«Ապագայ» շաբաթաթերթի 40 ամեակի հանդիսութիւն – ճաշկերոյթ

40 երկա՜ր տարիներ: Սակայն կարծես ակնթարթի մը նման անցած էին:

Մոնթրէալահայ գաղութը, պատկառելի կերպով յարգեց 40-րդ տարեդարձը, Գանատայի առաջին հայկական եռալեզու շաբաթաթերթին՝ «Ապագայ»ին:

Հաճելի է վայելել տարեդարձի տօնակատարութիւններ, մանաւանդ երբ անոնք Ազգային դրոշմներ կը կրեն: Բայց աւելի նշանակելի կը դառնայ այդ վայելքը, երբ անդրադառնանք սկիզբի կամ պատրաստութեանը այդ հսկայական աշխատանքին մասին:

Մօտ 25-30 նուիրեալներու տքնաջան ամիսներու աշխատանքին պտուղն էր որ քաղեց գաղութը. Բարոյական, նիւթական, յայտագրի պատշաճութեան, արդիական մօտեցումի եւ վերջապէս ու մանաւա’նդ՝ տարիներու երախտագիտական զգացումներու արտայայտութիւնները, անխուսափելիօրէն նկատողութեան առարկայ դարձան:

«Ապագայ»ի անձնակազմը, գաղափարական ուժը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր բոլոր յանձնախումբերով դարձած էին մէկ բռունցք, տալու համար կատարեալը: «Ապագայ»ն արժա’նի էր ատոր եւ արժանացա’ւ այդ բարձունքին:

… Եւ հասաւ օրը ուր վարագոյրը բարձրացաւ. Հոկտեմբեր 10, 2015.

Բացառիկ ճաշակով ու իշխանական շքեղութեամբ յարդարուած սրահը ողողուած էր «Ապագայ»ի հաւատացեալներով: Երեւոյթը զգայացունց էր ու հպարտութեան արժանի:

Երաժշտական խումբը իր հայկական «նօթ»երով աւելի կը յուզէր մթնոլորտը, իսկ ոսկեզօծ պնակներով ճոխացած սեղանները կարծես աւելի կը շեշտէին նրբօրէն պատրաստուած ձեռագործ-ճաշերը:

Մագնիսացած էինք այս հմայքէն, երբ մեզ արթնցուց մեր շատ սիրելի Սիլվա Ամատունի-Թօքաթլեան իր անոյշ հանդիսավարի զանգով:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Տիար Արմէն Եգանեան
Տիար Արմէն Եգանեան

Առաջին հերթին, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանն էր որ «սրտի խօսք»ը ըրաւ: Այո’, կը կրկնենք բառին բուն առումով իր «սրտի խօսք»ը: Խօսք մը որ միա’յն սրտէն կը բխի: Ուժեղ այլ անկեղծ, համոզուած այլ համոզիչ:

Դոկտ. Կէօնճեան թուեց, 40 տարիներու ընթացքին բոլորէ ռահվիրանները, սկսեալ անոնցմէ որոնք առյաւէտ բաժնուած էին մեզմէ, մինչեւ այսօրուայ ներկաները: Դոկտ.ը  չմոռցաւ ո’չ մէկ անուն: Ահա այսպէս կ’ըլլայ ազնիւ զգացումը, որ հակառակ իր առաջնորդի հանգամանքին, գիտէ եւ ըլլալ երախտագիտութեան հետեւորդը:

40 տարիներ առաջ, «Ապագայ»ն իր առաջին թուի խմբագրականով կ’ուխտէր ութը խոստումներ, որոնցմէ 7-րդը կ’ըսէր,-… լոյս պիտի տեսնէ տպագրական ամենէն արդիական միջոցներով…:

Եւ այսօր Դոկտ. Կէօնճեան՝ հիմնադիրներէն այդ «հրաշք» Շաբաթաթերթին, կը յարգէր այս խոստումը, ցնցելով բոլորիս ու յայտարարելով ծնունդը՝ abakanews.org-ի, որ կը սփռուի աշխարհի 4 ծագերուն, իր ամենաարդիական միջոցներով, հետեւելով ժամանակի հեւքին ու վազքին, օր-առ-օր, վայրկեան-առ-վայրկեան: Անակնկա՞լ: Արդեօք 40 տարիներու մեր փորձառութենէն ետք, աւելի նուա՞զը կարելի է ակնկալել:

Abaka 40-8Հուսկ, ան ըրաւ իր վերջին յայտարարութիւնը՝ ընծայել Տօքթ. Արզումանեանի «Ցկեանս պատուոյ խմբագիր»ի տիտղոսը՝ որուն արժանի է, ինքը՝ Տօքթ Յարութիւն Արզումանեանը:

Դոկտ. Կէօճեանին յաջորդեց վսեմաշուք դեսպան Մեծարգոյ Տիար Արմէն Եգանեանը:

Ան յայտնեց մամուլի կարեւորութիւնը մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Ի միջի այլոց յիշեց թէ Երեւան ամենահին քաղաքներէն մին է ուր 3 տարիէն պիտի տօնենք 2800 ամեակը:

Ապա ի յարգանս Տօքթ. Արզումանեանի, անոր յանձնեց շքանշան մը, – մէկ կողմը արձանագրուած՝ «ԱԲԳ»ը, իսկ միւս կողմը «Մայրենիի Դեսպան» բառերը, ակնարկելով Տօքթը. Հայ լեզուի ու մամուլի «դեսպան»ն ու ներկայացուցիչը՝ օտարութեան մէջ խարխափոխ Սփիւռքին:

Abaka 40-11Առաջնորդ Սրբազան հայրը, կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ էր, սակայն մենք հոգեկան բախտաւորութիւնը ունեցանք լսելու՝ անոր Սրբազան օրհնութիւնները Տէր Վազգէն քհնյ. Պոյաճեանի բերնով:

Եւ ահա Նիւ Եորքէն, պատգամաւորական ժողովներու հանդիպման առիթով, հիւրաբար մեր մէջ կը գտնուէր Մամլոյ Դիւանի Ատենապետ Տիար Յակոբ Վարդիվառեանը, աշխոյժ, գործօն եւ հարուստ իր մտաւորական ամբարով: Խանդավառ ու կուռ ձայնով մեզ ներկայացաւ ու ներկայացուց, գաղափարականի՝ ՌԱԿ-ի անհրաժեշտութիւնը, որ թէ կը դառնայ մղիչ ուժը «Ապագայ»ի երկարաշունչ գոյութեան, թէ’ ակունքն ու ամենավստահելի սկզբնաղբիւրը արձանագրելու համար Գանատահայ ազգային կեանքի տարեգրութիւնը.

Տիար Յակոբ Վարդիվառեան
Տիար Յակոբ Վարդիվառեան

Յարգելի պրնք. Պարթեւ Պաթմանեանի, Տէմսի Արզումանեանի եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ Սեդայի արհեստավարժ պատրաստութեամբ, մեզի հրամցուեցաւ Power-point ի վրայ, «Ապագայ»ն 40 տարիներու ընդմէջէն: Նկարներ, յօդուածներ ու լուրեր մեզի կը յիշեցնէին պատմականը՝ հայրենիքին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ գանատահայ կեանքին: Մէկ խօսքով՝ աշխարհի 4 ծագերուն:

Գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է, ամէն պատգամաւորական հանդիպումէ ետք, ընտրել ու յանձնել «Սմսարեան» գնահատանքի բաժակը այդ ժամանակամիջոցի ամենագործունեայ մասնաճիւղին:

Բոլորին փափաքով, այս անգամ, այդ՝ շնորհուեցաւ Los-Angeles-ի մասնաճիւղին:

Արթօ Մանուկեանի – Ատենապետ Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ. եւ նախկին բաժակին արժանի – կը փոխանցէր բաժակը պրն. Փանիկ Քէշիշեանին ուր փառքով ու պատիւով հետը կը տանէր այդ բաժակը:

Abaka 40-15Abaka 40-16

Դեռեւս երախտագիտական ջերմ օղակը ամբողջացնելու համար, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան այս առիթով նուիրեց ազգային գործակից, Թ.Մ.Մ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի երկարամեայ գործունեայ անդամ ու սիրելի իր ընկեր՝ Անթուան Պազարպաշեանին պատուոյ յուշատախտակ մը:

Յայտագրին վերջին մասը, արձանագրուած էր իբրեւ՝ կախարդիչ «Ապագայ»: Հետաքրքրական վերնագիր: Սակայն երբ, արդէն համաշխարհային համբաւ ունեցող, երիտասարդ Bedo Akkelian –ը «SPIDEY» անցաւ գործի, այն ժամանակ միա’յն անդրադարձանք լրջութեանը իր կախարդական ներկայացման մասին: Ոմանք, արդէն հաւատալով, մեծամասնութիւնը թերահաւատօրէն, զգուշութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ, հետեւեցանք իր ամէն մէկ շարժումներուն… սակայն առանց կարենալ լուծելու իր այնքան պարզութեամբ ցցուցած թնճուկները:

Abaka 40-22Ահաւասիկ երեկոյ մը, որ սկիզբէն մինչեւ վերջ, զանազան տարբերակներով, կախարդիչ էր ու մագնիսացող:

Ժամանակը սահած էր, եւ արդէն առաւօտեան առաջին ժամերը կը հնչէին:

Զիրար յաջորդող համեղ ճաշերը վերջ գտած էին եւ ահա , հսկայ ու գեղեցիկ կարկանդակը՝ վրան արձանագրուած «Ապագայ» մօտեցաւ բոլորիս: Շաբաթաթերթի կեդրոնական հիմնադիրները՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Պրն. Երուանդ Ազատեան եւ Տիկ. Վարդուհի Պալեան, մօտեցան կտրելու կարկանդակը, դողդոջուն ձեռքերով: Եւ ահա, հոս էր կարծես, որ անոնք համակ յուզում եւ փղձկում զգացին:

Արդեօ՞ք, կլանուած, տարիներու դաժան աշխատանքին մէջ, այդ տիտանները այս պահուն միայն անդրադարձան իրենց կատարած սրբութեանը մասին: Լեցուած աչքերն ու ալեկոծ հոգիները պիտի կտրէին կարկանդակը 40 տարուայ զոհողութեան… 40 տարո՜ւայ:

Մենք ալ, բոլորս, իրենց հետ, զգացինք ու երկրորդեցինք: Սակայն յուզում մը որ խառնուած էր հպարտութեամբ:

Պէտք էր մեկնէինք:

… սակայն հոն չձգեցինք «Ապագայ»ն: Ան միշտ հետերնիս էր, է եւ պիտի մնայ. մանաւանդ հիմա իր նորածին մանուկին համացանցային ABAKANEWS.org.- ի հետ:

Abaka 40-18Ծառին համար կ’ըսեն, թէ, եթէ պտուղ չի տար գոնէ շուք մը կուտայ: «Ապագայ»ն 40 տարիներու ընթացքին, Ազգային ու Գաղութային պուրակին մէջ, եղաւ այն ծառը, որ թէ’ շուք տուաւ, թէ պտո’ւղ:

Լուսանկարները՝ Գէորգ Թորոսեանի կողմէ:

Պերճ Գոգորեան