Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ նամակ մը հրապարակած է, ուր գործընկերներուն առաջարկած է դիմել Նոպէլեան կոմիտէին` Հռոմի պապ Ֆրանչիսքոսը 2016թ. Խաղաղութեան մրցանակի առաջադրելու։
Նամակը շրջանառութեան մէջ դրուած է Քոնկրէսի մէջ Հռոմի պապի ելոյթի նախօրէին: Քոնկրէսականը ընդգծած է պապի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան, մոլորակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու պատրաստակամութիւնը, անոր խիզախ դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ցեղասպանութիւններու դատապարտման հարցին մէջ:
«Անգերազանցելի պերճախօսութեամբ, համեստութեամբ եւ ցաւակցութիւնով Պապը իր հեղինակութիւնը օգտագործեց` ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն հոգեւորութեան, բարոյականութեան կոչ ընելու համար: Հռոմի պապը մարդու հիմնարար իրաւունքներու խօսափողն է, արժանի է Նոպէլեան կոմիտէի մրցանակին»,- նշուած է նամակին մէջ:
Ատամ Շիֆ նաեւ ընդգծած է Հռոմի պապի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: