«Կոմիտաս երգող ազգը անմահ է իր երգերուն նման, հայը անյաղթելի է: Այդ անյաղթելի ուժը, երաժշտութեան ձեւով կ‘արտացոլայ նոյնիսկ մեր հերոսներուն աճիւններէն»:
Օֆելիա Համբարձումեան
Յունիս 13-ին, 91 տարեկան հասակին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ անուանի երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեան:
Հայ երգի թագուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագիտուհի Օֆելիա Համբարձումեան 1959-ին ձայնամշակման դասընթացքներու հետեւած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս: 1944-էն` հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի մեներգչուհի: Օֆելիայի երգեցողութիւնը կ’առանձնանայ խոր արտայայտչականութեամբ, ազգային վառ երանգաւորումով: Իր երգացանկը առաւելաբար կ’ընդգրկէ հայ ժողովրդական, գուսանական աշուղական երգեր: Համերգներով հանդես եկած է ԱՊՀ քաղաքներուն, արտասահմանեան հայաբնակ երկիրներուն (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, ԱՄՆ) մէջ: ՀՀ նախագահի հրամանագիրով հայ երգարուեստին մէջ ունեցած իր մեծագոյն ծառայութիւններուն համար Օֆելիա արժանացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Օֆելիա Համբարձումեան հայ երգի բոլոր ժամանակներու ամենանշանաւոր կատարողներէն մէկն է:
Նախորդ տարի հայ հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Հայկ Վարդանեանի «Օֆելիա» շարժանկարը նուիրուած երգչուհիին կեանքին ու արուեստին: Շարժանըկարը այս տարի պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ:
Հայաստանի Երաժշտահաններու Միութեան նախագահ Արամ Սաթեան Օֆելիա Համբարձումեանին մասին հետեւեալը կը վկայէ. «Օֆելիա Համբարձումեանի ձայնը ժողովուրդին սրտէն բխած ձայն էր, ան մեր ամենասիրելի երգչուհիներէն մէկն էր: Անոր ձայնային տուեալները կը ներէին, որ մաքուր ու ջինջ կատարողութեամբ ներկայացնէր երգերը:
«Հայ երգահանները երգեր կը յօրինէին յատկապէս իրեն համար: Օֆելիան շատ մը երգահաններու երգերուն առաջին կատարողն էր: Արամ Մերանկուլեանի, Ստեփան Ջըրպաշեանի, Արամ Սաթունցի երգերուն առաջին մեկնաբանումները Օֆելիայինն էին եւ իրմէ ետք ոչ ոք կրցաւ աւելի լաւ կատարել զանոնք: Ան կը թափանցէր երգին խորքը եւ կը յաջողէր ունկնդիրին հասցնել երգահանին միտքը: Մասնագէտ էր, ինչ որ իրեն կը թոյլատրէր աշխատիլ այնպէս ինչպէս երգահանը կը փափաքէր»:
Սաթեանի համաձայն Օֆելիան կը գտնէր, թէ հայկական հին երգերը աւելի մեղեդային են ու հասանելի ժողովուրդին: Օֆելիան մինչեւ իր կեանքին վերջը ապրեցաւ ստեղծագործական կեանքով: Ան պարզ էր ու կենսուրախ, մեծամիտ չէր, ժպտերես էր ու կանացի, որուն համար ալ սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ: