2024-ին «Արցախեան թախիծ»ը պիտի շարունակուի

Իրաւամբ է, որ տակաւին շատ երկար ժամանակ է պէտք «բուժուելու» համար Արցախի պատճառած վէրքէն։

Արցախը, որ երկար տարիներ հայոց համար դարձած էր յաղթանակի եւ պայքարի իսկական խորհրդանիշ, այսօր դարձած է ցաւի եւ տխրութեան աղբիւր։

Կորուստը, թշնամի Ատրպէյճանի վարքը, Հայաստանով մէկ տարածուած արցախցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ապրած ողջ եղելութիւնն ու տխրագին պատմութիւնները իրավիճակը աւելիով դարձուցած են դառն ու անասելի։

Մէկ կողմէ Հայաստան, կը փորձէ իր սահմանային, սահմանապահ գօտիներուն ու շէներուն կենդանութեան նոր շունչ մը բերել-պարգեւել, այդպէս անսպասելիօրէն «կը պայթէր» արցախեան տագնապը։

Թերեւս կային մարդիկ, կային վերլուծաբաններ, իրենք մեծ կասկածներով կը դիտարկէին, որ ինչ որ պահու մը Արցախի համար, ինչ որ հրաշքանման բան մը պիտի կատարուէր, ու ի վերջոյ քակուէր ամիսներէ ի վեր հայկական Արցախը «խեղդամահ» ընել փորձող պաշարումը, բայց իրականութիւնն բոլորովին այլ էր։

Ընդամէնը պաշարման մէկ ծանր օղակ, որուն դիմաց ալ անզօր դուրս եկաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, դանդաղ կրակի տակ պատրաստեց գալիք զարգացումները։ Դէպքեր, որոնք յաջորդեցին իրարու ու աւարտեցան ատրպէյճանեան ուժերու Ստեփանակերտ մայրաքաղաքի կեդրոն հասնելով։

Ի հարկ է շատ մեծ միամտութիւն պիտի ըլլար, տեղ մը կարծել ու հաւատալ, որ Պաքու այդ բոլորը կատարեց  առանձինն կամ պարզապէս օգտուելով Անգարայի նեցուկէն։ Այդ միամտութիւնն է թերեւս, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակուի, զանցելով բոլոր իրատեսական փաստարկները ու նաեւ մէկդի դնելով այն փոխազդեցութիւնները, որոնց վրայ յենելով Պաքու իրականութիւն դարձուց իր երեսուն եւ աւելի տարիներու մեծ երազը։

Մինչեւ այստեղ տակաւին տանելի պիտի համարուին այդ տեսակի հաշուարկները, փաստերուն հետ դէմ հանդիման չգալու իրականութիւնները կամ նոյնիսկ մօտ ապագան չուզել, չկամենալ հասկնալու բացթողումները։

Այդ բոլորը տանելի կրնան դառնալ, բայց ատոնցմէ աւելի հեռու գացող հաշուարկներ կան, որ կը պատմեն ղարաբաղցի ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն ու ցաւին մասին։

Ու հոսկէ է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրում, այն հազարաւոր ղարաբաղցիները, որոնք տարածուած են մեր երկրի տարբեր շէներուն եւ գիւղերուն մէջ, պիտի կարողանան հաստատուիլ այդ հողերուն վրայ, կամ պիտի նպատակայարմար համարեն լքել ամէն ինչ ու հեռանալ մայր հայրենիքի, թէկուզեւ վիրաւոր կամ նոյնիսկ անմխիթար օճախներէն։

Հարցումը իր մէջ կը պարփակէ անշուշտ, այն հիմնարար ակնկալութիւնը, որուն մեծ խորագիրը միասնակամութիւնն է, եւ որուն բացակայութեան պայմաններուն տակ, Արցախցիք պիտի յոգնին այս ամէն ինչէն, ու ինքնակամ լքեն Հայաստանը։

Ամէն պարագայի արցախցի մեր հայրենակիցներու վիճակը աւելի յստակ բառերով եւ տուեալներով ներկայացնելու մտքով «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն համար առանձնացուցի «Ռօյթըրզ» լրատու գործակալութեան վերլուծական-տեղեկագրական  նիւթը, որ աւելի մանրամասն կերպով կը նկարագրէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ապրած ողջ ոդիսականը։

Ստորեւ նիւթը

«Ռօյթըրզ» կը գրէ՝

«Էլատա Սարգսեան իր կեանքի ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով փախստական ​​դարձած է։ Ան ծնած է Պաքու եւ 1988 թուականին լքած է հայրենի քաղաքը 19 տարեկանին, երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսած էր փուլ գալ: Քաղաքի երբեմնի մեծաթիւ հայկական փոքրամասնութիւնը բռնութեան պատճառով դուրս հանուեցաւ:

Սարգսեան ընտանիքով փախած է Հայաստան, ապա բնակութիւն հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի Ակնաղբիւր գիւղը։ 2020 թուականին անոնք կրկին կորսնցուցած են իրենց տունը, երբ Ատրպէյճան, որ այժմ սերտօրէն կապուած է Թուրքիոյ հետ, երկրորդ պատերազմի ժամանակ ետ առած է Ղարաբաղի մեծ մասը, ներառեալ՝ անոնց գիւղը:

2023 թուականի Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճան կայծակնային յարձակումով ետ առաւ Ղարաբաղի մնացած հատուածը, որ յանգեցուց բնակչութեան գրեթէ ամբողջական արտագաղթի, Սարգսեան, որ այժմ 54 տարեկան է, երրորդ անգամ փախաւ տունէն։

Ան, ինչպէս եւ այդ տարածքը գտնուող միւս 120,000 հայերը, դիմացաւ իննամսեայ ատրպէյճանական շրջափակման եւ հրաժարեցաւ հաւատալէ Պաքուի համար պնդումներուն, որ իր իրաւունքները կը պահպանուին որպէս Ատրպէյճանի քաղաքացի:

«Ես արդէն վարժուած եմ», – ըսաւ Սարգսեան, որ այժմ ժամանակաւորապէս կ’ապրի Մասիս քաղաքի լքուած մանկապարտէզը՝ ղարաբաղցի 67 այլ փախստականներու հետ։ «Շատ դժուար է այն մարդոց համար, որոնք առաջին անգամ լքած են իրենց տուները։ Անոնք կու լան։ Բայց եւ այնպէս, անոնք ալ գլուխ պիտի հանեն, ինչպէս մենք»:

Մասիս՝ 20 հազարնոց հանգիստ քաղաքը, ուրկէ Թուրքիոյ հետ փակ սահմանէն յստակ կ’երեւի Արարատը, Սեպտեմբերէն ի վեր հիւրընկալած է Ղարաբաղէն մօտ 8000 փախստական։

Մասիս գտնուողներէն շատեր ոչինչ ունին, քանի որ անակնկալ ձեւով եւ շատ արագ լքած են Ղարաբաղի հեռաւոր գիւղերու տուներն ու հողերը, երբ Ատրպէյճան 19 Սեպտեմբերին սկսաւ իր վերջին յարձակումը:

34-ամեայ Ալինա Յարութիւնեան իր հարեւաններէն մէկուն պատկանող արդիւնաբերական բեռնատարով տասնեակ մարդոց հետ փախած է իր Յարութիւնագոմեր գիւղէն։ Այժմ ան, ամուսինն ու չորս երեխաները կ’ապրին լքուած գրադարանի առաջին յարկը գտնուող մէկ սենեակին մէջ։

Հայաստանի կառավարութիւնը անոնց տրամադրած է երկու մահճակալ եւ միանուագ վճար՝ 100.000 դրամ (250 տոլար), սակայն անոնց բնակարանը կենցաղային յարմարութիւններ չունի եւ կահաւորուած է միայն մանկական սեղաններով ու աթոռներով, իսկ ցուրտը շէնք կը մտնէ դատարկ դռներու շրջանակներէն։ «Մենք նախապէս հեռատեսիլ ունէինք։ Հիմա, երբ երեխաները կ’ուզեն ինչ որ բան դիտել, բոլորս կը հաւաքուինք մէկ հեռախօսի շուրջ»,- ըսաւ Յարութիւնեան։

Թէեւ անոր ամուսինը, որ մինչեւ Սեպտեմբեր ծառայած է Ղարաբաղի բանակին, եւ կրնայ բանուոր աշխատիլ Երեւանի մէջ, ընտանիքը դեռ կախեալ է տեղի բնակիչներու բարութենէն. «Եթէ կարողանայի, կը վերադառնայի եւ կը վերցնէի մեր բոլոր իրերը։ Որովհետեւ այստեղ ես պէտք է խնդրեմ ամէն ինչ»։

 

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածի մասին յիշողութիւնը, որ փաստացի ոչնչացուց Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը, խորապէս արմատացած է շատ մը հայերու ժողովրդական յիշողութեան մէջ: Շատ փախստականներ կը վախնան, որ անոնք, հնարաւոր է, ստիպուած ըլլան նորէն տեղափոխուելու:

«Թուրքիան մեզի շատ մօտ է այստեղ՝ Մասիս»,- կ’ըսէ Սարգսեան։ «Ո՞ւր կրնանք փախչիլ յաջորդին։ Ո՞ւր կրնանք երթալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Սա երբեւէ կ’աւարտի՞»։

Մօտ 150 քիլոմեթր հիւսիս, Ղարաբաղի մայրաքաղաքէն եկած Գասպարեաններու ընտանիքի 10 անդամները կ’ապրին երեք սենեակնոց բնակարանին մէջ, որ վարձած են Վանաձորի ծայրամասը։ Ինչպէս շատ փախստականներ, անոնք ալ կը պայքարին Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնելու համար:

Ալվինան՝ 65-ամեայ տատիկը, դարձած է ընտանիքի հիմնական կերակրողը, որ փոքր գումար կը վաստակի՝ տնական «ժինգեալով հաց» վաճառելով՝ խոտաբոյսերով լեցուած տափակ հացեր։ «Քանի որ այլ եկամուտ չունինք, այդ գումարը հազիւ մեր հացին կը բաւէ»,- ըսաւ հարսը՝ Նարինէն։

Բարեգործական կազմակերպութեան մէջ աշխատող Լիլիա Աբրահամեան իր վրայ վերցուցած է Վանաձորի 2600 փախստականներէն քանի մը հատին օգնելու հարցը։

Ամէն Դեկտեմբեր ամսուան Լիլիա  նամակներ կը հաւաքէ 300 աղքատ երեխաներէ՝ Սուրբ Ծննդեան նուէրներու խնդրանքով եւ գումար՝ անոնց նուէրներ գնելու համար: Այս տարի ան լրացուցիչ 200 նամակ ստացած է Վանաձոր բնակող ղարաբաղցի փախստական ​​երեխաներէն։ Խաղալիքներու եւ քաղցրաւենիքի փոխարէն անոնցմէ շատեր աւելի գործնական բաներ խնդրած են՝ փոխարինելու այն ամէնը, որմէ իրենց ծնողները ստիպուած եղած են հրաժարիլ Սեպտեմբերին։ «Մէկը ձմեռնային երկարաճիտ կօշիկներ կ’ուզէ, մէկը՝ վերարկու։ Միւսը մօր համար միքրօալիքային վառարան կ’ուզէ»,- ըսաւ ան: «Անոնցմէ մէկը գրած է. «Ինծի բան մը պէտք չէ, ես կ’ուզեմ մեր տունը երթալ Ղարաբաղ»։ Մենք գիտենք, որ չենք կրնար օգնել այդ խնդրանքով, բայց կը փորձենք ուրախացնել զանոնք»,- «Ռօյթըրզ»ին պատմած է Լիլիա Աբրահամեանը։

 

 Սագօ Արեան