«ԱՊԱԳԱՅ»Ի 41-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ ԵՂԱՒ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ԼՈՒՏՎԻԿ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ԲՈԼՈՐ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գանատայի առաջին շաբաթաթերթ «Ապագայ»ի 41-րդ տարեդարձի նշումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 29 Հոկտեմբերին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան գեղեցկօրէն յարդարուած հանդիսասրահին մէջ, աննախընթաց օրէն բարձր թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ: Հանդիսութիւնը կը նախագահէր Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Արմէն Եգանեան: Արժ. Տէր Հայառի Քհնյ. Թանաշեանի կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք սպասարկուեցաւ համեղ ընթրիքը:

Հանդիսավար Տիկ. Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան, բարեգալստեան եւ շնորհակալական խօսքերով ողջունեց ու գնահատեց խուռներամ ներկաներուն մասնակցութիւնը եւ ընթացք տուաւ յայտագրին:

Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի բացակայութեան (Սրբազանը Նիւ Եորքի մէջ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած խորհրդակցական ժողովին կը մասնակցէր), Սրբազան Հօր պատգամը կարդաց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան:

Ապա հակիրճ խօսքերով հանդէս եկաւ «Ապագայ»-ի երիտասարդ խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեան, որ շնորհաւորեց «Ապագայ»-ի հիմնադիրներուն ու գնահատեց անոնց հեռատեսութիւնը, համայնքին ստեղծումի սկզբնական օրերէն ամուր հիմերու վրայ հաստատելու Գանատայի առաջին հայկական եռալեզու շաբաթաթերթը, որու ճիշդ տարի մը առաջ եկաւ իր արդիական յաւելումը բերելու abakanews.org համացանցային թերթը: Խմբագրին ու աշխատակազմին աշխատանքը գնահատուեցաւ ներկաներու աշխոյժ ծափահարութիւններով:

Յաջորդ խօսք առնողն էր այս գաղթօճախի առաջին հիմնադիրներէն եւ անոր առողջ զարգացումը ապահովող՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը: Նկատի ունենալով իր վերլուծումներու կարեւորութիւնը, Դոկտ. Կէօնճեանի ելոյթը ամբողջութեամբ կը հրատարակուի թերթիս այս թիւին մէջ:

Վերջին ելոյթը ունեցաւ Դեսպան Արմէն Եգանեան, որ շնորհաւորելէ ետք «Ապագայ»-ի հիմնադիրներն ու ընթերցողները, լայնածիր կերպով անդրադարձաւ մամուլի կենսական կարեւորութեան, հանրութեան առողջ զարգացման եւ քաղաքական հասունութեան համար: Քառասունմէկ տարին կարճ ժամանակամիջոց մը չըլլալով հանդերձ, Պարոն Դեսպանը մաղթեց, որ տակաւին երկար տասնամեակներ ան շարունակէ իր գաղափարախօսական (ռամկավարական եւ ազատական) եւ քաղաքակրթական առաքելութիւնը ամրապնդել հայ համայնքներէն ներս:

Երիտասարդ դաշնակահար Լուտվիկ Սեմերճեան իսկական յայտնութիւն մը եղաւ իր առաջին հայ համայնքի մը մէջ ունեցած համերգով: Ան իր մասնագիտական ուսումնառութիւնը աւարտած է տեղւոյս ՄքԿիլ համալսարանին մէջ, եւ անմիջապէս մխրճուած է դաշնամուրներու պատմական ընթացքի ուսումնասիրութեան, որու պատճառաւ շրջած է Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի զանազան քաղաքներ, ինչպէս՝ Պոննի Պէթովէն-Հաուսի, Ֆլորանսի Պարթոլոմիոյ Քրիստոֆորի Ակադեմիայի, Ուաշինկթընի Քոնկրէսի Գրադարանի, Թորոնթոյի Կլէն Կուլտ  Սթիւտիոյի, ուր 18-րդ դարէն ի վեր պահպանուած են դաշնամուրներ, եւ անոնց վրայ կատարած է գլխաւորաբար Մօցարդի ստեղծագործութիւններու համերգներու արձանագրութիւններ, այսպիսով դասուելով հին երաժշտութեան մասնագէտներու շարքին:

Դաշնակահար Լուտվիկ Սեմերճեանի կ’ընկերակցէին «Rhapsodie» քառեակի անդամներէն՝ Ամէլի Լամոնթանյ (ջութակ), Նայիրի Փիլոյեան (Ալթօ-ջութակ) եւ Սօֆի Քօտէր (թաւ-ջութակ): Յայտագիրը հաւասարակշռուած էր միջազգային դասական եւ հակական ժողովրդական երաժշտութիւններով, գոհացում տալու համար երկու դասակարգի նախընտրութիւններուն: Առաջին հերթին ներկայացուեցաւ Ամատէուս Մօցարդի Քուաթորը իր երեք բաժիններով, որ ընդունուեցաւ բոլոր ներկաներու խանդավառ ու երկարատեւ ծափահարութիւններով: Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Սերկէյ Ասլամազեանի կողմէ համադրուած Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջի մը: Զգալի էր, որ ամբողջ համերգի ընթացքին ստուար թիւով ներկաներու բացարձակ լռութիւնը եւ իւրաքանչիւր բաժնէն ետք խելայեղ ծափահարութիւնը կը հաստատէր արհեստավարժ երաժիշտներու կատարելագործուած ներկայացումը:

Կազմակերպիչ մարմնի ատենապետ՝ պրն. Պարգեւ Նազարէթեան իր փակման խօսքերուն մէջ շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերով արձագանգը հանդիսացաւ բոլոր ներկաներուն յատկապէս ուղղուած նուիրատուներուն եւ անձնուէր սատարողներուն:

                                                                                                                                                      Յ.Ա.              

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի խօսքը «Ապագայ» շաբաթաթերթի 41-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին

 

Բարի գալուստ բոլորիդ. Յատուկ կերպով ողջոյններ ձեզ՝ Հ. Հ. եան Արտակարգ Լիազօր Դեսպան Մեծայարգ Պրն. եւ Տիկին Արմէն Եկանեան Արժանապատիւ Հայրեր

Ապագայ-ի թանկագին քաջալերող նուիրատուներ՝ եւ ընթերցողներ՝ եւ անշուշտ Թէքէեանի մեր սիրելի գործակիցներ, անդամներ եւ համակիրներ, Վստահ եմ ինծի նման, դուք եւս, այսօր՝ այստեղ գտնուող ներկաներուն մեծ մասը, զարմանքով կ’անդրադառնանք եւ կը խորհրդածենք թէ ամբողջ տարի մը որքան արագ անցաւ, որովհետեւ գրեթէ բոլորս այստեղ էինք կրկին տարի մը առաջ Ապագայ-ի տարեկան այս ձեռնարկին եւ այդ օրը, ինչպէս կը յիշէք, մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարէինք, թէ Ապագայ-ն իր 40-րդ տարեդարձին առիթով, քայլ պահելով լրագրական աշխարհի արագասլաց փոփոխութեանց հետ, նոյն օրն իսկ, կը մեկնարկէր իր ինթըրնէթային՝ Abakanews նոր հրատարակութիւնը:

Անցեալ տարի խոստացանք, թէ Abakanews-ը պիտի ըլլայ ճոխ՝ իր պարունակութեամբ, արագ՝ իր օրը օրին եւ եթէ կարելի է ժամը ժամին կարեւոր լուրերու հաղորդման մէջ, եւ իր ցանցը շատ աւելի տարածուն կերպով պիտի հասցնէր ոչ միայն Մոնթրէալահայութեան եւ Գանատահայութեան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին՝ Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպաները, Հայաստան, Ռուսաստան, Աւստրալիա, մինչեւ երկրագունդի միւս ծայրը…:

Հետեւաբար այսօր, նախ եւ առաջ, արդար գոհունակութեամբ կրնանք հաստատել, թէ իսկապէս ալ, Abakanews-ը յաջողեցաւ իրագործել, մեծաւ մասամբ, իր խոստացածները. Անշուշտ պիտի ըսենք մեծաւ մասամբ եւ ոչ թէ ամբողջութեամբ: Գնահատականներ կ’ստանանք եւ կը լսենք ամէն կողմէ, սակայն բնականաբար մենք երբեք գոհացած չենք մեր կատարածով, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլանք, որպէսզի աշխատանքը շարունակուի դէպի շարունակական բարելաւում եւ յառաջդիմութիւն:

Միւս կողմէ, կ’ուզենք սակայն հաստատել, թէ կատարուող աշխատանքը, տիտանային գործ մըն է, այս աշխատանքը կը պահանջէ մտաւորական թէքնիքական եւ նիւթական կարողութիւն եւ նուիրաբերում, այս ձեռնարկին ետին գտնուողները, իրենց ջանքերը կը տրամադրեն անհաշիւ՝ եւ անսակարկ կերպով. կ’ուզենք հետեւաբար մեր բարձր եւ անկեղծ գնահատականը յայտնել անոնց բոլորին՝ յատկապէս խմբագրին՝ Աւետիսին Պագգալեան, Թէքնիք պատասխանատուին՝ Արային Եազըճեան, իրենց գործակիցներուն՝ Սալբիին՝ Մարկոսեան Հալաճեանին, Ծերօնին՝ Օհանեան, Ժագին՝ Քոֆթիքեան, Նիքօլին՝ Փափազեան, ինչպէս նաեւ իսկապէս մեծ խումբ մը բոլորովին կամաւոր կերպով աշխատակցող եւ օժանդակող թանկագին մեր բարեկամներուն եւ անդամներուն, որոնց մէկ մասը գոնէ այսօր ներկայ են այստեղ մեզի հետ: Շնորհակալութիւն ձեզ բոլորիդ՝ վարձքերնիդ կատար:

Այսօր՝ երբ գոհունակութեամբ կ’ըմբոշխնենք Abakanews-ի միամեայ յաջողութիւնը որքան աւելի արդար հպարտութեամբ կը նշենք նաեւ մեր մայր հրատարակութեան Ապագայ շաբաթաթերթին 41-ամեակը: Ապագայ-ն ոչ միայն մեր՝ այլ ամբողջ Գանատահայութեան մամուլին մայր հրատարակութիւնն է, որուն ծնունդ տուաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը 41 տարի առաջ 1975-ին, որպէս առաջին Գանատահայ թերթ, երբ մեր գաղութը, տակաւին դողդոջուն քայլերով կը ձեւաւորուէր որպէս կազմակերպուած գաղութ:

Արդար գոհունակութիւն է վերյիշել անգամ մը եւս , եւ հաստատել, թէ 1975 Սեպտեմբեր 13-ին երբ լոյս կը տեսնէր Գանատահայ առաջին շաբաթաթերթը, անկէ քանի մը օր առաջ, խումբ մը սրբազան խենթեր, Թէքէեանի Jarry փողոցի հին կեդրոնին մէջ, մինչեւ առաւօտ աշխատած էին քիչ մը քնանալով, յետոյ արթննալով Compugraphic առաջին՝ հայ մամուլի համակարգիչ գործիքին առջեւ (նոյնպէս ստեղծուած Թէքէեանի նախաձեռնութեամբ), որպէսզի մեր գաղութը օժտուէր իր կեանքը իմաստաւորող այս կենսական միջոցով:

Այսօր փառք կու տանք տեսնելով, թէ 41 տարի առաջ, մեղուաջան աշխատանքի լծուած այդ սրբազան խենթերուն մէկ կարեւոր մասը ներկայ են այստեղ. գլխաւորաբար՝ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանը, Նուպար Մամուրեանը, Նուպար Պապիկեանը մեր սիրելի բարեկամ Արա Գուլեանը, անխուսափելիօրէն նուաստս՝ ես, եւ կը յիշենք նաեւ սիրելի յիշատակը բազմաթիւներու որոնք յաւէտ բաժնուած են մեզմէ, յատկապէս Վահէ Քէթլին եւ Երուանդ Փափազեանը:

Անշուշտ այս բոլորին հետ այսօր առիթն է նաեւ մեր անկեղծ գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել ու բոլոր անոնց եւ առաջին հերթին ձեզ բոլորիդ, որոնք ներկայ էք այստեղ: Մեր բարեկամներուն եւ նուիրատուներուն՝ որոնց հաստատ նեցուկը անհրաժեշտ է, որպէսզի առողջ եւ առոյգ մամուլ պահել ու այս աշխատանքը կարենայ շարունակել եւ աւելին՝ բարելաւել մեր օրերու նիւթական պահանջկոտ եւ յարատեւօրէն փոխուող թէքնիքայի պայմաններուն մէջ:

Գնահատական շնորհակալական այս բոլոր խօսքերէն ետք, եւ նոյն ժամանակ կը խորհիմ, թէ այսօր նաեւ տեղին է հարց տալ եւ խորհրդածել, թէ որքանով իսկապէս կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մամլոյ այս դժուարին պահանջկոտ եւ ծախսոտ աշխատանքը, որ սկսանք անցեալին եւ որուն այսօր՝ աւելի քան երբեք կը տրամադրենք մեր ոյժերը, անսակարկ եւ անսահմանափակ կերպով:

Որպէս Մամուլի կարեւորութեան հաւատաց ողներ եւ քաջալերողներ, վստահ եմ թէ կը ձայնակցիք ինծի երբ Մամուլը բնորոշենք իբրեւ կարեւորագոյն զգայարանքներէն մէկը հաւաքականութեան մը անոր դիտող աչքերը եւ պատմող բերանը, այդ հաւաքականութիւնը ըլլայ գաղութ մը, կամ ազգ մը, եւ կամ աւելի լայն՝ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը:

Մամուլին գործն է ուշադրութեամբ դիտել իր շուրջ կատարուածները եւ դիտելէ ետք պատմել այդ բոլորին մասին իր ընթերցողներուն, որպէսզի պատահածները չի տեսնողները եւ չ’իմացողները եւս տեղեակ ըլլան այդ բոլորին: Պարզ խօսքով մամուլը հաւաքականութեան արթուն պահող կապն է իր մասնիկներուն միջեւ: Առանց մամուլի հաւաքականութիւն մը, կոյր եւ համր, հաշմանդամ (handicapped) մսակոյտ մը կը դառնայ որուն ձեռքը ոտքէն լուր չունի եւ որ անտեղեակ եւ անզգայ է իր շրջապատին մասին, չի գիտեր եթէ շրջապատուած է գեղեցկութեամբ եւ վարդերով, թէ ցեխով եւ մուրով, չի գիտեր եթէ կը քալէ դէպի առողջ եւ պայծառ ապագայ, թէ ընդհակառակը դէպի քաոս, եւ թերեւս կործանում:

Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ էր, որ 41 տարիներ առաջ որպէս Գանատահայ առաջին թերթ, այդ յախուռն քայլը առնուէր, որպէսզի արագօրէն կազմուող մեր գաղութին տայինք նաեւ տեսնող աչքեր եւ պատմող բերան, նաեւ դիտելու իր շուրջը եւ պատմելու բոլորին կատարուող իրադարձութեանց մասին եւ ջանալու որ մեր հաւաքականութիւնը իրազեկ ըլլայ դրականին եւ բացասականին եւ մանաւանդ կապուած ըլլայ իրմէ դուրս՝ յատկապէս ընդհանուր հայ իրականութեան հետ, եւ մանաւանդ իր հայրենիքին եւ եկեղեցիին կարեւոր իրադարձութեանց հետ:

Այս բոլորին մէջ կը մնայ անդրադառնալ մասնաւոր կերպով մամուլի առաքելութեան մէկ շատ կարեւոր բաժնին:

Մամլոյ առաքելութեան այդ կարեւոր բաժինը կը կայանայ ոչ միայն որպէս լրատուութեան միջոց, պարզապէս պատահածները պատմելու գործին մէջ, այլ եւ նաեւ դիտածները վերլուծելու եւ ի յարկին արդար եւ իմաստաւոր կերպով քննադատելու գործին մէջ: Մեր մամուլը պատրաստ է այս կարեւորագոյն դերը կատարելու, սակայն պէտք է ընդունինք, թէ մեր ընթերցողներուն եւ մեր ժողովուրդին հասունութիւնն է որ մեծ չափով, կը դիւրացնէ կամ կը դժուարացնէ այս առաքելութեան գործադրութիւնը: Ամէն ինչ լաւ եւ գեղեցիկ չէ մեր շուրջը սիրելի բարեկամներ: Ամէն ձեռնարկ անպայման «բացառիկ եւ աննախընթաց յաջողութիւն չէ», ամէն անձնաւորութիւն՝ աշխարհական թէ հոգեւորական, կամ վարչութիւն, կամ կազմակերպութիւն, կամ իշխանութեան գործիչ անպայման «յարգելի եւ գովելի գործ» չէ որ կը կատարէ: Հայրենիքին կամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները անպայման «շինիչ եւ գովելի» չեն:

Մամուլը պէտք է քաջալերուի ոչ միայն պատմելու եւ որակելու բացառիկը, կամ աննախընթացը՝ բայց նաեւ ան պէտք է արտայայտուի երբ այդպէս չէ, այլ տկար եւ ձախորդ է, եղածը պէտք է գովէ ան որ յարգելի, գովելի եւ գնահատելի է՝ բայց նաեւ ան պէտք է քննադատէ ան որ անընդունելի եւ դատապարտելի է. գովէ այն ինչ որ շինիչ եւ կառուցողական է՝ բայց նաեւ պախարակէ ան որ խոցելի, քննադատելի եւ ազգային գերագոյն շահերուն վնասակար է:

Եւ որպէսզի մամուլը կատարէ նաեւ այս հիմնական դերը, մեր ժողովուրդը առանց այլեւայլի՝ պէտք է քաջութիւնը ունենայ զօրավիգ կանգնելու անոր, նոյնիսկ երբ իրենցմէ ոմանց հաճելի չի թուին ըսուած որոշ ճշմարտութիւնները…

Ահա այս իմաստով նաեւ Ապագայ-ն անցեալին, կատարած է իր առաքելութիւնը, պատմելով եւ շեփորելով կազմակերպութիւններու եւ անձնաւորութեանց կատարած լաւ աշխատանքը, սակայն նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային մատնանշելով եւ քննադատելով խոցելին եւ վնասակար գործունէութիւնները: Սակայն այս վերջին պարագային, ընդունինք, թէ հաւանաբար երբեմն ժլատ եղած է իր քննադատութեանց մէջ, պարզապէս խուսափելու համար ընթերցող հասարակութեան մէկ մասին ստեղծելիք կամ ստեղծած վլվլուկէն…

Կը խորհիմ թէ Ապագայ-ն ոչ միայն դիտող աչքը եւ պատմող բերանն է մեր գաղութին, այլ նաեւ, ան մտածող ուղեղը եւ դատող խիղճն է որ աւելի եւս համարձակութեամբ պիտի այսուհետեւ կատարէ իր դերը վերլուծելու, գնահատելու գովելու եւ սակայն նաեւ քննադատելու հայ կեանքի իրադարձութիւնները, որովհետեւ ոչ միայն մեր գաղութը այլ նաեւ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ մեր հայրենիքը եւ եկեղեցին, մանաւանդ այսօր, կը գտնուին

լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ ազգային գերագոյն շահերը կը պահանջեն հաւաքական գիտակից մասնակցութիւն, որպէսզի անհատ թէ կազմակերպութիւն, ուղիղ կերպով ծառայեն, ի նպաստ ազգային գերագոյն շահերուն:

Եզրակացնելով այս բոլորը եւ վերադառնալով 40 առաւել մէկ Ապագայ-ի եւ Abakanews-ի տարեդարձներու ուրախ իրադարձութեանց, անգամ մը եւս մեր արդար գոհունակութիւնը կը յայտնենք, մամլոյ այս դժուարին առաքելութիւնը պատուաբեր կերպով կատարած ըլլալնուս համար, եւ մեր ջերմ եւ անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք, այս աշխատանքը օրնիբուն կատարող անձնակազմին՝ բոլոր օժանդակողներուն՝ անոնց թիկունք կանգնող ձեզ բոլորիդ՝ եւ մեր ընթերցող ազնիւ ժողովուրդին:

Մեր մաղթանքն է, որ մեր գաղութին, ազգին, հայրենիքին ընթացքը ըլլայ այնպէս մը որ նուազագոյնը ըլլայ պահանջքը վերը յիշած սուր քննադատութեանց, ընդհակառակը, զարգացումները ըլլան դէպի գովելին լաւը եւ բարին: Սակայն նաեւ պատրաստ ըլլանք իմաստութեամբ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները, ի շահ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Դէպի յաջորդական յաղթական նոր տարեդարձներ՝

Բարի երթ մեր մամուլին: