ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
Լոյս տեսաւ, 2022-ի դեկտեմբերին, Վրէժ-Արմէնի առցանց նոր հատորը, որ 65 տարուան վրայ գրուած յօդուածներու ժողովածու մըն է՝ կեդրոնացած գրքերու վրայ։ Հատորը ունի 67 գրութիւններ, երկուքը անտիպ՝ բաժնուած հինգ գլուխներու՝ ժամանակագրական խմբաւորումներով։ Համագումար՝ 400 էջ։
Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն ան գրած է յատկապէս երկու տեսակի գրքերու մասին. «առաջին՝ ընկերային-գաղափարական հարցերու նուիրուած, մանաւանդ գրուած ոչ հայերու կողմէ, սակայն անպայման մեզ հետաքրքրող նիւթերով, որոնցմէ կրնանք ներշնչում մը կամ դաս մը քաղել, եւ երկրորդ՝ մեր հայրենիքին մէջ տիրող խորհրդային կարգերու անմարդկային իրավիճակները հաղորդող վկայութիւններու, նման վկայութիւններ պարունակող գրական յուշագրութիւններու, քանի որ այդ տարիներուն էր, որ լեզուները սկսեր էին բացուիլ»։ Այդ տեսակ գրախօսականներու կամ ակնարկներու եւ ուրիշ այլազան գրքերու, կամ ընդհանրապէս գրքի առնչուած հարցերու նուիրուած յօդուածներու կողքին, «ընդգրկուած են նաեւ պատումներ, յուշեր, օրագրային բնոյթի թէ նորավիպային, ինչպէս նաեւ երգիծական էջեր, հարցազրոյցներ ու դասախօսութիւններ», որոնք ընթերցողին հետ կը բաժնեն «գրքերու հանդէպ ունեցած սէրս, հետաքրքրութիւնս ու ապրումներս»,– կ’ըսէ ան։
Գիրքը ճոխացած է Անահիտ Աբրամեանի գեղանկարչութեամբ, իսկ յօդուածներուն ընդհանրապէս կ’ընկերանան ոչ միայն գրախօսուող գրքերու կողքերուն եւ հեղինակներուն նկարները, այլեւ բովանդակութեան մաս կազմող բազմաթիւ նկարներ ալ՝ արուեստի գրքերու պարագային։
Այս հատորը Վրէժ-Արմէն ձօնած է իր կողակցին՝ Նազիկ Գուլաքեան Արթինեանին։
Հեղինակին այս ու անոր նախորդած 13 առցանց հրատարակուած հատորները մատչելի են ընթերցողին այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com/ «Գիրքեր» բաժինին մէջ,: Իսկ «Անտիպ» բաժինին մէջ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը ։