ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը դէմ քուէարկեց Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներու ընդունումը կասեցնելուն

ԱՄՆ-­ի Ծերակոյտը դէմ քուէարկած է հանրապետականներու առաջարկած օրինագիծին, որուն համաձայն Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներու ընդունման ծրագիրին գործողութիւնը պէտք է կասեցուի։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Փաստաթուղթը նաեւ կոչուած է ապագային խստացնելու բոլոր այն վերաբնակեցնելու ստուգումները, որոնց կը ծրագրուի ընդունիլ երկրէն ներս: Այդ նախաձեռնութեան օգտին ծերակուտականները տուած են 55 ձայն` անհրաժեշտ 60-­ի փոխարէն, դէմ  արտայայտուած են 43 օրէնսդիրներ: Անցեալ տարուան Նոյեմբերին Ներկայացուցիչներու պալատը պաշտպանած էր այդ օրինագիծը:

Մտավախութիւնները, որ փախստականներուն հետ միասին ԱՄՆ կրնան ներթափանցել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները, յառաջացած են անցեալ տարի Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, երբ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ ծայրայեղականներու ձեռքով սպաննուեցաւ 129 մարդ: