Ապրիլեան Հարիւրամեակի Նշմանց Առիթով,
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Շքանշանով Կը պատուէ
Գանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարբըրը
Գանատահայոց Առաջնորդութեան գրասենեակէն ստացուած լուրերէն տեղեկացած էինք թէ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի առջեւ տեղի ունեցող եկեղեցական, ազգային եւ միջազգային բարձրագոյն մակարդակով կատարուած նշմանց առիթով, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդառաջելով Գանատահայոց Առաջնորդ Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեանի դիմումին, Սրբատառ Կոնդակով, պատուած է Գանատայի Վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Սթիվըն Հարբըրը անոր արժանացնելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Բարձրագոյն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Շքանշանին:
Վեհափառ Հայրապետը իր կոնդակին մէջ յատուկ կերպով իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Վարչապետ Հարբըրին եւ Գանատայի պետութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իրենց առաջնահերթ դիրքաւորումին համար ինչպէս նաեւ Գանատահայ համայնքին նկատմամբ իրենց ունեցած բացառիկ հոգատար վերաբերմունքին համար:
Կը տեղեկանանք թէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարձրագոյն շքանշանի տուչութեան համար բնականաբար արդէն իսկ դիմած է վարչապետի կեդրոնական գրասենեակին, որ իր կարգին տեղեկացուցած է թէ յարմարագոյն առաջին առիթով պիտի հրաւիրեն Առաջնորդ Սրբազանը որպէսզի իր շքախումբով երթայ Օթթաուա տուչութեան արարողութիւնը կատարելու համար:
Ամենայն Հայոց Հայրապետական կոնդակի եւ շքանշանի տուչութեան այս պարագան ստոյգ կերպով ամիսներէ ի վեր ծանօթ էր յատկապէս Հարիւրամեակի յանձնախումբին եւ Գանատայի տարբեր եկեղեցական եւ կուսակցական շրջանակներուն, հետեւաբար զարմանքով է որ մի քանի օրերէ ի վեր շրջող լուրերէն կը տեղեկացուի թէ յանկարծ, առանց նոյնիսկ որեւէ կանխաւ լրատուութեան Անթիլիասի Կաթողիկոս Արամ Ա. Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ աճապարանօք Օթթաուա ժամանած է Յունիսի 5-ին եւ կանխաւ կարգադրուած ժամադրութեան մը ընթացքին Վարչապետ Հարբըրին ինք եւս յանձնած է շքանշան մը:
Առանց յաւելեալ մեկնաբանութեանց, անհրաժեշտ է հարց տալ թէ ինչ էր նպատակը եւ անհրաժեշտութիւնը այս հապճեպ եւ միակողմանի քայլը առնուելուն: Հապա ի՞նչ պատահեցաւ ամիսներ շարունակ բեմերէն եւ թերթերէն հարիւրամեակի առիթով եղած “ազգային սիրոյ եւ միութեան” անունով կատարուող լոզունգներուն:
Անթիլիաս եւ Հ.Յ.Դ.իւնը այսքան շուտ պիտի մոռնային եւ մէկ կողմ դնէին ժողովուրդին ուղղուած իրենց քարոզները եւ ճառերը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան, եւ թեմերու կառոյցին ծանօթ ոեւէ մէկուն կամ կազմակերպութեան համար յայտնի է թէ հիւսիսային Ամերիկայի բոլոր թեմերու շարքին Գանատահայ Թեմը եւս օրինաւորապէս ենթակայ է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին աւելի քան մէկ ամբողջ դարէ ի վեր…
Գանատահայութիւնը ցաւով կ’արձանագրէ միասնականութիւնը արհամարհող դժբախտաբար այս անտեղի եւ հետեւաբար վնասակար ժեսդը: