Քոնկրէսի Հայաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնէ (ժողովրդավար) եւ Ռապըրթ Տոլտ (հանրապետական) ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ կոչ ուղղած են աջակցելու Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին 2017 թուականի ֆինանսական տարուան օգնութիւնը աւելցնելուն ուղղուած իրենց ջանքերուն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, քոնկրէսականներուն ուղղուած նամակին մէջ անոնք կ՛առաջարկեն աջակցիլ Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ին տրամադրուող արտաքին օգնութեան 7 առաջնահերթ ուղղութիւններու: Մասնաւորապէս, կ՛առաջարկուի առնուազն 5 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու համար, իսկ առնուազն 40 միլիոն տոլար` Հայաստանի տնտեսական օգնութեան համար (ներառեալ Տնտեսական աջակցութեան հիմնադրամի, թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէմ միջազգային պայքարի եւ առողջապահութեան միջազգային ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ):
Այնուհետեւ կ՛առաջարկուի կասեցնել Ատրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը, քանի դեռ վերջինս չէ դադրեցուցած սահմանային յարձակումները, պատերազմի սպառնալիքներ հնչեցնելը եւ չէ համաձայնած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներու պահպանման: Կ՛առաջարկուի նաեւ աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին` ՀՀ տեղափոխուած սուրիահայ փախստականներուն օգնութեան համար, Վրաստանին տրամադրուող օգնութեան 10 տոկոսը յատկացնել Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանին կայուն աշխատատեղերու ստեղծման նպատակին, ինչպէս նաեւ սահմանափակել Ատրպէյճանին ամերիկեան աջակցութեան սահմանափակման 907-րդ բանաձեւի կասեցման հարցով ԱՄՆ նախագահի իրաւասութիւնը: