Ամերիկահայ ուսանողները Լոս Անճելըսի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած լուռ ցոյց կազմակերպած են

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ գտնուող Օքսիտենթըլ քոլեճի (Occidental College) Հայ ուսանողներու միութիւնը (ASA) Ճանսըն ուսանողական կեդրոնին մէջ լուռ ցոյց կազմակերպած են` ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ քոլեճի պաշտօնական կայքը:

Մասնակից ուսանողները իրենց բերանները փակած են ժապաւէններով, որոնց վրայ գրուած եղած են «ժխտում», «արդարութիւն», ինչպէս նաեւ իրենց սպաննուած նախնիներու անունները: Անոնք նաեւ պահած են պաստառներ, որոնցմով կոչ ուղղած են աշխարհի տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն չժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Մեզի համար կարեւոր է փորձել եւ միաւորուիլ: Որքան աւելի շատ մարդ իմանայ այս մասին, այդքան աւելի շատ բան կրնանք ընել: Ես կը հաւատամ, որ նոր սերունդը մարդու իրաւունքներու հարցով ամբողջութեամբ այլ մտածելակերպ պիտի ունենայ»,- ըսած ­է Հայ ուսանողներու միութեան համանախագահ Լիզա Նաջարեանը: