Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ով յօրինած է երաժշտական նօթագրութիւնը եւ ինչո՞ւ Do-Re-Mi-Fa-Sol-La-Si, եւ ի՞նչ կը նշանակեն այս տառերը:
Ահա՜ երաժշտական նօթաներու ծագման եւ անուանումին գաղտնիքը։
Երաժշտական նօթաներուն աշխարհահռչակ գիւտարարը վանական Կուիտո տէ Արեցցոն (Guido d’Arezzo) է, որ ապրած է 990-էն – 1050: Ինչպէս այդ օրերու ամէն գեղեցիկ բան, այնպէս ալ երաժշտական նօթագրութիւնը առաջացած է Ֆլորենցայի մօտ՝ Թոսքանայի փոքրիկ քաղաք՝ Արեցցոյի մէջ:
Կուիտոն երաժշտութեան եւ եկեղեցական երգչախմբային երգեցողութեան ուսուցիչ էր։
Այսպէս, իր աշխատանքի ընթացքին ան նկատած էր, որ երգչախումբի անդամները դժուարութեամբ կը յիշեն հոգեւոր երգերը։ Մտահոգիչ էր այս խնդիրը, ուստի, ան գտաւ անծանօթ մեղեդիները կարճ ժամանակի մէջ սորվելու դիւրին մեթոտ մը, որ հիմք ունէր մէկ նօթա, մէկ հնչիւն սկզբունքը.
Կուիտոն այդ սկզբունքը առաջ բերելու համար հիմք ընդունեց Յովհաննէս Մկրտիչին նուիրուած «Ut queant laxis» կաթողիկէ շարականը, որուն երաժշտութիւնը գրած էր ինքը` Կուիտոն, Փաուլ Տիաքունուսի գրած լատիներէն խօսքերուն հիման վրայ։
UT queant laxis
REsonare fibris
MIra gestorum
FAmuli tuorum
SOLve polluti
LAbii reatum
Sancte Ioannes
Եւ ահա՜, այդ օրհներգին առաջին տունին իւրաքանչիւր տողի առաջին վանկէն ալ ան կազմեց երաժշտական այբուբենը.
Ութ-ռէ-մի-ֆա-սօլ-լա
Հետագային, Ճովաննի Փաթիսթա Տոնին «ութ» անուանումը փոխեց՝ դարձնելով «տո»՝ լատիներէն Dominus` Աստուած բառի առաջին երկու տառերէն։ Իսկ եօթներորդ նօթան՝ «սի»ն, աւելացուց կարճ ժամանակ անց՝ լրացնելու համար տիաթոնիք երաժշտական շարքը (gamme)։ Այս անուանումն ալ եկաւ վերջին տողի երկու բառերու սկզբնատառերէն։
Նշումներու անուններուն ժամանակակից մեկնաբանութիւնը այսպիսին է.
Do – Dominus – Տէր
Re – rerum – նիւթական
Mi – miraculum – հրաշք
Fa – familias рlanetarium – մոլորակներու ընտանիք, այսինքն. Արեգակնային համակարգ
Sol – solis – Արեւ
La – lactea via – Ծիր կաթին
Si – siderae – դրախտ
Լատիներէնէ թարգմանուած`«Որպէսզի քու ծառաներդ կարենան իրենց ձայնով երգել քու հրաշալի գործերը, մաքրէ մեղքը մեր պղծուած շուրթերէն, ո՛վ սուրբ Յովհաննէս»։
Անգլիախօս երկիրներուն մէջ այն կոչուեցաւ «թի» 19-րդ դարու երաժշտութեան ուսուցչուհի Սառա Կլովերի կողմէն։
Երաժշտական ասպարէզին մէջ Կուիտո տէ Արեցցոյի այս բարեփոխումը կայծակնային արագութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Արդէն 11-րդ դարու երկրորդ կէսէն անոր ձեռագիրներու ցանկը, բացի Իտալիայէն, յիշատակուած է նաեւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Զուիցերիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։
Կուիտոն սկսաւ հնչիւնները նշել նօթաներով (լատիներէն nota — նշան բառէն): Նօթերը՝ ստուերաւորուած քառակուսիները, կը դրուէին չորս զուգահեռ գիծերէ բաղկացած նժոյգի վրայ։
Բնականաբար, այս նօթագրութիւնը ժամանակի ընթացքին որոշ փոփոխութիւններ կրեց.
այսօր այդ տողերը հինգ հատ են եւ նշումները կը պատկերուին ոչ թէ քառակուսի, այլ` շրջանագիծով, բայց Կուիտոյի դրած սկզբունքը անփոփոխ մնացած է։
Կուիտոյին ժամանակակից ուսեալ մարդիկ անոր կը վերագրեն շարք մը ձեռքբերումներ` ամենէն առաջ, մեղեդի սորվելու տիտաքթիք ձեւը՝ ձեռքի միջոցով, որ 12-րդ դարէն սկսած յայտնի դարձաւ կուիտոնեան ձեռք անուանումով։ Կուիտոն իր ձախ ձեռքը կ’օգտագործէր նօթաները ցոյց տալու համար՝ ծալելով մատներուն բռունցքը, ան կը նշէր, թէ որ նօթան պէտք է կատարուի այս կամ այն ժամանակ։
Կուիտոյի հեղինակութեան շնորհիւ լատինական տառային նօթագրութիւնը, ուր կը գործածուին լատինական այբուբենի առաջին եօթը տառերը (A B C D E F G), Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ձեռք բերեցին համընդհանուր գործածութիւն, իսկ աւելի ուշ ընդունուեցան Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Իր պարզութեան եւ կատարելութեան շնորհիւ տէ Արեցցոյի ստեղծած նօթագրութեան համակարգը իր կենսունակութիւնը պահպանած է մինչեւ այսօր…
Ս. Սեմէրճեան