Խորհրդարանին մէջ երրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ Կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Հարկային օրինագիրքին մէջ լրացումներ ու փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը` 78 կողմ, 19 դէմ եւ 0 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով ԱԺ պատգամաւոր, նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը յայտարարեց, թէ նոր օրէնսգիրքը չի համապատասխաներ ՀՀ տնտեսութեան զարգացման պահանջներուն, քանի որ այս նախագիծին մէջ հակասահմանադրական դրոյթներ կան:
Ան կրկին պնդեց, թէ կաթոլիկ եկեղեցին կը հարկուի, իսկ առաքելականը` ոչ:
Յիշեցնենք, որ երկրորդ ընթերցմամբ քննարկման ժամանակ Բագրատեանը կ՛առաջարկէր հարկել առաքելական եկեղեցին:
Անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանը յայտարարեց, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագծին, քանի որ «տաս էջնոց առաջարկութիւններուն մեծ մասը մերժուած է»:
ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանի որակմամբ` այս նախագիծը «նահանջ է փոքր ու միջին պիզնեսի համար»: «ԲՀԿ կուսակցական պատգամաւորները չեն մասնակցի քուէարկութեանը»,- ըսած է ան:
Անկախ պատգամաւոր Խաչատուր Քօքոբելեանը առաջարկեց յետաձգել քուէարկութիւնը` ըսելով, որ այս նախագիծը կ՛աւելցնէ հարկատուներուն բեռը:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանն ալ դժգոհեցաւ, որ իրենց փորձագէտները հրաւիրուած չեն եղած քննարկումներուն: Զուրաբեանին հակադարձեց ԱԺ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Այվազեանը. «Պարոն Սահակեան, ես էլ բողոք ունեմ ձեզանից ու ԱԺ աշխատակազմից, ինչի՞ ինձ հրաւիրատոմս չէք տուել»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ յանձնաժողովին մէջ 25 քննարկում եղած է: