Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Հայաստան ժամանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Ապրիլ 13-ին մեկնեցան Արցախ` իրենց զօրակցութիւնը բերելու ԼՂՀ իշխանութիւններուն, արցախահայութեան եւ հայրենեաց պաշտպան զինուորներուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին այցի ընթացքին կ՛ուղեկցէին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի դիւանապետ Տ․ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը, Ռումինիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ․ Տաթեւ եպիսկոպոս Մուրադեանը, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ․ Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Տ․ Յուսիկ ծայրագոյն վարդապետ Մարտիրոսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Տ․ Պետրոս վարդապետ Մանուէլեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գաւազանակիր Տ․ Աղան աբեղայ Երնջակեանը, Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ․ Վահրամ քահանայ Մելիքեանը, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանը եւ Հայ Եկեղեցւոյ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը:
Արցախ ժամանած Գարեգին Բ. Հայրապետին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օդանաւակայանին մէջ դիմաւորած են Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ Արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեանը, ԼՂՀ Մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, թեմի հոգեւորականներ եւ բանակի հոգեւոր սպասաւորներ:
Ժամանելէ ետք տեղի ունեցաւ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: