Ապրիլեան պատերազմի պատճառով Արցախի զբօսաշրջութիւնը ազդուած է

Ապրիլեան պատերազմը բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Արցախի տնտեսութեան վրայ, նաեւ` զբօսաշրջութեան վրայ:  Ինչպէս վերջերս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան փոխ նախարար Սերկէյ Շահվերդեանը, զբօսաշրջութիւնը տնտեսութեան ամենազգայուն ոլորտներէն մէկն է եւ որեւէ անկայունութիւն, առաւել եւս պատերազմը, չէր կրնար չազդել Արցախի զբօսաշրջութեան վրայ, կը հաղորդէ panorama.am-ը:

Անոր խօսքերով` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք` Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ անկումը կազմած է գրեթէ 40 տոկոս: Այնուհետեւ, ըստ անոր, ազդեցութիւնը սկսած է մեղմանալ եւ յետագայ ամիսներուն նուազումը հասած է 30, յետոյ` 20 տոկոսի:

ԼՂՀ տնտեսութեան փոխ նախարարը յայտնած է, որ եթէ 2015-ին Արցախ այցելած են շուրջ 16,5  հազար զբօսաշրջիկ, ապա այս տարուայ 9 ամիսներուն` 15 հազար զբօսաշրջիկ:

«Յուսանք, որ մինչեւ տարեվերջ այդ դինամիկան կը շարունակուի եւ մենք կը կարողանանք քիչ վնասներով դուրս գալ այդ վիճակից»,- ըսած է Սերկէյ Շահվերդեանը` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութիւնը ԼՂՀ-ի ՀՆԱ-ի մօտ 3 տոկոսը կը կազմէ:

Անոր խօսքերով`  պատերազմէն անմիջապէս ետք քանի մը իւրայատուկ խումբեր այցելած են Արցախ. «Այսինքն` եղել են մարդիկ, որոնք հետաքրքրուել եւ Ղարաբաղ են այցելել հէնց պատերազմի հետեւանքները տեսնելու համար: Բոլորիս համար հետաքրքիր երեւոյթ էր, որ բազմաթիւ եւրոպացիներ եկան հէնց պատերազմի լուրերը ստանալուց յետոյ: Կային մարդիկ, որոնց հետաքրքրում էր Արցախի պատմամշակութային յուշարձանները, բնութիւնը, բայց կային նաեւ այնպիսի մարդիկ, որոնք հետաքրքրւում էին ճգնաժամային գօտիներով»,- ըսած է ան:

Սերկէյ Շահվերդեանը նշած է, որ վերջին տասնամեակին զբօսաշրջութեան ոլորտը ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ հռչակուած է երկրի տնտեսութեան զարգացման առանցքային ճիւղերէն մէկը:  Եւ միջազգային տարբեր հարթակներու մէջ կը ներկայացուի  ԼՂՀ զբօսաշրջային ներուժը:

«Մասնակցում ենք զբօսաշրջային ցուցահանդէսների եւ մեր հիմնական նպատակն է միջազգային շուկայում ներկայացնել  Ղարաբաղը ` որպէս զբօսաշրջութեան  նոր ու գրաւիր ուղղութիւն: Կարծում եմ, որ այն արդիւնքները, որոնք մենք ունեցանք վերջին 10 տարուայ ընթացքում, խօսում է կատարուած աշխատանքների մասին»,- նշած է ան` աւելցնելով, որ 2007 թուականէն ի վեր զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է 20- 40 տոկոսով:

Ըստ անոր` նշուած վիճակագրական տուեալները կը վերաբերին միայն ԼՂՀ այցելած օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, իսկ ՀՀ քաղաքացիները եւ երկքաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայերը այդ վիճակագրութեան մէջ չեն ընդգրկուիր:

Սերկէյ Շահվերդեան յայտնած է, որ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը աւելի ճանաչելի եւ մրցունակ դարձնելու նպատակով կ՛իրականացուին նաեւ առեւտրային եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման համալիր ծրագիրներ, միջազգային խոշոր ցուցահանդէսներու մէջ այցելուներուն կը տրամադրուին անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն, կը բաժանուի մեծ քանակութեամբ տեղեկատուական գրականութիւն, ֆիլմերով սկաւառակներ եւ այլն: Բացի այդ, ԼՂՀ զբօսաշրջային ներուժը ներկայացուած է նաեւ համացանցի միջոցով: