«33 ՀԱՏԸՆՏԻՐ ԵՐԿԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՔ»

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Արեւմտեան Թեմէն

 

Պըրպենք, 2019

Ամերիկայի Հայոց Արեւմտեան Թեմի հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ երկլեզու ծաւալուն հատոր մը, 354 էջ, հեղինակութեամբ Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի, ուր ընդգրկուած են 33 այժմէական նիւթեր բովանդակող ուսումնասիրութիւններ: Գիրքը կը բացուի Առաջնորդ Սրբազան Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գնահատագիրով, ուր կ’ըսուի թէ «Ձեր այս հրատարակութիւնը անտարակոյս սերունդներու հոգին ու միտքը պիտի լուսաւորէ, որպէսզի իրենց մէջ ամրագրեն ճշմարտութիւններ, որոնք պիտի դառնան երաշխիքը առաւել պայծառ արշալոյսներու»:

Հատորը երեք բաժիններով կը զատորոշէ կատարուած աշխատանքը Նուիրապետական, Ծիսական, Պատմագիտական, փոխն ի փոխ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով եւ լուսանկարներով, ընդամէնը 66 գրութիւններ, ոմանք կարդացուած իբրեւ բանախօսութիւններ, եւ ուրիշներ որպէս գրախօսականներ: Առաջին բաժնին մէջ նուիրապետական բարձրաստիճան ութ ժամանակակից հոգեւորականներու դրուատիքը կ’ընծայուի պատմական խորքով, գլխաւորութեամբ Հռոմի ներկայ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապիպն: Իր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութեան առիթով:

Երկրորդ մասին մէջ հայ եկեղեցւոյ պաշտամունքին յատուկ երեւոյթներն ու անոնց նկատմամբ հայեցակէտներ կը պարզաբանուին, պատմագիտական եւ աստուածաբանական տուեալներով, յատկապէս պաշտամունքի լեզուի գործածութիւնը եւ Պատարագի անաղարտ եւ գրաբար մատուցումը: Մասնաւոր գրութեամբ մը Հայ Եկեղեցւոյ շարականներուն բովանդակութիւնը եւ անոնց հեղինակներուն հազարամեայ պատմական ընթացքը ճշդուած է:

Երրորդ բաժինը պատմագիտական նիւթեր կը շօշափէ ուր քննուած են յարանուանական մօտեցումներ եւ Մայր Աթոռի դիրքը անոնց նկատմամբ: Հնագոյն նիւթը Համշէնի գաղթավայրին կը վերաբերի զոր մեզի կը հաղորդէ Արաբաց արշաւանքի 8-րդ դարու ժամանակակից հայ պատմիչ՝ Ղեւոնդ Վարդապետ, որու մասին մերօրեայ գրութիւններ կը վրիպին գաղութներու ճշգրիտ թուականն ու աղբիւրը անգիտանալով: Նոյն բանին մէջ արձագանգ գտած են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ արմաշական հայ հոգեւորականներու մէկ կարեւոր մասին նահատակութիւնները:

Կարեւոր անդրադարձ մը կայ նաեւ վերապրող արմաշականներուն անմնացորդ եւ հերոսական աշխատանքի մասին՝ վերակերտելու յետ-եղեռնեան Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ: Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան անցեալ հարիւրամեակին եւ ներկայ օրերու յատուկ գրութիւններ կը պարզեն վերջին ժամանակներու անակնկալ պարագաները:

Սոյն հրատարակութեան ազնիւ մեկենասն է, ինչպէս յաճախ, Տիար Նազարէթ Գեւոնեան որ գիրքը կը ձօնէ հայ նահատակ հոգեւորականաց: