:

– Մեր տե­սիլ­քի ճամ­բուն վրայ շա­տե­րէ պի­տի մերժ­ուինք, պէտք է նա­խա­տե­սենք այս մէ­կը, բայց հաս­տա­տօ­րէն պէտք է գիտ­նանք, որ Աստ­ուած ան­պայ­ման պի­տի փո­խա­րի­նէ մեր վնաս­նե­րը, երբ իրեն հա­մար կը մերժ­ուինք ու­րիշ­նե­րէ:

Հո­գե­ւոր հա­սու­նու­թեան ամե­նա­կա­րե­ւոր նշանն է` երբ վս­տահ ըլ­լանք, թէ Աստ­ուած  մեզ բռ­նած է, նա­եւ այն, երբ կը խո­նար­հինք Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ, կր­նանք  կանգ­նիլ եւ հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­նալ մար­դոց առ­ջեւ, ինչ­պէս Նէ­եմ­եան հա­մար­ձա­կե­ցաւ իր հար­ցը ար­տա­յայ­տե­լու թա­գա­ւո­րին առ­ջեւ:

Երբ սկ­սիս գոր­ծի մը, մի՛ մտա­հոգ­ուիր, որ կա­րե­լիու­թիւն­ներ չու­նիս, քու պա­կաս­ներդ  թա­քուն օրհ­նու­թիւն­ներ են, որոնք Աս­տու­ծոյ ձեռ­քը ցոյց պի­տի տան քե­զի: Հար­ցե­րը միայն պահ­ուած առիթ­ներ են: Նէ­եմ­եան թա­գա­ւո­րին քով գե­րի պի­տի տար­ուէր, որ հե­տա­գա­յին թա­գա­ւո­րին օգնութեամբ իր եր­կի­րը կա­ռու­ցէր:

Ելից 9.16-ի մէջ Աստ­ուած կ’ըսէ Մով­սէ­սի. «Ասոր հա­մար քեզ վեր­ցու­ցի, որ իմ զօ­րու­թիւնս քեզ­մով ցուց­նեմ ու ամ­բողջ երկ­րին մէջ իմ անունս պատմ­ուի»:

Մեր հո­գին աչ­քեր ու­նի: Կր­նանք  Աս­տու­ծոյ գոր­ծե­րը  հոգի­ով տես­նել: Թէ­եւ մեր մար­մի­նը սահմանա­փակ է, բայց մեր հոգի­ին աչ­քե­րը ան­սահ­մա­նը կը տես­նեն:

Եր­կու հիւանդ­ներ նոյն սեն­եա­կը կը բաժ­նեկ­ցէ­ին մի­ա­սին հիւան­դա­նո­ցի մը մէջ: Մէ­կը միշտ պառկած պէտք էր մնար կռ­նա­կին վրայ ան­կո­ղի­նին մէջ, իսկ միւ­սը օրը մէկ ժամ իրա­ւունք ու­նէր նս­տե­լու պա­տու­հա­նին  կող­քը: Երբ ան գար պա­տու­հա­նին մօտ, իր հիւանդ ըն­կե­րոջ հա­մար, որ չէր կր­նար շար­ժիլ, այն­պի­սի հի­ա­նա­լի պատ­կեր­ներ կը  նկա­րագ­րէր, որ պառ­կա­ծը կա­րե­նար դիտո­ղի մը չափ ու­րա­խա­նալ: Կը պատ­մէր, թէ ինչ­պէս երբ զե­փիւ­ռը բարձ­րա­նար, ծա­ռե­րը Աստուած կ’օրհ­նէ­ին: Լճա­փին մա­նուկ­ներ կը խա­ղա­յին եւ հո­րի­զո­նը, որ­քան գե­ղե­ցիկ էր:

Պա­տու­հա­նէն գե­ղեց­կու­թիւն­ներ նկա­րագ­րող հիւան­դը կը մա­հա­նայ, իսկ կռ­նա­կին վրայ ան­շարժ պառ­կո­ղը կը խնդ­րէ, որ զինք փո­խադ­րեն անոր ան­կո­ղի­նը եւ գլու­խը դժ­ուա­րու­թեամբ կը բարձրաց­նէ տես­նե­լու հա­մար անոր տե­սած­նե­րը: Մե­ծա­պէս կը զար­մա­նայ ան, երբ իր դի­մաց ցցուած կը տես­նէ միմ­իայն պատ մը: Հարց կու տայ հիւան­դա­պա­հուհի­ին, թէ իր ըն­կե­րը ինչ­պէ՞ս չէր կր­ցած տես­նել այդ պա­տը, հիւան­դա­պա­հու­հին կը պա­տաս­խա­նէ, թէ, մա­հա­ցող հիւան­դը կոյր մըն էր եւ նոյ­նիսկ այդ պա­տը չէր կր­նար տես­նել:

Աստ­ուած ալ կ’ու­զէ, որ իր գոր­ծե­րը մենք իր հոգիի աչ­քե­րով տես­նենք եւ շօ­շա­փենք: Մարդ­կա­յին աչ­քե­րով չնա­յինք իր գոր­ծե­րուն: Ան մե­զի ցոյց պի­տի տայ` ի՛նչ ընել եւ ո՛ւր եր­թալ: Ան կ’ու­զէ, որ մեր հոգի­ին աչ­քե­րով տես­նենք անե­րե­ւոյ­թը, նա­եւ տես­նենք մեր թշ­նա­մին` չա­րը:

Լաւ պէտք է գիտ­նանք, որ մեր թշ­նա­մի­նե­րը ան­ձեր չեն: Յի­սուս մե­ռաւ, որ­պէս­զի ամ­բողջ մարդկու­թիւնը  փր­կէ: Ու­րեմն ոչ թէ ան­ձե­րը պէտք է պար­տու­թեան մատ­նենք, ապա` չար ու­ժե­րը:

Ամէն չար ուժ պի­տի խո­նար­հի Յի­սուս Քրիս­տո­սի  առ­ջեւ: Յի­սու­սի հո­գին երբ քու մէջդ է, քու առջեւդ պի­տի խո­նար­հին բո­լոր չար ու­ժե­րը:

Աս­տու­ծոյ հո­գին կ’ու­զէ առաջ­նոր­դել իրեն պատ­կա­նող ժո­ղո­վուր­դը: Շատ ան­գամ Աս­տու­ծոյ հոգին կ’ու­զէ փո­խել մեր ուղ­ղու­թիւնը եւ մեզ ու­րիշ տեղ ղր­կել:

Պօ­ղոս առաք­եալ թէ­եւ զգա­յուն էր Սուրբ Հոգի­ին ձայ­նին, բայց Աստ­ուած անոր ուղ­ղու­թիւնը փոխեց: Աստ­ուած շատ ան­գամ հա­կա­ռակ կը կե­նայ մեր ծրա­գիր­նե­րուն, բայց պէտք է զգա­յուն ըլլանք, որ կա­րե­նանք զա­նա­զա­նել Անոր ձայ­նը:

Աստ­ուած ծրա­գիր ու­նի մե­զի հա­մար, պէտք է նո­րոգ­ուին մեր մըտ­քե­րը, փոխ­ուի մեր բնաւորութիւնը: Ան կ’ու­զէ, որ մենք, իբ­րեւ հայ ազգ,  պտ­ղա­բե­րինք, անոր հա­մար ալ  պէտք է փոխ­ուին մեր նկա­րագ­րա­յին բա­ցա­սա­կան կող­մե­րը: Միշտ ալ կր­նանք փոխ­ուիլ. բո­լոր այն գէշ պայ­ման­նե­րը, որոնց մէջ կ’ապ­րինք, մեր կոփ­ուե­լուն հա­մար են: Ան կ’ու­զէ մեզ յղ­կել, որ գեղեցկանանք:

Իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի մէջ ոսկիի հանք մը կայ, որ մենք չենք տես­ներ, պէտք է այդ ոսկի­ին վրայ դարձ­նենք մեր ու­շադ­րու­թիւնը: Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւնը պի­տի տես­նենք մար­դոց մէջ, երբ նայինք անոնց դրա­կան կէ­տե­րուն:

Աս­տու­ծոյ հո­գին նուրբ եւ զգա­յուն հո­գի է. երբ  կոշ­տու­թեամբ վար­ուինք մար­դոց հետ, Ամենակալին  հո­գին կը տրտ­մի:

Աստ­ուած կ’ու­զէ շի­նել եւ վե­րա­կա­ռու­ցել մեզ` նախ իբ­րեւ ան­հատ, ապա` իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ եւ ազգ:

Ի՛նչ դրա­կան բա­նի մա­սին, որ մտա­ծենք, անի­կա պի­տի իրա­կա­նա­նայ: Եթէ ձա­խո­ղու­թեան մա­սին մտա­ծենք, պի­տի ձա­խո­ղինք, յա­ջո­ղու­թեան մա­սին եթէ մտա­ծենք, պի­տի յա­ջո­ղինք:

Աստ­ուած ինք պի­տի գոր­ծէ  մեր տե­ղը, եթէ Սուրբ Հո­գին ու­նե­նանք:

Պետ­րոս Յի­սու­սը ու­րա­նա­լէն տա­կա­ւին  քա­նի մը վայրկ­եան առաջ կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ո՛ւր որ եր­թաս, ետե­ւէդ պի­տի գամ». բայց հա­կա­ռակ Պետ­րո­սի ու­րա­ցու­մին` Յի­սուս անոր ձա­խո­ղա­ծի աչ­քով չնայե­ցաւ, որով­հե­տեւ տա­կա­ւին Սուրբ Հո­գին չէր ստա­ցած: Բայց յե­տոյ ան կր­ցաւ  Աւե­տա­րա­նը վկա­յել 3000 հոգիի:

Երբ ձա­խո­ղինք, Աստ­ուած մեզ դարձ­եալ կ’ար­ժե­ւո­րէ, քա­նի որ մենք գո­յու­թիւն ու­նինք այս աշխար­հի վրայ, որ Աս­տու­ծոյ երազ­նե­րը իրա­կա­նաց­նենք, ոչ թէ` մար­դոց կամ այս աշ­խար­հին պատ­կա­նող բա­ներ:

Շատ մեծ տար­բե­րու­թիւն կայ ին­ծի` մար­դոց նա­յե­լուն եւ Աս­տու­ծոյ նա­յե­լուն մի­ջեւ: Ինչ­պէս որ Դա­ւիթ իր եղ­բայր­նե­րուն մէջ կրտ­սե­րը ըլ­լա­լուն հա­մար չբեր­ուե­ցաւ, որ զինք ընտ­րէ­ին, եւ նկա­տի չէ­ին առած զինք, բայց Ան Աս­տու­ծոյ աչ­քին ապա­գայ թա­գա­ւոր էր:

Աս­տու­ծոյ մե­զի հան­դէպ ու­նե­ցած սէ­րը պի­տի լծէ մեզ գոր­ծի:

Աս­տու­ծոյ գոր­ծը առանց քե­զի կամ ին­ծի` կի­սատ կը մնայ, չ’ամ­բող­ջա­նար: Մենք կանչ­ուած ենք  վե­րա­կանգ­նե­լու եւ վե­րա­շի­նե­լու թըշ­նամի­ին կամ չա­րին աւե­րածն ու քան­դա­ծը: Մենք  Աս­տու­ծոյ տե­սիլ­քին եւ թա­գա­ւո­րու­թեան ան­դամ­ներն ենք: Աստ­ուած պի­տի գոր­ծա­ծէ մեզ նա­եւ իր թագաւորու­թիւնը կա­ռու­ցե­լու հա­մար: Պի­տի բա­նայ Ան մեր հոգի­ին աչ­քե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նանք տես­նել ան­տե­սա­նե­լին: Երբ իր քայ­լե­րուն հետ ըն­թա­նան մեր քայ­լե­րը, մե­զի հա­մար իր պահ­ուած գաղտ­նիք­նե­րը պի­տի բա­նայ: Քա­նի որ մենք գո­յու­թիւն ու­նինք այս աշ­խար­հի վրայ Աս­տու­ծոյ երազ­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Մարիանա Պերթիզլեան–Ղազարեան