ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Որոշ է բոլորին համար, եւ յատկապէս մեր ընթերցողներուն համար, թէ Հայաստանի մէջ կը շարունակուի վերջին շրջանին ստեղծուած քաղաքական եւ ժողովրդային արտայայտութեանց ձգտուած եւ ելեկտրականացած խիստ տագնապալից մթնոլորտը: Առօրեայ զարգացումներուն լրջօրէն հետեւողներուն համար ակնյայտ է մանաւանդ թէ ստեղծուած կացութեան մէջ բուռն կերպով կատարուող արտայայտութիւններուն մէջ կան բազմաթիւ տուեալներու նկատմամբ հակասական հաստատումներ:
Այս պայմաններուն տակ խմբագրութիւնս որոշած է առայժմ, այս սիւնակներուն մէջ տեղ տալ տարբեր կեցուածքներ դրսեւորող յօդուածներու, առանց յատուկ մեկնաբանութեան, մինչեւ որ կացութիւնը Հայաստանի մէջ ստանայ առարկայական յստակ տուեալներով բացատրուած նկարագիր, ինչ որ կը բացակայի այս հանգրուանին:
Հետեւաբար որոշ է թէ խմբագրութիւնս, այս յօդուածները կը հրատարակէ առ ի տեղեկութիւն: Կ’ակնկալենք որ շուտով կացութիւնը բաւականաչափ պարզուի եւ մեր խմբագրական սիւնակով կարենանք ձեզ տալ արդար եւ տեղին վերլուծումներ:
«ԱՊԱԳԱՅ»
Սրբազանը հեռու չէ, ընդամէնը քանի մը օր պարզորոշ կը դառնայ, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն ՝Գերշ. Տ. Բագրատ արք. առաջնորդած շարժումը դէպի որ կողմ պիտի թեքի։
Խօսքը միայն քաղաքական մօտեցումներուն կամ ընկալումներու մասին չէ անշուշտ, այլ շարժումի իրական ճակատագրին մասին, որ բոլոր առումներով կարեւոր պիտի ըլլայ մեր երկրին համար։
Եթէ այս շարժումը «կոտրուի», մարդիկ պիտի հասնին այն եզրակացութեան, որ ներկայ փուլին անհնարին է Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնել։
Անշուշտ շարժումի ճակատագրին շուրջ կէտեր դնելու, կամ մտորումներ արտայայտելու փուլէն առաջ շատ կարեւոր է հասկնալ, որ Բագրատ Սրբազան հակառակ առկայ ներքին ամէն տեսակի անորոշութիւններուն եւ նոյնիսկ տարակարծութիւններուն, կարողացաւ մէկ յարկի տակ հաւաքել բոլոր այն ուժերը, որ հրապարակի վրայ կը ներկայանան, որպէս քաղաքական ուժ եւ ունին իրենց ուրոյն տեսակէտներն ու մօտեցումները։
Սա ինքնին կարեւոր նուաճում մը պիտի համարել, եթէ հաշուի առնենք անցնող աւելի քան երեք տարուան ընդհանուր իրականութիւնը եւ մեծ պատկերը։
Ճիշդ է, որ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտը համալրած կողմերը փորձեցին տարբեր ձեւաչափերու պայքար մը առաջ տանիլ, բայց եւ այնպէս այդ ուժերէն ոչ մէկը կարողացաւ այնքան հանրոյթ հաւաքել, որքան Բագրատ Սրբազանը անցնող Մայիսին տեղի ունեցած մեծ հանրահաւաքին։
Այս բոլորին կողքին աւելի քան պարզ է, որ Հայաստանն այսօր չունին ներքին-քաղաքական «խաղաղ» եւ համերաշխ կեանք մը ու ատով իսկ արդէն բաց պատգամ մը կը հասցուի վարչապետ Փաշինեանին, որ ի տարբերութիւն անցեալ փուլերուն այլեւս չի վայելերէ անցեալ փուլերուն իր ունեցած մեծ ժողովրդականութիւնը։
Չի բացառուիր անշուշտ, որ եթէ արմատական ընդդիմութիւնը, փորձէ անգամ մըն ալ հրապարակներու հարթակները գրաւել, իշխանութիւնը եւ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանը փորձէ օգտուիլ այդ իրավիճակէն ու այդպէսով ալ իր դիրքերը բարելաւելու նայիլ, բայց հոս եւս աւելի քան պարզ ու յստակ սկսած է դառնալ, որ այսօր հրապարակը «գրաւած» հանրութիւնը, երբեք պիտի չուզէ երկու բան։
Նախ այն, որ Փաշինեան, որպէս վարչապետ շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ երկրորդ, որ մօտիկ անցեալին իրենց անուններն ու երեսները «սպառած» դէմքերն ու գործիչները, այս անգամ ալ «օդապարիկներ»ով գան ու հասնին Երեւանի գլխաւոր՝ Հանրապետութեան հրապարակ։
Անշուշտ այս բոլորին առընթեր կայ որոշիչ դեր մը, որ վստահուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցիին, որուն գլխաւոր դէմքը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ունի եւ պիտի ունենայ կեդրոնական եւ ուղենշային խօսքը։
Այս ընդհանուր ուղղութիւնն անշուշտ անվրէպ կերպով Բագրատ Սրբազանի ուշադրութեան կիզակէտին է, որովհետեւ Սրբազանին կողմէ եղած վերջին յայտարարութիւնները արդէն իսկ ցոյց կու տան, որ ընդհանրական բնոյթ կրող հաւաքները ունին որոշակի ժամկէտներ, որոնցմէ ետք ալ աւելի յստակ պիտի դառնայ թէ ինչ հունով պիտի ընթանան գալիք գործողութիւնները։
Սրբազանը եւ անոր աջակիցները, որոնք մեծ հաշուով ակնարկութիւններ կը կատարեն Խորհրդարանին մէջ իրավիճակ մը փոխելու մասին, որուն ճամբով ալ Փաշինեան պիտի կամ պէտք է պաշտօնազրկուի, երեւի թէ ունին որոշ վստահեցումներ, որ այդ մօտեցումով առհասարակ կարելի պիտի ըլլայ ընդդիմադիր պատգամաւորներու հանրագումարին աւելցնել որոշ պատգամաւորներ ու պաշտօնանկութեան գործողութիւնը առաջ տանիլ։
Շատեր այս մտքին կամ գաղափարին ակնարկելով նկատել կու տան, որ այդ մէկը ընդհանրապէս անկարելիութիւն մըն է, սակայն նոյն այդ մարդիկ կը մոռնան կամ մոռացութեան կուզեն տալ թուականին ստեղծուած իրականութիւնը, ուր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան որ մինչեւ որոշակի տեղ մը ինքզինք շատ «ապահով» կը համարէր, յանկարծ «սայթաքեցաւ» ու ապա շատ արագ կերպով տեղի տուաւ ու ներկայացուց իր հրաժարականը։
Հաստատակամութեան շեշտերով չէ, որ այս կամ նմանատիպ վարկածներ կարելի է հունաւորել կամ առաջ քաշել, բայց եթէ կը խօսինք քաղաքական կեանքի, այդ կեանքի բաղկացուցից որոշակի դրուագներու, կապակցութիւններու կամ նրբերանգներու մասին, ապա անպայման հաշուի պէտք է նստիլ «անակնկալներու գործօն»-ին հետ։
Բաց աստի յստակ է նաեւ, որ Բագրատ Սրբազան եւ անոր համախոհները իրենց առաջ տարած առաջադրանքին առընթեր կը շարժին բաւականին ինքնավստահ եւ խաղաղ քայլերով, ու հոնկէ է, որ պէտք է ճիշդ հասկնալ ու ճիշդ ընկալել առաջիկայ 26 Մայիսին տեղի ունենալիք մեծ հանրահաւաքին «թայմինկ»ը ու նաեւ այդ ժամանակացոյցէն բխող վճռականութիւնը, որ կրնայ հանգեցնել աւելի մեծ, աւելի ծանր եւ աւելի բեկումնային քայլերու։
Այս բոլորի լոյսին ներքով աւելի քան պարզ է իշխանութեան ձեւով մը «բասիվ» ( գաղջ) մօտեցումները, որոնք կրնան խօսիլ երկու վարկածներու մասին։ Կամ այն է, որ իշխանութիւնները եւ յատկապէս Փաշինեանն ու ներքին փակ-օղակը կը թերագնահատեն այս շարժման արդիւնաւէտութիւնը, կամ ալ անոնք ունին ներքին ժամանակացոյց մը, որ կրնայ բանիլ ու գործել միայն այն պահուն, երբ իրողապէս վտանգուի վարչապետի աթոռը։
Բաց աստի կան նաեւ տարբեր մակարդակի վարկածներ, որոնք կը յուշեն, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կերպով մը «յոգնած» է Փաշինեանէն ու յարմար ատենի մը նոր խաղաքարտեր մէջտեղ հանելու ճիգով պիտի փորձէ ամէն գնով «ճարել» նոր վարչապետի մը անունը, յայտարարել այդ մասին ու այդ կերպ ալ Փաշինեանը խաղէն դուրս հանել։
Ամէն պարագայի տակ այս գործողութիւնները կամ գործընթացները բոլորն ալ սպասելի են ու անոնց համալրումը սարերու ետին չէ, պայմանաւ, որ Բագրատ Սրբազանին յաջողուի ամէն գնով հաւաքել վերջին մեծ հանրահաւաքի մասնակցութիւնէն աւելի ստուար մասնակցութիւն մը, որ իրողապէս շատ բան կրնայ փոխել Հայաստանի ճահճացած քաղաքական դաշտին մէջ։
Այստեղ հարկ է նաեւ հաշուի նստիլ Հայաստանի մէջ գործօն հանդիսացող արտաքին ազդակներուն հետ, որոնցմէ շատ շատերը յայտնուած են բախման սուր փուլի մը մէջ եւ տեղ մըն ալ կը սպասեն Հայաստանի ներքին քաղաքական համապատկերի ընդհանուր բիւրեղացման։
Սագօ Արեան