Ալին Գութանի « Երաժշտական Սուրբ Ծնունդ» ելոյթը

Մոնթրէալ շատ գեղեցիկ է, մանաւանդ Դեկտ. 24-ի եւ Նոր տարուայ միջեւ: Անտանելի ձիւնը նոյնիսկ տարօրինակ ջերմութիւն մը կու տայ կարծես գունաւոր ծառերու եւ լուսաւոր փողոցներու փայլը տարբեր է, ծննդեան երգերն ու մեղեդիները իրենց դրոշմը՝ անգամ մը աւելի կը ձգեն ստեղծուած մթնոլորտին վրայ:

Պահ մը երեւակայենք այս գեղեցկութիւնը կրկնապատկուած կը ներկայացուի Ծնունդէն գրեթէ շաբաթ մը առաջ – 16 Դեկտ. 2016 ին – Մոնթրէալի Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ (Premièr Eglise Evangelique de Montréal):

Երեւակայենք խորանին վրայ կախուած Սուրբ Խաչը, իսկ խորհրդաւոր ու խաղաղ շուքին մէջ կը գեղգեղէ հռչակաւոր երգչուհի (Soprano) Ալին Գութանը՝ երբեմն մեներգով կամ մատղաշ մանուկներու խմբերգով, …երբեմն հզօր միացեալ…. երգչախումբերու հետ (McGill ի, Մաշտոցի եւ Հայք քառեակի՝  առաջնորդութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի): Իսկ Գոհար Մանուէլեանի ճպոտը՝ ոչ թէ հրահանգ կու տայ ձայնանիշերուն (note) այլ երաժշտութեան հետ, կարծես ինքն ալ, հեզաճկունօրէն կը պարէ կամ կը ցատկռտէ, կը յուզուի… կամ թերեւս… կու լայ…:

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել 6 ջութակներու ու լարային գործիքներու հզօր միութիւնը (Violon.- Van Armenian գլխաւոր կազմակերպիչը, Eva Sas, Lynette Israelian, յետոյ Alto.- Martine Gagné, Violoncelle.- Pierre – Alain Bouvrette եւ վերջապէս Contrebass.- Jeanne Corpataux-Blache),  որ կարծես նուագախումբի մը ուժգնութիւնը ունէր:

Մէկ խօսքով սոյն հանդէսը կարելի է նկարագրել «Դասական եւ զգացումով լի երեկոյթ մը»:

Ծնունդի պատշաճ տաղերով ու մեղեդիներով հարուստ յայտագիր մըն էր, որով ստեղծուեցաւ պահանջուած մթնոլորտը:

Երեկոն կը  հովանաւորէր Հ.Հ. արտակարգ ու լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան:

Իր յարգալիր խօսքերը միշտ դրական հետք մը ձգած են ներկաներուն վրայ: Եւ այս անգամ, նոյնպէս ալ եղաւ երբ ըսաւ. -«Մշակոյթի կեդրոնները միայն պաշտամունքի կեդրոններ չեն եղած, այլ եղած են վերապրումի կեդրոններ եւ այս բոլորին առընթեր մենք ունինք խորին երախտագիտական զգացումներ Գանատայի կառավարութեան հանդէպ, որ մեզ կը շնորհէ այդ բարոյական ու մշակոյթի ազատութիւնը»: Անոր  խօսքերը ընդմիջուեցան խանդավառ ծափերով…

*     *     *

Արդեօք այսպէս պէտք է վերջանայ մեր նկարագրականը:

Ո’չ:

Եթէ միայն անդրադառնայինք այս անսահման գեղեցկութեամբ լի երեկոյթին մասին, պիտի նկատէինք, թէ ուրիշ «պատճառ» մը ծնունդ կու տար այս առաքելութեան, աւելի վսեմ ու գեղեցիկ, աւելի վեհ ու հսկայ առաքելութիւն մը:

«Պատճառը»…

«Աթքէն Արմէնեան» հիմնարկը (Foundation):

Հոն էր մանուկներու – հա՛յ մանուկներու – երազներու իրականացման առիթը: Աթքէն Արմէնեան հիմնադրամով, ամենէն նուրբ արուեստներէն մին՝ երաժշտութիւնը, իր բոլոր գոյներով, պիտի ուսուցանուէր, հայրենիքի մէջ, նոր սերունդին:

Մատղաշ ձայներ, միանալով լարային թրթռացումներու, պիտի կերտէին ապագայի արուեստի աշխարհը:

Եթէ այս «պատճառէն» դուրս գար միայն մէ՛կ Խաչատուրեան մը, Սպենդիարեան մը, հայ «Պախ» կամ հայ «Պէթհովէն» մը… միա՛յն մէկ հատ … արդէն իրագործուած կ’ըլլար տարիներու ծրագրուած երազը եւ նոյն ատեն իրականացած կ’ըլլար, նաեւ այսօրուայ մանուկներէն ծնած՝ ապագայ աշխարհահռչակի մը Աստուածային շնորհքը:

Չփշրենք այդ երազները. օգնենք անոնց իրականացման: Մեր գիրկերուն մէջ ջերմացնենք վաղուայ տեսիլքը, այնպէս ինչպէս ջերմացան մեր հոգիները այսօրուայ ելոյթի հմայքով:

Փշրուած երազներով՝ մենք փշրած կ’ըլլանք այդ մատղաշ ոգիները:

Օգնենք մեր խանդավառութեամբ, մեր ներկայութեամբ, մեր անկեղծ «հուռա»ներով թերեւս նիւթականով:

Չփշրե՛նք…

    Պերճ Գոգորեան