Վերջին օրերուն Արցախի սահմանին տեղի ունեցած գործողութիւնները կիզակէտը դարձան ողջ հայութեան մտահոգութեան։ Զարգացումներէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի եռակողմ գագաթաժողովը, որ ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեանց մեկնարկը տուաւ (կամ պիտի տայ) նոր ու կարեւոր շրջափուլի մը։
Այս առումով եւ իրավիճակին աւելի մօտէն ծանօթանալու, կողմերուն ունեցած ազդեցութիւնները կշռելու եւ հիմնաւոր եզրակացութիւններու յանգելու նպատակով դիմեցինք հայրենի քաղաքագէտ՝ Սարօ Սարոյեանին, որ ունի հարցերուն ուրոյն կերպով մօտենալու ունակութիւն։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ ելլելով բազմակարծութիւնը յարգելու մեր նախանձախնդրութիւնէն առիթը կու տանք նման հարցազրոյցի մը, գիտակցելով, որ մասնաւորապէս այս փուլին Հայաստանը, Արցախը եւ ողջ հայութիւնը պարտաւոր է վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, միշտ ի մտի ունենալով, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները ներկայ փուլին Արեւմուտքը, ոչ մէկ կերպ կրնայ փոխարինել Ռուսաստանի վարած դերակատարութիւնը կամ պատմական ներկայութեան փաստը ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Ստորեւ հարցազրոյցը։
– Պրն. Սարոյեան Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ալիեւ-Փաշինեան այս հանդիպումը։ Ինչ հեռանկարներ եւ զարգացումներ սպասել։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կայ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւն: Բնականաբար այդ մրցակցութեան մէկ կողմը Ռուսաստանն է, իսկ միւս կողմը՝ Արեւմուտքը: Եւ այդ մրցակցութիւնը իր դրսեւորումները կ’ունենայ Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցող հանդիպումներու շրջածիրէն ներս եւ կը նկատենք, թէ երկու երկիրներու ղեկավարները կը հանդիպին անգամ մը Մոսկուա եւ կամ եւրոպական որեւէ երկիր: Այդ մրցակցութեան ողջ էութիւնը կը կայանայ այնտեղ, թէ նախաձեռնութիւնը, բնականաբար սեփական շահերը պաշտպանելու միջոցով, ինչպէս կ’իրագործուի Արեւմուտքի ու Ռուսաստանի կողմէ:
Հայաստանը այդ յարաբերութիւններուն մէջ թոյլ օղակ է, որ թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ՛ Արեւմուտքի համար կը ծառայէ, որպէս «առարկայ», որու վրայ ճնշում գործադրելով, այդ կողմերը կը փորձեն բանակցութիւնները տանիլ դէպի սեփական պետական ազգային շահերու տիրոյթ: Եւ այդ նպատակով կ’օգտագործուին թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքական գործիքներ:
Ռազմական գործիքներու կիրառումը մենք կը տեսնենք սահմաններուն, շփման գիծին, տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններու տեսքով, որոնք Ատրպէյճանի միջոցով Ռուսաստան անընդհատ կը պահէ իր ձեռքին մէջ եւ կը փորձէ Հայաստանին թոյլ չտալ, որպէսզի Արեւմուտքի հետ կարողանայ ինչ որ ծրագիրներ իրականացնել, որոնք դուրս են ռուսական շահերու տիրոյթէն:
Սակայն ուքրանական դէպքերը մեծ ազդեցութիւն ձգած են աշխարհի տէրութիւններու կշիռի եւ նշանակութեան վրայ եւ այդ տեսանկիւնէն դիտուած Պրիւքսէլի վերջին հանդիպումը, Արեւմուտքը նախաձեռնած է արդէն որոշակի մեծ կշռոյթ ունենալու հանգամանքը կիրառելով:
