ԱԳՆ-ն կը հաստատէ` Իսթանպուլի ձերբակալուածներուն մէջ կան ՀՀ քաղաքացիներ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ Իսթանպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ պոլսահայ ընտանիքի վրայ յարձակման մեղսակցութիւն ունենալու կասկածանքով ձերբակալուածներուն մէջ, նախնական տուեալներով, կան ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մասին «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

«Ըստ նախնական տուեալների` ձերբակալուածների մէջ կան ՀՀ քաղաքացիներ: Հիւպատոսական աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են դիւանագիտական յարաբերութիւնների բացակայութեան պատճառով»,­- ըսած է Տիգրան Բալայեան:

Փետրուար 6-­ին Շիշլիի Ճումհուրիէթ փողոցի տուներէն մէկուն մէջ բնակող հայ 85-­ամեայ Յակոբ Եաքուփ Տէմիրճիի եւ 79-­ամեայ Սեդա Այիտա Տէմիրճիի տան վրայ յարձակած էին: Անոնք հայ զոյգը կապած էին «խոզի կապանք» անունով յայտնի ձեւով` տունէն վերցնելով թանկարժէք իրեր եւ գումար: Կատարուածի մասին ահազանգած էր տան աշխատողը, որ ինչպէս միշտ եկած էր պոլսահայ զոյգի տուն, սակայն դուռը մէկը չէր բացած: Յակոբ Տէմիրճին կապանքի հետեւանքով խեղդուած էր, իսկ անոր կինը հիւանդանոց տեղափոխուած է:

Յանցագործութենէն ետք թրքական ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած էր յարձակուողները յայտնաբերելու նպատակով: Տարածքի տեսախցիկներու ձայնագրութիւններէն իրաւապահները կրցած էին իմանալ անոնց դէմքերը: Յայտնի դարձած էր նաեւ, որ յարձակում իրականացուցած երեք անձիք մեքենայ վարձած էին եւ Իսթանպուլէն մեկնած Տրապիզոն, ուր ալ ոստիկանութիւնը զանոնք ձերբակալած է: Յանցագործները կեղծ փաստաթուղթերով նպատակ ունեցած են Տրապիզոնէն գողօնով փախչիլ Վրաստան: Ձերբակալուած են նաեւ Իսթանպուլի մէջ յանցագործութեան իրականացման աջակցած, մեքենայ վարձած եւ արտասահման փախչելու հարցով անոնց օգնած 5 անձեր:

Փետրուար 10-­ին Տրապիզոնի հանրապետական դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որ յարձակում իրականացուցածները ՀՀ քաղաքացիներ են: Ձերբակալուած 8 անձերէն 5­-ը կանայք են, բոլորն ալ ՀՀ քաղաքացիներ: Անոնք են` Արթուր Ա., Արամ Է., Սերկէյ Բ., Մարիաննա Է., Լիդա Բ., Նարգիզ Բ., Արմինէ Մ., Քրիստինա Մ.: