Ամէն մարդ իրաւունք ունի հանգիստի: Հանգիստը սակայն, մրափին կամ գիշերուան քունին հետ չեն համեմատեր մարդիկ միայն, այլ` նաեւ զայն կ՛ընկալեն զբօսանքի ձեւով, որ պահուան մը համար զիրենք կը հեռացնէ իրենց տաղտկալի առօրեայէն: Աւանդական մամուլի էջերը ունին «ժամանց եւ զբօս» վերտառութեամբ սիւնակներ, որոնք մտաւոր աշխատանքէ ծանրաբեռն ուղեղներուն զբօսանք կը շնորհեն:
Ընդհանրապէս այնպէս կը կարծուի, թէ միայն բազմազբաղ մարդիկ զբօսանքի իրաւունք ունին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ոմանց կարծիքով միայն ուժի տէր մարդիկ բարկանալու իրաւունք ունին: Շատ սխալ են վերոյիշեալ կարծիքները: Նախ, ամէն մարդ ալ զբօսնելու իրաւունք ունի, չնայած այն իրողութեան, որ ոմանք մի՛շտ զբօսանքի մէջ են, իրենց ամբո՛ղջ կեանքի տեւողութեան…
Երկրորդ, նոյնիսկ ամէնէն փոքր մուկն իսկ կատղելու իրաւունք ունի, եւ տեսնուած է, թէ ինչպէս իր կատաղութեան ընթացքին ահագին ծվծվոցներով իր հակառակորդին դէմ կռիւ կը մղէ փոքրիկ ու աննշան մուկը:
Զբօսանքի ձեւերը եւ տեսակները կը տարբերին իրարմէ, նայած զայն կազմակերպող ու վայելող անձերուն նիւթական հնարաւորութիւններուն: Անոնք, որոնք նիւթապէս բաւարարուած կեանք մը կ՛ապրին, անոնց համար զբօսանքը շատ աւելին է, քան` կէս ժամուան պտոյտը, հանրային պարտէզի մը մէջ զբօսնուլը կամ հովասուն վայրերու մէջ կատարուած քանի մը ժամուան շրջագայութիւնը:
Հանգիստն ու զբօսանքը վայելքի կը վերածուին իսկապէս, եթէ կարենայ մարդ ամբողջովին մոռնալ այն մտահոգութիւնները, որոնք իր առօրեային մաս կը կազմեն: Ոմանք այն կարծիքին հետ համաձայն են, ըստ որուն` մտահոգութեան չափը որոշողը մտահոգութեան տէր անձը ի՛նք է: Այսինքն, ինչքա՛ն մտահոգութեան «արժէք տաս», այնքան աւելի ծանր կը ճնշէ անիկա վրադ: Իսկ եթէ թեթեւի առնես տուեալ մտահոգութիւնը, անիկա նոյնքան թեթեւութեամբ ալ կը հեռանայ քեզմէ, կամ` լաւ եւս, շուտով իր լուծումը կը գտնէ անիկա: Կարեւոր չէ՛, այս պարագային, այդ լուծման ի նպաստ քեզի ըլլալը, կամ` ոչ: Կարեւորը անլոյծ մնացած մտահոգութիւն մը չըլլայ անիկա, եւ մնայուն տագնապի չի՛ վերածուի քեզի համար: Իրենց մտահոգութիւններուն հետ այս ձեւով վարուող իմաստուններուն համար կ՛ըսեն, թէ իրենց դժուարութիւնները «թեթեւի կ՛առնեն»: Ճշմարտութիւն մը կայ անշուշտ այս խօսքին մէջ, եթէ տուեալ իմաստունները ներքնապէս տառապող մարդոց տեսակէն չեն: Այս վերջինները կրնան արտաքնապէս հանդարտ ու անտարբեր երեւիլ իրենց մտահոգութիւններուն հանդէպ, սակայն ներքնապէս կը տառապին անտանելի ցաւերով ու մտատանջութիւններով:
Վերոնշեալ մարդոց պարագան իւրայատուկ է այն իմաստով նաեւ, որ անոնք իրենց ներքին ցաւի դարմանումին ալ մասնագէտներն են ընդհանրապէս: Մորմոքող իրենց սիրտը ամոքելու փորձառութեամբ օժտուած այս անձերը գիտեն հոգեկան մակարդակի վրայ ինքնաբուժման սկսիլ, իրենց մտահոգութեան արտաքին տեսքին տալով հանդարտ կարգավիճակ:
Համոզուեցանք ուրեմն, թէ ամէն մարդ իրաւունք ունի զբօսնելու, եւ ո՛չ թէ միայն բազմազբաղ մարդիկ: Այս բոլորին մէջ, սակայն, ո՞ւր է տեղը յիմարներուն: Անոնք ալ իրաւունք ունի՞ն արդեօք զբօսնելու: Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր յիմարանոցի շրջափակին մէջ զբօսնող հոգեկան հիւանդներուն, որոնք իրենց առօրեայ «արեւու լոգանք»ը կ՛ընդունին շրջագայելով ծառերու շուքին, այցելուներուն «իմաստուն» հարցումներ ուղղելով եւ հիւրերուն հետ իրենց զրոյցին իբրեւ եզրակացութիւն, անոնցմէ ծխախոտ խընդրելով:
Աշխարհի մայթերը լեցուն են յիմարներով, որոնք պարսպապատ մասնաւոր հիմնարկութիւններու դարպասներէն դուրս` ազատութեան մէջ կ՛ապրին: Անոնց համար չկան պատասխանատուներ, որոնք զբօսնելու ժամ որոշեն: Անգործներն ալ կարելի է շարել շարքին յաւիտենապէս զբօսնելու ախորժակ ունեցողներուն, որոնց կարեւոր գործերէն է անշուշտ` ուրիշի գործին խառնուիլը: Սակայն, այս բոլորէն տարբեր են յիմարները, որոնք իրենց վերապահած են զբօսնելու յատուկ միջոց մը:
Յիմարներուն ժամանցը վիճաբանութիւնն է: Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի անձերու, որոնք անիմաստ վիճաբանութենէ հաճոյք կ՛առնեն: Ահա անոնք են իսկական յիմարները, որոնք ո՛չ միայն ժամավաճառ կ՛ըլլան, այլեւ ժամավաճառ կը դարձնեն նաեւ ուրիշները:
Վիճաբանութեան սէր ունեցող յիմարները միշտ ներկային կառչած եւ ապագան չտեսնող անձեր են: Իրենց ունեցած գիտելիքներուն մասին բացարձակ վստահութեամբ լեցուած, անցեալի եւ ներկայի միջեւ կ՛երթեւեկեն անոնք, ապագայի մասին ո՛չ մէկ տեսլական ունենալով իրենց միտքին մէջ: Մինչ, վիճաբանութենէ հեռու մնացողները, իրենց միտքի հորիզոնը ընդարձակելով, կը նային ապագային: Անցեալի եւ ներկայի նեղ պարունակը, միտքի լայն հորիզոն ունեցողին համար ճահիճ մըն է, որուն ջուրը ուշ կամ կանուխ պիտի նեխի, իր մէջ ջրամոյն ընելով դատարկապորտ վիճաբանողները:
Վիճաբանող ախտաժէտներուն կիրարկած հիմնական զէնքը` իրենց իմացածին վրայ պնդելու ողբալի ունակութիւնն է: Անոնց կարողութենէն վեր է ըստ էութեան քննարկել գաղափարներ: Անոնք ո՛չ ալ կրնան վերլուծել իրադարձութիւններ, այլ` միայն կը կեդրոնանան մարդոց սխալներուն վրայ, փորձելով իրենց տեսակէտը պարտադրել` ուղղելու համար մարդիկը:
Առաջին իսկ հայեացքով կարելի է իտէալական մօտեցում համարել անոնց այս կեցուածքը: Սակայն երբ անդրադառնանք, թէ մարդոց սխալները ուղղելու ձգտող անձը վիճաբանութեամբ յառաջ կը տանի իր թէզը, յուսախաբ կ՛ըլլանք: Որովհետեւ վիճաբանողը հաւասարակշռըւած լուծումներ չի՛ կրնար առաջարկել, այլ` վիճաբանութեամբ սնուցած իր ատելութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ան պնդէ իր տեսակէտին վրայ, իսկ այդ տեսակէտը կրնայ ճիշդ չըլլալ…
Վիճաբանութիւնը զբօսանք համարող յիմարներ, ցարդ իրենց «զբօսանքէն չեն վերադարձած»: Այսինքն` անոնք լուծումի մը չեն յանգած, հակառակ երկար վիճաբանութիւններու եւ ժամավաճառութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ուրիշ ունակութիւն մըն ալ ունին վիճաբանութեան ախտով վարակուածները: Անոնք ուրիշին ըսածը լսելու դժուարութիւն ունին: Վիճաբանողին կրած դժբախտութիւններէն մէկն ալ լսողութեան տկարութիւնն է, որ հետզհետէ կը յառաջանայ ու խլութեան կը տանի: Վիճաբանողը այնքան բարձր կը խօսի երբեմն, որ խօսակիցին ըսածը չի՛ հասկնար: Անոր ուղեղային բոլոր արահետները կը փակուին տրամաբանութեան դիմաց, եւ միտքին ուղղուածութիւնը սեւեռուած կը մնայ իր իմացածին ու պնդածին վրայ:
Վիճաբանողը կը կարծէ, թէ ճըշմարտութեան պիտի հասնի, եթէ շատ խօսքեր շարէ իրարու ետեւէ: Մինչդեռ ճշմարտութիւնը ըսելու համար շատ խօսքեր ու տասնեակներով նախադասութիւններ հարկաւոր չեն: Ճշմարտութիւնը մէկ նախադասութեամբ ու նոյնիսկ մէկ բառով ալ կարելի է ըսել… Այդ կարճ բառերէն օրինակներ են պարզապէս «այո»ն ու «ոչ»ը: Սակայն վիճաբանելու «շնորհք» ունեցողը այսպիսի բառեր գործածելու շնորհքէն զուրկ էակ մըն է:
Յիմարներուն կողմէ վայելք համարուող այս զբօսանքը` վիճաբանութիւնը, հաստատակամ ու գործունեայ մարդոց համար աւելի՛ քան ժամավաճառութիւն է, որուն փոխարէն դրական աշխատանքով մեծ իրագործումներ կրնան կտակել յաջորդ սերունդներուն:
Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան