Անկախ Հայաստանը 25 տարեկան է այսօր: Քառորդ դար՝ որ ոմանց համար շատ շուտ անցաւ, իսկ շատերուն համար ալ երկար ու տաժանակիր: Սփիւռքի մէջ, կուսակցութիւններն ու իրենց հովանիին տակ գործող տեղեկատուական միջոցները, կրօնական հաստատութիւններն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս, եղան անսակարկ ջատագովները Հայրենիքի արձանագրած յաջողութիւններուն:
Լորձաշուրթն ու փառաբանական արտայայտութիւններով շեփորուեցան բոլոր շօշափելի կամ մանր ձեռքբերումները, իսկ ժխտական ու աննպաստ լուրերու հոսքը ընդհանրապէս անտեսուեցան ու առնուազն մակերեսային ձեւով ներկայացուեցան հանրութեան: Տէր Պետրոսեանի, Քոչարեանի ու Սարգսեանի մենատիրական վարչակարգերը, ընտրութիւններու արդիւնքներու լուրջ խախտումները, ռամկավարական սկզբունքներու անարգումը, ազատ խօսքի ու գործի կաշկանդման աչք ծակող արարքները, օրէնքի անհաւասար կիրարկման երեւոյթները մնացին անարձագանգ: ”Հայրենիքը ամէն բանէ վեր” կարգախօսն էր որ Սփիւռքին կը մղէր մնալ կրաւորական: Դաշնակցութիւնը իր իշխանութեան հետ ունեցած սերտ կապերու իբր հետեւանք, իսկ Ռամկավարներն ու Հնչակեանները իրենց ներքին տագնապներէն հիւծած աջակից կը գտնուէին Հայաստանը ղեկավարող վարչամեքենային : Ժամանակը եկած է որ այս ընթացքը լուրջ կերպով վերանայուի:
Ետդարձ այլեւս կարելի չէ ու հայրենադաւան որեւէ արարք պէտք է արժանանայ սաստիկ քննադատութեան: Հայրենադաւան որեւէ արարք պէտք է ըլլայ դատապարտելի եւ յանցագործներէն պէտք է հաշիւ պահանջուի: Մենատիրութիւնը, կաշառակերութիւնը, օլիկարգային կարգ ու կանոնը, քաղաքացիական ամենատարրական իրաւունքներու խախտումը, Օլիկոփոլի-ն, ժողովրդապատկան ինչքերու մենատիրութիւնը, քուէներու անհաւասար արժեւորումը, ազատ շուկայի արգելքներու կիրարկումը, եւայլն, պէտք է ըլլան պատիժի կամ քրէական յանցագործման առարկայ: Եթէ Հայրենի օրէնսդրական մարմինները կամ Սփիւռքը թերանան պատժել յանցաւորները, օրին մէկը սակայն պատմութիւնն է որ հաշիւ պիտի պահանջէ ու ի յարկին հաշիւի նստի անոնց հետ, ով որ ալ ըլլան անոնք՝ ռամիկ կամ բարձրագոյն ղեկավար:
Սեպտեմբեր 13ի նոր վարչապետ՝ Կարէն Կարապետեանի նշանակումը բացառիկ ոսկեայ առիթն է շտկելու ու դարմաններ գտնելու անցեալի սխալներուն: Կէս քայլեր, խաբուսիկ արտայայտութիւններ այլեւս բաւարար չեն: Հայրենիքի հայաթափումը անդարմանելի վիճակ մըն է որ կը ստեղծէ, թշնամին օրէ օր կը սպառազինուի, արտագաղթի վնասները լուրջ կերպով կ’ազդէ մեր բանակի թիւին, անոր ֆինանսաւորման եւ ի վերջոյ՝ անոր մարտունակութեան (միակ առաւելութիւնը որ մեր բանակը ունի): Անցեալի սխալները պէտք չէ կրկնուին. Սասնայ Ծռերու շարժման պոռթկումի երեւոյթները պէտք չէ անտեսուին:
Ժողովուրդը դժգոհ է, Սփիւռքը չարաշահուած ու անտրամադիր Հայաստանի մենատէրերուն ֆինանսաւորելու …. անդունդի եզրին կը գտնուինք. սթափուինք քանի դեռ ժամանակ կայ: Ուրիշ ճար չկայ:
Արթօ Մանուկեան