ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ
Եգիպտահայ գաղթօճախի երկարամեայ ղեկավար դէմք՝ Պերճ Թէրզեանի համադրած եւ հովանաւորած այս հրատարակութիւնը գուցէ առաջին քայլ մըն է Սփիւռքահայ վաստակաշատ կրթական մշակ՝ Տիգրան Պապիկեանի յապաղած արժեւորումին: Անկասկած, սփիւռքահայ տարեգրութեան մէջ կրթական պատկառելի մշակներու շարքին արժանաւորապէս պէտք է դասուի Տիգրան Պապիկեանի անունը, որ արժանի է աւելի համապարփակ եւ ամբողջական կերպով ներկայացուելու մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս մտաւորականութեան:
64 էջերու մէջ, այս գրքոյկի հեղինակը կը ներկայացնէ նախաճաշակ մը ամբողջ 40 տարիներու ընթացքին Եգիպտահայ տիպար ու անխոնջ կրթական մշակին վաստակին մասին, մեծ մասամբ հիմնուած մեծ դաստիարակին քառասնամեայ յոբելեանին (5 Մայիս 1975) առիթով կատարուած գրութիւններու եւ բանախօսութիւններու վրայ:
Տիգրան Պապիկեանի մասին կենսագրական նօթերէն կը տեղեկանանք թէ ան ծնած էր Կոստանդնուպոլիս 1908-ին, բնիկ Վասպուրականցի ծնողներէ եւ 1913-ին իր ծնողաց հետ վերջնական կերպով հաստատուած էր Գահիրէ, ուր Գալուստեան վարժարանին մէջ աշակերտած էր Գրիգոր Կիրակոսեանի, Յակոբ Օշականի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեանի եւ հոյլ մը այլ հռչակաւոր մտաւորականներու որոնք Գալուստեան Վարժարանը վերածած էին կրթական պատկառելի օճախի մը: Փայլուն շրջանաւարտութենէ ետք, չորս այլ երիտասարդներու հետ, շնորհիւ Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ ուրիշներու ջանքերուն, Տիգրան Պապիկեան կ’ուղեւորուի Ֆրանսա, ուր Էքս-ան-Բրովանսի ուսուցչանոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կը մասնագիտանայ գիտութեան եւ մաթեմադիկայի մէջ, վայելելով ջերմ հոգածութիւնը Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանի:
1933-ին Գահիրէ վերադառնալով կը նուիրուի Գալուստեանի մէջ ուսուցչութեան եւ տեսչական պաշտօններու ու արագօրէն հիմնական կերպով կը բարեփոխէ ուսման ընթացքը զայն մտցնելով նոր հունի մէջ: 1942-ին, Տնօրէն Լեւոն Թաշճեանի անակնկալ մահէն ետք կը ստանձնէ ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը: Յստակօրէն կը զանազանուին մանկապարտէզի երեք կարգերը, նախակրթարանի բաժինը վեց կարգերով եւ բարձրագոյն երեք կարգերը: Հայագիտութիւնը կը հաստատուի, աշակերտները կը պատրաստուին արաբական «աատատիա»ի, անգլիական GCE-ի, Ֆրանսական Պաքալորիայի, Ամերիկեան Համալսարան մուտքի քննութեանց: Տասնեակ մը շրջանաւարտներ Հայաստանի մէջ շարունակեցին մասնագիտական կրթութիւնը եւ ուրիշներ Ֆրանսայի մէջ:
Կարելի չէ այս սեղմ տողերուն մէջ արդարօրէն ներկայացնել Տիգրան Պապիկեանի նոր դասագիրքերու պատրաստման, կանոնաւոր դասաւանդութեան (Գալուստեան եւ Նուպարեան դպրոցներուն մէջ), ներքին բարեկարգումի (հանդիսասրահ, գիտական աշխատանոց, մատենադարան, Շուպրայի մասնաճիւղ, նոր օթոպիւսներ), աշակերտներու թիւի մինչեւ 800-ի բարձրացման, Ուսումնական Խորհուրդի մը կազմութեան, դասախօսութիւններու, քննական ճամբորդութիւններու եւ այլ անձնուէր գործութիւններուն մասին:
Այս գրքոյկը հինգ էջ տրամադրած է Տիգրան Պապիկեան տիպար դաստիարակին կողմէ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ընդհանուրի ուղղուած իմաստուն խօսքերու, իսկ մօտ 20 էջ ալ իր վաստակի Քառասնամեայ Յոբելեանի հանդիսութեան: Հետաքրքրական ներկայացում մը կայ Հայաստան ներգաղթած խումբ մը Գալուստեանցիներու, որոնք Հայրենիքի մէջ բարձր պաշտօններու հասած են, եւ իր քառասնամեայ յոբելեանին առիթով ուղարկած են սիրազեղ շնորհաւորական գրութիւն մը, միացնելով իւրաքանչիւրին ստորագրութիւնը: Յիշենք 16 ստորագրողներէն մի քանին. Գոհար Գասպարեան, Գեղամ Բարսեղեան, Նուպար Պօյաճեան, Օննիկ Փիւրումեան, Յարութիւն Տատուրեան եւ ուրիշներ:
Յ. Ա.