Լսելն ու ականատես ըլլալը որքան տարբեր բաներ են: Աբովեան քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մասին հիասքանչ արտայայտութիւններ լսած էի, թէ՛ կառոյցի, խաչքարային քանդակներու, եւ թէ սրբապատկերներու ու գմբեթի պատկերազարդ «ներկայութեան» մասին: Անցեալ տարուան Մայիսեան տօնական օրերուն, երբ հայրենիք կը գտնուէի մեկնեցայ նաեւ Աբովեան քաղաք` տեսնելու համար հրաշափառ տաճարը:
Առաջին իսկ հայեացքով, գմբեթը ինծի թուաց թէ գերերկրային ներկայութիւն մըն է: Երկնակամարը պահ մը ներքեւ` իմ մօտս իջաւ, որպէսզի կարենամ հաղորդուիլ հզօր ծածկոյթին հետ: Սերովբէներ, Քերովբէներ լուսապսակներով, մականներով վեր փոխադրեցին զիս: Թէ որքա՛ն մնացի երկնասլաց հրեշտակագունդերուն հետ դժուար էր ըսել: Եկեղեցւոյ գաւիթին մօտ սպասող ընկերակիցներս անդրադարձուցին, թէ շատ երկար էր…
Աղօտ յիշողութեանս մէջ սակայն տարուան մը հեռաւորութենէն անջինջ դրոշմուած փայլատակումներ մնացին, որոնք բնաւ պիտի չջնջուին մտքէս, մանաւանդ հոգիէս այնքան ատեն որ կենդանի եմ:
Ոսկեգոյն ետնապատկերէն հրեշտակները ակնդէտ կը հսկէին` այնպէս ինչպէս երկինքէն` որուն հետ միաձուլուած այս քնքուշ, բայց մանաւանդ զօրեղ ու հուրհրատող էակները իջած ըլլային կարծէք զիս իրենց հետ վեր փոխադրելու:
Ջերմ ու ժպտացող զուարթուններ կենդանի էին ու իրական: Այո՛, պայծառ ծիրանիներով, մուգ կարմիր ու կապոյտ հանդերձներով, կենդանարար կանաչով, ջերմ ու ազնըւագոյն հզօր թագաւորի մը պալատը կը փոխադրէին զիս` մտերմիկ երկնային ժողովի մը մասնակից դարձնելու: Անոնք նուրբ ու բարակ ձեռքերով, նուրբ բարի, երկրին չհըպած ոտքերով, օգնութեան ու արդարութեան համար հասնող մականներով, լուսապսակներով, գոյնի եւ լուսաստուերի ներդաշնակ համադրումով դրախտային ոլորտ մը կը ստեղծէին երկրի վրայ, ոտքերուս հպած այն երկրին, որ նախադրախտն էր արդէն: Երկնային նոր տիրապետութիւն մը, սեփականութիւն մը ներքին նոր թագաւորութիւն մը ստեղծելու իջած ըլլային կարծէք:
Պրպտումներէս կ՛իմանամ, թէ Երեւանի ծնունդ սրբանկարիչ Հայկ Սարկաւագ Ազարեան Երեւանի Թերլեմէզեանի անուան նկարչական ուսումնարանն ու Էջմիածնի ճեմարանը աւարտելէ ետք, կ՛աւարտէ Պուխարեսթի եկեղեցական նկարչական դպրոցն ու Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան Ֆակուլտետի Վերականգնումի բաժինը, այնուհետեւ կը պաշտպանէ իր թեկնածուական աւարտաճառը` «Սրբապատկերի Աստուածաբանութիւնը» թեմայով:
Ետքը կ՛իմանամ նաեւ որ ոչ միայն Աբովեան Քաղաքի հրաշալի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ սրբապատկերներն ու որմնանկարներու հեղինակն է Հայկը, այլեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Աննա նորակառոյց եկեղեցւոյ սրբապատկերները ստեղծողն է, արուեստագէտ` Հայկ Ազարեան, որ նոր եւ ինքնուրոյն շունչ բերելով հանդերձ մեր նորօրեայ եկեղեցական գեղանկարչութեան, նաեւ պահպանած եւ յարգած է պատկերագրական բոլոր կանոնները: Իր բոլոր գործերը սերտօրէն կապուած են համաքրիստոնէական եւ հայկական եկեղեցական սրբանկարչութեան աւանդոյթներուն եւ արուեստին հետ:
Կիլիկեան արուեստը քանի որ մաս կը կազմէ միջերկրականի աւազանի Բիւզանդական արուեստին, հայկական արուեստին մէջ, (Դեհիսիս)ին կը հանդիպինք շատ վաղուց, միջնադարեան նկարչութեան մէջ: Թէեւ սրբապատկերներու օրինակները սակաւաթիւ են, սակայն ամէնէն յատկանշականներէն է, Տաթեւի Սուրբ Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ սրբապատկերը (930 թուական): Աւելի ուշ Կեչառիսի գլխաւոր եկեղեցին (1051 թ.), Հաղբատի Սուրբ Նշան եկեղեցին (1215 թ.), Քոբայրի եկեղեցին (1282 թ.): Ուրեմն հայկական գեղանկարչութեան մէջ տասներորդ դարէն սկսեալ արդէն իսկ ունէինք Դեհիսիսը` Քրիստոսի, Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտչի մասնակցութեամբ:
Դեհիսիսի թեման նոյնպէս ոգեշնչած է Հայ մանրանկարիչները: Թորոս Ռոսլին նկարազարդած է Մալաթիոյ Աւետարանը 1267-ին եւ Կեռան թագուհիի Աւետարանը 1272-ին: Այս պատկերներուն եւ ընդհանրապէս Դեհիսիսի մէջ Քրիստոսը միշտ գահին բազմած պատկերուած է, իսկ Անոր երկու կողմերը Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկըրտիչին փոխարէն Եղիան եւ Մովսէսը զետեղուած են:
Ռումանիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցին զարդարող Դեհիսիսը Հայկ Սարկաւագ Ազարեան պատկերած է որպէս նուէր Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին:
Թեման կը ներկայացնէ փրկչին երկրորդ գալուստը` Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտչի ուղեկցութեամբ: Պատկերին մէջ Քրիստոս նստած է իր գահին վրայ, Աջով կ՛օրհնէ, իսկ Ձախ ձեռքին ունի ականազարդ Աւետարանը:
Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ զուարթունները պատճառ կը դառնան, որ աչքերուս առջեւ պարզուի նոր համայնապատկեր մը: Աւելին` սրբավայր մը, որուն բանալին սարկաւագ Հայկ Ազարեանի մօտ կը գտնուի:Հոն մտնելով ականատեսը կ՛ըլլաս նորաոճ, բայց արեւելեան յատուկ բոյրով օծուն ու հայկական վրձինին յատուկ նորանոր յայտնագործումներու, այլ խօսքով` ոգեղէն զգլխիչ խրախճանքի մը:
Մարիանա Պէրթիզլեան–Ղազարեան