Այդ տեսանկիւնէն պէտք է հասկնալ որ, անցնող 5 Ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքը, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան երկու խմբակցութիւններու կողմէ նախաձեռնուած էր, իրենց պարագլուխներու ղեկավարութեամբ, նախկին երկու նախագահներու ղեկավարութեամբ, Ռուսաստանի կողմէ եղած ճնշում էր։ Այդպիսով Ռուսաստան կը փորձէր Արեւմուտքին ցոյց տալ, որ ինք Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ հիմնական խաղացողը եւ անոնք պարտաւոր են իր հետ հաշուի նստիլ:
Միւս կողմէ Պրիւքսէլի հանդիպումը, ցոյց կու տայ այն շրջանակը, որ Արեւմուտքը հնարաւորութիւն կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որոշակի քաղաքական գործընթացներու միջոցաւ սահմանագծում իրականացնել եւ նախապատրաստել խաղաղութեան պայմանագիր, որ կ’ըլլայ ուղղակի իր վերահսկողութեան տակ: Մրցակցութիւնը այդ վերահսկողութիւնն է, որ Ռուսաստան եւ Արեւմուտք կը փորձեն իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն հարցի լուծման գործընթաց ապահովել, որպէսզի իրենց սեփական շահերը պաշտպանեն:
Առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքին մեզի կը սպասեն լուրջ եւ մեծ գործընթացներ, որոնք ակնյայտ կը վկայեն, թէ Հայաստան ըստ էութեան որ ճանապարհով պիտի ընթանայ, պիտի դառնա՞յ Արեւմուտքի գործունեայ գործընկերը թէ պիտի շարունակէ հնազանդօրէն կատարել ռուսական այն ծրագիրները, որոնք կապուած են անոր շահերուն հետ եւ յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն ուղեծիրին մէջ։
– Եւրոպայի «գիրկ»ը տեղի ունեցած այս հանդիպումը, ինչքանով «մարսելի» պիտի ըլլայ Ռուսաստանի համար։
Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին գործօններու հետ: Ներկայիս խնդիր կայ հասկնալու թէ Ռուսաստան իր դիրքաւորումը ինչպէս պիտի ապահովէ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ինչ նպատակներ պիտի հետապնդէ:
Կարելի է մտածել որ Արեւմուտքի հետ իր խրթին յարաբերութիւններուն մէջ Հարաւային Կովկասը նոյնպէս կրնայ դառնալ առեւտուրի առարկայ եւ այստեղ Արեւմուտքը Հայաստանի մէջ որոշակի ներգրաւածութիւն ապահովելու համար պէտք է Ռուսաստանի հետ նոյնպէս պայմանաւորուի: Այդ տեսանկիւնէն կախուած է, թէ Ռուսաստան ինչպիսի ծրագիրներ կը կազմէ, եւ արդեօք Ռուսաստան պիտի համակերպի՞ այն հանգամանքին հետ որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ Արեւմուտքը գլխաւոր դեր ստանձնէ, թէ պիտի փորձէ ներքաղաքական որոշակի շարժեր իրականացնելով խոչընդոտել Արեւմուտքի կողմէ նման նախաձեռնութիւնները եւ անընդհատ պահել իր վերահսկողութիւնը դէպքերու նկատմամբ կամ Փաշինեանի կառավարութեան նկատմամբ:
Կարելի է նշել, որ Ատրպէյճան կարողացաւ որոշակի տրամաբանութիւն հաղորդել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, այնպիսի տրամաբանութիւն, որ դուրս է ռուսական վերահսկողութենէն եւ հիմա Ռուսաստան ըստ էութեան պէտք է կողմնորոշուի թէ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական այդ միաւորներու միջոցաւ ինչպէս պիտի փորձէ նորէն յաղթահարել նման ներգրաւումը եւ պարտադրել Հայաստանի ղեկավարութեան ինչ որ քայլեր ընել: Հայաստանի կառավարութիւնը խոցելի է նաեւ արտաքին դաշտի տեսանկիւնէն, որ պատերազմական գործողութիւններու միջոցով Ռուսաստան անընդհատ կը կաշկանդէ ու կը խոչընդոտէ Հայաստանը, այսինքն՝ Ռուսաստան ունի լայն լծակներ Հայաստանի կառավարութիւնը անընդհատ պահելու կապանքներու մէջ:
Սակայն հարցերու հարցը այն չէ, որ ընդհանրապէս Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն մէջ ինչպիսի զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ առաջիկային, ուքրանական այս պատերազմին զուգահեռ եւ պատերազմի հետեւանքով. Ռուսաստան կը կարողանա՞յ արդեօք իր ազդեցութիւնը պահպանել յետխորհրդային երկիրներու նկատմամբ եւ հակուա՞ծ է արդեօք երթալու Արեւմուտքի հետ ինչ որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ճանապարհով, թէ երկաթեայ վարագոյր պէտք է քաշէ իր եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններուն: Այդ երկու սենարներն ալ շատ կարեւոր են հասկնալու համար թէ Հարաւային Կովկասին մէջ ինչպիսի ուժերու հաւասարակշռութիւն կը ձեւաւորուի:
– Այս հանդիպման հետեւանքով «հասունացող» բանակցութիւնները, ինչ որ կերպ կրնան ազդել ՀՀ-ի քաղաքական ներքին տեսադաշտին մէջ։ Կարեւոր զարգացումներ սպասելի ե՞ն։
Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին քաղաքական զարգացումներուն հետ: Այդ յատկապէս պայմանաւորուած է ղարաբաղեան երկրորդ յետպատերազմեան այն իրավիճակի հետ, որ կը պարտադրէ ներքաղաքական «ենթականեր»ուն ձեռնարկել իրենց քաղաքական քայլերը հաշուի առնելով արտաքին քաղաքական գործընթացները: Քանի որ Հայաստանի քաղաքական ներուժը պատերազմի հետեւանքով ըստ էութեան ջախջախուած է եւ քաղաքական դաշտին վրայ գործող միաւորները իրենց մէջ ուժ չեն գտներ ինքնուրոյն քաղաքական գործընթացներ նախաձեռնելու, իրենց յոյսը ամբողջութեամբ կը կապեն արտաքին որոշակի զարգացումներուն հետ:
Նմանապէս Հայաստանի գործող վարչախումբը ուղղակիօրէն կաշկանդուած է արտաքին քաղաքական զարգացումներով եւ իր քայլերը միայն ու միայն կը նախաձեռնէ հաշուի առնելով այն դասաւորութիւնը, որ կայ արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ: Այդ տեսանկիւնէն բնականաբար, ռուս-ուքրանական այս պատերազմը որոշակիօրէն կը սահմանափակէ ներկայ վարչախումբի գործունէութեան դաշտը, երբ հաշուի առնենք որ այն ծրագիրները, որոնք Ռուսաստան ունէր ուքրանական պատերազմը նախաձեռնած ատեն, մեծ հաշուով տապալուած են եւ այսօր Ռուսաստան ինք կարիք ունի որոշակի նոր միջոցներու իր արտաքին քաղաքական դիրքերը ապահովելու համար:
Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը գտնուին արտաքին քաղաքական թելադրանքի տակ եւ կաշկանդուած են Ռուսաստանի հետ եղած Հայաստանի յարաբերութիւններով. Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր անձնակազմի կողմէ Ատրպէյճանի հետ փոխյարաբերութիւններուն մէջ զիջումներու երթալու գործընթացը ուղղակիօրէն կապուած է Քրեմլինէն ստացող այն ազդակներէն եւ ծրագիրներէն, որոնք կը փոխանցուին Հայաստանի վարչախումբին Ռուսաստանի Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական ծրագիրները իրականացնելու շրջածիրէն ներս: Եւ այստեղ ուղղակիօրէն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններ չեն եղած եւ չեն ալ կրնար ալ ըլլալ, անոնք պայմանաւորուած են աւելի բարձր գտնուող Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններով եւ այն բոլոր գործընթացները կամ զարգացումները, իրավիճակի սրացումները որոնք տեղի կ’ունենան վերջին ամիսներուն պէտք է հետեւին որոշակի քաղաքականութեան իրացման, որ կը նախաձեռնէ յատկապէս Ռուսաստան իր գործողութիւնները պայմանաւորելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ:
Նոյն շրջածիրէն ներս պէտք է դիտարկել նաեւ այն բոլոր խօսակցութիւնները, որոնք կան պատերազմի վերսկսման հետ, որոնք մեծամասնութեամբ քաղաքական ճարտարագիտութիւն են, որոնք կը կիրառուին որպէսզի հայ հանրութիւնը տեւական պահեն որոշակի լարուածութեան մէջ եւ արտաքին քաղաքական շահագրգիռ ուժերը նկատի ունիմ՝ առաջին հերթին Ռուսաստանն ու Թուրքիան, կ’օգտուին նման կարգի «ֆոպեաներ»էն, որպէսզի պարտադրեն Հայաստանին եւ հայ հանրութեան ընդունելու այն ծրագիրները, որոնք կազմուած են Հայաստանի համար, Հայաստանը ներգրաւելու համար գործընթացի մը մէջ, որ Հայաստանի շահերէն չի բխիր:
– Քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնք կը դիտարկեն, որ Փաշինեանի կողմէ եղած յայտարարութիւնները, կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ նոր յարձակողական հրահրելու, կը համարեն «հովանոց» եւ կը նախապատրաստեն, որպէս նոր զիջումնային ինչ որ փաստաթուղթի առընթեր «հոգեբանական պատրաստութիւն»: Հնարաւո՞ր է այդպիսի բան։
Յետպատերազմեան այն իրավիճակին մէջ, ուր յայտնուած է Հայաստանը, անոր արտաքին քաղաքական վիճակը ուղղակիօրէն կը կառավարուի Ռուսաստանի կողմէ եւ այդ առումով թէ՛ Սիւնիքի եւ թէ՛ Արցախի հետ կապուած բոլոր խնդիրները կ’առընչուին ռուսական ծրագիրներուն Հարաւային Կովկասի մէջ ունեցած զարգացումներուն հետ:
Ատրպէյճան ինքնուրոյն ոչինչ կրնայ նախաձեռնել ոչ Արցախի ոչ ալ Սիւնիքի հետ կապուած, եթէ չկարողանայ ստանալ Ռուսաստանի համաձայնութիւնը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ուղղակի կապը անհրաժեշտ է երկու տէրութիւններուն, իրենց արտաքին քաղաքական ծանր իրավիճակը յաղթահարելու համար, եւ երկուստեք համագործակցաբար կարողանալու համար յարաբերիլ թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Արեւելքի հետ, նկատի ունիմ Չինաստանին եւ Արեւմտեան միւս երկիրներուն հետ, որոնք ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ մէկ քաղաքականութեան խումբի մէջ կը գործեն:
Միակ տեղը, ուր այդ կապը հնարաւոր է իրագործել Սիւնիքն է, եւ այդ տեսանկիւնէն, բնականաբար իրենք շահագրգռուած են Սիւնիքի միջանցքը ապահովելով եւ վերջին 1,5 տարուայ ընթացքին բոլոր այն խնդիրները, որոնք ծագած են Սիւնիքի առընչութեամբ ուղղակիօրէն կառավարուած են Ռուսաստանի կողմէ յանգեցնելու համար այն իրավիճակին, որպէսզի Ռուսաստան Ատրպէյճանի միջոցաւ կարողանայ կապ հաստատել Թուրքիոյ հետ, եւ այդ տեսանկիւնէն հասունցնելու իրավիճակ մը, ըստ որուն Ատրպէյճան ինքնուրոյն կարող է Սիւնիքի նկատմամբ ինչ որ պահանջներ ներկայացնել կամ հասնիլ ինչ որ միջանցքի հաստատման:
Բնականաբար այդ իրավիճակին մէջ, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նշածս ռուս-թրքական համաձայնութիւններուն դաշտին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն արգասիքն են:
Ռուսաստան խնդիր ունի ամէն կերպ խոչընդոտել արեւմտեան երկիրներու միջամտութիւնը, նկատի ունիմ առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան, Հարաւային Կովկասի մէջ եւ թոյլ չտալ իր ու Թուրքիոյ միջեւ այդ համաձայնութիւններու դաշտին մէջ տեղի ունեցած նոր հաւասարակշռութեան խախտման իրականացումը եւ այդ քաղաքականութեան ծիրէն ներս կը գտնուի նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած այն զարգացումները, որոնք տեղի կ’ունենան պարբերաբար:
Իսկ Ռազմական ծիրէն ներս Ռուսաստան նոյնպէս նպատակ ունի ամէն կերպ խոչընդոտել Հայաստանը եւ հայութիւնը որպէսզի նային ինչ որ այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու՝ նկատի ունիմ ԱՄՆ-ին եւ Ֆրանսային: Եւ այդ նպատակով ի յայտ կու գան պարբերաբար զինուած որոշակի գործողութիւններ սահմաններուն շփման գիծի երկայնքով։
Սագօ Արեան