Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրի 52-րդ Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան

Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի (The Armenian EyeCare Project) 52րդ առաքելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 25-էն Յուլիս 5-ի միջեւ։

Ծրագիրի պատասխանատուները կոչ կ’ընեն հետաքրքրուողներուն, որ մասնակցին այս առաքելութեան։ Անոնք կրնան ըլլալ ծրագիրի համակիրներ եւ հովանաւորներ, լրագրողներ, լուսանկարողներ եւ անշուշտ աչքի մասնագէտ բժիշկներ։

Այս տարուան առաքելութեան ընթացքին ծրագիրի շարժական դարմանատունը պիտի հաստատուի Վայոց Ձորի մէջ, Յունիս 25-էն սկսեալ, իսկ Յունիս 28-էն սկսեալ՝ Երեւանի մէջ։

Նաեւ, Յունիս 27-ին տեղի պիտի ունենայ Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի երկրորդ շրջանային դարմանատան բացումը, Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեաններուն անունով, Լոռիի (Սպիտակ) մէջ։ Առաքելութեան մասնակիցները նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Տաւուշի (Իջեւան) մէջ գործող ծրագիրին առաջին շրջանային դարմանատունը՝ Հայկ Պոյաճեանի անունով, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 2015-ի Յուլիս 5-ին։

Առաքելութիւնը պիտի գլխաւորէ ծրագիրի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ռաճըր Օհանեան, որ կը յայտնէ, թէ մասնակցիլ փափաքողները կրնան մասնակցիլ առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն, կամ՝ անոր որոշ մասերուն, մօտէն ծանօթանալով ծրագիրի գործունէութեան եւ իրենց կատարած նուիրատուութեանց արդիւնքին։

Մասնակիցներուն շրջապտոյտները պիտի առաջնորդուին ծրագիրի զարգացման վարիչ նշանակուած Ռոստոմ Սարգիսեանի եւ ծրագիրին Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Առաքելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներէն մեկնող բժիշկները ոչ միայն դարմանումներ պիտի իրականացնեն, այլեւ պիտի մարզեն տեղացի բժիշկներ եւ պիտի մասնակցին մասնագիտական խորհրդաժողովներու։

Ցարդ, առաքելութեան մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած բժիշկներն են Թամըս Լի, Ռիչըրտ Հիլ եւ Խոտամ Ռոստոմեան, ինչպէս նաեւ՝ բժշկութեան ճիւղի ուսանողներ Արմէն Ղազարեան, Աննա Տէր Զաքարեան, Նայիրի Ռոստամեան եւ Լիլիթ Շահինեան։

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 669-0563 թիւին, rostom@eyecareproject.com հասցէին, կամ այցելել

www.itsmyseat.com/AECP կայքէջը(achki khnamk)2