Րոպէր Հատտէճեան Ադլանդեան Ովկիանոսի Արեւմտեան ափերուն կրնայ հանրածանօթ անուն մը չըլլալ, բայց իր գրական եւ լրագրական աւանդը զինք կը դասէ Հայ Մշակոյթի պատմութեան խոշոր սրբապատկերներու (icon) կարգին:
Յունուար 2016-ը կը նշէ իր կեանքի ջրաթափը (watershed), մինչ ան կը թեւակոխէ իր 9-րդ տասնամեակը, տակաւին ուժեղ կորովով, տակաւին արտադրելով եւ ստեղծագործելով առանց դադարի եւ անկասելի եռանդով:
Իսթանպուլի հայութիւնը նշեց այս նշանաւոր մարդուն 90-ամեակը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը եւս կը ձայնակցէին այդ տօնակատարութեան: Թէեւ իր գրական գործունէութիւնը սահմանափակուած է հայերէնի, իր ստեղծագործ կեանքը սակայն ազդած է ոչ միայն իսթանպուլի հայ համայնքին այլ նաեւ ամբողջ Սփիւռքին:
Հատտէճեանի զարմանահրաշ արտադրութիւնը կը դասաւորուի գրական եւ հրապարակագրական դասակարգերուն: Իր գրական եւ լրագրական տաղանդները զինք վերածած են ազգային իմաստուն ղեկավարի մը, որ առաջնորդած է Հայ համայնքը բազմաթիւ փորձանաւոր հանգրուաններէ այդ պատմական եւ խռովայոյզ շրջանի տարածքին: Նախ եւ առաջ, ան երեւելի գրող մըն է, որ արտադրած է ճամբայ հարթող արձակ գրականութիւն մը: Իր կեանքէն 70 տարիներ նուիրուած են հայ լրագրութեան, 50-ը որպէս «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ:
Աթաթուրքի կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր, երկիրը անցած է բազմաթիւ քաղաքական վերիվայրումներէ, իւրաքանչիւր փոփոխութիւն իր ազդեցութիւնը գործելով Հայ համայնքի կեանքին վրայ: Հատտէճեան հաստատեց թէ ինք եղաւ աւելի խոհեմ առաջնորդներէն մին, ապահովելով համայնքին ֆիզիքական ներկայութիւնը, նոյն ժամանակ պահպանելով անոր մշակութային ինքնութիւնը: Հակառակ Լօզանի 1923-ի դաշնագրին պայմաններուն, որոնք կ’երաշխաւորեն Թուրքիոյ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնքի ազատութիւնները, նոր հանրապետութեան սկզբնական օրերուն հայ համայնքային կեանքը վերածուած էր շնչահեղձ վիճակի մը: Ցեղասպանութենէն ետք, փոքրաթիւ հայ համայնք մը վերապրած էր Իսթանպուլի մէջ, վրէժխնդիր նայուածքներուն տակ ոխակալ թրքական իշխանութիւններուն , որոնք կը պարտադրէին ծանր սահմանափակումներ, ներառեալ գրական եւ լրագրական խիստ գրաքննութիւն մը:
Հայերուն պարտադրուած էր չքմեղանքի զգացում մը, թէ իրենք գրեթէ յանցաւոր էին որ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն ճակատագրին չէին ենթարկուած եւ չէին անհետացած երկրի վրայէն:
Այս մթնոլորտին մէջ եւ այս պայմաններու ներքեւ էր որ Հայ Համայնքը պէտք էր ձեւաւորէր իր կեանքը եւ զարգացնէր իր գրականութիւնը: Այս վիճակն էր որ առաջնորդեց վերացական գրականութեան մը եւ տեղափոխուած օտարացումի մը:
Մինչեւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ, Իսթանպուլը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի կեդրոն էր, ուր Հայկական ոգին կը ճախրէր Վարուժանի, Սիամանթոյի, Թէքէեանի, Զոհրապի եւ ուրիշներու տաղանդին ընդմէջէն: Բայց նոր ժամանակաշրջանին, սեղմումներուն պատճառով, միայն խորհրդապաշտական եւ գերիրապաշտական մթնոլորտ մը կրնար վերապրիլ առանց աւերումի:
Հայ գրողներու մարդկային եւ ընկերային կաշկանդումները պէտք էր անցընել տիեզերական բնաբաններու ընդմէջէն:
Եւրոպական գրականութիւնը որ կը «զտուէր» Թուրք գրողներու, ինչպէս՝ Նազիմ Հիքմէթի, Օրհան Վալիի գործերուն ընդմէջէն, եկաւ տիրապետելու նորաբողբոջ հայ գրականութեան – Հէնրի Պէրկսըն, Ալպեր Քամիւ, Ճան-Փօլ Սարդր եւ Թ.Ս. Էլեօթ, եղան տիպար օրինակներ երիտասարդ գրողներուն: Րոպէր Հատտէճեան այդ երիտասարդ տաղանդներէն մին էր: Ուրիշ խոստմնալից տաղանդներ, ինչպէս՝ Հայազն Գալուստեան, Կարպիս Ճանճիկեան, Զաւէն Պիպէռեան եւ Անթան Օզէր երկար չապրեցան՝ հիւանդութիւններու կամ տառապանքներու պատճառաւ զորս կրեցին մասնակցելով ձախակողմեան քաղաքական շարժումներու: Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի եւ Զահրատ բախտաւոր եղան եւ վերապրեցան ու շարունակեցին իրենց շօշափելի մասնակցութիւնը բերել Իսթանպուլի Հայկական գրականութեան, որ ի վերջոյ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ սփիւռքի եւ Հայաստանի գրականութեան վրայ, Վարդերէս Գարակէօզեանի եւ Կարիկ Պասմաճեանի կամուրջի դերովը այս երկու կեդրոններու միջեւ:
Հակառակ խմբագրի մը առօրեայ պատասխանատուութիւններուն, Հատտէճեան հաստատեց թէ եղաւ իր սերունդին ամենէն բեղուն գրողը: Աւելին՝ ան օրաթերթ մը կարողացաւ վերածել գրական ֆորումի մը, ուր աչքառու գրողներ հաւաքուեցան եւ երիտասարդ տաղանդներ սնուցանուեցան:
Հատտէճեան իր առաջին թատրերգութիւնը հրատարակեց 1960-ին, «Կեանքի մը Երեք Կիրակիները» խորագրով եւ արժանացաւ Անահիտ Գրական Մրցանակին: «Յակոբ Պարոնեանի Մտերմութեան մէջ» կը յայտնաբերէ համբաւաւոր երգիծագրին կեանքը, տաղանդը եւ տրտմութիւնը: Այս գործը կը թուի թէ ներշնչուած ըլլար Հէնրի Թրոյաթի նշանաւոր կենսագրականներէն, ուր հանրածանօթ անձի մը (Թիւրկէնէվ, Թոլսթոյ, եւլն.) կ’անդրադառնայ նաեւ ժամանակակից կեանքի ցաւոտ պարագաներու: «Բառասխալներ» մանրավէպերու հաւաքածոյ մըն է հրատարակուած 1972-ին: «Կիրակիի Փակումը» եւ «Վաստակ» երկու թատրերգութիւններ են, առաջինը՝ սիրոյ ամուսնութեան վերաբերեալ, իսկ եկրորդը՝ ծերութեան: «Օրագրութեանս Տասնհինգ Օրերը», հրատարակուած 1977-ին, ճամբորդական նօթեր են գրուած լրագրական ջղուտ ոճով ու կը պարունակեն անժխտելի գեղեցկութիւն եւ գրական հրապոյր: Իր մրցանակակիր պատմուածքներու հաւաքածոն՝ «Մարդոց Մեծութեան եւ Խեղճութեան մասին» հրատարակուած 1977-ին, կը վերլուծէ մարդկային պարագան արդիական ոճով եւ թարմ մօտեցումով: «Առաստաղը» վէպը հրատարակուած 1983-ին, կը նկատուի իր գլուխ-գործոցը, որուն հերոսը անկողնու ծառայող հաշմանդամ մըն է, կը դիտէ առաստաղը ուր կը տեսնէ իր զաւակներուն կեանքը հեռաւոր Գանատայի մէջ, ենթակայ օտար մշակոյթի մը եւ ձուլումի: Հոս կը ցոլայ հայկական թախիծը ընդմէջ մարդկայնութեան մը:
Վերոյիշեալ գրական հունձքը Հատտէճեանի ստեղծագործութիւններուն միայն մէկ մասն է: Հատտէճեան սքանչելի գրող մըն է. բնական է: Իր գրիչը սահուն կերպով կը հոսի: Իր ոճը պարզ է, բայց իր պարզութեան մէջ կ’ընդգրկէ մարդկային բնութիւնը, այսպէսով նուաճելով մեծութիւն մը:
«Մարմարա»ն, յարգուած եւ գնահատուած օրաթերթի կողքին ունի Հատտէճեանի յատուկ (trademark) «Յուշատետր»ը, ուր ան կը կեդրոնանայ աշխարհի առօրեայ պարապմունքներու, որոնց միջոցաւ յաճախ կ’ընդելուզուի փիլիսոփայական մտորումներու: Օրինակ՝ թռչունի մը պարզ նկարագրականը կը հոսի բնութեան առեղծուածին մէջ զգայուն գեղեցկութեամբ մը: Ընթերցողները բախտաւոր են «Յուշատետրի» օրական նօթերը կը վերածուին հատորներու: Վերջին հաշուով այդ հատորներու թիւը հասած էր 70-ի: Եւ իր գրիչը տակաւին կը գրէ …:
Մինչ կը խորհրդածենք այս մարդուն կեանքին եւ գործերուն մասին, կը յայտնաբերենք որ ան աւելի քան անհատ մըն է: Ան կեանքէն աւելի խոշոր է. ան հաստատութիւն մըն է ինքնին:
Հատտէճեան գրելը ըրած է իր կեանքի կիզակէտը եւ չէ վատնած երկվայրկեան մը իսկ այդ նկրտումին մէջ: Այսպէսով ան ինքզինք վերադարձուցած է իր համայնքին եւ մարդկութեան ու եղած է օրինակելի ստեղծագործ կեանքը:
Թարգմ. Յ.Ա.