ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ` 2016 Ապրիլը հռչակելով «Ցեղասպանութիւններու կանխման եւ իրազեկման ամիս»։
Բանաձեւը կը նշէ, որ «Շրջանառութեան մէջ դնելով «Ցեղասպանութիւն» եզրը` Ռաֆայէլ Լեմգինը սկսած է հետաքննել 1915 Ապրիլէն սկսեալ` հայ բնակչութեան եւ քրիստոնեայ միւս համայնքներու հարկադրուած ուծացումը, արտաքսումը եւ ոչնչացումը` մատնանշելով Ատոլֆ Հիթլերի 1939-ի յայտնի արտայայտութիւնը, թէ «Այս ամէնէն յետոյ ո՞վ կը յիշէ հայերու ջարդերուն մասին»»:
Բանաձեւը կը վկայակոչէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն եւրոպացի հրեաներու Հոլոքոսթը, ինչպէս նաեւ Քամպոճայի, Պոսնիայի, Իրաքի, Ռուանտայի, Սուտանի եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» (ISIS/ISIL/Daesh) ներկայ բռնութիւններու ցցուն օրինակները: