Տիրան Լոքմակէօզեան. «Բնաւ գաղտնիք չէ, որ թուրք մտաւորականութիւնը Հրանդ Տինքը առանձին թողուց»

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի հարցերուն կը պատասխանէ բնիկ՝ պոլսեցի եւ վերջին առնուազն տարիներուն Երեւան հաստատուած հմուտ թրքագէտ՝ Տիրան Լոքմակէօզեան

-Պրն. Լոքմակէօզեան օրեր առաջ նշեցինք Հրանդ Տինքի անարգ սպանութեան 15-րդ տարելիցը։ Եւ ցայսօր նահատակի սպանութեան գործի ամբողջական ծալքերը չեն բացայայտուած: Ի՞նչ է պատճառը։

Պատճառը շատ պարզ է, եւ յստակ է, որ այն կողմերը, որոնք կանգնած են այս սպանութեան ետին ամէն ինչ կընեն արգելք հանդիսանալու սպանութիւնը պատուիրած կողմի բացայայտման։ Սկզբնական շրջանին երեք հոգի ձերբակալուեցան, մէկը մարդասպանն էր, երկրորդը՝ ատրճանակ տուողը եւ պատրաստողն ու հրահրողը, իսկ երրորդը արդէն լուրջ անձնաւորութիւն մըն էր՝ ոստիկանական գործակալ էր: Չնայած, որ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ այս անձը շատոնց իրենց հետ կապ չունի, սակայն այն փաստը, որ ան շատ շուտ ազատ արձակուեցաւ եւ չդատուեցաւ ցոյց տուաւ որ ինք կարեւոր մարդ մըն էր եւ զինք «չզոհեցին»: Ամէնէն մեծ պատիժը ստացաւ միջանկեալը, որ հրաhրողն էր, որովհետեւ ոչ մէկուն պէտք էր, սրիկայ մըն էր, եւ ցկեանս բանտարկուեցաւ, իսկ մարդասպանը, որ 18 տարեկան չլրացուցած «պատանի» մըն էր, որուն պէս Թուրքիոյ մէջ հազարներով կարելի է գտնել…։ Օկիւն Սամասթ աղքատ ու անգործ ընտանիքի մը զաւակն էր, սկիզբը տեսանք թէ դալկահար նիհար «երեխայ» մըն էր, իսկ դատավարութենէն ետք արդէն թանկ հագուստներ ու ակնոցներ կը կրէր: Բանտին մէջ զինք «ամուսնացուցին» եւ իր ապագայ կեանքը հաստատ ապահովուած է հիմա: Ես այն ատեն ըսած էի, եւ հիմա 15 տարի ետք նորէն կ’ըսեմ, թէ առաջին քայլը եթէ մարդասպանն է, երկրորդը հրահրողը, երրորդը՝ ոստիկանութիւնէ, ուրեմն երբ երրորդ քայլով արդէն հասանք պետութեան, հետեւաբար այս գործողութիւնը երբեք չի բացայայտուիր, որովհետեւ ակնյայտ եղաւ որ ասոր ետեւը ով կանգնած է: Ի հարկէ պետութիւնը եւ ոչ կառավարութիւնը, որովհետեւ այն ատեն կառավարութիւնը կը ղեկավարէր էրտողան, որուն այնքան ալ յարիր չէր այս խնդիրը: Բայց որովհետեւ Էրտողանն ալ հետագային փոխեց իր քաղաքականութիւնը եւ խորքային պետութեան հետ սկսաւ սերտ կապեր ունենալ, հետեւաբար իր կողմէն ալ եղածը երբեք պիտի չբացայայտուէր։Դատավարութիւններուն ընթացքին եղան փուլեր, ուր կը թուէր թէ Էրտողան կ’երթար դէպի բացայայտում, ձերբակալուեցան լուրջ մարդիկ, բայց շատ արագ անոնք ալ «մաքուրի ելան»։ Այս օրերուն դատավարութեան 117-րդ նիստն ալ կայացաւ եւ ոչ մէկ բան փոխուեցաւ այս առումով:

 

– Եթէ հաշուի առնենք որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը քաղաքական խորք ունէր, ինչ վտանգ կը ներկայացնէր ան, մանաւանդ, որ ան բացառապէս գրիչի մարդ էր։

Գրիչը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ միշտ աւելի մեծ վտանգ եղած է քան զէնքը, անշուշտ պետութեան համար, որովհետեւ այդ գրիչները Թուրքիոյ հիմքերն կրնան շարժել։ Եւ Հրանդ ալ իր ներկայութեամբ եւ խօսքով այդ է, որ կ՚ընէր. այլ խօսքով Թուրքիոյ հիմքերը կը շարժէր։

Հրանդ չսպաննուեցաւ, որովհետեւ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսէր, ան շատ ուրիշ նիւթերու մասին ալ կը խօսէր: Եւ ինչպէս ան ըսած էր անգամ մը «ես բոլոր ճնշուածներուն դատը կը պաշտպանեմ, ոչ միայն հայուն որովհետեւ ես հայ եմ, այլ նաեւ յոյնին, գնչուին, նոյնիսկ թուրքին եթէ ճնշուած է»:

Ան սպաննուեցաւ որովհետեւ Թուրքիոյ պետութիւնը նման վիճակներու կարիքը ունի: Թուրքիոյ պետութիւնը այնպիսի կառոյց մըն է, որ թշնամիի կարիքը ունի, ըլլայ ներքին եւ կամ արտաքին թշնամի։ Թուրքիան անով կ’ապրի ու իր գոյութիւնը կը պահպանէ, եթէ թշնամիի այդ կերպարը չըլլայ, չի կրնար տարբեր ազգութիւններու պատկան մարդոց «գոնթրոլ»ի տակ պահել: Բայց երբ կը սկսիս ճշմարտութիւններ բացայայտել, կամ ազգութիւններու մասին խօսիլ, այն ժամանակ կամաց- կամաց այդ պետութեան կառոյցը կը սկսի քայքայուիլ: ժամանակին Պոլսոյ ոստիկանապետներէն՝ Աղարին, որ շատ ազդու մարդ էր Թուրքիոյ մէջ, անգամ մը երբ լրագրողները կը ճնշէին զինք, որ խօսի, ըսաւ «ես չեմ կրնար խօսիլ, եթէ խօսիմ պետութեան հիմքերը կը քայքայուին, եթէ այս պատէն աղիւս մը դուրս քաշեմ ապա ամբողջ պատը փուլ կու գայ»: Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ թուրք գրողներ ու ազատամիտ մարդիկ ալ սպաննուած են, երբ հազիւ սկսած են պատէն աղիւս դուրս քաշել, նոյնը եղաւ նաեւ Հրանդին պարագային:

 

– Կ’ըսուի, որ իր սպանութեան հիմնական պատճառը, ոչ թէ ցեղասպանութեան մասին խօսիլն էր, այլ գրելը այն մասին, որ Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի որդեգրած դուստրը՝ Սապիհա Կէօքչէ հայուհի մըն է: Ինչքանով է այս վարկածը իրաւացի:

Ի հարկէ կան կամիր գիծեր ու «սրբութիւններ», որոնք կը պատկանին վերը նշածս այն պատին, որմէ եթէ աղիւս մը հանես կը փլի: Սապիհա Կէօքչէյի հարցը այդպիսին էր: Հրանդ ինձմէ խնդրեց, որ այս հարցով զբաղիմ, ես գտայ Սապիհայի մօրաքոյրը ու հետը հարցազրոյց ըրի ու ուղարկեցի Հրանդին: Սակայն դժբախտաբար Հրանդ իր միտքերը աւելցուց այդ յօդուածին վրայ ու նաեւ իր անունը աւելցուց: Այսինքն յօդուածը հրատարակուեցաւ Տիրան Լոքմակէօզեանի ու Հրանդ Տինքի անունով: Այդ մէկը վատ անդրադարձ ունեցաւ իր համար, որովհետեւ ինք այն ժամանակ արդէն երեւացող դէմք էր: Երբ այդ աղմուկ աղաղակը սկսաւ, 3 օր շարունակ Թուրքիոյ ամբողջ թերթերը ասոր մասին կը գրէին, եւ կը յիշուէր երկու յօդուածագիրներուն անունը: Բայց որովհետեւ Հրանդ Լոքմակէօզեանը Թուրքիոյ մէջ Տինքին նման ճանչցուած չէր, եւ անոր պէս ազգայնամոլներուն թիրախը չէր դարձած։ Իմ անունս երեք օր յետոյ դուրս մնաց եւ ամբողջ սլաքները ուղղուեցան դէպի ՝Հրանդ Տինք: Սակայն այս միայն մէկ կարմիր գիծ էր, ուրիշ բան ալ եղաւ Հրանդի դէմ, յատկապէս խորքային պետութեան ատելութիւնը գրգռող: Հրանդ խօսած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ չմահացածներու մասին, այսինքն անոնք, որոնք թրքացած, քրտացած կամ իսլամացած էին, եւ այս թեման այնպիսի հակազդեցութիւն ստացաւ, որ յետագային Հրանդ ինք գրեց թէ «փաստօրէն այս երկրին մէջ ողջերու մասին խօսիլը աւելի դժուար է քան մահացածներու մասին»: Այս ուժեղ հարուած էր Թուրքիոյ խորքային պետութեան դէմ, որովհետեւ ինք խօսելով ողջերուն մասին ըսել ուզած էր, որ քանի միլիոն թուրք որ այսօր կ’ապրի Թուրքիոյ մէջ, իրականութեան մէջ թուրք չէ այլ հայ է: Իմ կարծիքով, այո, Սապիհա Կէօքչէի մասին այդ յօդուածը ուժեղ հարուած էր, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ այդ կինը «սրբութիւններու սրբոց»ն էր, թուրք կնոջ տիպարը, սակայն այս երկրորդը թերեւս աւելի ուժեղ էր:

 

– Հրանդի հրաժեշտի պահը ցնցիչ էր, թէ Թուրքիոյ համար եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մանաւանդ փոքրամասնութիւններու կտրուածքով: Բոլորը կը պոռային մենք բոլորս Հրանդ ենք: Ո՞ւր են այսօր այդ մարդիկ: Հրանդի աւանդը ո՞ւր է այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ:

Ճիշդ հարցադրում է: Պէտք է ըսել նաեւ թէ ո՞ւր էին այն ժամանակ այն թուրք մտաւորականները, որոնք Հրանդին հետ էին: Երբ Հրանդ յօդուածով մը ըսած էր, որ «եթէ զիս ամբաստանեն թրքութիւնը վիրաւորելու մէջ, չնայած անոր որ ես որեւէ մէկուն ազգային տեսակէտով չեմ վիրաւորած, եւ եթէ այդպիսով ամբաստանեն, ես այն ատեն այս երկիրը կը ձգեմ ու կ’երթամ»: Թուրք մտաւորականները գրութիւնով հանդէս եկան եւ ըսին «մի երթար Հրանդ եւ մեզի մինակ մի ձգեր»: Բայց Հրանդը վերջաւորութեան մինակ մնաց, ո՞ւր էին այդ մտաւորականները, բացի «Հրա՛նդ Հրա՛նդ» պոռալէ, ինչ ըրին անոնք Հրանդը պաշտպանելու համար: Հրանդը միս մինակ մնաց եւ մինակ ալ նահատակուեցաւ:

Եւ ինչպէս ըսիք, ո՞ւր են այն հարիւր հազարները, որոնք կը գոչէին «մենք բոլորս Հրանդ ենք», սա ի հարկէ ժամանակաւոր խնդիր էր: Ճիշդ է շատ հայեր ոգեւորուեցան այն ատեն, մտածելով, որ Թուրքիոյ մէջ ինչ որ բան կը փոխուի, սակայն միամիտ էինք ինչպէս միշտ։ Ի միջի այլոց 100 տարի առաջ ալ մենք հայերս այդպէս մտածած ենք ըսելով, որ երիտ. թուրքերը եկան եւ թուրքը փոխուեցաւ, այս պարագային ալ մտածեցին թերեւս ինչ որ բան կը փոխուի Թուրքիոյ մէջ: Սակայն սպանութենէն մէկ շաբաթ յետոյ, Տրապիզոնի մէջ, ուրկէ եկած էր մարդասպանը, ոտնագնդակի խաղի ժամանակ, 10 հազարէ աւելի մարդիկ սպիտակ բուրդէ գլխարկ դրած էին ինչպէս մարդասպանը հագած էր, եւ բոլորը կը գոռային մենք բոլորս թուրք ենք, մենք բոլորս Օկիւն Սամասթ ենք, (մարդասպանին անունը): Ես այն ժամանակ ալ ըսած էի բոլոր այն միամիտներուն, որ մի յուսադրուիք 100-200 հազարով կամ նոյնիսկ մէկ միլիոն թուրքերով, որոնք «մենք Հրանդ ենք» գոռացին, որովհետեւ Թուրքիան կազմուած է 80 միլիոն մարդոցմէ, որոնք այդպէս չեն մտածեր:

 

– Հրանդ յաճախ քննադատած էր սփիւռքը ըսելով, որ մինչեւ երբ Ցեղասպանութիւնը առիթ պիտի դարձնենք օտար պետութիւններուն զայն շահագործելու: Եթէ Հրանդ այս օրերը տեսնէր, յատկապէս այս պատերազմէն ետք, արդեօք նոյն ոճով կը գրէ՞ր: Ի՞նչ կը կարծէք:

Ես կը կարծեմ այո՛, նոյն ոճով կը գրէր, որովհետեւ ինք այդ մտածելակերպը ունէր: Ան կ’ըսէր մենք մեզ դատապարտած ենք 1915 մեթրնոց փոսի մը մէջ մնալու, որմէ չենք կրնար դուրս գալ: Ան կը հաւատար, որ հայերը եւ թուրքերը օր մը լեզու կրնան գտնել, սակայն ի հարկէ ինչ պայմաններով, անոր մասին պէտք է խօսիլ: Այնուամենայնիւ այս երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան մասին եւ սահմանի բացման մասին, այո այսօր կը մտածէր նոյնպէս ինչպէս այն ժամանակ: Հրանդ ոչ թէ կրաւորական կեցուածք կ’ընդունէր, այլ ան երրորդ ճանապարհ մը ցոյց կու տար, որովհետեւ մենք հայերս մէկ կողմ կանգնած ենք, թուրքերը՝ միւս կողմ, մենք կ’ըսենք Ցեղասպանութիւն եղած է, թուրքերը կ’ըսեն ոչ չէ եղած, Հրանդը ցոյց կու տար երրորդ կողմ մը՝ ձգենք այդ եղած չեղածի կռիւը ու իրար հետ սկսինք խօսիլ տեղէ մը եւ յետոյ կամաց- կամաց կը հասնինք այդ Ցեղասպանութիւն եղած չեղածի խնդրին: Հրանդ հետաքրքիր միտք մը արծարծած էր նկատել տալով, որ 24 Ապրիլը մեզի համար Ցեղասպանութեան օր է, իսկ 23 Ապրիլը Թուրքիոյ մէջ ազգային յաղթանակի տօնական օր. ան առաջարկած էր երկուքին մէջտեղը գտնել 23,5 Ապրիլը ու անով ճանապարհուիլ ու իրար հետ սկսիլ խօսիլ: Երրորդ ճանապարհի մարդ էր եւ մասամբ երկու կողմերէն որոշ խումբերու համոզած էր: Թուրքերէն փոքր մաս մը հասկցած էր, որ այս մարդը հայ ազգայնամոլ չէ, այսինքն թուրքերուն դէմ չի խօսիր, այլ նաեւ թուրքերուն համար կը խօսի. հայերէն ալ մաս մը, որուն հետ Հրանդ շփուած էր, համոզուած էր, որ մեր դէմ չի խօսիր նաեւ թուրքերուն կողմէ չի խօսիր, այլ ուրիշ ճանապարհ մը ցոյց կու տայ եւ մասամբ ընդունած էին: Հրանդ աւելի ճանչցուած էր իր մտքերով եւ մասամբ աւելի շատ ընդունուած Թուրքիոյ մէջ քան Հայաստանի: Այստեղ մինչեւ իր մահը այնքան ալ ճանչցուած չէր: Հայաստանի մէջ Հրանդը ճանչցուեցաւ միայն իր մահէն յետոյ։

 

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի