ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆ դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակումը ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին վերջ տալու Լ.Ղարաբաղի հարցով կեղծ հաւասարութիւն պահելուն:
Քոնկրէսականը հարցազրոյց տուած է Horizon Live հաղորդումի ծիրէն ներս` ընդգծելով, որ Ուորլիքի նման դիրքորոշումը պարարտ հող է ատրպէյճանական թշնամանքի ծաւալման համար: Շիֆ մանրամասնած է, որ այս մտահոգութիւնները ինք արտայայտած է ամերիկացի համանախագահին ուղղուած նամակին մէջ, ուր նշած է, որ «Ատրպէյճանը այս հակամարտութեան ռազմատենչ կողմն է»:
«Ատրպէյճանը սահմանագիծին վրայ կը կրակէ հրասայլերէ, ծանր հրետանիէ, կ՛օգտագործէ դիպուկահարներ` հայ զինուորները սպաննելու համար: Այդ ամէնը անքան վտանգաւոր է: Ատրպէյճանի մէջ ժողովուրդին դժգոհութիւնը երթալով կ՛աճի, տնտեսութիւնը կը տկարանայ, քարիւղի գիները կ՛իյնան եւ, ըստ այդ, բռնապետութեան դիրքերը կը թուլնան: Ուստի` ստեղծուած իրավիճակին մէջ Իլհամ Ալիեւ, հետեւելով բռնապետներու մեծ մասի օրինակին, կը թեժացնէ հակամարտութիւնը, լարուածութիւն կը ստեղծէ սահմանագիծին վրայ, որպէսզի շեղէ հասարակութեան ուշադրութիւնը երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներէն»,- նշած է Շիֆ:
Այնուհետեւ քոնկրեսականը անդրադարձած է սահմանագիծին վրայ կրակոցներու արձակման վայրը ճշդելու համար նախատեսուած յատուկ սարքերու կիրառման հարցին` յիշեցնելով, որ Հայաստանն ու Լ. Ղարաբաղն իրենց համաձայնութիւնը տուած են, իսկ Ատրպէյճանը` ոչ: «Ատկէ մեկնած` աշխարհը պէտք է հասկնայ, թէ սադրող կողմը ով է»,- ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան, կը գրէ Tert.am-ը:
Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի նախաձեռնութեամբ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման նուիրուած դռնփակ քննարկում կազմակերպած էր` ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ: Նախապէս Էտ Ռոյս եւ յանձնաժողովի ժողովրդավարական փոխնախագահ Էլիոթ Էնկըլ ԱԳ նախարարութիւն նամակ յղած էին ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ, որուն միացած էր 85 քոնկրեսական:
Քոնկրեսականը յորդորած է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի հանդէպ` երաշխաւորելու համար հրադադարի պահպանումը ԼՂ հակամարտութեան գօտին մէջ:
ԱՄՆ մէկ այլ քոնկրեսական Ատամ Շիֆ «ԼՂՀ ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» ձեռնարկի ընթացքին եւս անհանգստութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի յարձակողական ու վտանգաւոր ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ներկայ քաղաքականութեան առնչութեամբ: